-
Թագաւորի մը վայել նուէրներԴիտարան 2015 | Մարտ 1
-
-
Օտարերկրեայ համեմները ուրկէ՞ կը բերուէին։ Կինամոնը, հալուէն եւ կասիան կ’աճէին այն շրջանները, ուր այժմ կը գտնուին Չինաստան, Հնդկաստան ու Սրի Լանքա։ Կարգ մը համեմներ, ինչպէս՝ զմուռս եւ կնդրուկ, ձեռք կը ձգուէին ծառերէ ու թուփերէ, որոնք կ’աճէին անապատային շրջաններու մէջ, Արաբիոյ հարաւէն մինչեւ ափրիկեան Սոմալի։ Իսկ նարդոսը միմիայն հնդկական արտադրութիւն մըն էր՝ Հիմալայեան լեռներէն։
-