Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Չես գիտեր թէ ո՛ւր պիտի յաջողի
    Դիտարան 2008 | Յուլիս 1
    • Ուռկանը

      15, 16. (ա) Ուռկանին առակը ամփոփէ։ (բ) Ուռկանը ի՞նչ կը ներկայացնէ, եւ այս առակը Թագաւորութեան աճման ո՞ր երեսակին կ’ակնարկէ։

      15 Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներ ըլլալ դաւանողներուն թիւէն աւելի, անոնց որակն է կարեւորը։ Յիսուս Թագաւորութեան աճման այս երեսակին կ’ակնարկէ, ուռկանին առակը տալով։ Ան ըսաւ. «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը ծովը ձգուած ուռկանի մը նման է, որ ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ»։—Մատ. 13։47

      16 Ուռկանը, որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կը ներկայացնէ, ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ։ Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Երբ ուռկանը լեցուեցաւ, ցամաքը հանեցին ու նստան աղէկները ամաններու մէջ ժողվեցին եւ անշահը դուրս ձգեցին։ Այսպէս պիտի ըլլայ աշխարհիս վերջը [«իրերու դրութեան վախճանին», ՆԱ]։ Հրեշտակները պիտի ելլեն ու արդարներուն մէջէն չարերը պիտի զատեն. եւ պիտի ձգեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։—Մատ. 13։48-50

      17. Ուռկանին առակին մէջ նշուած զատումը ո՞ր ժամանակաշրջանին կ’ակնարկէ։

      17 Այս զատումը կ’ակնարկէ՞ ոչխարներու եւ այծերու վերջնական դատաստանին, որ Յիսուս ըսաւ թէ տեղի պիտի ունենայ երբ իր փառքովը գայ։ (Մատ. 25։31-33) Ո՛չ։ Այդ վերջնական դատաստանը տեղի պիտի ունենայ, երբ Յիսուս մեծ նեղութեան ընթացքին գայ։ Իսկ ուռկանին առակին մէջ ակնարկուած զատումը տեղի կ’ունենայ «իրերու դրութեան վախճան»ի ընթացքին։b Ասիկա այն ժամանակն է որուն մէջ այժմ կ’ապրինք,– մեծ նեղութեան առաջնորդող օրերը։ Արդ, ի՞նչպէս զատում մը ներկայիս տեղի կ’ունենայ։

      18, 19. (ա) Ներկայիս ի՞նչպէս զատում մը տեղի կ’ունենայ։ (բ) Պարկեշտամիտ անհատները ի՞նչ քայլ պէտք է առնեն։ (Տես նաեւ ստորանիշը։)

      18 Արդի օրերուն, մարդկութեան ծովէն բառացիօրէն միլիոնաւոր այլաբանական ձուկեր Եհովայի ժողովքին եկած են։ Ոմանք Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուին, ուրիշներ մեր ժողովներուն կու գան, իսկ տակաւին ուրիշներ ուրախութեամբ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն։ Բայց այս բոլոր անհատները կ’ապացուցանե՞ն թէ հարազատ Քրիստոնեաներ են։ Անոնք թերեւս ‘ցամաքը հանուին’, բայց Յիսուս մեզի կ’ըսէ թէ միայն «աղէկները» կը հաւաքուին ամաններու մէջ, որոնք քրիստոնէական ժողովքները կը ներկայացնեն։ Անշահները դուրս կը ձգուին, ի վերջոյ նետուելով այլաբանական կրակի հնոցի մը մէջ, որ ապագայ կործանում կը նշանակէ։

      19 Անշահ ձուկերուն պարագային պէս, Եհովայի ժողովուրդին հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրողներէն շատեր դադրած են ուսումնասիրելէ։ Քրիստոնեայ ծնողներ ունեցողներէն ոմանք բնաւ չեն ուզած Յիսուսի քայլերուն հետեւիլ։ Անոնք չեն ուզած Եհովայի ծառայելու որոշումը կայացնել, կամ ժամանակ մը իրեն ծառայելէ ետք՝ դադրած են։c (Եզեկ. 33։32, 33) Սակայն անհրաժեշտ է որ բոլոր պարկեշտամիտ անհատները թոյլ տան որ դատաստանի վերջին օրէն առաջ հաւաքուին ամանանման ժողովքներուն մէջ եւ ապահովութեան վայրի մը մէջ մնան։

  • Չես գիտեր թէ ո՛ւր պիտի յաջողի
    Դիտարան 2008 | Յուլիս 1
    • 20, 21. (ա) Աճման հետ կապ ունեցող Յիսուսի առակներուն վերաքաղէն ի՞նչ սորվեցանք։ (բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։

      20 Արդ, աճման հետ կապ ունեցող Յիսուսի առակներուն համառօտ վերաքաղէն ի՞նչ սորվեցանք։ Առաջին, մանանեխին աճման նման, երկրի վրայ Թագաւորութեան շահերը հսկայ աճում մը տեսած են։ Ոչինչ կրնայ Եհովայի գործին ծաւալումը կասեցնել։ (Եսա. 54։17) Ասկէ զատ, հոգեւոր պաշտպանութիւն տրուած է անոնց՝ որոնք փնտռած են ‘ծառին շուքին տակ բնակիլ’։ Երկրորդ, Աստուա՛ծ զայն կ’աճեցնէ։ Ինչպէս որ պահուած թթխմորը ամբողջ զանգուածը թթուեցուց, այս աճումը միշտ շուտով շօշափելի կամ հասկնալի չէ եղած, բայց եւ այնպէս տեղի ունեցած է։ Երրորդ, բոլոր ընդառաջողներն ալ յարմար չեն եղած։ Ոմանք Յիսուսի առակին մէջի անշահ ձուկերուն նման եղած են։

  • Չես գիտեր թէ ո՛ւր պիտի յաջողի
    Դիտարան 2008 | Յուլիս 1
    • b Թէեւ Մատթէոս 13։39-43–ը Թագաւորութեան քարոզչութեան տարբեր մէկ երեսակին կ’ակնարկէ, սակայն անոր կատարման ժամանակը կը համապատասխանէ ուռկանին առակին կատարման ժամանակին, որ է՝ «իրերու դրութեան վախճան»ի ընթացքին։ Այլաբանական ձուկերու զատումը շարունակական է, ինչպէս որ ցանելու եւ հնձելու գործը շարունակական է այս ժամանակամիջոցին։—Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 2000, էջ 25-26. Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք, էջ 178-181, պարբերութիւն 8-11։

      c Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ իւրաքանչիւր անհատ որ չի շարունակեր Եհովայի ժողովուրդին հետ ուսումնասիրել կամ ընկերակցիլ, հրեշտակներուն կողմէ դուրս ձգուած է որպէս անշահ ձուկ։ Ո՛չ։ Եթէ անհատ մը անկեղծօրէն փափաքի Եհովայի վերադառնալ, ան ճամբան բաց պիտի գտնէ։—Մաղ. 3։7

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել