-
«Շատ թանկագին մարգարիտ մը գտնել»Դիտարան 2005 | Փետրուար 1
-
-
«Շատ թանկագին մարգարիտ մը գտնել»
«Մարդիկ երկինքի արքայութիւնը ձեռք ձգելու համար ոյժ կը բանեցնեն, եւ զօրաւորները ձեռք կը ձգեն զայն»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 11։12, Անթիլիաս
1, 2. (ա) Թագաւորութեան առակներէն մէկուն մէջ Յիսուս ո՞ր անսովոր յատկութիւնը աչքառու դարձուց։ (բ) Յիսուս ի՞նչ ըսաւ մարգարիտին առակին մէջ։
ԿԱ՞Յ բան մը որ ա՛յնքան շատ կ’արժեւորես, որ ամբողջ ունեցածդ կու տաս կամ կը զոհես, զայն ձեռք ձգելու համար։ Թէեւ մարդիկ կ’ըսեն թէ իրենք նուիրուած են իրենց նպատակակէտը հետապնդելու,– դրամ, համբաւ, հեղինակութիւն կամ դիրք,– բայց հազուագիւտ է որ անհատ մը գտնէ շատ ցանկալի բան մը ու յօժարի ամէն բան զոհել զայն ունենալու համար։ Յիսուս Քրիստոս այս անսովոր բայց հիանալի յատկութեան ակնարկեց, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին միտք գրգռող իր բազմաթիւ առակներէն մէկուն մէջ։
2 Անիկա մարգարիտին առակը կամ օրինակն է, որ Յիսուս իր աշակերտներուն պատմեց երբ առանձին էին։ Յիսուս հետեւեալը ըսաւ. «Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի այն [«ճամբորդող», ՆԱ] վաճառականին, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ։ Երբ շատ թանկագին մարգարիտ մը գտնէ՝ կ’երթայ, [«եւ շուտով», ՆԱ] իր ամբողջ ունեցածը կը ծախէ եւ կը գնէ այդ մարգարիտը»։ (Մատթէոս 13։36, 45, 46, Անթիլիաս) Յիսուս ի՞նչ ուզեց որ իր ունկնդիրները այս առակէն սորվին։ Իսկ ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի խօսքերէն օգտուիլ։
Մարգարիտներուն Մեծ Արժէքը
3. Վաղեմի ժամանակներուն գեղեցիկ մարգարիտները ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր էին։
3 Հինուց մարգարիտները արժէքաւոր զարդեղէն նկատուած են։ Աղբիւր մը դիտել կու տայ թէ Հռովմէացի ուսումնական Պլինիոս Երէցի համաձայն, մարգարիտները «բոլոր արժէքաւոր բաներուն մէջ առաջին կարգը կը գրաւէին»։ Ոսկիին, արծաթին կամ շատ մը գոհարներուն հակառակը, մարգարիտները ապրող արարածներու կողմէ կ’արտադրուին։ Հանրածանօթ է որ որոշ ոստրէներ կրնան գրգռիչ բաներ, ինչպէս՝ շատ մանր քարեր, գեղափայլ մարգարիտներու վերածել, զանոնք պատելով սատափ կոչուած նիւթով։ Վաղեմի ժամանակներուն, ամենէն գեղեցիկ մարգարիտները ձեռք կը ձգուէին գլխաւորաբար Կարմիր ծովէն, Պարսից ծոցէն եւ Հնդկական ովկիանոսէն,– Իսրայէլի երկրէն շատ հեռու։ Անտարակոյս այս պատճառով Յիսուս խօսեցաւ ‘ճամբորդող վաճառականին մասին, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ’։ Իսկապէս արժէքաւոր մարգարիտներ գտնելը, մեծ ջանքի կը կարօտի։
4. Ճամբորդող վաճառականին առակին գլխաւոր կէտը ի՞նչ է։
4 Թէեւ վաղուց գեղեցիկ մարգարիտներուն գինը շատ բարձր եղած է, սակայն բացայայտ է որ Յիսուսի առակին գլխաւոր կէտը անոնց դրամական արժէքին մասին չէր։ Այս առակին մէջ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պարզապէս չնմանցուց շատ թանկագին մարգարիտի մը. ան ուշադրութեան յանձնեց ‘ճամբորդող վաճառական մը, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ’ եւ անոր հակազդեցութիւնը, երբ հատ մը գտաւ։ Սովորական խանութպանի մը հակառակը, մարգարիտի ճամբորդող վաճառականը մասնագէտ էր, այսինքն՝ ունէր հարկ եղած սուր աչքը կամ զգայունութիւնը, զատորոշելու համար արտակարգ մարգարիտի մը գեղագիտական յատկութիւններն ու մանրամասնութիւնները։ Ան դիւրաւ կրնար վաճառքի հանուած հարազատ մարգարիտը զանազանել ցածորակ կամ կեղծ մարգարիտէն։
5, 6. (ա) Յիսուսի առակին մէջի վաճառականին նկատմամբ ի՞նչ բան ուշագրաւ է։ (բ) Պահուած գանձին առակը ի՞նչ կը յայտնէ ճամբորդող վաճառականին մասին։
5 Այս վաճառականին նկատմամբ ուրիշ բան մըն ալ ուշագրաւ է։ Սովորական վաճառականը նախ հաշիւ կ’ընէր թէ մարգարիտը շուկային մէջ ո՞րքան կ’արժէր, որպէսզի որոշէր իր գնելիք ու ծախելիք գումարը, շահոյթ ապահովելով։ Ան նաեւ նկատի կ’առնէր թէ այս մարգարիտը շուկայ ունէ՞ր, այնպէս որ կարենար շուտով ծախել զայն։ Ուրիշ խօսքով, ան հետաքրքրուած պիտի ըլլար իր ներդրումէն արագօրէն դրամ շահելով, եւ ո՛չ թէ՝ մարգարիտը իր քով պահելով։ Բայց Յիսուսի առակին մէջի վաճառականը այսպէս չէր։ Ան դրամական կամ նիւթական շահով հետաքրքրուած չէր։ Իրականութեան մէջ, ան պատրաստ էր «իր ամբողջ ունեցածը» զոհելու,– հաւանաբար իր բոլոր ստացուածքները,– իր փնտռածը ձեռք ձգելու համար։
6 Շատ մը վաճառականներու աչքին, Յիսուսի առակին մէջի վաճառականին ըրածը հաւանաբար անխոհեմութիւն էր։ Խորագէտ առեւտրական մը պիտի չուզէր այսպիսի վտանգաւոր գործ մը ձեռնարկել։ Բայց Յիսուսի առակին մէջի վաճառականը տարբեր կերպով հարցերը կ’արժեւորէր։ Անոր վարձատրութիւնը նիւթական օգուտը չէր, այլ՝ գերազանց արժէքաւոր բան մը ունենալու ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը։ Յիսուս այս կէտը ուրիշ առակով ալ յստակացուց, երբ ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։ (Մատթէոս 13։44) Այո, գանձը գտնելու եւ անոր տէրը դառնալու ուրախութիւնը բաւարար էր մարդը մղելու որ իր ամբողջ ունեցածը ծախէ։ Ներկայիս այսպիսի անհատներ կա՞ն։ Գանձ մը կա՞յ, որուն համար կ’արժէ այսպիսի զոհողութիւն ընել։
Անոնք որ Թագաւորութեան Մեծ Արժէքը Գնահատեցին
7. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ խորապէս կը գնահատէր Թագաւորութեան մեծ արժէքը։
7 Երբ իր առակը կը պատմէր, Յիսուս «երկնքի թագաւորութեան» մասին կը խօսէր։ Վստահաբար ինք անձամբ գնահատեց Թագաւորութեան մեծ արժէքը։ Աւետարանները զօրեղապէս կը վկայեն այս իրողութեան։ Հ.Դ. 29–ին իր մկրտութենէն ետք, Յիսուս «սկսաւ քարոզել ու ըսել. ‘Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է’»։ Երեք ու կէս տարի ան ամբոխներու սորվեցուց Թագաւորութեան մասին։ Ան երկրին չորս կողմը գնաց, «քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր»։—Մատթէոս 4։17. Ղուկաս 8։1
8. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ ցոյց տալու համար թէ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի իրագործէ։
8 Ամբողջ երկրին մէջ բազմաթիւ հրաշքներ գործելով,– ինչպէս՝ հիւանդները բուժել, անօթիները կերակրել, բնութեան տարրերը նուաճել, նոյնիսկ մեռելները յարուցանել,– Յիսուս նաեւ ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի իրագործէ։ (Մատթէոս 14։14-21. Մարկոս 4։37-39. Ղուկաս 7։11-17) Ի վերջոյ, ան Աստուծոյ ու Թագաւորութեան հանդէպ իր հաւատարմութիւնը փաստեց իր կեանքը տալով, տանջանքի ցիցի վրայ նահատակուելով։ Ճիշդ ինչպէս ճամբորդող վաճառականը «շատ թանկագին մարգարիտ»ին համար կամովին իր ամբողջ ունեցածը տուաւ, նոյնպէս Յիսուս ապրեցաւ ու մեռաւ Թագաւորութեան համար։—Յովհաննու 18։37
9. Յիսուսի առաջին աշակերտները ի՞նչ հազուագիւտ յատկութիւն դրսեւորեցին։
9 Յիսուս ո՛չ միայն իր կեանքը Թագաւորութեան վրայ կեդրոնացուց, այլեւ հետեւորդներ հաւաքեց։ Ասոնք ալ խորապէս գնահատեցին Թագաւորութեան մեծ արժէքը։ Անոնցմէ մէկը Անդրէասն էր, որ սկիզբը Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտն էր։ Լսելէ ետք Յովհաննէսի վկայութիւնը թէ Յիսուս «Աստուծոյ Գառ»ն է, Անդրէաս եւ Յովհաննէսի ուրիշ մէկ աշակերտը,– շատ հաւանաբար Զեբեդէոսի որդիներէն մէկը, որ նոյնպէս Յովհաննէս կը կոչուէր,– անմիջապէս Յիսուսի հետեւեցան ու հաւատացեալներ դարձան։ Բայց հարցը հոս վերջ չգտաւ։ Անդրէաս իսկոյն իր եղբօր՝ Սիմոնի քով գնաց ու անոր ըսաւ. «Գտանք Մեսիան»։ Անկէ քիչ ետք, Սիմոն (որ Կեփաս կամ Պետրոս անունով ճանչցուեցաւ), Փիլիպպոս ու իր բարեկամը Նաթանայէլ Յիսուսը ընդունեցին իբրեւ Մեսիան։ Իրականութեան մէջ, Նաթանայէլ մղուեցաւ Յիսուսի ըսելու. «Դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը»։—Յովհաննու 1։35-49
Գործի Լծուեցան
10. Առաջին հանդիպումէն ժամանակ մը ետք, երբ Յիսուս եկաւ ու զիրենք կանչեց, աշակերտները ի՞նչպէս ընդառաջեցին։
10 Անդրէաս, Պետրոս, Յովհաննէս եւ ուրիշներ Մեսիան բնորոշելով ոգեւորուեցան, ինչպէս ճամբորդող վաճառականը ոգեւորուեցաւ՝ շատ թանկագին մարգարիտը գտնելով։ Այժմ անոնք ի՞նչ պիտի ընէին։ Աւետարանները մեզի քիչ բան կը պատմեն թէ անոնք Յիսուսի հանդիպելէ ետք ի՛նչ ըրին։ Ըստ երեւոյթին, անոնցմէ շատեր իրենց սովորական կենցաղին վերադարձան։ Սակայն շուրջ 6-12 ամիս ետք, Յիսուս անգամ մը եւս հանդիպեցաւ Անդրէասի, Պետրոսի, Յովհաննէսի ու անոր եղբօր՝ Յակոբոսի, երբ Գալիլիայի ծովուն եզերքը ձկնորսութեամբ կը զբաղէին։a Զանոնք տեսնելով, Յիսուս ըսաւ. «Իմ ետեւէս եկէք ու ձեզ մարդոց որսորդ ընեմ»։ Անոնք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ Պետրոսի ու Անդրէասի մասին, Մատթէոսի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։ Իսկ Յակոբոսի ու Յովհաննէսի մասին, կը կարդանք. «Շուտ մը նաւն ու հայրերնին թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։ Ղուկասի արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ թէ անոնք «ամէն բան թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։—Մատթէոս 4։18-22. Ղուկաս 5։1-11
11. Հաւանաբար ի՞նչ պատճառով աշակերտները անմիջապէս ընդառաջեցին Յիսուսի հրաւէրին։
11 Աշակերտներուն արագ ընդառաջումը հապճե՞պ որոշում մըն էր։ Ամե՛նեւին։ Թէեւ անոնք Յիսուսի հանդիպելէ ետք իրենց գործին՝ ձկնորսութեան վերադարձան, բայց կասկած չկայ որ այդ առիթով իրենց տեսած ու լսած բաները, իրենց սիրտին ու միտքին վրայ խոր տպաւորութիւն ձգեցին։ Շուրջ մէկ տարի անցնիլը բաւարար ժամանակ տուաւ անոնց որ այս հարցերուն մասին մտածէին։ Այժմ որոշում կայացնելու ժամանակը եկած էր։ Անոնք ճամբորդող վաճառականին պէս պիտի վարուէի՞ն, որուն սիրտը ա՛յնքան ոգեւորուեցաւ անգին մարգարիտը գտնելով, որ՝ ինչպէս Յիսուս նկարագրեց՝ ‘գնաց եւ շուտով’ հարկ եղածը ըրաւ զայն գնելու համար։ Այո՛։ Իրենց տեսած ու լսած բաները իրենց սիրտը ոգեւորած էին։ Անոնք գիտակցեցան որ ժամանակն էր գործի լծուելու։ Հետեւաբար, ինչպէս Աւետարանները մեզի կ’ըսեն, առանց վարանելու անոնք ամէն բան ձգեցին եւ Յիսուսի հետեւորդները եղան։
12, 13. (ա) Յիսուսի մտիկ ընողներէն շատեր ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ (բ) Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտներուն մասին ի՞նչ ըսաւ, եւ իր խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ։
12 Այս հաւատարիմները որքա՜ն տարբեր էին Աւետարաններուն մէջ հետագային յիշուած կարգ մը անհատներէն։ Յիսուս շատերը բուժեց կամ կերակրեց, բայց անոնք պարզապէս իրենց առօրեայ զբաղումները շարունակեցին։ (Ղուկաս 17։17, 18. Յովհաննու 6։26) Ոմանք նոյնիսկ խոյս տուին երբ Յիսուս զիրենք հրաւիրեց որ իր հետեւորդները ըլլան։ (Ղուկաս 9։59-62) Ասոնց հակառակը, հաւատարիմ աշակերտներուն մասին Յիսուս հետագային ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութեան օրերէն մինչեւ այսօր մարդիկ երկինքի արքայութիւնը ձեռք ձգելու համար ոյժ կը բանեցնեն, եւ զօրաւորները ձեռք կը ձգեն զայն»։—Մատթէոս 11։12, Անթիլիաս
13 Այդ համարին մասին, Աստուածաշունչի ուսումնական Հայնրիխ Մէյըր կ’ըսէ. «Այս կերպով նկարագրուած է մօտալուտ Մեսիական թագաւորութեան համար մղուած նախանձախնդիր ու անդիմադրելի պայքարը։ . . . Թագաւորութեան հանդէպ եղած հետաքրքրութիւնը սուր եւ ուժեղ է (այլեւս հանդարտ կենալով ու սպասելով չէ)»։ Ճամբորդող վաճառականին նման, այս փոքրաթիւ անհատները շուտով գիտակցեցան թէ ի՛նչ բան իրապէս թանկարժէք էր, եւ Թագաւորութեան սիրոյն կամովին իրենց ամբողջ ունեցածէն հրաժարեցան։—Մատթէոս 19։27, 28. Փիլիպպեցիս 3։8
Ուրիշներ Միացան
14. Յիսուս առաքեալները ի՞նչպէս պատրաստեց Թագաւորութեան քարոզչութեան համար, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
14 Մինչ իր ծառայութիւնը կը շարունակէր, Յիսուս ուրիշները մարզեց եւ անոնց օգնեց որ Թագաւորութեան համար ջանք թափեն։ Նախ ան իր աշակերտներէն 12 հոգի ընտրեց եւ զանոնք անուանեց առաքեալ, կամ իր կողմէ ղրկուած։ Յիսուս անոնց մանրամասն հրահանգներ տուաւ իրենց ծառայութիւնը կատարելու կերպին մասին, եւ խօսեցաւ գալիք մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն մասին։ (Մատթէոս 10։1-42. Ղուկաս 6։12-16) Ապա շուրջ երկու տարի, անոնք Յիսուսի ընկերակցեցան մինչ կը քարոզէր երկրին տարածքին, անոր հետ սերտ յարաբերութիւն վայելելով։ Անոնք իր խօսքերը լսեցին, իր հրաշալի գործերուն ականատես եղան եւ իր անձնական օրինակը նկատեցին։ (Մատթէոս 13։16, 17) Անտարակոյս այս ամէնը խորապէս զիրենք տպաւորեց ու մղեց որ ճամբորդող վաճառականին նման, նախանձախնդրաբար ու սրտանց Թագաւորութիւնը փնտռեն։
15. Ըստ Յիսուսի, իր հետեւորդներուն ուրախութեան իսկական պատճառը ի՞նչ էր։
15 12 առաքեալներէն զատ, Յիսուս «ուրիշ եօթանասուն ալ որոշեց, եւ իր առջեւէն երկու–երկու ղրկեց զանոնք բոլոր քաղաքներն ու տեղերը՝ ուր ինք պիտի երթար»։ Ան նաեւ անոնց խօսեցաւ գալիք փորձութիւններուն ու նեղութիւններուն մասին, եւ հրահանգեց որ մարդոց ըսեն. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է»։ (Ղուկաս 10։1-12, ԱՎ) Երբ 70 աշակերտները վերադարձան, անոնք չափազանց ուրախ էին եւ Յիսուսի տուին սա տեղեկագրութիւնը. «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին»։ Բայց Յիսուս յայտնեց թէ աւելի մեծ ուրախութիւն մը վերապահուած էր իրենց, Թագաւորութեան հանդէպ իրենց նախանձախնդրութեան շնորհիւ։ Ան անոնց ըսաւ. «Դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են»։—Ղուկաս 10։17, 20
16, 17. (ա) Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն ի՞նչ ըսաւ, իրենց հետ անցուցած վերջին գիշերը։ (բ) Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ ուրախութիւն եւ երաշխիք տուին առաքեալներուն։
16 Վերջապէս, իր առաքեալներուն հետ անցուցած վերջին գիշերը, Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին, ան Տէրունական Ընթրիքը հաստատեց եւ անոնց պատուիրեց որ զայն յիշատակեն։ Այդ գիշեր, Յիսուս 11 հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց. որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։—Ղուկաս 22։19, 20, 28-30
17 Յիսուսի այս խօսքերը լսելով, առաքեալներուն սիրտը ի՜նչ ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ լեցուած ըլլալու էր։ Անոնց կը շնորհուէր գերագոյն պատիւն ու առանձնաշնորհումը, որ մարդ մը կրնար ձեռք ձգել։ (Մատթէոս 7։13, 14. Ա. Պետրոս 2։9) Այդ ճամբորդող վաճառականին նման, անոնք Յիսուսի հետեւելու եւ Թագաւորութիւնը փնտռելու համար շատ բաներէ հրաժարած էին։ Այժմ իրենց երաշխիք տրուեցաւ որ ցարդ իրենց ըրած զոհողութիւնները ի զուր չէին։
18. 11 առաքեալներուն կողքին, որո՞նք Թագաւորութենէն պիտի օգտուէին։
18 Այդ գիշեր Յիսուսի հետ եղող առաքեալները Թագաւորութենէն օգտուող միակ անհատները պիտի չըլլային։ Եհովայի կամքն էր որ 144,000 անհատներ Թագաւորութեան ուխտին մէջ պարփակուէին, որպէս Յիսուս Քրիստոսի իշխանակիցներ՝ երկնային փառահեղ Թագաւորութեան մէջ։ Ասկէ զատ, Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մէջ տեսաւ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, . . . որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին . . . եւ մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. ‘Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին’»։ Ասոնք Թագաւորութեան երկրային հպատակներն են։b—Յայտնութիւն 7։9, 10. 14։1, 4
19, 20. (ա) Բոլոր ազգերէն անհատներու ի՞նչ պատեհութիւն մատչելի է։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։
19 Յիսուս երկինք համբառնալէն քիչ առաջ, իր հաւատարիմ հետեւորդներուն պատուիրեց. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Արդ, բոլոր ազգերէն անհատներ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները պիտի ըլլային։ Ասոնք ալ Թագաւորութիւնը պիտի փնտռէին,– ըլլայ երկնային թէ երկրային վարձատրութեան համար,– ինչպէս ճամբորդող վաճառականը փնտռեց գեղեցիկ մարգարիտը։
20 Յիսուսի խօսքերը ցոյց տուին թէ աշակերտելու գործը պիտի շարունակուէր մինչեւ «աշխարհիս վերջը»։ Ուստի մեր օրերուն, ճամբորդող վաճառականին նման անհատներ կա՞ն, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փնտռելու համար պատրաստ են իրենց ամբողջ ունեցածը տալու։ Այս հարցումը նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։
[Ստորանիշներ]
a Զեբեդիոսի որդին Յովհաննէս այդ առաջին հանդիպումէն ետք, թերեւս Յիսուսի հետեւեցաւ եւ անոր կատարած կարգ մը բաներուն ականատես եղաւ, ինչ որ օգնեց իրեն որ զանոնք վառ կերպով արձանագրէ իր Աւետարանին մէջ։ (Յովհաննու, 2-5–րդ գլուխները) Այսուհանդերձ, Յիսուս զինք կանչելէն առաջ, որոշ ժամանակ իր հօր գործին՝ ձկնորսութեան վերադարձաւ։
b Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքին 10–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
-
-
Ներկայիս «շատ թանկագին մարգարիտ»ը փնտռելԴիտարան 2005 | Փետրուար 1
-
-
Ներկայիս «շատ թանկագին մարգարիտ»ը փնտռել
«Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ . . . վկայութիւն ըլլալու»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14
1, 2. (ա) Յիսուսի օրուան Հրեաները Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ կը խորհէին։ (բ) Թագաւորութեան մասին շիտակ հասկացողութիւն հաղորդելու համար Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
ՅԻՍՈՒՍ երկիր գալով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շատ հետաքրքրաշարժ նիւթ մը դարձաւ Հրեաներուն մէջ։ (Մատթէոս 3։1, 2. 4։23-25. Յովհաննու 1։49) Սակայն սկիզբը անոնցմէ շատեր լիովին չըմբռնեցին անոր տարողութիւնն ու զօրութիւնը. ո՛չ ալ հասկցան թէ անիկա երկնային կառավարութիւն մըն է։ (Յովհաննու 3։1-5) Նոյնիսկ Յիսուսի հետեւորդներէն ոմանք լիովին չհասկցան թէ ի՛նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կամ թէ Քրիստոսի իշխանակիցները ըլլալու օրհնութիւնը ստանալու համար ի՛նչ պէտք է ընեն։—Մատթէոս 20։20-22. Ղուկաս 19։11. Գործք 1։6
2 Ժամանակի ընթացքին, Յիսուս համբերութեամբ բազմաթիւ դասեր սորվեցուց իր աշակերտներուն, մէջը ըլլալով նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առնուած մարգարիտին առակը, մատնանշելով երկնային Թագաւորութիւնը ջանադրութեամբ փնտռելու կարեւորութիւնը։ (Մատթէոս 6։33. 13։45, 46. Ղուկաս 13։23, 24) Ասիկա անոնց սիրտին խորապէս դպչած ըլլալու էր, քանի որ շուտով սկսան Թագաւորութեան բարի լուրը անխոնջօրէն ու խիզախօրէն ծանուցանել մինչեւ երկրին ծայրերը, ինչպէս Գործք Առաքելոց գիրքը կը վկայէ։—Գործք 1։8. Կողոսացիս 1։23
3. Մեր ժամանակներուն ակնարկելով, Յիսուս Թագաւորութեան մասին ի՞նչ ըսաւ։
3 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր օրերուն մասին։ Թագաւորութեան ներքեւ երկրային դրախտի մը օրհնութիւններուն մասին միլիոնաւորներու կը քարոզուի։ «Իրերու դրութեան վախճան»ին մասին իր կարեւոր մարգարէութեան մէջ, Յիսուս յատկապէս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ, 14. Մարկոս 13։10) Ան նաեւ բացատրեց թէ այս հսկայական գործը պիտի կատարուէր ի հեճուկս՝ ահռելի խոչընդոտներու եւ դժուարութիւններու, նոյնիսկ հալածանքի։ Այսուհանդերձ, ան սա երաշխիքը տուաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։9-13) Ասիկա կը պահանջէ այն անձնազոհութիւնն ու նուիրումը, որ Յիսուսի առակին մէջի ճամբորդող վաճառականը ցուցաբերեց։ Ներկայիս կա՞ն անհատներ, որոնք այսպիսի հաւատքով ու նախանձախնդրութեամբ Թագաւորութիւնը կը փնտռեն։
Ճշմարտութիւնը Գտնելու Ուրախութիւնը
4. Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը ներկայիս մարդոց վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։
4 Յիսուսի առակին մէջի վաճառականը չափազանց ուրախացաւ, երբ «շատ թանկագին մարգարիտ մը» գտաւ։ Այդ ուրախութիւնը զինք մղեց որ իր ամէն կարելին ընէ մարգարիտը ձեռք ձգելու համար։ (Եբրայեցիս 12։1) Այսօր, Աստուծոյ ու Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը նոյնպէս մարդիկը կը հրապուրէ ու կը խթանէ։ Ասիկա կը յիշեցնէ Եղբայր Ա. Հ. Մէգմիլընի խօսքերը, որ գիրքի մը մէջ (Faith on the March) բացատրեց թէ ինչպէս անձամբ փնտռեց Աստուած ու մարդկութեան վերաբերեալ անոր նպատակը։ Ան ըսաւ. «Ինչ որ ես գտայ, տակաւին ամէն տարի հազարաւոր անհատներ կը գտնեն։ Եւ անոնք քեզի ու ինծի նման մարդիկ են, քանի որ ամէն ազգէ, ցեղէ, ենթահողէ են եւ ամէն տարիքի կը պատկանին։ Ճշմարտութիւնը անաչառ է։ Ան ամէն տեսակ մարդիկ կը հրապուրէ»։
5. 2004–ի ծառայութեան տարուան տեղեկագրութիւնը ի՞նչ հոյակապ արդիւնքներ կը յայտնէ։
5 Այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը կը տեսնենք, մինչ ամէն տարի հարիւր հազարաւոր պարկեշտամիտ անհատներ, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին շնորհիւ կը մղուին իրենց կեանքը Եհովայի նուիրելու եւ իր կամքը կատարելու։ 2004–ի ծառայութեան տարին՝ Սեպտեմբեր 2003–էն մինչեւ Օգոստոս 2004, բացառութիւն չկազմեց։ Այս 12 ամսուան մէջ, 262,416 անհատներ Եհովայի իրենց նուիրուիլը հանրապէս խորհրդանշեցին ջուրի մկրտութեամբ։ Ասիկա տեղի ունեցաւ 235 երկիրներու մէջ, ուր Եհովայի Վկաները ամէն շաբաթ 6,085,387 Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, ամէն խաւի, ազգի, տոհմի ու լեզուի պատկանող անհատներու օգնելու որ Աստուծոյ Խօսքէն կենսատու ճշմարտութիւնը ստանան։—Յայտնութիւն 7։9
6. Ի՞նչ բանի շնորհիւ տարիէ տարի յաւելում տեղի ունեցած է։
6 Ի՞նչ բան այս բոլորը կարելի դարձուց։ Կասկած չկայ որ Եհովա այս ուղղաբարոյ անհատները իրեն կը քաշէ։ (Յովհաննու 6։66. Գործք 13։48) Սակայն պէտք չէ անտեսենք Թագաւորութիւնը ժրաջանօրէն փնտռողներուն անձնազոհ հոգին ու անխոնջ ջանքերը։ 79 տարեկանին Եղբայր Մէգմիլըն գրեց. «Առաջին օրէն որ հիւանդ ու մահացու մարդկութեան տրուած խոստումներուն մասին տեղեկացայ, Աստուածաշունչի պատգամին յայտնած բաներուն նկատմամբ դեռ յոյսս պայծառ է։ Այդ օրն իսկ որոշեցի Աստուածաշունչին սորվեցուցած բաներուն մասին աւելի գիտնալ, որպէսզի կարենամ օգնել անոնց որ ինծի նման, Ամենակալ Եհովա Աստուծոյ եւ մարդկութեան վերաբերեալ իր բարի նպատակներուն մասին կ’ուզեն գիտութիւն ստանալ»։
7. Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գտնող անհատներուն ուրախութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը։
7 Այդ նախանձախնդրութիւնը կարելի է նաեւ տեսնել Եհովայի արդի ծառաներուն մէջ։ Օրինակ, նկատի առ Տանիէլլան, որ կ’ապրի Վիեննայի մէջ, Աւստրիա։ Ան ըսաւ. «Մանկութենէս ի վեր, Աստուած ամենամտերիմ բարեկամս եղած է։ Միշտ կ’ուզէի իր անունը գիտնալ, քանի որ ‘Աստուած’ բառը ինծի համար շատ անդէմ էր։ Բայց ստիպուած էի սպասել մինչեւ որ Եհովայի Վկաները դուրս զարկին, երբ 17 տարեկան էի։ Անոնք բացատրեցին Աստուծոյ մասին ամէն ինչ որ կ’ուզէի գիտնալ։ Վերջապէս ճշմարտութիւնը գտայ, եւ անիկա հոյակապ էր։ Ա՛յնքան ոգեւորուեցայ որ սկսայ ամէն ոքի քարոզել»։ Անոր խանդավառ մօտեցումին պատճառով դպրոցակիցները զինք ծաղրանքի առարկայ դարձուցին։ «Բայց ինծի համար, ասիկա Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարման ականատես ըլլալու պէս էր», շարունակեց Տանիէլլան, «քանի որ սորված էի թէ Յիսուս ըսած էր որ իր հետեւորդները պիտի ատուէին ու հալածուէին իր անունին համար։ Շատ ուրախ եւ հիացած էի»։ Շուտով Տանիէլլան իր կեանքը Եհովայի նուիրեց, մկրտուեցաւ եւ սկսաւ միսիոնարական ծառայութեան նպատակակէտը հետապնդել։ Ամուսնանալէ ետք, Տանիէլլան եւ իր ամուսինը Հէլմութ սկսան քարոզել Վիեննայի մէջ բնակող Ափրիկեցիներուն, Չինացիներուն, Ֆիլիփփինցիներուն եւ Հնդիկներուն։ Ներկայիս Տանիէլլան ու Հէլմութը որպէս միսիոնարներ կը ծառայեն հարաւ–արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։
Անոնք Չեն Հեղգանար
8. Շատեր Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը եւ իր Թագաւորութեան հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ի՞նչ վարձահատոյց կերպով ցուցաբերած են։
8 Արդարեւ միսիոնարական ծառայութիւնը կերպերէն մէկն է, որով Եհովայի ժողովուրդը ներկայիս կը ցուցաբերեն Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը եւ իր Թագաւորութեան հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը։ Յիսուսի առակին մէջի վաճառականին նման, այս ծառայութեան ձեռնարկողները Թագաւորութեան սիրոյն պատրաստ են հեռաւոր տեղեր ճամբորդելու։ Անշուշտ այս միսիոնարները չեն ճամբորդեր Թագաւորութեան բարի լուրը գտնելու համար. անոնք այս լուրը կը տանին երկրագունդին հեռաւոր անկիւնները բնակող մարդոց, անոնց սորվեցնելով եւ օգնելով որ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներն ըլլան։ (Մատթէոս 28։19, 20) Շատ մը երկիրներու մէջ, անոնք ստիպուած են արտակարգ դժուարութիւններու տոկալ։ Բայց անոնց համբերատարութիւնը մեծապէս կը վարձատրուի։
9, 10. Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան կամ այլ հեռաւոր վայրերու մէջ, միսիոնարները ի՞նչ ոգեւորիչ փորձառութիւններ կը վայելեն։
9 Օրինակ, նկատի առ Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, ուր անցեալ տարի Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցաւ 16,184 հոգի,– Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւին մօտաւորապէս եօթը անգամը։ Որովհետեւ այս երկրին շատ մը շրջաններուն մէջ ելեկտրականութիւն չկայ, մարդիկ սովորաբար իրենց առօրեայ գործերը տունէն դուրս՝ ծառի մը շուքին տակ կ’ընեն։ Ուստի բնական է որ միսիոնարներն ալ նոյն սովորութեան հետեւելով, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները տունէն դուրս՝ ծառի մը շուքին տակ վարեն։ Դուրսը աւելի լուսաւոր եւ աւելի զով ըլլալէն զատ, յաւելեալ առաւելութիւն մը ունի։ Մարդիկ Աստուածաշունչին հանդէպ խոր սէր ունին եւ կրօնական նիւթերու մասին խօսիլը սովորական բան մըն է, ինչպէս՝ ուրիշ մշակոյթներու մէջ մարզանքին կամ օդին մասին խօսիլը։ Յաճախ, անցորդները կը նշմարեն տեղի ունեցածը եւ ուսումնասիրութեան կը միանան։
10 Այսպէս, երբ միսիոնար մը տան մը առջեւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կը վարէր, փողոցին միւս կողմը բնակող երիտասարդ մը մօտեցաւ եւ ըսաւ թէ միսիոնարը տակաւին այցելութիւն մը չէ տուած իրեն, եւ ինք կ’ուզէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալ։ Անշուշտ միսիոնարը ուրախութեամբ հրաւէրը ընդունեց, եւ երիտասարդը այժմ արագօրէն կը յառաջդիմէ։ Այս երկրին մէջ յաճախ ոստիկանները ճամբան Վկաները կը կեցնեն, ո՛չ թէ դատակոչ մը տալու կամ տուգանք պահանջելու, այլ՝ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն նորագոյն թիւերը ուզելու, կամ՝ շնորհակալութիւն յայտնելու իրենց կարդացած որոշ մէկ յօդուածին համար։
11. Հակառակ դժուարութիւններու, երկար ժամանակ միսիոնար եղողները իրենց ծառայութիւնը ի՞նչպէս կը նկատեն։
11 40 կամ 50 տարի առաջ միսիոնարական ծառայութեան ձեռնարկողներէն շատեր տակաւին հաւատարմօրէն կը ծառայեն դաշտին մէջ։ Անոնք մեր բոլորին համար հաւատքի ու յարատեւութեան ի՜նչ ընտիր օրինակ մըն են։ Անցեալ 42 տարիներու ընթացքին, ամոլ մը որպէս միսիոնար միասնաբար ծառայած են երեք երկիրներու մէջ։ Ամուսինը կ’ըսէ. «Դժուարութիւններ եղած են։ Օրինակ, 35 տարի ջերմախտի դէմ պայքար մղեցինք։ Բայց եւ այնպէս, միսիոնար ըլլալու մեր որոշումին համար երբեք չզղջացինք։ Կինը կ’աւելցնէ. «Միշտ երախտապարտ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունէինք։ Դաշտի ծառայութիւնը շատ մեծ ուրախութիւն է, եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլը դիւրին է։ Երբ աշակերտներուն ժողովի գալը եւ իրարու ծանօթանալը տեսնէք, կը զգաք թէ ընտանիքի անդամներ են որ քով–քովի կու գան»։
Անոնք ‘Բոլոր Բաներն Ալ Վնաս կը Սեպեն’
12. Թագաւորութեան արժէքին հանդէպ իսկական գնահատութիւնը ի՞նչպէս կ’արտայայտուի։
12 Երբ ճամբորդող վաճառականը շատ թանկագին մարգարիտ մը գտաւ, ‘գնաց՝ իր ամբողջ ունեցածը ծախեց եւ գնեց այդ մարգարիտը’։ (Մատթէոս 13։46, Անթիլիաս) Թագաւորութեան արժէքը իրապէս գնահատող անհատները կը յատկորոշուին արժէքաւոր նկատուած բանէ մը հրաժարելու այս կամեցողութեամբ։ Քրիստոսի հետ Թագաւորութեան փառքին մէջ բաժին ունեցողներէն մէկը ըլլալով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ»։—Փիլիպպեցիս 3։8
13. Չեխ Հանրապետութեան մէջ անհատ մը ի՞նչպէս Թագաւորութեան հանդէպ իր սէրը ապացուցանեց։
13 Նոյն կերպով, ներկայիս շատեր պատրաստ են իրենց կեանքին մէջ հսկայական փոփոխութիւններ մտցնելու, Թագաւորութեան օրհնութիւնները ձեռք ձգելու համար։ Օրինակ, Հոկտեմբեր 2003–ին, Չեխ Հանրապետութեան մէջ, դպրոցի մը 60 տարեկան տնօրէնը ստացաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գիրքը՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Զայն կարդալէ ետք, ան անմիջապէս իր շրջանի Եհովայի Վկաները փնտռեց եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրեց։ Ան հոգեւորապէս յառաջդիմեց եւ շատ չանցած սկսաւ բոլոր ժողովներուն յաճախել։ Սակայն ան ի՞նչ ըրաւ քաղաքապետական եւ ապա ծերակուտական ընտրութիւններուն մասնակցելու իր ծրագիրներուն։ Ան ընտրեց տարբեր ասպարէզ մը հետապնդել,– կեանքի մրցարշաւին մասնակցիլ որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանող։ Ան ըսաւ. «Դպրոցիս մէջ աշակերտներուն կրցայ բազմաթիւ աստուածաշնչական գրականութիւններ տալ»։ Յուլիս 2004–ին տեղի ունեցող նահանգային համաժողովի մը մէջ, ան Եհովայի իր նուիրուիլը խորհրդանշեց ջուրի մկրտութեամբ։
14. (ա) Թագաւորութեան բարի լուրը միլիոնաւորներ մղած է ի՞նչ ընելու։ (բ) Ի՞նչ զգաստացուցիչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի ուղղել։
14 Աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր ուրիշներ նոյն կերպով Թագաւորութեան բարի լուրին ընդառաջած են։ Անոնք ամբարիշտ աշխարհէն դուրս եկած են, իրենց հին անձնաւորութիւնը հանած են, իրենց նախկին ընկերակիցները ձգած են եւ իրենց աշխարհային հետապնդումներէն հրաժարած են։ (Յովհաննու 15։19. Եփեսացիս 4։22-24. Յակոբու 4։4. Ա. Յովհաննու 2։15-17) Անոնք այս բոլորը ինչո՞ւ կ’ընեն։ Քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան օրհնութիւնները շա՜տ աւելի կ’արժեւորեն, քան՝ իրերու ներկայ դրութեան հրամցուցած որեւէ բան։ Թագաւորութեան բարի լուրին հանդէպ նոյն կերպով կը զգա՞ս։ Անիկա քեզ կը մղէ՞ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընելու, որպէսզի կենցաղդ, արժանիքներդ եւ նպատակակէտերդ Եհովայի պահանջներուն հետ ներդաշնակ ըլլան։ Ասիկա ընելով ճոխ օրհնութիւններ պիտի վայելես, հիմա եւ յաւիտեան։
Հունձքը Իր Բարձրակէտին կը Հասնի
15. Ի՞նչ մարգարէացուած էր թէ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի ընէր վերջին օրերուն։
15 Սաղմոսերգուն գրեց. «Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը յօժարակամ պիտի ըլլայ»։ Յօժարակամ եղողներուն մէջ կան ‘ցօղի նման երիտասարդներ’ եւ ‘աւետաբեր կիներու մեծ զօրաբաժին մը’։ (Սաղմոս 68։11, ԱՎ. 110։3) Այս վերջին օրերուն, տղամարդոցմէ ու կիներէ, երիտասարդներէ ու ծերերէ բաղկացած Եհովայի ժողովուրդին ժրաջանութիւնն ու զոհողութիւնը ի՞նչ արդիւնք տուած է։
16. Օրինակ մը տուր թէ Աստուծոյ ծառաները ի՛նչ կերպերով ուրիշներուն կ’օգնեն որ Թագաւորութեան մասին սորվին։
16 Հնդկաստանի մէջ ռահվիրայ մը, կամ Թագաւորութիւնը ծանուցանող լիաժամ ծառայ, հարց կու տար թէ Հնդկաստանի աւելի քան երկու միլիոն խուլերուն ի՛նչպէս կարելի էր օգնել որ Թագաւորութեան մասին սորվին։ (Եսայեայ 35։5) Այս քոյրը որոշեց Պանկալորի մէջ համրերու լեզուն սորվեցնող դպրոց մը յաճախել։ Ան կրցաւ Թագաւորութեան յոյսը բաժնել բազմաթիւ խուլերու հետ, եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան խմբակներ կազմուեցան։ Մի քանի շաբաթ ետք, տասնեակ անհատներ սկսան Թագաւորութեան Սրահին մէջ տեղի ունեցող ժողովներուն ներկայ ըլլալ։ Հետագային, հարսանեկան ընդունելութեան մը ընթացքին, ռահվիրան Կալկաթայէն եկող խուլ պատանիի մը ծանօթացաւ, որ շատ հարցումներ ունէր եւ ուզեց Եհովայի մասին աւելին գիտնալ։ Սակայն խնդիր մը կար։ Պատանին Կալկաթա պէտք էր վերադառնար, շուրջ 1,600 քիլոմեթր հեռու, քոլէճ յաճախելու համար, եւ հոն համրերու լեզուն գիտցող Վկաներ չկային։ Ան մեծ ջանք թափելով համոզեց իր հայրը որ թոյլ տայ որ Պանկալորի մէկ դպրոցը յաճախէ, այնպէս որ կարենայ իր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը շարունակել։ Ան հոգեւորապէս յառաջդիմեց, եւ շուրջ տարի մը ետք, իր կեանքը Եհովայի նուիրեց։ Ան իր կարգին Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց կարգ մը խուլերու հետ, ի ներառեալ մանկութեան մէկ բարեկամը։ Ներկայիս Հնդկաստանի մասնաճիւղի գրասենեակը կարգադրութիւններ կ’ընէ որ ռահվիրաներ համրերու լեզուն սորվին, այդ դաշտին մէջ օգնութիւն մատուցանելու համար։
17. Յիշէ յատկապէս քաջալերական բան մը որ տեսար 2004–ի ծառայութեան տարուան տեղեկագրին մէջ, էջ 23-26։
17 Այս պարբերաթերթին 23-26–րդ էջերուն վրայ պիտի գտնես Եհովայի Վկաներուն դաշտի ծառայութեան 2004–ի համաշխարհային տեղեկագիրը։ Քիչ մը ժամանակ տրամադրէ զայն աչքէ անցընելու, եւ անձամբ տես ապացոյցը թէ համայն աշխարհի մէջ Եհովայի ժողովուրդը կեդրոնացած է «շատ թանկագին մարգարիտ»ը փնտռելու վրայ։
Շարունակենք ‘Նախ Թագաւորութիւնը Փնտռել’
18. Ճամբորդող վաճառականին առակին մէջ, Յիսուս ի՞նչ տեղեկութիւններ չպարփակեց, եւ ինչո՛ւ։
18 Անգամ մը եւս նկատի առնելով ճամբորդող վաճառականին առակը, կը տեսնենք որ Յիսուս որեւէ բան չըսաւ թէ վաճառականը իր ապրուստը ի՛նչպէս պիտի ճարէր, իր ամբողջ ունեցածը ծախելէ ետք։ Իրատեսօրէն ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Վաճառականը ի՞նչպէս պիտի կարենար ուտելիք, հագուստ եւ բնակարան կարգադրել, հիմա որ իր ամբողջ ունեցածը ծախած էր։ Այդ թանկագին մարգարիտը իրեն ի՞նչ օգուտ պիտի բերէր’։ Ասոնք տրամաբանական հարցումներ կրնան ըլլալ՝ մարմնաւոր տեսանկիւնէն դիտուած։ Բայց Յիսուս իր աշակերտները չէ՞ր յորդորած. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։31-33) Առակը գլխաւորաբար կը շեշտէ Աստուծոյ հանդէպ միասիրտ նուիրում եւ Թագաւորութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու կարիքը։ Ասոր մէջ մեզի համար դաս մը կա՞յ։
19. Յիսուսի շատ թանկագին մարգարիտին առակէն ի՞նչ կարեւոր դաս մը կրնանք սորվիլ։
19 Սքանչելի բարի լուրը նոր լսած ենք թէ տասնամեակներէ ի վեր Թագաւորութիւնը կը փնտռենք ու անոր օրհնութիւններուն մասին ուրիշներուն կը խօսինք, պէտք է շարունակենք Թագաւորութիւնը մեր հետաքրքրութեան եւ ուշադրութեան առանցքը դարձնել։ Դժուարին ժամանակներու մէջ կ’ապրինք, բայց վաւերական պատճառներ ունինք հաւատալու թէ մեր հետապնդած բանը իրական ու անբաղդատելի է,– վաճառականին գտած մարգարիտին նման։ Աշխարհի իրադարձութիւնները եւ Աստուածաշունչի կատարուած մարգարէութիւնները համոզիչ ապացոյց կը հայթայթեն թէ «իրերու դրութեան վախճան»ին մէջ կ’ապրինք։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ) Ճամբորդող վաճառականին նման, թող Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ սրտագին նախանձախնդրութիւն ցուցաբերենք եւ բարի լուրը ծանուցանելու առանձնաշնորհումով ուրախանանք։—Սաղմոս 9։1, 2
-