-
Աշակերտները կը վիճաբանին՝ մինչ Յիսուսի մահը կը մօտենայՑարդ ապրած մեծագոյն մարդը
-
-
Աշակերտները կը վիճաբանին՝ մինչ Յիսուսի մահը կը մօտենայ
ՅԻՍՈՒՍ եւ իր աշակերտները Յորդանան Գետի մօտակայքը կը գտնուին, ուրկէ Բերիայի շրջանը կտրելով, Հրէաստան կ’անցնին։ Շատեր իրենց հետ կը ճամբորդեն Հ.Դ. 33–ի Պասեքին երթալու համար, որ գրեթէ շաբաթ մը ետք է։
Յիսուս իր աշակերտներուն առջեւէն կը քալէ եւ անոնք կը զարմանան անոր խիզախ վճռակամութեան վրայ։ Յիշեցէք թէ քանի մը շաբաթ առաջ երբ Ղազարոս մեռաւ, եւ Յիսուս Բերիայէն Հրէաստան երթալու վրայ էր, Թովմաս միւսները քաջալերեց, ըսելով. «Մե՛նք ալ երթանք, որպէս զի անոր հետ մեռնինք»։ Նաեւ յիշեցէք որ Յիսուս Ղազարոսը յարուցանելէն ետք, Սենետրիոնը կը ծրագրէր Յիսուսը սպաննել։ Զարմանալի չէ որ աշակերտները վախով կը լեցուին, մինչ դարձեալ Հրէաստան կը մտնեն։
-
-
Աշակերտները կը վիճաբանին՝ մինչ Յիսուսի մահը կը մօտենայՑարդ ապրած մեծագոյն մարդը
-
-
Զանոնք յառաջիկայ դէպքերուն համար պատրաստելու միտումով, Յիսուս 12 առաքեալները մէկ կողմ կը քաշէ ու կ’ըսէ անոնց. «Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն, ու զանիկա հեթանոսներուն պիտի մատնեն եւ զանիկա ծաղր պիտի ընեն ու ծեծեն եւ անոր վրայ պիտի թքնեն ու զանիկա մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։
Վերջին ամիսներուն, ասիկա երրորդ անգամն է որ Յիսուս իր աշակերտներուն խօսած է իր մահուան ու յարութեան մասին։ Թէեւ անոնք իրեն մտիկ կ’ընեն, սակայն չեն կրնար հասկնալ։ Թերեւս անոր համար որ անոնք Իսրայէլի թագաւորութեան երկրի վրայ հաստատուելուն կը հաւատան եւ կ’ակնկալեն փառք ու պատիւ վայելել Քրիստոսի հետ երկրային թագաւորութեան մը մէջ։
-