Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Ով որ կարդայ, թող հասկնայ»
    Դիտարան 1999 | Մայիս 1
    • 18, 19. Ի՞նչ պատճառներ տրուած են, ցոյց տալու համար թէ ‘լեռները փախչիլը’ կրօնք փոխել պիտի չնշանակէ։

      18 ‘Պղծութիւնը սուրբ տեղը կենալուն’ մասին գուշակելէ ետք, Յիսուս ազդարարեց որ ասիկա տեսնողները գործի լծուին։ Արդեօք ըսել ուզեց որ այդ ուշ ժամանակին՝ երբ «պղծութիւնը» ‘սուրբ տեղը կենայ’՝ շատեր սուտ կրօնքէն փախչելով ճշմարիտ պաշտամո՞ւնքը պիտի ընդունին։ Ասիկա կարելի չէ։ Առաջին կատարումը նկատի առէք։ Յիսուս ըսաւ. «Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին եւ ան որ տանիքին վրայ է՝ թող տուն չիջնէ ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու եւ ան որ արտին մէջ է՝ թող ետ չդառնայ իր հանդերձը առնելու։ Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ Աղօթք ըրէք, որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ»։—Մարկոս 13։14-18

  • «Ով որ կարդայ, թող հասկնայ»
    Դիտարան 1999 | Մայիս 1
    • 23, 24. (ա) Միայն ո՞ւր կրնանք պաշտպանութիւն գտնել։ (բ) ‘Սուրբ տեղը կեցող պղծութեան’ մասին Յիսուսի ազդարարութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

      23 Պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր ապաստանը միշտ Եհովան ու իր լեռնանման կազմակերպութիւնն է։ (Բ. Թագաւորաց 22։2, 3. Սաղմոս 18։2. Դանիէլ 2։35, 44) Հո՛ն է որ պաշտպանութիւն պիտի գտնենք։ Մենք մնացեալ մարդիկը պիտի չընդօրինակենք, որոնք պիտի փախչին «քարայրներու եւ լեռներու ապառաժներու»՝ մարդկային կազմակերպութիւններու ու հաստատութիւններու դիմելով, որոնք Մեծ Բաբելոնի աւերումէն ետք թերեւս քիչ մը ատեն պիտի մնան։ (Յայտնութիւն 6։15. 18։9-11) Ճիշդ է որ երթալով աւելի դժուար ժամանակներ պիտի ըլլան, ինչպէս Հ.Դ. 66–ին եղած ըլլալու էր, Հրէաստանէն փախչող յղի կիներուն եւ ցուրտ ու անձրեւոտ եղանակին ոեւէ ճամբորդողի համար։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած վերապրումը կարելի պիտի դարձնէ։ Ուստի, մեր վստահութիւնը հիմա իսկ զօրացնենք Եհովայի՝ ինչպէս նաեւ իր Որդւոյն հանդէպ, որ հիմա Թագաւորութեան Թագաւորն է։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել