-
Գիտէի՞րԴիտարան 2008 | Ապրիլ 1
-
-
Այրիին երկու լումաները ո՞րքան կ’արժէին։
Հ.Դ. առաջին դարուն, Հրեաները ամէն տարի տաճարին համար իբրեւ տուրք «երկդրամեան» կը վճարէին, որ մօտաւորապէս երկու օրուան աշխատավարձքի կը համապատասխանէր։ (Մատթէոս 17։23) Միւս կողմէ, Յիսուս ըսաւ թէ երկու ճնճղուկ «մէկ դանկի» կը ծախուէին, որ 45 վայրկեանուան աշխատավարձքի կը համապատասխանէր։ Իրականութեան մէջ, կարելի էր հինգ ճնճղուկ երկու դանկի գնել, կամ՝ 90 վայրկեանուան աշխատավարձքով։—Մատթէոս 10։29. Ղուկաս 12։6
Կարօտեալ այրիին նուիրատուութիւնը անկէ շատ նուազ արժէք ունէր։ Լուման այդ ժամանակ Իսրայէլի մէջ գործածուած ամենապզտիկ պղնձադրամն էր։ Գործի օրը 12 ժամ ըլլալով, երկու լուման կը համապատասխանէին մէկ օրուան աշխատավարձքին 1/64–ին, կամ 12 վայրկեանուան աշխատավարձքէն նուազ։
Յիսուս Քրիստոս այրիին նուիրատուութիւնը արժեւորեց, նշելով թէ ան «գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց»։ Ինչո՞ւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ ան «երկու լումայ» ունէր, ուստի կրնար մէկը տալ եւ միւսը իրեն պահել։ Բայց ան իր «ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը»։—Մարկոս 12։41-44. Ղուկաս 21։2-4
-
-
Գիտէի՞րԴիտարան 2008 | Ապրիլ 1
-
-
[Նկար՝ էջ 8]
Լումայ մը՝ իսկական չափով
-