-
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրներըԺողովի տետրին աղբիւրները (2020) | Յուլիս
-
-
ՅԻՍՈՒՍ ՆԱԽ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ԱՆՆԱՅԻՆ, ԱՊԱ՝ ԿԱՅԻԱՓԱՅԻՆ
ՄԱՏԹԷՈՍ 26։57-68 ՄԱՐԿՈՍ 14։53-65 ՂՈՒԿԱՍ 22։54, 63-65 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։13, 14, 19-24
• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ՆԱԽԿԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ՝ ԱՆՆԱՅԻՆ ՔՈՎ
• ՍԵՆԵՏՐԻՈՆԸ ԱՆՕՐԷՆ ԴԱՏ ԿԸ ՎԱՐԷ
Մէյ մը որ Յիսուսը ոճրագործի մը պէս կը կապեն, զինք կը տանին Աննային քով, որ քահանայապետ էր, երբ պատանի Յիսուս տաճարին մէջ ուսուցիչները զարմացուց (Ղուկաս 2։42, 47)։ Աննային որդիներէն ոմանք յետագային ծառայեցին որպէս քահանայապետ։ Իսկ հիմա իր փեսան՝ Կայիափան՝ այդ պաշտօնը ստանձնած է։
Մինչ Յիսուս Աննային տունն է, Կայիափան կը սկսի Սենետրիոնին անդամները հաւաքել։ Սենետրիոնը,– բարձրագոյն ատեանը,– կը բաղկանայ 71 անհատներէ, մէջը ըլլալով քահանայապետը եւ նախկին քահանայապետներ։
Աննան Յիսուսին կը հարցնէ «իր աշակերտներուն ու վարդապետութեան» մասին։ Յիսուս պարզապէս կը պատասխանէ. «Ես աշխարհին յայտնի խօսեցայ. ես ամէն ատեն ժողովարաններուն մէջ ու տաճարին մէջ սորվեցուցի, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին ու ծածուկ բան մը չխօսեցայ։ Ինչո՞ւ ինծի կը հարցնես, լսողներուն հարցուր թէ ի՞նչ խօսեցայ իրենց» (Յովհաննէս 18։19-21)։
Սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կեցած է, Յիսուսին ապտակ մը կը զարնէ ու կ’ըսէ. «Այդպէ՞ս պատասխան կու տաս քահանայապետին»։ Բայց Յիսուս գիտնալով որ սխալ բան մը չըրաւ, կը պատասխանէ. «Եթէ սխալ խօսեցայ, վկայէ սխալին համար. իսկ եթէ ճիշդ խօսեցայ, ինչո՞ւ կը զարնես ինծի» (Յովհաննէս 18։22, 23)։ Ետքը Աննան հրաման կու տայ որ Յիսուսը իր փեսային՝ Կայիափային՝ տանին։
Արդէն Սենետրիոնի անդամները,– ներկայ քահանայապետը, ժողովուրդին ծերերը եւ դպիրները,– հաւաքուած են Կայիափային տան մէջ։ Պասեքին գիշերը դատ վարելը օրէնքին դէմ է, բայց ասիկա արգելք չ’ըլլար որ անոնք իրենց չար ծրագիրը գործադրեն։
Դժուար է այս մարդիկը անկողմնակալ սեպել։ Ղազարոսին յարութենէն ետք, Սենետրիոնը որոշեց որ Յիսուսը պէտք է մեռնի (Յովհաննէս 11։47-53)։ Եւ միայն քանի մը օր առաջ, կրօնական առաջնորդները հաւաքուեցան եւ որոշեցին Յիսուսը բռնել ու սպաննել (Մատթէոս 26։3, 4)։ Ուրեմն կարելի է ըսել, որ դատավարութիւնը չսկսած՝ արդէն Յիսուս մահուան դատապարտուած է։
Անօրէն կերպով հաւաքուելէ զատ, քահանայապետները եւ Սենետրիոնի ուրիշ անդամներ կը փորձեն սուտ վկաներ բերել։ Անոնք շատեր կը գտնեն, բայց անոնց ըսածները իրարու կը հակասեն։ Վերջապէս երկու հոգի կու գան ու կ’ըսեն. «Մենք լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր, ‘Ես այդ ձեռագործ տաճարը պիտի քակեմ եւ երեք օրուան մէջ ուրիշ մը պիտի շինեմ առանց ձեռագործի’» (Մարկոս 14։58)։ Ասոնց խօսքերն ալ իրար չեն բռներ։
Կայիափան Յիսուսին կը հարցնէ. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ» (Մարկոս 14։60)։ Յիսուս լուռ կը մնայ անոնց կեղծ մեղադրանքներուն դիմաց։ Անոր համար քահանայապետը ուրիշ քայլ մը կ’առնէ։
Ան գիտէ որ հրեաները կը կատղին, երբ մէկը ինքն իր մասին ըսէ որ Աստուծոյ Որդի է։ Առիթով մը, երբ Յիսուս Աստուծոյ մասին խօսեցաւ որպէս իր Հայրը, հրեաները ուզեցին զինք սպաննել, քանի որ սեպեցին որ «ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ’ընէր» (Յովհաննէս 5։17, 18. 10։31-39)։ Այս բոլորէն տեղեակ ըլլալով, Կայիափան խորամանկօրէն Յիսուսին կ’ըսէ. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ» (Մատթէոս 26։63)։ Անշուշտ, Յիսուս արդէն ըսած է որ Աստուծոյ Որդին է (Յովհաննէս 3։18. 5։25. 11։4)։ Բայց եթէ հիմա իր ըսածը չհաստատէ, ասիկա կրնայ նշանակել որ ինք կ’ուրանայ որ Աստուծոյ Որդին եւ Քրիստոսն է։ Անոր համար կ’ըսէ. «Ես եմ. ու պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերովը եկած» (Մարկոս 14։62)։
Ասոր վրայ Կայիափան ցուցադրական կերպով իր հանդերձները կը պատռէ ու կ’ըսէ. «Հայհոյութիւն ըրաւ. ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ. ահա հիմա լսեցիք ատոր հայհոյութիւնը. ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Այդ վայրկեանին Սենետրիոնը կը յայտարարէ իր անարդար դատավճիռը. «Մահապարտ է» (Մատթէոս 26։65, 66)։
Ետքը անոնք կը սկսին Յիսուսը ծաղր ընել եւ զինք բռունցքով հարուածել։ Ուրիշներ կ’ապտակեն եւ երեսին կը թքեն։ Ետքը, անոր դէմքը կը ծածկեն, կ’ապտակեն ու ծաղրանքով կ’ըսեն. «Մարգարէացի՛ր։ Ո՞վ է ան, որ քեզի զարկաւ» (Ղուկաս 22։64)։ Այսպէս, Աստուծոյ Որդին բռնութեան եւ անարդար ու անօրէն դատի զոհ կ’երթայ։
◇ Յիսուս նախ ո՞ւր կը տարուի եւ իրեն ի՞նչ կը պատահի հոն։
◇ Յիսուս ետքը ո՞ւր կը տարուի, եւ Կայիափան ինչպէ՞ս Սենետրիոնը կը մղէ որ Յիսուսը մահապարտ յայտարարեն։
◇ Դատավարութեան ժամանակ ինչպէ՞ս կը վարուին Յիսուսի հետ։
-
-
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրներըԺողովի տետրին աղբիւրները (2020) | Օգոստոս
-
-
ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ
ՄԱՏԹԷՈՍ 26։69-75 ՄԱՐԿՈՍ 14։66-72 ՂՈՒԿԱՍ 22։54-62 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։15-18, 25-27
• ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ
Երբ Յիսուս կը ձերբակալուի Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, առաքեալները վախնալով զինք մինակ կը ձգեն ու կը փախչին։ Բայց ետքը անոնցմէ երկուքը՝ Պետրոսը «եւ ուրիշ աշակերտ մը»՝ բացայայտօրէն Յովհաննէսը, կ’որոշեն երթալ Յիսուսին ետեւէն (Յովհաննէս 18։15. 19։35. 21։24)։ Անոնք հաւանաբար կը հասնին այն պահուն, երբ Յիսուս Աննային տունը կը տարուի։ Իսկ երբ Աննան Յիսուսը կը ղրկէ Կայիափա քահանայապետին, Պետրոսն ու Յովհաննէսը նորէն անոր կը հետեւին հեռուէն։ Անոնք թէ՛ կը վախնան իրենց կեանքին վրայ, թէ ալ մտահոգ են որ իրենց Ուսուցիչին ի՛նչ պիտի պատահի։
Քանի՛ որ Յովհաննէս քահանայապետին ծանօթ է, կը կարենայ մտնել Կայիափային տան գաւիթը։ Պետրոս դուրսը կը մնայ դրան մօտ։ Յովհաննէս կը վերադառնայ եւ կը խօսի այն աղջիկին հետ, որ կը ծառայէ որպէս դռնապան, եւ Պետրոսը ներս կը մտցնեն։
Օդը ցուրտ է. անոր համար գաւիթին մէջ գտնուողները փայտածուխով կրակ կը վառեն։ Պետրոս անոնց հետ կը նստի տաքնալու համար մինչ կը սպասէ որ Յիսուսի դատավարութեան «վերջը տեսնէ» (Մատթէոս 26։58)։ Կրակին լոյսին տակ, դռնապան աղջիկը Պետրոսին դէմքը աւելի լաւ տեսնելով՝ կը հարցնէ. «Միթէ դո՞ւն ալ այն մարդուն աշակերտներէն ես» (Յովհաննէս 18։17)։ Աղջիկը միակ անձը չէ որ կը ճանչնայ Պետրոսը որպէս Յիսուսի ընկերակից (Մատթէոս 26։69, 71-73. Մարկոս 14։70)։
Ասիկա շատ կը վախցնէ եւ կը նեղացնէ Պետրոսը։ Անոր համար ան կ’ըսէ. «Չեմ գիտեր եւ չեմ հասկնար թէ դուն ի՞նչ կը խօսիս» (Մարկոս 14։67, 68)։ Ան նաեւ կը սկսի Յիսուսը ուրանալ խիստ բառերով, եւ կ’ըսէ թէ եթէ ինք սուտ կը խօսի, Աստուած զինք պիտի պատժէ (Մատթէոս 26։74)։
Մինչ այդ Յիսուսին դատավարութիւնը կը շարունակուի։ Այնպէս կ’երեւի որ այդ դատը տեղի կ’ունենայ Կայիափային տան այն մասին մէջ, որուն տակը գաւիթը կը գտնուի։ Պետրոս եւ ուրիշներ կրնան գաւիթէն տեսնել, թէ ինչպէս տարբեր վկաներ կու գան–կ’երթան՝ Յիսուսին դէմ վկայելու։
Պետրոսին խօսած կերպէն յստակ կը դառնայ որ գալիլիացի է. անոր համար իր շուրջինները կը գիտնան որ կը ստէ։ Ասկէ զատ, անոնց մէջ կայ մէկը, որ ազգական կու գայ Մաղքոսին, որուն ականջը Պետրոս սուրով կտրեց։ Այդ մարդը Պետրոսին կ’ըսէ. «Չէ՞ որ ես քեզ տեսայ պարտէզին մէջ անոր հետ»։ Երբ Պետրոս երրորդ անգամ ըլլալով Յիսուսը կ’ուրանայ, աքլորը կը կանչէ,– ինչպէս որ Յիսուս առաջուընէ ըսած էր (Յովհաննէս 13։38. 18։26, 27)։
Այնպէս կ’երեւի որ այդ վայրկեանին Յիսուս կեցած է պատշգամը, որ գաւիթին կը նայի։ Ան կը դառնայ եւ ուղղակի Պետրոսին կը նայի, ինչ որ Պետրոսը կը ցնցէ։ Ան կը յիշէ, թէ Յիսուս իրեն ինչ ըսած էր միայն քանի մը ժամ առաջ՝ վերնատան մէջ։ Երեւակայէ թէ Պետրոս ի՜նչ խոր ցաւ կը զգայ, երբ կը գիտակցի թէ ինչ ըրաւ։ Ան դուրս կ’ելլէ եւ կը սկսի դառնօրէն լալ (Ղուկաս 22։61, 62)։
Ինչպէ՞ս կարելի է որ ասիկա պատահի։ Ինչպէ՞ս Պետրոս,– որ շատ վստահ էր, թէ հոգեւորապէս զօրաւոր էր եւ հաւատարիմ էր,– իր Տէրը կ’ուրանայ։ Այդ պահուն, երբ Յիսուսին խօսքերը կը խեղաթիւրուէին եւ կը ներկայացուէր որպէս ոճրագործ, Պետրոս կրնար անմեղ Յիսուսին թիկունք կանգնիլ։ Բայց ան կռնակ դարձուց անոր, որ «յաւիտենական կեանքի խօսքեր» ունի (Յովհաննէս 6։69)։
Պետրոսին պատահած այս ցաւալի դէպքէն կը տեսնենք, որ նոյնիսկ ամուր հաւատք ունեցող եւ Աստուծոյ նուիրուած անհատը կրնայ տեղի տալ, եթէ նախապատրաստուած չըլլայ անակնկալ փորձութիւններուն համար։ Թող որ Պետրոսին փորձառութիւնը ազդարարական օրինակ ըլլայ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն համար։
◇ Պետրոս ու Յովհաննէս ինչպէ՞ս կրցան մտնել Կայիափային տան գաւիթը։
◇ Մինչ Պետրոս ու Յովհաննէս գաւիթն են, տան մէջ ի՞նչ կ’անցնի–կը դառնայ։
◇ Պետրոս ի՞նչ երդում կ’ընէ։
◇ Պետրոսին փորձառութենէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։
-