-
«Արեւի պէս պիտի փայլին արդարները»Դիտարան 2010 | Մարտ 1
-
-
3. Բացատրէ թէ առակին մէջի մարդը ի՛նչ խնդիր կը դիմագրաւէ եւ ինչպէ՛ս զայն ձեռք կ’առնէ։
3 Առակը հետեւեալն է. «Երկնքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ բարի սերմ ցանեց։ Երբ մարդիկ կը քնանային իր թշնամին եկաւ ու ցորենին մէջ որոմ ցանեց եւ գնաց։ Երբ խոտը բուսաւ ու պտուղ բերաւ, անկէ յետոյ որոմն ալ երեւցաւ։ Ուստի տանտիրոջ ծառաները մօտեցան ու իրեն ըսին. ‘Տէ՛ր, չէ՞ որ դուն քու արտիդ մէջ բարի սերմ ցանեցիր. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է’։ Անիկա ըսաւ անոնց. ‘Թշնամի մարդ մը ըրած է ատիկա’։ Ծառաները իրեն ըսին. ‘Հիմա կ’ուզե՞ս որ երթանք զանոնք քաղենք’։ Ան ալ ըսաւ. ‘Ո՛չ, չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեննիդ ցորենն ալ անոր հետ փրցնէք։ Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը։ Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. «Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք»’» (Մատ. 13։24-30)։

5. Առակին մէջի թշնամին ո՞վ է, եւ որոմը զո՞վ կը պատկերացնէ։
5 Ո՞վ է թշնամին, եւ ո՞վ են որոմները։ Յիսուս մեզի կ’ըսէ, թէ թշնամին «Սատանան է», իսկ որոմը «չարին որդիներն են» (Մատ. 13։25, 38, 39)։ Յիսուսի ակնարկած այս որոմը թունաւոր է ու նախնական հանգրուաններուն շատ կը նմանի ցորենին։ Ի՜նչ յարմար նկարագրութիւն մը անոնց, որոնք կը դաւանին Թագաւորութեան որդիներն ըլլալ, բայց իսկական պտուղ չեն արտադրեր։ Այս կեղծաւոր քրիստոնեաները, որոնք Քրիստոսի հետեւորդներ ըլլալ կը դաւանին, իրապէս Բանսարկուի «սերունդ»ին մաս կը կազմեն (Ծն. 3։15)։
6. Որոմը ե՞րբ սկսաւ ի յայտ գալու, եւ այդ ատեն մարդիկ ինչպէ՞ս «կը քնանային»։
6 Այս որոմանման քրիստոնեաները ե՞րբ ի յայտ եկան։ «Երբ մարդիկ կը քնանային», կ’ըսէ Յիսուս (Մատ. 13։25)։ Ասիկա ե՞րբ էր։ Պատասխանը կը գտնենք եփեսացի երէցներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի խօսքերուն մէջ. «Գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար» (Գործք 20։29, 30)։ Ապա ան այդ երէցները յորդորեց, որ հոգեւորապէս արթուն մնան։ Հաւատուրացութիւնը ‘արգիլող’ առաքեալները մեռնելու սկսելէ ետք, բազմաթիւ քրիստոնեաներ հոգեւորապէս քնացան (կարդալ՝ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3, 6-8)։ Ա՛յդ ատեն մեծ հաւատուրացութիւնը սկսաւ։
7. Ցորենէն մաս մը որոմի վերածուեցա՞ւ. բացատրէ։
7 Յիսուս չըսաւ թէ ցորենը որոմի պիտի վերածուէր, այլ՝ թէ որոմ ցանուեցաւ ցորենին մէջ։ Ուստի այս առակը չի նկարագրեր հարազատ քրիստոնեաներ, որոնք ճշմարտութենէն կը հեռանան։ Փոխարէն, անիկա ուշադրութեան կը յանձնէ Սատանայի դիտումնաւոր ջանքը, որ քրիստոնէական ժողովքը ապականէ, ամբարիշտ անհատներ ներմուծելով։ Վերջին առաքեալին՝ Յովհաննէսի ծերութեան ժամանակ, այս հաւատուրացութիւնը բացայայտ էր (Բ. Պետ. 2։1-3. Ա. Յովհ. 2։18)։
-