-
Յիսուսի պատճառով պիտի գայթակղի՞սԴիտարան (ուսումնասիրական) 2021 | Մայիս
-
-
3) ՅԻՍՈՒՍ ՀՐԷԱԿԱՆ ՇԱՏ ՄԸ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՉՀԵՏԵՒԵՑԱՒ
Շատեր գայթակղեցան, քանի որ Յիսուս մերժեց իրենց աւանդութիւններէն ոմանք։ Ինչպէ՞ս կրնայ նոյն բանը այսօր գայթակղեցնել ոմանք (տե՛ս պարբ. 13)d
13. Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ շատեր Յիսուսը մերժեն։
13 Յովհաննէս Մկրտիչին աշակերտները զարմացան, երբ տեսան որ Յիսուսի աշակերտները ծոմ չէին պահեր։ Յիսուս բացատրեց որ անոնք պէտք չունին ծոմ պահելու, մինչ ինք ողջ է (Մատ. 9։14-17)։ Բայց եւ այնպէս, փարիսեցիները եւ ուրիշ հակառակողներ Յիսուսը դատապարտեցին, քանի որ իրենց սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն չէր հետեւեր։ Անոնք ջղայնացան, երբ ան Շաբաթ օրով հիւանդներ բժշկեց (Մար. 3։1-6. Յովհ. 9։16)։ Մէկ կողմէ, անոնք հպարտօրէն կ’ըսէին թէ Շաբաթը կը պահէին, իսկ միւս կողմէ խնդիր չունէին տաճարին մէջ առեւտուր ընելու։ Անոնք կատղեցան, երբ Յիսուս զիրենք դատապարտեց ատոր համար (Մատ. 21։12, 13, 15)։ Եւ այն մարդիկը, որոնց Յիսուս քարոզեց Նազարէթի ժողովարանին մէջ, շատ բարկացան, երբ իսրայէլի պատմութենէն օրինակներ գործածեց, իրենց ցոյց տալու թէ անձնասէր էին եւ հաւատք չունէին (Ղուկ. 4։16, 25-30)։ Այսպէս, շատեր Յիսուսը մերժեցին, քանի որ իրենց սպասած կերպով չվարուեցաւ (Մատ. 11։16-19)։
14. Յիսուս ինչո՞ւ դատապարտեց մարդկային աւանդութիւնները, որոնք Սուրբ Գրութիւններուն համաձայն չէին։
14 Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Եհովան Եսայի մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ, բայց անոնց սիրտը ինձմէ հեռու է ու ինձմէ ունեցած վախերնին մարդոց սորվեցուցած պատուիրանք մըն է» (Եսա. 29։13)։ Յիսուս իրաւունք ունէր դատապարտելու այն մարդկային աւանդութիւնները, որոնք Սուրբ Գրութիւններուն համաձայն չէին։ Անոնք որոնք Սուրբ Գրութիւններէն աւելի նախընտրեցին մարդոց դրած օրէնքներն ու աւանդութիւնները, մերժեցին Եհովան եւ իր ղրկած Մեսիան։
-
-
Յիսուսի պատճառով պիտի գայթակղի՞սԴիտարան (ուսումնասիրական) 2021 | Մայիս
-
-
4) ՅԻՍՈՒՍ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉՓՈԽԵՑ
Շատեր գայթակղեցան, քանի որ Յիսուս քաղաքականութեամբ չհետաքրքրուեցաւ։ Ինչպէ՞ս կրնայ նոյն բանը այսօր գայթակղեցնել ոմանք (տե՛ս պարբ. 17)e
17. Յիսուսի օրերուն, շատեր ի՞նչ ակնկալեցին որ Մեսիան ընէ։
17 Յիսուսի օրերուն, կարգ մը մարդիկ արագ քաղաքական փոփոխութիւն մը կ’ուզէին։ Անոնք ակնկալեցին որ Մեսիան զիրենք հռոմայեցի հարստահարողներէն ազատէ։ Բայց երբ փորձեցին Յիսուսը թագաւոր ընել, ան մերժեց (Յովհ. 6։14, 15)։ Իսկ քահանաները եւ ուրիշներ կը վախնային, որ Յիսուս քաղաքական փոփոխութիւն մը ընէ։ Եթէ այդպէս ըլլար, հռոմայեցիները պիտի բարկանային եւ ետ առնէին կրօնական առաջնորդներուն իրենց տուած իշխանութիւնը։ Այսպիսի քաղաքական մտահոգութիւններ ունենալով, շատ մը հրեաներ գայթակղեցան։
18. Մեսիային մասին ի՞նչ մարգարէութիւններ շատեր անտեսեցին։
18 Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Թէեւ շատ մը մարգարէութիւններ նշեցին, թէ Մեսիան ի վերջոյ յաղթական Թագաւոր մը պիտի ըլլար, բայց ուրիշ մարգարէութիւններ ցոյց տուին, որ նա՛խ պէտք էր մեռնէր մեր մեղքերուն համար (Եսա. 53։9, 12)։ Լաւ, Յիսուսի ժամանակակից հրեաները ինչո՞ւ սխալ ակնկալութիւններ ունէին։ Շատեր կարեւորութիւն չտուին այն մարգարէութիւններուն, որոնք իրենց խնդիրներուն արագ լուծում չէին խոստանար (Յովհ. 6։26, 27)։
-