Որպէս մարդոց որսորդ ծառայենք
«Յիսուս ըսաւ անոր. ‘Մի՛ վախնար, ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս’»։—ՂՈՒԿԱՍ 5։10
1, 2. (ա) Մարդկային պատմութեան մէջ ձկնորսութիւնը ի՞նչ դեր ունեցած է։ (բ) Շուրջ 2,000 տարի առաջ, ի՞նչպիսի ձկնորսութիւն մը ներկայացուեցաւ։
ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ տարիներէ ի վեր, մարդիկ կերակուրի համար ձուկ կ’որսան աշխարհի ծովերուն, լիճերուն եւ գէտերուն մէջ։ Վաղեմի Եգիպտոսի մէջ, Նեղոս Գետին ձուկերը սննդեղենի կարեւոր մէկ մասն էին։ Երբ Մովսէսի օրերուն Նեղոս Գետին ջուրերը արիւն դարձան, Եգիպտացիները ոչ միայն ջուրի պակասէ տառապեցան, այլ նաեւ՝ կերակուրի, քանի որ ձուկերը մեռան։ Հետագային, Սինայի մէջ, երբ Եհովա Իսրայելացիներուն Օրէնքը տուաւ, անոնց ըսաւ որ որոշ ձուկերու տեսակներ կրնային ուտել, սակայն ուրիշներ պիղծ ըլլալով, պէտք չէր ուտէին։ Ասիկա կը նշանակէր թէ Իսրայելացիները ձուկ պիտի ուտէին երբ Խոստացեալ Երկիրը մտնէին. ուստի անոնցմէ ոմանք ձկնորսներ պիտի ըլլային։—Ելից 7։20, 21. Ղեւտացւոց 11։9–12
2 Սակայն, մօտ երկու հազար տարիներ առաջ, ուրիշ տեսակ ձկնորսութիւն մը ներկայացուեցաւ մարդկութեան։ Ասիկա հոգեւոր ձկնորսութիւն մըն էր, որմէ ոչ միայն ձկնորսները կ’օգտուին, այլ նաեւ՝ ձուկերը։ Այսպիսի ձկնորսութիւն մը տակաւին տեղի կ’ունենայ այսօր, որմէ համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ կ’օգտուին։
«Մարդիկը Ողջ Պիտի Բռնես»
3, 4. Ո՞ր երկու ձկնորսները մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին Յիսուսի հանդէպ։
3 Մեր հասարակ դարաշրջանի 29–ին, այն անհատը որ այս նոր, այլաբանական ձկնորսութիւնը պիտի սկսէր Յիսուս՝ Յորդանանու Գետին մէջ մկրտուեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչին կողմէ։ Քանի մը շաբաթ ետք, Յովհաննէս իր աշակերտներէն երկուքին Յիսուսը մատնանշելով ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը»։ Այս աշակերտներէն մէկը, որու անունը Անդրէաս էր, փութաց իր եղբօրը՝ Սիմոն Պետրոսի քով, ու ըսաւ. «Գտանք Մեսիան»։ Հետաքրքրականօրէն, թէ՛ Անդրէաս եւ թէ Սիմոն ձկնորսներ էին։—Յովհաննու 1։35, 36, 40, 41. Մատթէոս 4։18
4 Որոշ ժամանակ ետք, Յիսուս՝ Պետրոսի եւ Անդրէասի բնակած վայրէն ոչ հեռու, Գալիլիոյ Ծովուն եզերքը ժողովուրդին կը քարոզէր։ Ան մարդոց կ’ըսէր. «Ապաշխարեցէք, վասնզի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։ (Մատթէոս 4։13, 17) Կրնանք երեւակայել որ Պետրոսն ու Անդրէասը որքան անհամբեր էին Յիսուսի պատգամը լսելու։ Սակայն, անոնք չէին գիտակցեր որ Յիսուսի այդ օրուան խօսքերը իրենց կեանքերը վերջնականապէս պիտի փոխէին։ Ասկէ զատ, ինչ որ Յիսուս ըսաւ ու ըրաւ այդ ատեն, բոլորիս համար կարեւոր իմաստ մը ունի։
5. Ձկնորս Պետրոս ինչպէ՞ս օգտակար եղաւ Յիսուսի։
5 Կը կարդանք. «Օր մը, երբ ժողովուրդը անոր բոլորտիքը դիզուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու համար, ինք Գեննեսարէթի ծովակին քով կեցեր էր, տեսաւ երկու նաւեր, որոնք ծովակին քով կեցեր էին եւ ձկնորսները անոնց մէջէն ելած՝ ուռկանները կը լուային»։ (Ղուկաս 5։1, 2) Այդ ժամանակ, արհեստաւոր ձկնորսները գիշերը կ’աշխատէին։ Ուստի, այս մարդիկը գիշերը ձուկ որսալէ ետք, իրենց ուռկանները կը մաքրէին։ Յիսուս որոշեց անոնց նաւերէն մէկը գործածել որպէսզի աւելի ազդեցիկ կերպով ժողովուրդին քարոզէ։ «Ինք այն նաւերէն մէկուն մէջ մտաւ, որ Սիմոնինն էր եւ աղաչեց անոր որ քիչ մը ցամաքէն ծովուն մէջ տանի եւ նստելով՝ նաւուն մէջէն ժողովուրդին կը սորվեցնէր»։—Ղուկաս 5։3
6, 7. Յիսուս ձկնորսութեան ի՞նչ հրաշք կատարեց եւ ասիկա ձկնորսութեան մասին ո՞ր արտայայտութեան առաջնորդեց։
6 Նկատենք, սակայն, որ Յիսուսի միտքը միայն ժողովուրդին սորվեցնել չէր։ «Երբ խօսելէն դադրեցաւ, ըսաւ Սիմոնին. ‘Յառաջ տար նաւը՝ դէպի խորունկը եւ ուռկաննիդ ձգեցէք ձուկ որսալու’»։ Յիշեցէք որ այս ձկնորսները արդէն ամբողջ գիշերը աշխատած էին, ուստի զարմանալի չէր որ Պետրոս ըսէր. «‘Վա՛րդապետ, բոլոր գիշերը աշխատեցանք ու բան մը չբռնեցինք։ Բայց քու խօսքիդ համար ուռկանը կը ձգեմ»։ Երբ ըսուածը ըրին, ի՞նչ տեղի ունեցաւ։ «խիստ շատ ձուկեր ժողվեցին, անանկ որ իրենց ուռկանը կը պատռտէր։ Աչք կ’ընէին միւս նաւուն մէջ եղող իրենց ընկերներուն՝ որ գան օգնեն իրենց։ Եկան ու երկու նաւերն ալ լեցուցին, գրեթէ ընկղմելու մօտ էին»։—Ղուկաս 5։4–7
7 Յիսուս հրաշք մը կատարած էր։ Ծովուն այդ մասը ամբողջ գիշերը անբերրի եղած էր. սակայն այժմ ձուկերով կը վխտար։ Այս հրաշքը մեծապէս տպաւորեց Պետրոսը։ «Սիմոն Պետրոս երբ տեսաւ, Յիսուսին ծունկերուն ինկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, իմ քովէս մէկդի գնա, քանզի ես մեղաւոր մարդ մըն եմ’։ Վասնզի ապշութիւնը պատեց զանիկա եւ անոր հետ եղող ամէնքը՝ իրենց բռնած ձուկերուն շատութեան համար։ Նոյնպէս ալ Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոս եւ Յովհաննէս՝ որոնք Սիմոնին ընկերներն էին»։ Յիսուս հանդարտեցուց Պետրոսը, ու անոր հետեւեալ խօսքերը ըսաւ, որոնք անոր կեանքը պիտի փոխէին։ «‘Մի՛ վախնար, ասկէ ետեւ մարդիկը ողջ պիտի բռնես’»։—Ղուկաս 5։8–10
8. Չորս ձկնորսներ ինչպէ՞ս ընդառաջեցին ‘մարդիկը ողջ բռնելու’ հրաւէրին։
8 Այս ըսելով, Յիսուս մարդիկը կը բաղդատէր ձուկերու եւ այս հեզ ձկնորսները կը հրաւիրէր, որ իրենց անձնական արհեստը ձգեն, շատ աւելի հոյակապ ձկնորսութեան մը համար. մարդիկը ողջ բռնել։ Պետրոսը եւ իր եղբայրը՝ Անդրէասը ընդունեցին հրաւէրը։ «Շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։ (Մատթէոս 4։18–20) Յետոյ Յիսուս կանչեց Յակոբոսն ու Յովհաննէսը որոնք իրենց նաւուն մէջ իրենց ուռկանները կը կարկտնէին։ Անոնց ալ հրաւիրեց մարդոց որսորդ ըլլալու։ Անոնք ինչպէ՞ս ընդառաջեցին։ «Անոնք ալ շուտ մը նաւն ու հայրերնին թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։ (Մատթ. 4։21, 22) Յիսուս հոգիներու որսորդ մը ըլլալու իր հմտութիւնը ցոյց տուաւ. այս առիթով, ան չորս մարդիկ ողջ բռնեց։
9, 10. Պետրոս եւ իր ընկերակիցները ի՞նչ հաւատք ցուցաբերեցին, եւ անոնք հոգեւոր ձկնորսութեան ի՞նչ մարզում ստացան։
9 Արհեստաւոր ձկնորս մը իր ապրուստը կը ճարէ իր բռնածները ծախելով, սակայն պարագան նոյնը չէ հոգեւոր ձկնորսին։ Ուստի, այս աշակերտները Յիսուսի հանդէպ մեծ հաւատք ցոյց տուին, երբ ամէն բան ձգեցին իրեն հետեւելու համար։ Անոնք կասկած չունէին, թէ իրենց հոգեւոր ձկնորսութիւնը յաջողութիւն մը պիտի ըլլար։ Յիսուս անբերրի ջուրերուն մէջ բառացի ձուկեր վխտացնելու կարող եղած էր։ Նմանապէս, երբ աշակերտները իրենց հոգեւոր ուռկանները ձգէին Իսրայէլ ազգին ջուրերուն մէջ, անոնք կրնային վստահ ըլլալ, որ Աստուծոյ օգնութեամբ, մարդիկը ողջ պիտի բռնէին։ Արդարեւ, հոգեւոր ձկնորսութեան գործը որ այն ատեն սկսաւ, տակաւին կը շարունակուի, իսկ Եհովա կը շարունակէ շատ արդիւնաբեր դարձնել զայն։
10 Երկու տարիէ աւելի ժամանակ մը, աշակերտները Յիսուսի կողմէ մարզուեցան մարդիկ որսալու համար։ Կարգ մը առիթներով, անոնց մասնայատուկ հրահանգներ տուաւ եւ իր առջեւէն ղրկեց զանոնք քարոզելու։ (Մատթէոս 10։1–7. Ղուկաս 10։1–11) Երբ Յիսուս մատնուեցաւ եւ սպաննուեցաւ, աշակերտները ապշեցան։ Սակայն Յիսուսի մահով, այլեւս մարդիկ որսալու գործը պիտի դադրէ՞ր։ Դէպքերը շուտով պատասխանը հայթայթեցին։
Մարդկութեան Ծովուն մէջ Որսալ
11, 12. Իր յարութենէն ետք, Յիսուս ձկնորսութեան կապակցաբար ի՞նչ հրաշք կատարեց։
11 Երուսաղէմէն դուրս Յիսուսի մահէն ու յարութենէն քիչ ետք, աշակերտները Գալիլիա վերադարձան։ Առիթով մը, անոնցմէ եօթն միասին էին Գալիլիոյ Ծովուն մօտ։ Պետրոս ըսաւ որ ինք ձուկ որսալու կ’երթար, միւսներն ալ իրեն միացան։ Ըստ սովորութեան, անոնք գիշերով աշխատեցան։ Իրականութեան մէջ, անոնք ամբողջ գիշերը իրենց ուռկանը ծովուն մէջ ձգեցին առանց ձուկ մը բռնելու։ Ապա, արշալոյսին, ծովեզերքը մէկը կայնած էր եւ իրենց պոռալով ըսաւ. «Տղա՛ք, ուտելու բան մը ունի՞ք»։ Աշակերտները պատասխանեցին. «Ո՛չ»։ Ուստի, ծովեզերքը կայնողը ըսաւ անոնց. «‘Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք’։ Երբ ձգեցին, ձուկերուն շատութենէն՝ չէին կրնար զանիկա քաշել»։—Յովհաննու 21։5, 6
12 Ի՜նչ ապշեցուցիչ փորձառութիւն մը։ Անկասկած, աշակերտները անմիջապէս վերյիշեցին Յիսուսի կատարած նախկին ձկնորսութեան հրաշքը, ու անոնցմէ գոնէ մէկը անդրադարձաւ թէ ո՛վ էր ծովեզերքը կայնած անհատը։ «Այն ատեն այն աշակերտը որ Յիսուսին սիրելի էր ըսաւ Պետրոսին. ‘Անիկա Տէրն է’։ Իսկ Սիմոն Պետրոս, երբ լսեց թէ Տէրն է, վերարկուն վրան առաւ, վասնզի մերկ էր ու ծովը նետուեցաւ։ Միւս աշակերտները նաւակով եկան, վասնզի ցամաքէն հեռու չէին, միայն երկու հարիւր կանգունի չափ»։—Յովհաննու 21։7, 8
13. Յիսուս երկինք համբառնալէ ետք, ձկնորսութեան միջազգային ի՞նչ յայտագիր սկսաւ։
13 Այս հրաշքին նպատակը ի՞նչ էր։ Կը նշանակէր թէ մարդիկ որսալու գործը չէր վերջացած։ Այս իրողութիւնը շեշտեց Յիսուս երբ, երեք անգամ Պետրոսին՝ իսկ անոր միոջոցով բոլոր աշակերտներուն՝ ըսաւ որ արածէ իր ոչխարները։ (Յովհ. 21։15–17) Այո, Յիսուս ցոյց տուաւ որ հոգեւոր կերակրումի յայտագիր մը պիտի ըլլար։ Իր մահէն առաջ, ան մարգարէացած էր. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու»։ (Մատթէոս 24։14) Արդ, ժամանակն էր որ այս մարգարէութեան նախնական կատարումը սկսէր առաջին դարուն։ Իր աշակերտները իրենց ուռկանները մարդկութեան ծովուն մէջ ձգելու կը պատրաստուէին եւ զանոնք պարապ պիտի չքաշէին։—Մատթէոս 28։19, 20
14. Երուսաղէմի կործանումէն առաջ, Յիսուսի աշակերտներուն ձկնորսութիւնը ի՞նչ կերպով օրհնուեցաւ։
14 Իր Հօրը գահին քով, երկինք համբառնալէ առաջ, Յիսուս, ըսաւ իր հետեւորդներուն. «Սուրբ հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ սուրբ հոգին թափուեցաւ աշակերտներուն վրայ, այս հոգեւոր ձկնորսութեան միջազգային մեծ գործը սկսաւ։ Միմիայն Պէնտէկոստէին օրը, երեք հազար հոգի ողջ բռնուեցան եւ անկէ շուտով վերջ «անոնց թիւը հինգ հազարի հասաւ»։ (Գործք 2։41. 4։4) Յաւելումը շարունակուեցաւ։ Արձանագրութիւնը մեզի կ’ըսէ. «Տէրոջը հաւատացողները ա՛լ աւելի կը շատնային, այրեր եւ կիներ բազմութեամբ»։ (Գործք 5։14) Շուտով, Սամարացիներ բարի լուրին ընդառաջեցին, ու անոնցմէ քիչ ետք, անթլփատ հեթանոսներն ալ։ (Գործք 8։4–8. 10։24, 44–48) Պէնտէկոստէէն շուրջ 27 տարիներ ետք, Պօղոս առաքեալ Կողոսացի Քրիստոնեաներուն գրեց, որ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» քարոզուած էր։ (Կողոսացիս 1։23) Այո, Յիսուսի աշակերտները Գալիլիոյ ջուրերէն շա՜տ հեռու գացած էին որսալու համար։ Անոնք իրենց ուռկանները ձգեցին Հռովմէական կայսրութեան մէջ ցրուած Հրեաներուն մէջ, ինչպէս նաեւ երեւութապէս ոչ–Հրեայ ժողովուրդներուն անբերրի ծովերուն մէջ։ Իսկ անոնց ուռկանները լեցուեցան։ Առաջին դարուն Քրիստոնեաներուն կարիքին համեմատ, Մատթէոս 24։14–ի Յիսուսի մարգարէութիւնը կատարուեցաւ մեր հասարակ դարաշրջան 70 թուականին Երուսաղէմի կործանումէն առաջ։
Մարդոց Որսորդ՝ «Տէրունական Օր»ուան մէջ
15. Յայտնութիւն գիրքը տակաւին ի՞նչ ձկնորսութեան մասին կը մարգարէանար եւ անիկա ե՞րբ պիտի կատարուէր։
15 Սակայն, տակաւին կատարելիք շատ գործ կար։ Առաջին դարու վերջաւորութեան, Եհովա «Տէրունական օր»ուան ընթացքին պատահելիք բաներու յայտնութիւն մը շնորհեց վերջին ողջ մնացած առաքեալին՝ Յովհաննէսի։ (Յայտնութիւն 1։1, 10)։ Անոր աչքառու մէկ երեսակն էր, համայն աշխարհի մէջ բարի լուրը տարածել։ Կը կարդանք. «Եւ ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին»։ (Յայտնութիւն 14։6) Հրեշտակային առաջնորդութեան ներքեւ, Աստուծոյ ծառաները բարի լուրը պիտի քարոզէին բառացիօրէն ամբողջ երկրի վրայ եւ ոչ միայն Հռովմէական կայսրութեան մէջ։ Հոգիներ որսալու համերկրային գործի մը պիտի ձեռնարկուէր եւ մեր օրերուն այդ տեսիլքը իր կատարումը ունեցած է։
16, 17. Վերջին ժամանակի հոգեւոր ձկնորսութիւնը ե՞րբ սկսաւ եւ Եհովա ի՞նչ կերպով օրհնեց զայն։
16 Այս Ի. դարուն, ձկնորսութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է։ Սկիզբը, ձկնորսները շատ քիչ էին։ Առաջին աշխարհամարտին աւարտէն ետք, միայն շուրջ չորս հազար բարի լուրի գործունեայ քարոզիչներ կային, նախանձախնդիր այրեր ու կիներ, որոնք մեծաւ մասամբ օծեալներ էին։ Անոնք իրենց ուռկանները ձգեցին հոն ուր Եհովա ցոյց տուաւ եւ շատ մը հոգիներ ողջ բռնուեցան։ Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք, Եհովա ձկնորսութեան նոր ջուրեր բացաւ։ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոց յաճախած միսիոնարները այս գործին մէջ առաջնորդութիւնը առին շատ մը երկիրներու մէջ։ Ճաբոնի, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ նման երկիրներ, որոնք սկիզբը անբերրի կը թուէին, հետզհետէ սկսան հոգիներու առատ հունձք մը ունենալ։ Վերջերս, տեղեկացանք որ ձկնորսութիւնը որքա՜ն արդիւնաբեր է Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։
17 Այսօր, շատ մը երկիրներու մէջ, ուռկանները գրեթէ կը պատռտին։ Հոգիներու այս առատ հունձքին պատճառաւ, նոր ժողովքներ եւ շրջաններ կազմակերպելու հարկը տեսնուած է։ Ասոնց համար անդադար Թագաւորութեան Սրահներ եւ Համաժողովի Սրահներ կը կառուցուին։ Ուստի, շատ աւելի երէցներու եւ օգնական ծառաներու կարիքը կայ այս յաւելումին հոգ տանելու համար։ Հզօր գործ մըն էր, որ սկսան այդ հաւատարիմները, 1919–ին։ Եսայեայ 60։22–ի կատարումը բառացիօրէն կատարուած է։ ‘քիչուորը՝ հազարաւոր եղած է’, քանի որ այդ չորս հազար ձկնորսները այսօր չորս միլիոնէ աւելի են, եւ տակաւին վերջը չէ։
18. Ինչպէ՞ս կրնանք առաջին դարու մարդոց որսորդներուն լաւ օրինակին հետեւիլ։
18 Այս ամէնը ի՞նչ կը նշանակէ անհատապէս մեզի։ Երբ Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս հրաւիրուեցան մարդոց որսորդ ըլլալու, Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն որ անոնք «ամէն բան թողուցին ու անոր [Յիսուսի] ետեւէն գացին»։ (Ղուկաս 5։11) Հաւատքի ու նուիրումի ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։ Մենք ալ կրնա՞նք նոյն անձնուրաց հոգին մշակել, Եհովայի ծառայելու նոյն պատրաստակամութիւնը ունենալ, հոգ չէ թէ ի՛նչ արժէ մեզի։ Մեր մէջէն միլիոնաւորներ դրականօրէն պատասխանած են։ Առաջին դարուն, աշակերտները մարդիկ որսացին ո՛ւր որ Եհովա արտօնեց, թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ հեթանոսներուն մէջ՝ անխտրաբար։ Ի՜նչ ընտիր օրինակ մը մեզի համար։ Մենք ալ ամենուն քարոզենք առանց խտրութեան ու նախապաշարումի։
19. Եթէ այն ջուրերը որոնց մէջ կ’որսանք բերրի չեն, ի՞նչ պէտք է ընենք։
19 Իսկ եթէ ձեր թաղամասը ներկայիս անբերրի կը թուի ձեզի ... Մի՛ յուսահատիք։ Յիշեցէք թէ Յիսուս աշակերտներուն ուռկանները լեցուց, ամբողջ գիշերը անոնց ապարդիւն աշխատանքէն ետք։ Նոյնը կրնայ պատահիլ հոգեւոր գետնի վրայ։ Օրինակի համար, Իրլանտայի մէջ, հաւատարիմ Վկաներ տարիներ շարունակ աշխատեցան շատ սահմանափակ արդիւնքով։ Սակայն, վերջերս, այդ կացութիւնը փոխուեցաւ։ Եհովայի վկաներու 1991–ի Տարեգիրքը կը տեղեկագրէ թէ 1990–ի ծառայութեան տարուան վերջաւորութեան, Իրլանտան 29 շարունակական գագաթներ ունեցաւ։ Թերեւս ձեր թաղամասն ալ օր մը նոյնանման արդիւնք տայ։ Այնքան ատեն որ Եհովա կ’արտօնէ, շարունակենք որսալ։
20. Ե՞րբ մարդիկը որսալու պէտք է երթանք։
20 Իսրայէլի մէջ, ձկնորսները գիշերը որսալու կ’երթային, երբ ամէն մարդ իր անկողինին մէջ տաքուկ եւ հանգիստ էր։ Անոնք կ’երթային ոչ թէ երբ իրենց յարմար ըլլար, այլ՝ երբ կը յուսային շատ ձուկ որսալ։ Մենք ալ, նոյնպէս, պէտք է ուսումնասիրենք մեր թաղամասը, որպէսզի որսալու երթանք ա՛յն ատեն երբ մարդոց մեծամասնութիւնը տունն է եւ ընդունելու աւելի պատրաստակամ։ Ասիկա կրնայ ըլլալ երեկոները, շաբաթավերջերը, կամ ուրիշ ատեններ։ Երբ որ ալ ըլլայ այդ ժամանակը, կարելի եղած ամէն ջանք թափենք արդարամիտ անհատներ գտնելու։
21. Եթէ մեր թաղամասը յաճախակի աշխատցուած է, ի՞նչ պէտք է յիշենք։
21 Ի՞սկ եթէ ձեր թաղամասը յաճախ կ’աշխատցուի։ Աշխարհի արհեստաւոր ձկնորսները յաճախ կը գանգատին թէ իրենց ձկնորսութեան շրջանները չափէն աւելի աշխատցուած են։ Մեր հոգեւոր ձկնորսութեան շրջանները չափէն աւելի կրնա՞ն աշխատցուիլ։ Բնա՛ւ երբեք։ Շատ մը թաղամասեր յաւելում կ’ունենան նոյնիսկ երբ յաճախ աշխատցուած են։ Ոմանք աւելի արդիւնաբեր են, քանի որ լաւ կ’աշխատցուին։ Այսուհանդերձ, երբ տուները յաճախ կ’այցելէք, շատ վստահ եղէք որ նախապէս տունը չեղողները նոթագրէք եւ ապա անոնց հետ շփման մէջ գաք։ Խօսակցութեան զանազան բնաբաններ սորվեցէք։ Ձեր մտքին մէջ ունեցէք որ շուտով ուրիշ մը պիտի այցելէ զիրենք, ուստի պէտք եղածէն աւելի երկար մի՛ կենաք, ոչ ալ անուշադրութեամբ հակառակեցէք տանտիրոջ։ Փողոցի ծառայութեան եւ անպաշտօն վկայութեան համար աւելի ատակ եղէք։ Ձեր հոգեւոր ուռկանները ձգեցէք ամէն առիթով եւ ամէն կարելի կերպով։
22. Հիմա ի՞նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մը կը վայելենք։
22 Յիշեցէք թէ այս ձկնորսութեան մէջ, թէ՛ ձկնորսը եւ թէ ձուկը կ’օգտուին։ Եթէ մեր բռնած անհատները յարատեւեն, կրնան յաւիտեան ապրիլ։ Պօղոս քաջալերեց Տիմոթէոսը ըսելով. «Միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Առաջին անգամ Յիսուս էր որ իր աշակերտները մարզեց հոգեւոր ձկնորսութեան համար եւ այս գործը տակաւին իր առաջնորդութեան ներքեւ կը կատարուի։ (Բաղդատել Յայտնութիւն 14։14–16) Իսկապէս ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է իր առաջնորդութեան ներքեւ այս գործին մասնակիլ։ Ուստի, շարունակենք մեր ուռկանները նետել, այնքան ատեն որ Եհովա կ’արտօնէ։ Ողջ հոգիներ բռնելէն աւելի կարեւոր գործ գոյութիւն չունի։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Յիսուս իր աշակերտները մարզեց ո՞ր գործին համար։
◻ Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ իր մահով հոգեւոր ձկնորսութիւնը վերջ պիտի չգտնէր։
◻ Եհովա ի՞նչ կերպով օրհնեց առաջին դարուն կատարուած հոգեւոր ձկնորսութիւնը։
◻ «Տէրունական օր»ուան ընթացքին, ձուկերու ի՞նչ ճոխ որս մը տեղի ունեցած է։
◻ Անհատապէս, ինչպէ՞ս կրնանք աւելի յաջող մարդոց որսորդներ ըլլալ։
[Նկար՝ էջ 18]
Յիսուսի յարութենէն ետք, առաքեալները մարդիկ որսալու աստուածային գործունէութիւնը տարածեցին