Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ճնշուածութենէ հանգստանալու համար գործնական դարման մը
    Դիտարան 2002 | Յունուար 1
    • Լուծին Ներքեւ Գործել

      9, 10. Վաղեմի ժամանակներուն, լուծը ի՞նչ բանի խորհրդանիշ մըն էր, եւ Յիսուս ինչո՞ւ մարդիկը հրաւիրեց որ իր լուծը իրենց վրայ առնեն։

      9 Նշմարեցի՞ք թէ Մատթէոս 11։28, 29–էն մէջբերուած խօսքերուն մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք»։ Այն ժամանակ, սովորական անհատ մը կրնար զգալ թէ լուծի մը տակ կ’աշխատէր։ Վաղեմի ժամանակներէն ի վեր, լուծը ստրկութեան կամ գերութեան խորհրդանիշ մը եղած էր։ (Ծննդոց 27։40. Ղեւտացւոց 26։13. Բ. Օրինաց 28։48) Յիսուսի հանդիպած բանուորներէն շատեր իրենց ուսերուն վրայ իսկական լուծով մը կ’աշխատէին՝ ծանր բեռներ կրելով։ Լուծի մը շինուած կերպէն կախեալ էր թէ անիկա վզին եւ ուսերուն վրայ հանգիստ պիտի նստէ՛ր թէ ոչ մարմինը պիտի քերթէր։ Հիւսն մը ըլլալով, Յիսուս հաւանաբար լուծեր շինած էր, եւ ան գիտէր «քաղցր» լուծ մը ի՛նչպէս ձեւաւորել։ Թերեւս մարմնին հետ շփման մէջ եկող մասերը կաշիով կամ կտորով կ’աստառէր, որպէսզի լուծը կարելի եղածին չափ հանգստաւէտ դարձնէր։

      10 Երբ Յիսուս ըսաւ՝ «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք», թերեւս ինքզինք լաւ լուծեր շինողի մը կը նմանցնէր, որոնք աշխատաւորի մը վզին եւ ուսերուն համար «քաղցր» պիտի ըլլային։ Հետեւաբար, Յիսուս աւելցուց. «Իմ բեռս թեթեւ» է։ Ասիկա ցոյց տուաւ թէ լուծը գործածելը անհաճելի չէր, ոչ ալ աշխատանքը ստրկեցուցիչ էր։ Անշուշտ, իր ունկնդիրները հրաւիրելով որ իր լուծը ընդունին, Յիսուս այն ատենուան ընթացիկ բոլոր հարստահարիչ վիճակներէն անմիջական հանգստութիւն չէր ներկայացներ։ Այսուհանդերձ, իր ներկայացուցած տարբեր հայեցակէտը որոշ չափով պիտի թարմացնէր։ Իրենց ապրելակերպին ու գործելակերպին մէջ բարեճշդումներ ընելն ալ զիրենք պիտի հանգստացնէր։ Աւելի կարեւորը, պայծառ եւ հաստատ յոյս մը անոնց պիտի օգնէր, որ կեանքը նուազ ճնշիչ գտնէին։

      Կրնաք Հանգստանալ

      11. Յիսուս ինչո՞ւ պարզապէս լուծերու փոխանակում չէր թելադրեր։

      11 Հաճեցէք նկատի առնել թէ Յիսուս չէր ըսեր թէ մարդիկ մէկ լուծը միւսին հետ պիտի փոխէին։ Հռովմ տակաւին պիտի շարունակէր երկրին վրայ տիրել, ճիշդ ինչպէս որ ներկայ կառավարութիւնները կը տիրեն Քրիստոնեաներուն ապրած երկիրներուն վրայ։ Առաջին դարու հռովմէական տուրքերը պիտի չվերցուէին։ Առողջապահական ու տնտեսական խնդիրները պիտի մնային։ Անկատարութիւնը եւ մեղքը պիտի շարունակէին մարդոց ազդել։ Այսուհանդերձ, Յիսուսի ուսուցումները որդեգրելով, անոնք կրնային հանգստանալ, ինչպէս որ մենք կրնանք՝ ներկայիս։

      12, 13. Յիսուս հանգստութիւն բերող ի՞նչ բան աչքառու դարձուց, եւ ոմանք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

      12 Յիսուսի տուած լուծի օրինակին գլխաւոր մէկ կիրարկումը բացայայտ դարձաւ աշակերտելու գործին առնչութեամբ։ Կասկած չկայ որ Յիսուսի գլխաւոր գործունէութիւնը ուրիշներու սորվեցնել էր, շեշտը Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ դնելով։ (Մատթէոս 4։23) Ուստի, երբ ան ըսաւ՝ «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք», վստահաբար ասիկա կը պարփակէր իրեն հետեւիլ այդ նո՛յն գործունէութեան մէջ։ Աւետարանները ցոյց կու տան թէ Յիսուս անկեղծ մարդիկ մղեց իրենց գործը փոխելու, որ շատերու կեանքին մէջ գլխաւոր մտահոգութիւն մըն էր։ Մտաբերեցէք Պետրոսի, Անդրէասի, Յակոբոսի, եւ Յովհաննէսի ուղղած իր կոչը. «Իմ ետեւէս եկէք ու ես ձեզ մարդոց որսորդ ըլլալու պիտի պատրաստեմ»։ (Մարկոս 1։16-20) Ան այս ձկնորսներուն ցոյց տուաւ թէ ո՛րքան գոհացուցիչ պիտի ըլլար, եթէ իր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը դրած գործը իրենք ալ ընէին, իր առաջնորդութեամբ եւ օգնութեամբ։

      13 Հրեայ ունկնդիրներէն ոմանք Յիսուսի այս միտքը հասկցան եւ զայն կիրարկեցին։ Մտապատկերացուցէք այն ծովեզերեայ տեսարանը, որուն մասին կը կարդանք Ղուկաս 5։1-11–ի մէջ։ Չորս ձկնորսներ ամբողջ գիշերը աշխատած էին, բայց բան մը չէին կրցած բռնել։ Յանկարծ, անոնց ուռկանները լեցուեցան։ Ասիկա դիպուածով չեղաւ, այլ՝ Յիսուսի միջամտութեան շնորհիւ էր։ Մինչ անոնք դէպի ծովեզերք կը նայէին, Յիսուսի ուսուցումներով հետաքրքրուած բազմութիւն մը տեսան։ Ասիկա օգնեց որ այս չորսը կարենան հասկնալ Յիսուսի խօսքը. «Ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլա[ք]»։ Անոնք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ «Նաւերը ցամաք հանելով՝ ամէն բան թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։

      14. (ա) Ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք հանգստութիւն գտնել։ (բ) Յիսուս ի՞նչ թարմացուցիչ բարի լուր մը ծանուցանեց։

      14 Հիմնականօրէն, դուք ալ կրնաք նոյն կերպով ընդառաջել։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մարդոց սորվեցնելու գործը տակաւին կը շարունակուի։ Համայն աշխարհի մէջ շուրջ վեց միլիոն Եհովայի Վկաներ ընդունած են ‘իր լուծը իրենց վրայ առնելու’ Յիսուսի հրաւէրը. անոնք «մարդոց որսորդ» դարձած են։ (Մատթէոս 4։19) Ոմանք զայն իրենց լիաժամ ասպարէզը կը դարձնեն. ուրիշներ՝ մասնակի ժամանակով իրենց կրցածին չափ կը մասնակցին անոր։ Բոլորն ալ ասիկա թարմացուցիչ կը գտնեն, ուստի իրենց կեանքը նուազ ճնշիչ կը դառնայ։ Անիկա կը պարփակէ իրենց սիրածը ընել, ուրիշներու բարի լուր մը՝ «Թագաւորութեան բարի լուրը»՝ հաղորդել։ (Մատթէոս 4։23, ՆԱ) Միշտ հաճելի է բարի լուրի մը մասին խօսիլը, իսկ յատկապէս ա՛յս բարի լուրին մասին։ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ այն հիմնական նիւթը, որուն պէտք ունինք շատեր համոզելու համար թէ կրնա՛ն նուազ ճնշիչ կեանք մը վարել։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

      15. Կեանքի մասին Յիսուսի ուսուցումներէն ի՞նչպէս կրնաք օգտուիլ։

      15 Նոյնիսկ անհատներ որոնք տակաւին նոր սկսած են Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվիլ, որոշ չափով օգտուած են ի՛նչպէս ապրելու մասին Յիսուսի ուսուցումներէն։ Շատեր իրաւացիօրէն կրնան ըսել թէ Յիսուսի ուսուցումները զիրենք հանգստացուցած են, եւ օգնած են որ իրենց կեանքը բոլորովին փոխուի։ Ասիկա կրնաք անձամբ հաստատել, քննելով ապրելու սկզբունքներէն քանի մը հատը, որոնք Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան արձանագրութեանց մէջ յիշուած են, յատկապէս՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, եւ Ղուկասի կողմէ գրուած Աւետարաններուն մէջ։

      Հանգստութիւն Գտնելու Կերպ մը

      16, 17. (ա) Յիսուսի գլխաւոր ուսուցումներէն ոմանք ո՞ւր կրնաք գտնել։ (բ) Յիսուսի ուսուցումները կիրարկելով հանգստութիւն գտնելու համար ի՞նչ պահանջուած է։

      16 Հ.Դ. 31–ի գարնան, Յիսուս քարոզ մը տուաւ, որ մինչեւ օրս համաշխարհային համբաւ ունի։ Անիկա սովորաբար կոչուած է Լերան Քարոզը։ Անիկա արձանագրուած է Մատթէոս 5-7–րդ եւ Ղուկաս 6–րդ գլուխներուն մէջ, եւ կ’ամփոփէ իր ուսուցումներէն շատերը։ Կրնաք Յիսուսի միւս ուսուցումները Աւետարաններուն այլ մասերուն մէջ գտնել։ Իր ըսածներուն մեծամասնութիւնը բացայայտ է, թէեւ զանոնք գործադրելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Ինչո՞ւ այս գլուխները ուշադրութեամբ եւ մտածելով չկարդաք։ Թող որ իր գաղափարներուն զօրութիւնը ձեր մտածելակերպին ու վերաբերմունքին վրայ ազդեցութիւն բանեցնէ։

      17 Բացայայտօրէն, Յիսուսի ուսուցումները կրնան տարբեր շարքաւորումներով ալ դրուիլ։ Թող որ բանալի ուսուցումները խմբաւորենք, այնպէս որ ամսուան իւրաքանչիւր օրուան համար մէկ հատ ըլլայ, զանոնք ձեր կեանքին մէջ գործադրելու նպատակակէտով։ Ի՞նչպէս։ Անոնց վրայէն արագօրէն մի՛ անցնիք։ Մտաբերեցէք այն հարուստ իշխանը որ Յիսուս Քրիստոսի հարցուց. «Ի՞նչ գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Երբ Յիսուս Աստուծոյ Օրէնքին գլխաւոր պահանջները վերաքաղ ըրաւ, մարդը պատասխան տուաւ ըսելով թէ ինք արդէն կը կատարէր զանոնք։ Բայց եւ այնպէս, ան կը զգար թէ աւելին ընելու կարիքը ունէր։ Յիսուս իրմէ խնդրեց որ աստուածային սկզբունքները գործնական կերպերով կիրարկելու համար աւելի մեծ ջանք թափէ, գործունեայ աշակերտ մը ըլլայ։ Ըստ երեւոյթին, մարդը այդքանը ընելու պատրաստ չէր։ (Ղուկաս 18։18-23) Ուստի, ան որ ներկայիս կը փափաքի Յիսուսի ուսուցումները սորվիլ, պէտք է յիշէ թէ տարբերութիւն մը կայ անոնց հետ համաձայն գտնուելուն եւ գործօն կերպով զանոնք ընդունելուն միջեւ, որ ճնշուածութիւնը կը նուազեցնէ։

      18. Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս կրնաք ընկերակցող շրջագիծը օգտակար կերպով գործածել։

      18 Յիսուսի ուսուցումները քննելու եւ կիրարկելու սկսելու համար, նկատի առէք ընկերակցող շրջագծին առաջին կէտը։ Անիկա կ’ակնարկէ Մատթէոս 5։3-9–ին։ Անկեղծ ըլլալու համար, մեզմէ ոեւէ մէկը այս համարներուն մէջ ներկայացուած հոյակապ խրատներուն վրայ խոկալու համար կրնայ բաւական ժամանակ անցընել։ Սակայն, անոնց նայելով որպէս ամբողջութիւն մը, կեցուածքի նկատմամբ ի՞նչ եզրակացութեան կը յանգիք։ Եթէ իրապէս կ’ուզէք ձեր կեանքին մէջ չափազանց ճնշուածութեան ազդեցութիւնը յաղթահարել, ի՞նչ բան պիտի օգնէ ձեզի։ Ի՞նչպէս կրնաք ձեր պարագան բարելաւել, եթէ հոգեւոր բաներու ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընծայէք, թոյլ տալով որ անոնց մասին աւելի մտածէք։ Ձեր կեանքին մէջ կա՞յ զբաղում մը, որու նուազ կարեւորութիւն պէտք է տաք, թոյլ տալով որ հոգեւոր հարցերու աւելի ուշադրութիւն ընծայուի։ Եթէ այսպէս ընէք, հիմա իսկ անիկա պիտի նպաստէ ձեր ուրախութեան։

      19. Յաւելեալ ներատեսութիւն եւ հասկացողութիւն ձեռք ձգելու համար ի՞նչ կրնաք ընել։

      19 Ուրիշ բան մըն ալ կրնաք ընել։ Ինչո՞ւ այս համարներուն մասին չխօսակցիք Աստուծոյ ծառաներէն մէկու մը հետ, թերեւս ձեր կողակիցին, մօտիկ ազգականի, կամ բարեկամի մը հետ։ (Առակաց 18։24. 20։5) Ի մտի ունեցէք թէ հարուստ իշխանը յարակից նիւթի մը մասին ուրիշի մը՝ Յիսուսի՝ հարցուց։ Պատասխանը կրնար իր ուրախութեան եւ մնայուն կեանքի ակնկալութիւնը աւելցնել։ Ձեր հաւատակիցը, որուն հետ նկատի կ’առնէք այս համարները, Յիսուսի հաւասար պիտի չըլլայ. բայց եւ այնպէս, Յիսուսի ուսուցումներուն մասին խօսակցիլը ձեր երկուքին ալ օգտակար պիտի ըլլայ։ Փորձեցէք ասիկա ընել շատ շուտով։

      20, 21. Յիսուսի ուսուցումներուն մասին սորվելու համար ի՞նչ յայտագրի մը կրնաք հետեւիլ, եւ ի՛նչպէս կրնաք ձեր յառաջդիմութիւնը արժեւորել։

      20 Դարձեալ նայեցէք յօդուածին ընկերակցող շրջագծին՝ «Ուսուցումներ՝ Ձեզի Օգնելու Համար»։ Այս ուսուցումները խմբաւորուած են, որպէսզի օրական առնուազն մէկ ուսուցում ունենաք նկատի առնելու համար։ Նախ կրնաք կարդալ ինչ որ Յիսուս ըսաւ յիշուած համարներուն մէջ։ Ապա իր խօսքերուն մասին խորհեցէք։ Խոկացէք թէ ի՛նչպէս կրնաք զանոնք ձեր կեանքին մէջ կիրարկել։ Եթէ կը խորհիք թէ արդէն կ’ընէք ասիկա, մտածեցէք թէ յաւելեալ ի՛նչ բան կրնաք ընել այդ աստուածային ուսուցումին համաձայն ապրելու համար։ Օրուան ընթացքին ջանացէք զայն կիրարկել։ Եթէ զայն հասկնալու կամ ի՛նչպէս կիրարկելու նկատմամբ դժուարութիւն ունենաք, օր մը եւս անոր վրայ աշխատեցէք։ Սակայն, ի մտի ունեցէք որ պէտք չունիք անոր տիրապետելու, որպէսզի յաջորդին անցնիք։ Յաջորդ օրը, կրնաք այլ ուսուցում մը նկատի առնել։ Շաբթուան վերջաւորութեան, կրնաք վերաքաղ ընել տեսնելու համար թէ Յիսուսի ուսուցումներէն չորս կամ հինգ հատը կիրարկելու մէջ ո՛րքան յաջողած էք։ Յաջորդ շաբաթ, ամէն օր մէկ հատ աւելցուցէք։ Եթէ տեսնէք թէ կարգ մը ուսուցումներ գործադրելու մէջ կը թերանաք, մի՛ վհատիք։ Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ատոր փորձառութիւնը պիտի ունենայ։ (Բ. Մնացորդաց 6։36. Սաղմոս 130։3. Ժողովողի 7։20. Յակոբու 3։8) Շարունակեցէք նոյն կերպով երրորդ եւ չորրորդ շաբաթը։

      21 Շուրջ ամիս մը ետք, 31 կէտերն ալ ծածկած պիտի ըլլաք։ Ամէն պարագայի, այն ատեն ի՞նչպէս պիտի զգաք։ Ձեւով մը աւելի ուրախ, կամ թերեւս աւելի հանգիստ պիտի չզգա՞ք։ Նոյնիսկ եթէ քիչ մը բարեճշդում ընէք, շատ հաւանաբար նուազ ճնշուածութիւն պիտի զգաք, կամ առնուազն անոր հետ աւելի լաւ կերպով պիտի կրնաք գլուխ ելլել, եւ շարունակելու համար մեթոտ մը պիտի ունենաք։ Մի՛ մոռնաք թէ Յիսուս բազմաթիւ այլ ուսուցումներ ալ ունի, որոնք այս ցանկին մէջ չեն։ Ինչո՞ւ չփնտռէք անոնցմէ քանի մը հատը եւ չջանաք զանոնք գործադրել։—Փիլիպպեցիս 3։16

      22. Յիսուսի ուսուցումներուն հետեւելուն արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, սակայն յաւելեալ ի՞նչ երեսակ ուսումնասիրութեան արժանի է։

      22 Կրնաք տեսնել որ թէեւ Յիսուսի լուծը բոլորովին անկշիռ չէ, բայց իրապէս քաղցր է։ Իր ուսուցումներուն եւ աշակերտելու գործին բեռը թեթեւ է։ Աւելի քան 60 տարի անհատապէս փորձելէ ետք, Յովհաննէս առաքեալ՝ Յիսուսի սիրելի բարեկամը՝ ասոր համաձայնեցաւ, ըսելով. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Դուք ալ կրնաք իրեն նման վստահ ըլլալ։ Ո՛րքան երկար կիրարկէք Յիսուսի ուսուցումները, ա՛յնքան պիտի նկատէք թէ շատերու համար կեանքը շատ ճնշիչ դարձնող բաները, ձեզի համար այնքան ալ ճնշիչ չեն։ Պիտի տեսնէք թէ որոշ չափով հանգստութիւն գտած էք։ (Սաղմոս 34։8) Սակայն, Յիսուսի քաղցր լուծին ուրիշ մէկ երեսակը կայ, զոր պէտք է նկատի առնէք։ Յիսուս նաեւ յիշեց թէ ինք ‘հեզ ու սրտով խոնարհ էր’։ Ասիկա ի՞նչ առնչութիւն ունի Յիսուսէ սորվելուն եւ զինք ընդօրինակելուն հետ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, ասիկա նկատի պիտի առնենք։—Մատթէոս 11։29

  • «Ինծմէ սորվեցէք»
    Դիտարան 2002 | Յունուար 1
    • «Ինծմէ սորվեցէք»

      «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 11։29

      1. Յիսուսէն սորվիլը ինչո՞ւ կրնայ մեր կեանքը հաճելի եւ ճոխ դարձնել։

      ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ միշտ պատշաճ կերպով մտածեց, սորվեցուց եւ վարուեցաւ։ Երկրի վրայ իր ունեցած ժամանակը կարճ էր, սակայն ան վարձահատոյց եւ գոհացուցիչ ասպարէզ մը վայելեց, եւ ուրախ տրամադրութիւն մը պահեց։ Ան աշակերտներ հաւաքեց եւ անոնց սորվեցուց ի՛նչպէս Աստուած պաշտել, մարդկութիւնը սիրել, եւ աշխարհին յաղթել։ (Յովհաննու 16։33) Ան անոնց սիրտը յոյսով լեցուց եւ ‘աւետարանին միջոցաւ լուսաւորեց կեանքն ու անմահութիւնը’։ (Բ. Տիմոթէոս 1։10) Եթէ դուք ձեզ անոր աշակերտներէն մէկը կը համարէք, ձեր կարծիքով ի՞նչ կը նշանակէ աշակերտ մը ըլլալ։ Աշակերտներու մասին Յիսուսի ըսածները նկատի առնելով, մեր կեանքը ի՛նչպէս ճոխացնել կրնանք սորվիլ։ Ասիկա կը պարփակէ իր տեսակէտը որդեգրել եւ կարգ մը հիմնական սկզբունքներ կիրարկել։—Մատթէոս 10։24, 25. Ղուկաս 14։26, 27. Յովհաննու 8։31, 32. 13։35. 15։8

      2, 3. (ա) Յիսուսի աշակերտը ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է մենք մեզի հարց տալ թէ՝ ‘Որո՞ւ աշակերտը դարձած եմ’։

      2 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, «աշակերտ» թարգմանուած բառը հիմնականօրէն կը նշանակէ՝ անհատ մը որ իր միտքը բանի մը կ’ուղղէ, կամ՝ կը սորվի։ Ասոր առնչակից բառի մը կը հանդիպինք մեր գլխաւոր համարին՝ Մատթէոս 11։29–ի մէջ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։ Այո, աշակերտը սորվող մըն է։ Աւետարանները «աշակերտ» բառը սովորաբար կը կիրարկեն Յիսուսի մտերիմ հետեւորդներուն, որոնք իր քարոզչութեան ընթացքին իր ուղեկիցներն էին եւ իր կողմէ ուսուցանուեցան։ Թերեւս ոմանք Յիսուսի ուսուցումները պարզապէս ընդունած էին, նոյնիսկ՝ գաղտնօրէն։ (Ղուկաս 6։17. Յովհաննու 19։38) Աւետարանիչները նաեւ ակնարկութիւն ըրին «Յովհաննէսին [Մկրտիչ] ու փարիսեցիներուն աշակերտներ»ուն։ (Մարկոս 2։18) Քանի որ Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց «փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու վարդապետութենէն», կրնանք մենք մեզի հարց տալ թէ՝ ‘Որո՞ւ աշակերտը դարձած եմ’։—Մատթէոս 16։12

      3 Եթէ Յիսուսի աշակերտներն ենք եւ եթէ իրմէ սորված ենք, ուրեմն ուրիշներ պէտք է հոգեւորապէս թարմացած զգան մեր ներկայութեան։ Անոնք պէտք է նկատեն թէ մենք աւելի ‘հեզ ու սրտով խոնարհ’ դարձած ենք։ Եթէ մեր գործին մէջ վերակացութեան պատասխանատուութիւն ունինք, ծնողներ ենք, կամ քրիստոնէական ժողովքը հովուելու պատասխանատուութիւնը ունինք, մեր հոգատարութեան յանձնուած անհատները կը զգա՞ն թէ իրենց հետ կը վարուինք, այնպէս ինչպէս Յիսուս վարուեցաւ իր հոգատարութեան յանձնուած անհատներուն հետ։

      Յիսուս Մարդոց Հետ Ի՛նչպէս Վարուեցաւ

      4, 5. (ա) Ինչո՞ւ դժուար չէ գիտնալ թէ Յիսուս խնդիրներ ունեցողներուն հետ ի՛նչպէս վարուեցաւ։ (բ) Փարիսեցիի մը տան մէջ ճաշած ատեն Յիսուսի հետ ի՞նչ պատահեցաւ։

      4 Պէտք է գիտնանք թէ Յիսուս ի՛նչպէս վարուեցաւ մարդոց հետ, մանաւանդ՝ լուրջ խնդիրներ ունեցողներուն հետ։ Ասիկա գիտնալը դժուար պէտք չէ ըլլայ. Աստուածաշունչը կը պարունակէ բազմաթիւ արձանագրութիւններ, ուր Յիսուս հանդիպած էր անհատներու, որոնցմէ ոմանք վշտահար էին։ Նկատի առնենք նաեւ թէ կրօնական առաջնորդները, մանաւանդ Փարիսեցիները, ի՛նչպէս վարուեցան այսպիսի խնդիրներ ունեցողներու հետ։ Հակադրութիւնը դաստիարակիչ պիտի ըլլայ։

      5 Հ.Դ. 31–ին, մինչ Յիսուս Գալիլիոյ մէջ քարոզչական շրջապտոյտ մը կ’ընէր, ‘Փարիսեցիներէն մէկը աղաչեց անոր, որ իրեն հետ հաց ուտէ’։ Յիսուս հրաւէրը ընդունելու չվարանեցաւ։ «Ան ալ փարիսեցիին տունը մտաւ ու սեղան նստաւ։ Քաղաքին մէջ մեղաւոր կին մը կար. երբ իմացաւ թէ անիկա փարիսեցիին տունը սեղան նստեր է, շիշ մը անուշահոտ իւղ բերաւ։ Ու ետեւի կողմէն անոր ոտքերուն քով կեցեր՝ կու լար եւ արցունքովը սկսաւ անոր ոտքերը թրջել ու իր գլխուն մազերովը կը սրբէր եւ կը համբուրէր անոր ոտքերը ու իւղով կ’օծէր»։—Ղուկաս 7։36-38

      6. Ինչո՞ւ «մեղաւոր» կինը Փարիսեցիին տունը կը գտնուէր։

      6 Կրնա՞ք մտապատկերացնել տեղի ունեցածը։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Կինը (համար 37) ընկերային սովորութիւնները օգտագործեց, որոնք կարօտեալներուն կը թոյլատրէին երթալ այսպիսի խրախճանքներու եւ աւելցուքներէն մաս մը ստանալ»։ Ասիկա կրնայ բացատրել թէ անկոչ անհատ մը ի՛նչպէս կրնար ներս մտնել։ Թերեւս ուրիշներ ալ կային, որոնք կը յուսային ճաշի աւարտին աւելցուքներ հաւաքել։ Ամէն պարագայի, այս կնոջ վերաբերմունքը արտասովոր էր։ Ան մէկ կողմ կայնած չէր դիտեր, սպասելով ճաշին վերջանալը։ Ան վատ համբաւ ունէր, հանրածանօթ «մեղաւոր» մը ըլլալով, այնպէս որ Յիսուս ըսաւ թէ գիտէր անոր «շատ մեղքերը»։—Ղուկաս 7։47

      7, 8. (ա) Ղուկաս 7։36-38–ի մէջ տեղեկագրուած պարագաներուն ներքեւ թերեւս ի՞նչպէս պիտի հակազդէինք։ (բ) Սիմոն ի՞նչպէս հակազդեց։

      7 Երեւակայեցէք որ այդ օրերուն կ’ապրէիք եւ դուք ձեզ Յիսուսի տեղը դրէք։ Ի՞նչպէս պիտի հակազդէիք։ Երբ այս կինը ձեզի մօտենար, պիտի ամչնայի՞ք։ Այսպիսի պարագայ մը ձեզի ի՞նչպէս պիտի ազդէր։ (Ղուկաս 7։45) Պիտի սարսափէի՞ք, սոսկայի՞ք։

      8 Եթէ հիւրերէն մէկը ըլլայիք, Փարիսեցի Սիմոնին նման պիտի մտածէի՞ք։ «Երբ տեսաւ փարիսեցին, որ [Յիսուսը] հրաւիրեր էր, ըսաւ իր մտքին մէջ. ‘Ասիկա եթէ մարգարէ ըլլար, պիտի գիտնար թէ ո՞վ եւ ի՞նչպիսի կին է իրեն դպչողը, վասն զի մեղաւոր է’»։ (Ղուկաս 7։39) Ասոր հակառակը, Յիսուս խոր կարեկցութեան տէր անհատ մըն էր։ Ան կնոջ դժուարին կացութիւնը ըմբռնեց եւ զգաց անոր տագնապալից վիճակը։ Մեզի տեղեկութիւն չէ տրուած թէ կինը ինչո՛ւ մեղաւոր կենցաղի մը զոհը գացած էր։ Եթէ իրապէս պոռնիկ մըն էր, քաղաքին մարդիկը, որոնք թունդ Հրեաներ էին, ակներեւաբար իրեն չէին օգնած։

      9. Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց, եւ հաւանաբար ի՞նչ արդիւնքով։

      9 Սակայն, Յիսուս կ’ուզէր կնոջ օգնել։ Անոր ըսաւ. «Քու մեղքերդ ներուած են»։ Ապա աւելցուց. «Քու հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա խաղաղութեամբ»։ (Ղուկաս 7։48-50) Դրուագը հոս վերջ կը գտնէ։ Անհատ մը կրնայ առարկել թէ Յիսուս կնոջ շատ օգտակար չդարձաւ։ Հիմնականօրէն, իր օրհնութիւնը տուաւ անոր ու զինք ճամբեց։ Կը խորհի՞ք թէ կինը հաւանաբար իր ողբալի կենցաղին վերադարձաւ։ Թէեւ ասկէ վստահ չենք, սակայն նկատի առէք թէ Ղուկաս ի՛նչ կը շարունակէ ըսել։ Ան կը պատմէ թէ Յիսուս «քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր»։ Ղուկաս նաեւ տեղեկագրեց թէ Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն հետ «քանի մը կիներ» կային, որոնք «իրենց ստացուածքովը անոր ծառայութիւն կ’ընէին»։ Հաւանական է որ այս զղջացած ու երախտապարտ կինը այժմ անոնց մէջ էր, բարեպաշտ կեանքի մը ձեռնարկելով՝ մաքուր խղճմտանքով, նորոգուած նպատակով, եւ Աստուծոյ հանդէպ աւելի խոր սիրով լեցուած։—Ղուկաս 8։1-3

      Յիսուսի եւ Փարիսեցիներուն Միջեւ Տարբերութիւն

      10. Ինչո՞ւ օգտակար է նկատի առնել Սիմոնի տան մէջ Յիսուսի եւ կնոջ դրուագը։

      10 Այս կենսունակ դրուագէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Անիկա մեր զգացումները չի՞ գրգռեր։ Դուք ձեզ երեւակայեցէք Սիմոնի տան մէջ։ Ի՞նչպէս պիտի զգայիք։ Յիսուսի՞ պէս պիտի ընդառաջէիք, թէ ոչ ձեւով մը իր Փարիսեցի հիւրընկալին պէս։ Յիսուս Աստուծոյ Որդին էր, ուստի չենք կրնար ճիշդ իրեն պէս զգալ եւ վարուիլ։ Միւս կողմէ, չենք ուզեր խորհիլ թէ մենք Փարիսեցի Սիմոնին պէս ենք։ Քիչեր հպարտ պիտի զգային Փարիսեցիի մը նման վարուելով։

      11. Ինչո՞ւ չենք ուզեր Փարիսեցիներուն կարգին դասուիլ։

      11 Սուրբ գրային ուսումնասիրութենէն եւ աշխարհիկ ապացոյցներէն, կրնանք եզրակացնել թէ Փարիսեցիները իրենք զիրենք կը մեծարէին որպէս հանրութեան օգտին եւ ազգին բարօրութեան պահապանները։ Անոնք գոհ չէին որ Աստուծոյ Օրէնքը հիմնականօրէն բացայայտ ու դիւրահասկնալի էր։ Հոն ուր իրենց թուէր թէ Օրէնքը չէր սահմաներ, անոնք կը ջանային երեւութական խրամատը գոցել սահմանուած կիրարկումներ ընելով, խղճմտանքի ամէն կարիք ջնջելու համար։ Կրօնական այս առաջնորդները փորձեցին կանոն մը հնարել, վարք ու բարքի բոլոր հարցերը՝ նոյնիսկ աննշան հարցերը՝ ղեկավարելու համար։a

      12. Փարիսեցիները իրենց անձին նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ ունէին։

      12 Առաջին դարու Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս բացայայտ կը դարձնէ թէ Փարիսեցիները իրենք զիրենք ազնիւ, պատուական, անաչառ եւ իրենց նշանակումին համար ամբողջովին որակելի կը նկատէին։ Անկասկած, անոնցմէ ոմանք այդպէս էին։ Թերեւս ձեր միտքը Նիկոդէմոսը գայ։ (Յովհաննու 3։1, 2. 7։50, 51) Ժամանակ մը ետք, անոնցմէ ոմանք քրիստոնէական ճամբան որդեգրեցին։ (Գործք 15։5) Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ որոշ Հրեաներու, ի ներառեալ Փարիսեցիներուն, մասին գրեց. «Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար»։ (Հռովմայեցիս 10։2) Այսուհանդերձ, Աւետարանները հասարակ ժողովուրդին տեսանկիւնէն զիրենք կը ներկայացնեն որպէս հպարտ, ամբարտաւան, ինքնարդար, խծբծող, քննադատող, եւ նուաստացնող։

      Յիսուսի Տեսակէտը

      13. Յիսուս Փարիսեցիներուն մասին ի՞նչ ըսաւ։

      13 Յիսուս դպիրներն ու Փարիսեցիները դատապարտեց որպէս կեղծաւորներ։ «Ծանր եւ տանելու դժուար բեռներ կը կապեն ու կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ եւ իրենց մատովը չեն ուզեր զանոնք շարժել»։ Այո, բեռը ծանր էր, եւ մարդոց ուսերուն դրուած լուծը՝ դաժան։ Յիսուս շարունակեց, դպիրներն ու Փարիսեցիները «յիմարներ» կոչելով։ Յիմարը ընկերութեան համար սպառնալիք մըն է։ Յիսուս դպիրներն ու Փարիսեցիները նաեւ կոչեց «կոյր առաջնորդներ», եւ պնդեց թէ անոնք ‘ձգած էին օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը’։ Ո՞վ պիտի փափաքէր որ Յիսուս իր մասին խորհէր որպէս Փարիսեցի մը։—Մատթէոս 23։1-4, 16, 17, 23

      14, 15. (ա) Մատթէոս Ղեւիի հետ Յիսուսի վերաբերմունքը, Փարիսեցիներու տեսակէտներուն մասին ի՞նչ կը յայտնէ։ (բ) Այս դէպքէն ի՞նչ կարեւոր դասեր կրնանք սորվիլ։

      14 Աւետարանները ընթերցող ոեւէ անհատ կրնայ նկատել Փարիսեցիներու մեծամասնութեան քննադատական բնոյթը։ Մաքսահաւաք Մատթէոս Ղեւին Յիսուսի կողմէ հրաւիրուելէ ետք որ իր աշակերտը ըլլայ, անոր համար մեծ կոչունք մը սարքեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Դպիրներն ու փարիսեցիները տրտունջ կ’ընէին ու անոր աշակերտներուն կ’ըսէին. ‘Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կ’ուտէք ու կը խմէք’»։ Յիսուս անոնց պատասխան տալով ըսաւ. «Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները՝ ապաշխարութեան»։—Ղուկաս 5։27-32

      15 Ղեւին գնահատեց ուրիշ բան մըն ալ, որ Յիսուս այդ առթիւ ըսաւ. «Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’»։ (Մատթէոս 9։13) Թէեւ Փարիսեցիները կը դաւանէին հաւատալ Եբրայեցի մարգարէներուն գրութիւններուն, սակայն անոնք Ովսեայ 6։6–ի այս խօսքը չընդունեցին։ Փարիսեցիներուն համար աւելի կարեւոր էր բացարձակօրէն աւանդութեան հնազանդիլ քան՝ ողորմած ըլլալ։ Իւրաքանչիւրս կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Որոշ կանոններու կառչող անհատ մը ըլլալու համբաւը ունի՞մ, ինչպէս՝ անձնական կարծիք կամ առողջ բանականութիւն արտացոլացնող կանոններ. թէ ոչ՝ ուրիշներ իմ մասիս կը խորհին որպէս գլխաւորաբար ողորմած եւ ազնիւ մէկը’։

      16. Ի՞նչ էր փարիսեցիական կերպը, եւ ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ անոնց նման ըլլալէ։

      16 Խծբծել, խծբծել, խծբծել։ Այս էր փարիսեցիական կերպը։ Փարիսեցիները կը փնտռէին իւրաքանչիւր թերութիւն, իրական կամ երեւակայական։ Անոնք մարդիկը ինքնապաշտպանութեան վիճակի մէջ կը պահէին եւ անոնց կը յիշեցնէին իրենց սխալները։ Փարիսեցիները հպարտ կը զգային ամենափոքր խոտեղէններուն՝ ինչպէս անանուխին, սամիթին ու չամանին՝ տասանորդը վճարելով։ Անոնք իրենց բարեպաշտութիւնը կը ցուցադրէին իրենց հագուստներով, եւ կը փորձէին ազգին ուղղութիւն տալ։ Վստահաբար, եթէ մեր արարքները Յիսուսի օրինակին հետ ներդաշնակ պիտի ըլլան, պէտք է խուսափինք ուրիշներու մէջ սխալներ փնտռելու եւ զանոնք աչքառու դարձնելու հակումէն։

      Յիսուս Խնդիրները Ի՞նչպէս Ձեռք Առաւ

      17-19. (ա) Բացատրեցէք թէ Յիսուս ի՛նչպէս ձեռք առաւ պարագայ մը որ կրնար լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ (բ) Ի՞նչ բան պարագան ճնշիչ եւ անախորժելի դարձուց։ (գ) Եթէ հոն ըլլայիք երբ կինը Յիսուսի մօտեցաւ, ի՞նչպէս պիտի հակազդէիք։

      17 Խնդիրները ձեռք առնելու Յիսուսի կերպը շա՜տ տարբեր էր Փարիսեցիներու կերպէն։ Նկատի առէք թէ Յիսուս ի՛նչպէս ձեռք առաւ պարագայ մը, որ կրնար շատ լուրջ ըլլալ։ Անիկա կապ ունէր կնոջ մը հետ, որ 12 տարիէ ի վեր արիւնի տեռատեսութեան մէջ էր։ Կրնաք այս դէպքը կարդալ Ղուկաս 8։42-48–ի մէջ։

      18 Մարկոսի արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ կինը «վախցաւ ու դողաց»։ (Մարկոս 5։33) Ինչո՞ւ։ Անկասկած, քանի որ գիտէր թէ Աստուծոյ Օրէնքը բեկանած էր։ Ղեւտացւոց 15։25-28–ի համաձայն, արեան անբնական ծորում ունեցող կին մը անմաքուր էր ծորումին բոլոր օրերը, առաւել մէկ շաբաթ։ Ամէն բանի կամ անհատի որ դպչէր, անիկա կը պղծուէր։ Յիսուսի մօտենալու համար, այս կինը ստիպուած էր բազմութեան մէջէն ճամբայ բանալ։ Երբ 2,000 տարի ետք այս դէպքին մասին կը խորհինք, մեր կարեկցութիւնը կը շարժի անոր դժուարին կացութեան համար։

      19 Եթէ այդ օրը հոն ներկայ գտնուէիք, պարագան ի՞նչ աչքով պիտի դիտէիք։ Ի՞նչ պիտի ըսէիք կնոջ։ Նկատեցէք թէ Յիսուս այս կնոջ հետ ազնիւ, սիրալիր եւ նկատառու կերպով վարուեցաւ, նոյնիսկ չյիշելով որեւէ խնդիր, որ ան պատճառած կրնար ըլլալ։—Մարկոս 5։34

      20. Եթէ Ղեւտացւոց 15։25-27–ն ներկայիս պահանջ մը ըլլար, ի՞նչ մարտահրաւէր պիտի դիմագրաւէինք։

      20 Այս դէպքէն բան մը կրնա՞նք սորվիլ։ Ենթադրենք որ ներկայիս քրիստոնէական ժողովքին մէջ երէց մըն էք։ Նաեւ ենթադրենք որ Ղեւտացւոց 15։25-27–ն ներկայիս Քրիստոնեաներէն պահանջուած օրէնք մըն է եւ Քրիստոնեայ կին մը այդ օրէնքը բեկանելուն համար տակնուվրայ եւ անօգնական կը զգայ։ Ի՞նչպէս պիտի հակազդէիք։ Հանրապէս պիտի նուաստացնէի՞ք զինք, նեղի մատնող խրատներ տալով անոր։ «Բնա՛ւ երբեք», պիտի ըսէիք, «այդպիսի բան մը պիտի չընէի։ Յիսուսի օրինակին հետեւելով, ամէն ջանքս պիտի թափէի ազնիւ, սիրալիր, փափկանկատ եւ նկատառու ըլլալու համար»։ Շա՛տ լաւ։ Սակայն, իսկական մարտահրաւէրը ասիկա ընելը, Յիսուսի օրինակին հետեւիլն է։

      21. Յիսուս Օրէնքին մասին ի՞նչ սորվեցուց մարդոց։

      21 Հիմնականօրէն, Յիսուս մարդիկը կը թարմացնէր, կ’ոգեւորէր ու կը քաջալերէր։ Հոն ուր Աստուծոյ Օրէնքը բացայայտ էր, ըսուածին նշանակութիւնը յստակ էր։ Եթէ ընդհանրական թուէր, անոնք իրենց խղճմտանքը պէտք էր գործածէին եւ Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը ցուցաբերէին իրենց տուած որոշումներով։ Օրէնքը դիւրաթեք էր։ (Մարկոս 2։27, 28) Աստուած կը սիրէր իր ժողովուրդը, միշտ անոնց բարօրութեան համար կ’աշխատէր եւ պատրաստ էր ողորմութիւն ցոյց տալու, երբ անոնք սայթաքէին։ Յիսուս ալ այսպիսի մէկն էր։—Յովհաննու 14։9

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել