Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Արեւի պէս պիտի փայլին արդարները»
    Դիտարան 2010 | Մարտ 1
    • 2. Որոմին առակին մէջ բարի սերմը ի՞նչ կը ներկայացնէ։

      2 Սակայն Յիսուսի առակներէն մէկը լուսարձակի տակ կ’առնէ անոնց հաւաքումը, որոնք Յիսուսի հետ պիտի իշխեն իր Թագաւորութեան մէջ։ Ասիկա յաճախ կոչուած է՝ որոմին առակը, եւ արձանագրուած է Մատթէոս 13–րդ գլուխին մէջ։ Մինչ այլ առակի մը մէջ Յիսուս կ’ըսէ, թէ ցանուած սերմը «թագաւորութեան խօսքն» է, այս առակին մէջ ան կը նշէ, թէ բարի սերմը կը ներկայացնէ տարբեր բան մը,– «թագաւորութեանը որդիները» (Մատ. 13։19, 38)։ Անոնք Թագաւորութեան հպատակներ չեն, այլ՝ Թագաւորութեան «որդիներ» կամ ժառանգորդներ (Հռով. 8։14-17. կարդալ՝ Գաղատացիս 4։6, 7)։

  • «Արեւի պէս պիտի փայլին արդարները»
    Դիտարան 2010 | Մարտ 1
    • 4. ա) Առակին մէջի մարդը ո՞վ է։ բ) Յիսուս ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս սկսաւ այս սերմը ցանելու։

      4 Իր արտին մէջ բարի սերմ ցանող մարդը ո՞վ է։ Յիսուս պատասխանը կու տայ, երբ իր աշակերտներուն կը բացատրէ. «Բարի սերմը ցանողը Որդին մարդոյ է» (Մատ. 13։37)։ Յիսուս՝ «Որդին մարդոյ», իր երկրային ծառայութեան երեքուկէս տարուան ընթացքին արտը ցանելու պատրաստեց (Մատ. 8։20. 25։31. 26։64)։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, ան սկսաւ ցանելու բարի սերմը՝ «թագաւորութեանը որդիները»։ Այս ցանելը ակներեւօրէն տեղի ունեցաւ, երբ Յիսուս որպէս Եհովայի ներկայացուցիչը սկսաւ աշակերտներուն վրայ սուրբ հոգին թափելու, զանոնք որպէս Աստուծոյ որդիներ օծելով (Գործք 2։33)։b Բարի սերմը աճելով ցորեն եղաւ։ Ուստի բարի սերմը ցանելու նպատակն էր՝ ի վերջոյ Յիսուսի հետ իր Թագաւորութեան մէջ ժառանգակից եւ իշխանակից ըլլալիք անհատներուն լման թիւը հաւաքել։

  • «Արեւի պէս պիտի փայլին արդարները»
    Դիտարան 2010 | Մարտ 1
    • 5. Առակին մէջի թշնամին ո՞վ է, եւ որոմը զո՞վ կը պատկերացնէ։

      5 Ո՞վ է թշնամին, եւ ո՞վ են որոմները։ Յիսուս մեզի կ’ըսէ, թէ թշնամին «Սատանան է», իսկ որոմը «չարին որդիներն են» (Մատ. 13։25, 38, 39)։ Յիսուսի ակնարկած այս որոմը թունաւոր է ու նախնական հանգրուաններուն շատ կը նմանի ցորենին։ Ի՜նչ յարմար նկարագրութիւն մը անոնց, որոնք կը դաւանին Թագաւորութեան որդիներն ըլլալ, բայց իսկական պտուղ չեն արտադրեր։ Այս կեղծաւոր քրիստոնեաները, որոնք Քրիստոսի հետեւորդներ ըլլալ կը դաւանին, իրապէս Բանսարկուի «սերունդ»ին մաս կը կազմեն (Ծն. 3։15)։

  • «Արեւի պէս պիտի փայլին արդարները»
    Դիտարան 2010 | Մարտ 1
    • 7. Ցորենէն մաս մը որոմի վերածուեցա՞ւ. բացատրէ։

      7 Յիսուս չըսաւ թէ ցորենը որոմի պիտի վերածուէր, այլ՝ թէ որոմ ցանուեցաւ ցորենին մէջ։ Ուստի այս առակը չի նկարագրեր հարազատ քրիստոնեաներ, որոնք ճշմարտութենէն կը հեռանան։ Փոխարէն, անիկա ուշադրութեան կը յանձնէ Սատանայի դիտումնաւոր ջանքը, որ քրիստոնէական ժողովքը ապականէ, ամբարիշտ անհատներ ներմուծելով։ Վերջին առաքեալին՝ Յովհաննէսի ծերութեան ժամանակ, այս հաւատուրացութիւնը բացայայտ էր (Բ. Պետ. 2։1-3. Ա. Յովհ. 2։18)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել