Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՄԱՅԻՍ 7-13
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՐԿՈՍ 7-8
«Խաչդ վերցուր եւ շարունակ իմ ետեւէս եկուր»
(Մարկոս 8։34) Ժողովուրդը իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ով որ կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 8։34
թող իր անձը ուրանայ։ Կամ «թող հրաժարի իր անձին տէրը ըլլալէ»։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ անհատը պատրաստ է վերջին ծայր իր անձը մերժելու կամ իր անձը Աստուծոյ յանձնելու։ Յունարէն բառը կրնայ թարգմանուիլ «իր անձին թող ո՛չ ըսէ»։ Այս արտայայտութիւնը տեղին է, քանի որ կը պարփակէ ոչ ըսել անձնական փափաքներու, ձգտումներու կամ հանգիստի (Բ. Կոր. 5։14, 15)։ Մարկոս նոյն յունարէն բառը կը գործածէ, երբ կը նկարագրէ թէ Պետրոս ինչպէս Յիսուսը ուրացաւ (Մար. 14։30, 31, 72)։
Կեանքի վազքին մէջ ինչպէ՞ս կը վազէք
14 «Ով որ կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ», ըսաւ Յիսուս Քրիստոս հաւաքուած աշակերտներու եւ ուրիշներու, «թող իր անձը ուրանայ (կամ, «իր անձին թող ‘Ո՛չ’ ըսէ», Charles B. Williams) եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ [շարունակաբար (ՆԱ)]» (Մարկոս 8։34)։ Երբ այս հրաւէրը ընդունինք, պէտք է պատրաստուինք ասիկա «շարունակաբար» ընել. ոչ թէ անոր համար որ անձնուրացութեան մէջ մասնաւոր արժէք մը կայ, այլ քանի որ վայրկեանի մը անխոհեմութիւնը, լաւ դատողութեան մը մէջ սխալիլը, կրնայ քանդել ինչ որ կերտած ենք, նոյնիսկ վտանգելով մեր յաւիտենական բարօրութիւնը։ Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը ընդհանրապէս աւելի դանդաղ կ’ըլլայ, սակայն երբ յարատեւաբար զգոյշ չըլլանք, անիկա որքա՜ն շուտ կ’ոչնչանայ։
(Մարկոս 8։35-37) Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի ու աւետարանին համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։ 36 Քանզի ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ. 37 կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։
Ի՞նչ պիտի տաս յաւիտենական կեանքին համար
3 Նոյն առիթով, Յիսուս երկու միտք–գրգռող հարցումներ ուղղեց. «Ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ. կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ» (Մար. 8։36, 37)։ Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, առաջին հարցումին պատասխանը ակներեւ է։ Մարդ ո՛չ մէկ օգուտ կ’ունենայ եթէ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ։ Ստացուածքները օգտակար են միայն եթէ անհատը ողջ է։ Յիսուսի երկրորդ հարցումը՝ «Իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ», թերեւս ունկնդիրներուն յիշեցուց Յոբի օրերուն Սատանայի ըսած խօսքը. «Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ» (Յոբ 2։4)։ Եհովան չպաշտողներէն ոմանց պարագային, Սատանային խօսքը կրնայ շիտակ ըլլալ։ Շատեր որեւէ բան կ’ընեն, որեւէ սկզբունք կը լքեն, պարզապէս ողջ մնալու համար։ Սակայն քրիստոնեաները հարցերը տարբեր տեսանկիւնէ կը դիտեն։
4 Գիտենք թէ Յիսուս երկիր չեկաւ որ այս աշխարհին մէջ մեզի առողջութիւն, հարստութիւն ու երկար կեանք շնորհէ։ Ան եկաւ որ նոր աշխարհին մէջ առյաւէտ ապրելու պատեհութիւնը ընծայէ, եւ մենք ա՛յս հեռանկարը մեծապէս կ’արժեւորենք (Յովհ. 3։16)։ Քրիստոնեան Յիսուսի առաջին հարցումը սապէս կը հասկնայ. «Ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ շահի ամբողջ աշխարհը, բայց կորսնցնէ իր յաւիտենական կեանքի յոյսը»։ Պատասխանը՝ ո՛չ մէկ օգուտ (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Յիսուսի երկրորդ հարցումին պատասխանելու համար, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Այժմ ո՞րքան զոհողութիւն ընելու յօժար եմ, որպէսզի նոր աշխարհին մէջ կեանքի յոյսս ստոյգ դարձնեմ’։ Մեր կենցաղին տուած պատասխանը կը յայտնէ այդ յոյսին զօրութիւնը մեր սիրտին մէջ (համեմատել՝ Յովհաննէս 12։25)։
(Մարկոս 8։38) Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ այս շնացող ու մեղաւոր ազգին մէջ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքովը սուրբ հրեշտակներուն հետ։
jy էջ 143 պարբ. 4
Ո՞վ է մարդու Որդին
Ուրեմն, Յիսուսին հաճութեան արժանանալու համար, անոր հետեւորդները պէտք է որ քաջ եւ անձնազոհ ըլլան։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ այս շնացող ու մեղաւոր ազգին մէջ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքովը սուրբ հրեշտակներուն հետ» (Մարկոս 8։38)։ Այո՛, երբ Յիսուս գայ, «ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ» (Մատթէոս 16։27)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մարկոս 7։5-8) Այն ատեն փարիսեցիներն ու դպիրները հարցուցին անոր. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութեանը պէս չեն շարժիր ու անլուայ ձեռքերով հաց կ’ուտեն»։ 6 Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ Եսայի ձեզի՝ կեղծաւորներուդ համար, ինչպէս գրուած է. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ 7 ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն, մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’։ 8 Վասն զի Աստուծոյ պատուիրանքը թողելով՝ մարդոց աւանդութիւնը կը բռնէք, ինչպէս՝ փարչերու եւ գաւաթներու մաքրութիւններ եւ ասոնց նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք»։
Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Յիսուսի հակառակորդները ինչո՞ւ ձեռք լուալու շուրջ խնդիր հանեցին։
▪ Յիսուսի թշնամիները շատ մը հարցերու մէջ յանցաւոր հանեցին զինք եւ իր աշակերտները։ Ձեռք լուալու հարցը միայն մէկ օրինակ է։ Մովսիսական օրէնքը շատ մը պատուէրներ կը պարունակէր ծիսական մաքրութեան շուրջ, խօսելով մարմնային ծորումներու, բորոտութեան եւ մարդկային ու անասնական դիակներու մասին։ Ատիկա նաեւ ցուցմունքներ տուաւ, թէ պղծութիւնները կրնային վերցուիլ՝ զոհ մատուցանելով, լուալով կամ սրսկելով (Ղեւ., գլուխ 11-15. Թուոց, գլուխ 19)։
Հրեայ ռաբբիները այս օրէնքներուն մանրամասնութիւններուն բարակին կ’երթային։ Աղբիւր մը կ’ըսէ թէ իւրաքանչիւր բան որ պղծութիւն կը պատճառէ, անոնց կողմէ «կը քննարկուէր թէ մէկը ո՛ր պարագաներուն կը պղծուի, ինչպէ՛ս եւ ո՛ր տարողութեամբ պղծութիւնը կրնայ ուրիշներուն փոխանցուիլ, ո՛ր ապրանքները կրնային անմաքուր դառնալ եւ որոնք ոչ, եւ վերջապէս՝ անձը ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ արարողութիւններով կրնար մաքրուիլ»։
Յիսուսի հակառակորդները իրեն հարցուցին. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութեանը պէս չեն շարժիր ու անլուայ ձեռքերով հաց կ’ուտեն» (Մար. 7։5)։ Այդ կրօնական թշնամիները չէին խօսեր առողջապահական մաքրութեան մասին։ Ռաբբիները որպէս ծէս կը պահանջէին որ ուտելէ առաջ իրենց ձեռքին ջուր թափուէր։ Վերոնշեալ աղբիւրը կ’աւելցնէ. «Անոնք նաեւ կը քննարկէին, թէ ջուր թափելու համար ի՛նչ պէտք էր գործածուէր, ջուրին ո՛ր տեսակը յարմար էր, ո՛վ ջուրը պէտք էր թափէր եւ ձեռքերուն ո՛ր մասերուն վրայ պէտք էր ջուր թափուէր»։
Յիսուս պարզ կերպով հակազդեց մարդկային այս օրէնքներուն։ Ան առաջին դարու հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ. «Աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ Եսայի ձեզի՝ կեղծաւորներուդ համար, ինչպէս գրուած է. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն, մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’։ Վասն զի Աստուծոյ պատուիրանքը թողելով՝ մարդոց աւանդութիւնը կը բռնէք» (Մար. 7։6-8)։
(Մարկոս 7։32-35) Մէկը բերին անոր առջեւ, խուլ ու դժուարախօս ու կ’աղաչէին որ անոր վրայ ձեռք դնէ։ 33 Ժողովուրդէն մէկդի առնելով զանիկա, իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, եւ անոր լեզուին դպաւ, 34 ապա երկինք նայելով՝ հառաչեց ու ըսաւ անոր. «Եփփաթա», (որ ըսել է Բացուէ՛.) 35 եւ իսկոյն անոր ականջները բացուեցան ու անոր լեզուին կապը քակուեցաւ եւ շիտակ կը խօսէր։
«Քրիստոսին միտքը» ունի՞ք
9 Մարդը խուլ ու դժուարախօս էր։ Յիսուս զգացած ըլլալու էր այս մարդուն մասնայատուկ ջղագրգռութիւնը կամ շփոթութիւնը։ Ուստի, ան արտասովոր բան մը ըրաւ։ Ան մարդը մէկ կողմ քաշեց, ամբոխէն հեռու առանձին տեղ մը։ Ապա կարգ մը շարժումներ ըրաւ, անոր իմացնելու համար թէ ինչ պիտի ընէր շուտով։ Ան «իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, եւ անոր լեզուին դպաւ» (Մարկոս 7։33)։ Անկէ ետք, Յիսուս երկինք նայեցաւ եւ սրտագին հառաչանք մը արձակեց։ Ցուցադրական այս արարքները մարդուն ըսել պիտի ուզէին՝ ‘Ինչ որ պիտի ընեմ քեզի համար, Աստուծոյ զօրութեամբ է’։ Վերջապէս Յիսուս ըսաւ՝ «Բացուէ՛» (Մարկոս 7։34)։ Իսկոյն մարդը իր լսողութիւնը գտաւ եւ սկսաւ բնականոն կերպով խօսիլ։
10 Յիսուս ուրիշներու հանդէպ ի՜նչ խոր նկատառութիւն ցոյց տուաւ։ Անոնց զգացումներուն հանդէպ անտարբեր չէր եւ այս կարեկից նկատողութիւնը իր կարգին, զինք մղեց այնպէս մը վարուելու որ անոնց զգացումները չվիրաւորէր։ Որպէս քրիստոնեաներ մենք ալ այս ուղղութեամբ Քրիստոսին միտքը պէտք է մշակենք եւ ցուցաբերենք։ Աստուածաշունչը մեզ կը խրատէ. «Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ» (Ա. Պետրոս 3։8)։ Ասիկա վստահաբար մեզմէ կը պահանջէ որ ուրիշներուն զգացումները նկատի առնելով խօսինք եւ գործենք։
11 Ժողովքին մէջ ուրիշներուն զգացումները նկատի կ’առնենք զանոնք պատուելով, անոնց հետ վարուելով ա՛յնպէս՝ ինչպէս պիտի ուզէինք որ անոնք մեզի հետ վարուէին (Մատթէոս 7։12)։ Ասիկա իր մէջ պէտք է պարփակէ ուշադիր ըլլալ թէ ի՛նչ կ’ըսենք եւ թէ՝ ի՛նչպէս կ’ըսենք զայն (Կողոսացիս 4։6)։ Մի՛ մոռնաք որ «անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն» (Առակաց 12։18)։ Ի՞նչ է պարագան ընտանիքին մէջ։ Զիրար իրապէս սիրող ամուսին եւ կին իրարու զգացումները նկատի կ’առնեն (Եփեսացիս 5։33)։ Անոնք կը զգուշանան բիրտ խօսքերէ, դաժան քննադատութիւններէ եւ կծու ծաղրանքներէ. բաներ՝ որոնք զգացումներ կը վիրաւորեն, եւ դիւրութեամբ չեն բուժուիր։ Երախաներն ալ զգացումներ ունին եւ սիրալիր ծնողներ զանոնք նկատի կ’առնեն։ Երբ սրբագրումի կարիքը տեսնուի, այսպիսի ծնողներ զայն ա՛յնպէս կը մատակարարեն որ իրենց զաւակներուն արժանապատուութիւնը յարգեն եւ անհարկի շփոթեցուցիչ վիճակներէ խնայեն զանոնք (Կողոսացիս 3։21)։ Երբ այս կերպով նկատառու ըլլանք ուրիշներու հանդէպ, կ’ապացուցանենք որ Քրիստոսին միտքը ունինք։
ՄԱՅԻՍ 14-20
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՐԿՈՍ 8։39–10։52
«Հաւատք զօրացնող տեսիլք»
(Մարկոս 8։39) Եւ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը զօրութիւնով եկած»։
Քրիստոս՝ մարգարէութեան առանցքը
9 Աւելի քան մէկ տարի անցած է այն ժամանակէն, երբ Յիսուս տուաւ իր Մեսիա ըլլալուն վերոյիշեալ ապացոյցները։ Ք.Ե. 32–ի Պասեքը եկած ու անցած է։ Հաւատացեալներէն շատեր դադրած են իրեն հետեւելէ, թերեւս հալածանքի, նիւթապաշտութեան կամ կեանքի մտահոգութիւններուն պատճառով։ Ուրիշներ հաւանաբար շփոթած կամ յուսախաբ են, քանի որ Յիսուս զինք թագաւոր ընելու մարդոց ջանքերը մերժեց։ Երբ հրեայ կրօնական առաջնորդները Յիսուսի ասպարէզ կարդացին, ան չուզեց իրեն փառք բերող երկնային նշան մը տալ (Մատթէոս 12։38, 39)։ Այս մերժումով թերեւս ոմանք շփոթութեան մատնուած են։ Ասկէ զատ, Յիսուս սկսած է իր աշակերտներուն յայտնել դժուարահասկնալի բան մը,– «պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ ու շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի» (Մատթէոս 16։21-23)։
10 Իսկ 9-10 ամիս ետք, Յիսուսի ժամը պիտի հասնէր որ «այս աշխարհէն ելլէ Հօրը քով» (Յովհաննէս 13։1)։ Իր հաւատարիմ աշակերտներով խորապէս հետաքրքրուած ըլլալով, Յիսուս անոնցմէ ոմանց կը խոստանայ երկինքէն նշան մը տալ,– ինչ որ մերժեց անհաւատ հրեաներուն ընել։ «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի», կ’ըսէ Յիսուս, «թէ՝ Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած» (Մատթէոս 16։28)։ Բացորոշ է թէ Յիսուս ըսել չ’ուզեր թէ իր աշակերտներէն ոմանք ողջ պիտի մնան մինչեւ մեսիական Թագաւորութեան հաստատուիլը՝ 1914–ին։ Ան մտադրած է իր թագաւորական փառքին նախանմոյշը տալ երեք մտերիմ աշակերտներու։ Այս տեսիլքը այլակերպութիւն կը կոչուի։
(Մարկոս 9։1-5) Վեց օր յետոյ Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ու զանոնք բարձր լեռ մը հանեց առանձինն եւ անոնց առջեւ այլակերպեցաւ։ 2 Իր հանդերձները եղան փայլուն, խիստ ճերմակ, այնպէս որ երկրի վրայ թափիչ մը չէր կրնար այդպէս ճերմկցնել։ 3 Ու Եղիան Մովսէսին հետ երեւցաւ անոնց եւ Յիսուսին հետ խօսեցան։ 4 Ապա Պետրոս ըսաւ Յիսուսին. «Ռա՛բբի, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային»։ 5 Վասն զի չէր գիտեր թէ ի՛նչ խօսի, քանզի զարհուրեր էին։
Քրիստոս՝ մարգարէութեան առանցքը
11 Վեց օր ետք, Յիսուս կ’առնէ իրեն հետ Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, ու զանոնք կը հանէ բարձր լեռ մը,– հաւանաբար Հերմոն լերան մէկ կատարը։ Հոն Յիսուս ‘կ’այլակերպի անոնց առջեւ. իր երեսը կը փայլի արեւի պէս, ու իր հանդերձները ճերմակ կ’ըլլան՝ լոյսի պէս’։ Նաեւ կ’երեւին Մովսէս ու Եղիա մարգարէները, որոնք Յիսուսի հետ կը խօսակցին։ Այս ահարկու դէպքը հաւանաբար գիշերը տեղի կ’ունենայ, զայն յատկապէս վառ դարձնելով։ Իրականութեան մէջ, տեսիլքը ա՛յնքան իրական է որ Պետրոս կ’առաջարկէ երեք վրան շինել, մէկը՝ Յիսուսի, մէկը՝ Մովսէսի, ու մէկը՝ Եղիայի։ Մինչ Պետրոս կը խօսի, լուսաւոր ամպ մը հովանի կ’ըլլայ անոնց վրայ, եւ ձայն մը կ’ելլէ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք» (Մատթէոս 17։1-6)։
(Մարկոս 9։6) Ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ ու ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 9։6
ձայն մը։ Ասիկա Աւետարաններուն մէջ արձանագրուած երեք դէպքերէն երկրորդն է, ուր կը յիշուի որ մարդիկ ուղղակի Եհովային ձայնը կը լսեն (Մար. 1։11. Յովհ. 12։28)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մարկոս 10։6-9) Բայց ստեղծագործութեան սկիզբէն Աստուած զանոնք արու եւ էգ ըրաւ, ու ըսաւ. 7 «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի 8 ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան. ուստի ա՛լ երկու չեն, հապա մէկ մարմին։ 9 Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ»։
Մարկոսի գիրքէն աչքառու կէտեր
10։6-9. Աստուծոյ նպատակն է որ ամոլներ իրարու կառչած մնան։ Հետեւաբար, փոխանակ աճապարանօք ամուսնալուծման դիմելու, ամուսիններ ու կիներ պէտք է ջանան Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկել, ամուսնութեան մէջ ծագած որեւէ դժուարութիւն յաղթահարելու համար (Մատ. 19։4-6)։
(Մարկոս 10։17, 18) Երբ անիկա դուրս ելաւ ճամբուն մէջ, ահա մարդ մը վազեց ու անոր առջեւ ծունկի գալով՝ հարցուց անոր ու ըսաւ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ 18 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես։ Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած»։
nwtsty սերտելու նոթեր. Մար. 10։17, 18
Բարի՛ վարդապետ։ Այնպէս կ’երեւի որ մարդը «Բարի՛ վարդապետ» ըսելով կ’ուզէր Յիսուսը գովել ձեւական խօսքով, քանի որ կրօնական առաջնորդները ընդհանրապէս այս տեսակ խօսքեր կը պահանջէին մարդոցմէ։ Ճիշդ է որ Յիսուս խնդիր մը չունէր որ մարդիկ իրեն «Վարդապետ» կամ «Տէր» կանչէին (Յովհ. 13։13), բայց ան միշտ կ’ուզէր որ ամէն պատիւ իր Հօր երթայ։
Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ Հոս Յիսուս Եհովան կը նկատէ որպէս բարութեան գերագոյն չափանիշը,– ան՝ որ բացարձակ իրաւունք ունի բարին ու չարը որոշելու։ Երբ Ադամն ու Եւան բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն ուտելով՝ ըմբոստացան, անոնք ուզեցին որ իրե՛նք որոշեն բարին ու չարը։ Անոնց հակառակը, Յիսուս խոնարհաբար կը ձգէ որ իր Հայրը չափանիշներ որոշէ։ Աստուած իր Խօսքին մէջ բացատրած է թէ ի՛նչն է բարին օրէնքներու եւ սկզբունքներու միջոցաւ (Մար. 10։19)։
ՄԱՅԻՍ 21-27
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՐԿՈՍ 11-12
«Ան միւսներէն աւելի ձգեց»
(Մարկոս 12։41, 42) Եւ Յիսուս գանձանակին [«գանձանակներուն», ՆԱ] քով նստած՝ կը նայէր թէ ժողովուրդը գանձանակին [«գանձանակներուն», ՆԱ] մէջ ի՛նչպէս ստակ կը ձգէ։ Շատ հարուստներ շատ բան ձգեցին։ 42 Աղքատ որբեւայրի մըն ալ եկաւ ու երկու լումայ ձգեց, որ նաքարակիտ մը կ’ընէ։
nwtsty սերտելու նոթեր. Մար. 12։41, 42
գանձանակներ։ Հրէական հին աղբիւրներ կ’ըսեն, որ այս նուիրատուութեան սնտուկները կամ ամանները փողաձեւ էին, ուրեմն նեղ բերան ունէին։ Մարդիկ անոնց մէջ տարբեր նպատակներու համար նուիրատուութիւններ կը դնէին։ Հոս գործածուած յունարէն բառը նաեւ կ’երեւի Յովհ. 8։20–ին մէջ, ուր կը թարգմանուի «գանձատունը»։ Այնպէս կ’երեւի, որ «գանձատունը» բառը կ’ակնարկէ այն վայրին, որ կը գտնուէր Կիներու գաւիթին մէջ (տե՛ս Մատ. 27։6–ի սերտելու նոթը եւ Ուղ 15)։ Ռաբունական աղբիւրներու համաձայն, Կիներու Գաւիթին մէջ, պատերուն կողքին կը դրուէին 13 գանձանակներ։ Կը կարծուի, որ տաճարը նաեւ ունէր գլխաւոր գանձատուն մը, ուր բոլոր գանձանակներէն հաւաքուած դրամը կը դրուէր։
երկու լումայ։ Կամ երկու պզտիկ մետաղադրամ։ Լումայ թարգմանուած le·ptonʹ բառը կը նշանակէ «պզտիկ» կամ «բարակ»։ 128 լուման հաւասար էր 1 դահեկանի եւ այնպէս կ’երեւի որ անիկա Իսրայէլի մէջ գործածուած պղինձէ կամ պրոնզէ ամէնէն պզտիկ դրամն էր (տե՛ս Ուղ 18)։
նաքարակիտ մը կ’ընէ։ Այսինքն՝ չնչին արժէք ունի։ Նաքարակիտ թարգմանուած յունարէն ko·dranʹtes բառը (որ եկած է լատիներէն quadrans բառէն) կ’ակնարկէ հռոմէական պղինձէ կամ պրոնզէ դրամի։ 64 նաքարակիտը հաւասար էր 1 դահեկանի։ Հոս Մարկոս հրեաներուն գործածած դրամներուն արժէքը կը ներկայացնէ հռոմէական դրամի արժէքով (տե՛ս Ուղ 18)։
(Մարկոս 12։43) Իր աշակերտները իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւայրին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամէնէն աւելին ձգեց»։
Եհովա կ’արժեւորէ ձեր սրտանց ծառայութիւնը
16 Այս դէպքէն երկու օր ետք, նիսան 11–ին, Յիսուս տաճարին մէջ երկար օր մը անցուց, ուր իր հեղինակութիւնը հարցի տակ դրուեցաւ եւ տուրքերու, յարութեան եւ կնճռոտ հարցերու շուրջ արտայայտուեցաւ։ Ան դատապարտեց դպիրներն ու փարիսեցիները, որոնք ուրիշ բաներու կողքին, ‘որբեւայրիներուն տուները կ’ուտէին’ (Մարկոս 12։40)։ Ապա, Յիսուս բացայայտօրէն Կիներու գաւիթին մէջ նստեցաւ, ուր, ըստ հրէական աւանդութեան, 13 գանձանակներ կային։ Ան որոշ ատեն մը նստելով, ուշադրութեամբ զննեց մինչ մարդիկ իրենց նուիրատուութիւնները կը դնէին գանձանակներուն մէջ։ Շատ հարուստներ եկան, թերեւս ոմանք ինքնարդարութեան, նոյնիսկ ցուցամոլութեան երեւոյթով մը (բաղդատել՝ Մատթէոս 6։2)։ Յիսուս իր նայուածքը կեդրոնացուց յատկապէս կնոջ մը վրայ։ Հասարակ անհատ մը հաւանաբար որեւէ յատկանշական բան մը չնկատէր այդ կնոջ կամ անոր ընծային վերաբերեալ։ Սակայն Յիսուս, որ կրնար ուրիշներու սիրտը ճանչնալ, գիտցաւ որ ան «աղքատ որբեւայրի մըն» էր։ Ան նաեւ գիտցաւ անոր ընծային ճշգրիտ արժէքը՝ ‘երկու լումայ որ նաքարակիտ մը կ’ընէ’ (Մարկոս 12։41, 42)։
17 Յիսուս իր աշակերտները իրեն կանչեց եւ ուզեց որ անոնք ուղղակիօրէն տեսնեն այն դասը որ անոնց պիտի սորվեցնէր։ Ան ըսաւ. «Այս աղքատ որբեւայրին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամէնէն աւելին ձգեց»։ Իր դատողութեամբ, ան աւելի ձգած էր քան մնացեալը միասնաբար գումարուած։ Կինը իր «ունեցածին բոլորը ձգեց», իր վերջին պզտիկ գումարը։ Այսպէս վարուելով, ան իր անձը Եհովայի հոգածու ձեռքերուն յանձնեց։ Հետեւաբար, Աստուծոյ նուէր տալու որպէս օրինակ գործածուեցաւ անձ մը, որու նուէրը նիւթական գետնի վրայ գրեթէ անարժէք էր։ Սակայն, Աստուծոյ աչքին անիկա անգին էր (Մարկոս 12։43, 44. Յակոբոս 1։27)։
(Մարկոս 12։44) Վասն զի ամէնքը իրենց աւելցածէն ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը։
Եհովա կ’արժեւորէ ձեր սրտանց ծառայութիւնը
17 Յիսուս իր աշակերտները իրեն կանչեց եւ ուզեց որ անոնք ուղղակիօրէն տեսնեն այն դասը որ անոնց պիտի սորվեցնէր։ Ան ըսաւ. «Այս աղքատ որբեւայրին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամէնէն աւելին ձգեց»։ Իր դատողութեամբ, ան աւելի ձգած էր քան մնացեալը միասնաբար գումարուած։ Կինը իր «ունեցածին բոլորը ձգեց», իր վերջին պզտիկ գումարը։ Այսպէս վարուելով, ան իր անձը Եհովայի հոգածու ձեռքերուն յանձնեց։ Հետեւաբար, Աստուծոյ նուէր տալու որպէս օրինակ գործածուեցաւ անձ մը, որու նուէրը նիւթական գետնի վրայ գրեթէ անարժէք էր։ Սակայն, Աստուծոյ աչքին անիկա անգին էր (Մարկոս 12։43, 44. Յակոբոս 1։27)։
w87 12/1 էջ 30 պարբ. 1
Տուածդ իսկապէս զո՞հ է
Այս դէպքէն շատ արժէքաւոր դասեր կրնանք սորվիլ։ Ամէնէն կարեւոր դասերէն մէկը այն է որ բոլորս առանձնաշնորհումը ունինք մեր նիւթական միջոցներով ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք կանգնելու, բայց ի մտի ունենանք, որ Աստուծոյ աչքին արժէքաւոր է ոչ թէ տալ այն ինչ որ մեզի համար աւելորդ է, հապա տալ այն ինչ որ մեզի համար շա՛տ արժէքաւոր է։ Ուրիշ խօսքով, մենք մեզի հարցնենք. արդեօք Եհովային կու տանք բան մը, որուն արդէն պէտք չ’ունի՞նք, թէ ոչ իսկական զոհ կու տանք։
cl էջ 185 պարբ. 15
«Աստուծոյ Խօսք»ին իմաստութիւնը
15 Աչքառու է որ այդ օրը շատեր տաճար եկան, բայց այս որբեւայրին Յիսուսին ուշադրութեան արժանացաւ եւ Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուեցաւ։ Այս օրինակով Եհովան մեզի կը սորվեցնէ, որ երախտագէտ Աստուած է։ Ան հաճոյքով կ’ընդունի մեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնները, որքա՛ն ալ չնչին թուին ուրիշներուն տուածին քով։ Չկայ ասկէ աւելի աղուոր կերպ մը, որմով Եհովան մեզի այս մխիթարիչ ճշմարտութիւնը սորվեցնէր։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մարկոս 11։17) Եւ սորվեցուց անոնց ու ըսաւ. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’. բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 11։17
աղօթքի տուն. . . բոլոր ազգերուն։ Երեք աւետարանագիրներ կը մէջբերեն Եսայի 56։7–ն, բայց միայն Մարկոսը կը նշէ «բոլոր ազգերուն» արտայայտութիւնը (Մատ. 21։13. Ղուկ. 19։46)։ Երուսաղէմի տաճարը պէտք էր ըլլար վայր մը, ուր թէ՛ իսրայէլացիներ եւ թէ աստուածավախ օտարներ կրնային Եհովան պաշտել եւ անոր աղօթել (Գ. Թագ. 8։41-43)։ Յիսուս տեղին ըլլալով դատապարտեց հրեաները, որոնք տաճարը առեւտուրի համար կը գործածէին, զայն աւազակներու այր (կամ աւազակներու քարայր) դարձնելով։ Անոնց այս ըրածները չքաջալերեցին բոլոր ազգերէն մարդիկը որ Եհովային մօտենան իր աղօթքի տան մէջ եւ այսպիսով անոնք պատճառ դարձան, որ այդ մարդիկը Եհովան ճանչնալու առիթը փախցնեն։
(Մարկոս 11։27, 28) Նորէն Երուսաղէմ եկան։ Երբ տաճարին մէջ կը պտըտէր, քահանայապետները եւ դպիրները ու ծերերը անոր եկան 28 ու ըսին անոր. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը, որ այդ բաները ընես»։
jy էջ 244 պարբ. 7
Թզենիին օրինակը հաւատքի մասին դաս կը սորվեցնէ
Անկէ քիչ ետք, Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմ կը մտնեն։ Իր սովորութեան համաձայն, ան տաճար կ’երթայ եւ կը սկսի սորվեցնել։ Քահանայապետները եւ երէցները, հաւանաբար ի մտի ունենալով այն ինչ որ Յիսուս դրամափոխներուն ըրաւ մէկ օր առաջ, անոր կը հարցնեն. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը, որ այդ բաները ընես» (Մարկոս 11։28)։
ՄԱՅԻՍ 28–ՅՈՒՆԻՍ 3
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՐԿՈՍ 13-14
«Մարդու հանդէպ վախի տեղի մի՛ տար»
(Մարկոս 14։29) Պետրոս ըսաւ անոր. «Թէպէտ ամէնքն ալ գայթակղին, բայց ո՛չ ես»։
(Մարկոս 14։31) Պետրոս աւելի կը պնդէր ու կ’ըսէր. «Թէեւ քեզի հետ մեռնիլ ալ պէտք ըլլայ ինծի, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ». նոյնպէս կ’ըսէին բոլորն ալ։
(Մարկոս 14։50) Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան։
(Մարկոս 14։47) Եւ քովը կայնողներէն մէկը սուրը քաշեց ու զարկաւ քահանայապետին ծառային ու անոր ականջը մէկդի հանեց։
(Մարկոս 14։54) Պետրոս հեռուէն անոր ետեւէն գնաց մինչեւ ներսը, քահանայապետին գաւիթը սպասաւորներուն հետ նստաւ ու կրակին քով կը տաքնար։
(Մարկոս 14։66-72) Պետրոս վարը գաւիթն էր։ Քահանայապետին աղախիններէն մէկը եկաւ 67 ու տեսնելով Պետրոսը որ կը տաքնար՝ նայեցաւ անոր ու ըսաւ. «Դո՛ւն ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էիր»։ 68 Բայց անիկա ուրացաւ ու ըսաւ. «Չեմ գիտեր եւ չեմ հասկնար թէ դուն ի՞նչ կը խօսիս»։ Երբ դուրս ելաւ գաւիթին դրանը առջեւ, հաւը խօսեցաւ։ 69 Եւ աղախինը նորէն տեսաւ զանիկա ու սկսաւ շուրջը կայնողներուն ըսել. «Ա՛ս ալ անոնցմէ է»։ 70 Եւ անիկա նորէն ուրացաւ։ Ու քիչ մը ետքը՝ նորէն հոն կայնողները ըսին Պետրոսին. «Արդարեւ դուն անոնցմէ ես, վասն զի Գալիլիացի ես եւ քու խօսուածքդ ալ նման է անոնց»։ 71 Բայց անիկա սկսաւ անիծել ու երդում ընել՝ ըսելով. «Ես այն մարդը չեմ ճանչնար, որուն համար դուք կ’ըսէք»։ 72 Իսկոյն երկրորդ անգամ հաւը խօսեցաւ։ Պետրոս միտքը բերաւ այն խօսքը, որ Յիսուս իրեն ըսեր էր. «Դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Ու սկսաւ լալ։
Ան Տէրոջմէն ներողամտութիւն սորվեցաւ
14 Ի վերջոյ, Պետրոս իր զգոյշ քայլերով հասաւ Երուսաղէմի մէկ վիթխարի ապարանքին դռներուն առջեւ։ Ատիկա հարուստ եւ հեղինակաւոր Կայիափա քահանայապետին տունն էր։ Այդպիսի տուներ սովորաբար կ’ունենային ներքին գաւիթ մը, մուտքի դուռով։ Պետրոս դրան մօտեցաւ, բայց անոր չարտօնուեցաւ ներս մտնել։ Յովհաննէս, որ քահանայապետին ծանօթ ըլլալով արդէն ներսն էր, եկաւ եւ դռնապանին ըսաւ որ Պետրոսը ներս մտցնէր։ Այնպէս կը թուի թէ Պետրոս Յովհաննէսին հետ չմնաց, ոչ ալ փորձեց տուն մտնել՝ իր Տէրոջ քով կենալու համար։ Ան գաւիթը մնաց, ուր ծառաներէն եւ ստրուկներէն ոմանք բոցավառ կրակի մը շուրջ կանգնած կը տաքնային ցուրտ գիշերը, մինչ կը տեսնէին այն կեղծ վկաները, որոնք Յիսուսի դէմ մեղադրանքներ ներկայացնելու համար ելումուտ կը գործէին (Մար. 14։54-57. Յովհ. 18։15, 16, 18)։
it-2 էջ 619 պարբ. 6
Պետրոս
Պետրոս քահանայապետին գաւիթը կրցաւ մտնել ուրիշ աշակերտի մը օգնութեամբ, որ կա՛մ իրեն հետեւած էր կամ ալ իրեն հետ գացած էր (Յովհ. 18։15, 16)։ Ան սուսիկ–փուսիկ մութ անկիւն մը չքաշուեցաւ մարդոց ուշադրութիւնը չգրաւելու համար, հապա գնաց դէպի այն տեղը ուր կրակ վառած էին որպէսզի տաքնայ։ Կրակին լոյսը պատճառ դարձաւ որ ուրիշներ գիտնան որ Պետրոս Յիսուսին ընկերակիցն է. իսկ անոր գալիլիական խօսելակերպը անոնց կասկածները աւելցուց։ Երբ Պետրոս ամբաստանուեցաւ, ան երեք անգամ ուրացաւ որ Յիսուսը կը ճանչնայ, եւ վերջաւորութեան սկսաւ նոյնիսկ անիծել։ Քաղաքին մէջ տեղ մը, աքլորը երկրորդ անգամ կանչեց եւ Յիսուս «դարձաւ ու Պետրոսին նայեցաւ»։ Պետրոս դուրս ելաւ եւ դառնապէս լացաւ (Մատ. 26։69-75. Մար. 14։66-72. Ղուկ. 22։54-62. Յովհ. 18։17, 18)։ Բայց Յիսուս այս դէպքէն առաջ Պետրոսին համար աղօթած էր, եւ անոր աղօթքը պատասխանուեցաւ։ Այսպէս Պետրոսին հաւատքը չպակսեցաւ (Ղուկ. 22։31, 32)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մարկոս 14։51, 52) Երիտասարդ մը անոր ետեւէն կ’երթար՝ մերկ մարմինին վրայ կտաւ մը առած ու երիտասարդները զանիկա բռնեցին. 52 ան ալ կտաւը թողուց ու մերկ փախաւ անոնցմէ։
Մարկոսի գիրքէն աչքառու կէտեր
14:51, 52—Ո՞վ էր այն երիտասարդը որ «մերկ փախաւ»։ Միայն Մարկոս այս միջադէպը կը նշէ, ուստի տրամաբանօրէն կրնանք եզրակացնել թէ ան ի՛ր մասին կը խօսէր։
(Մարկոս 14։60-62) Եւ քահանայապետը մէջտեղը ոտքի ելլելով՝ հարցուց Յիսուսին ու ըսաւ. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»։ 61 Բայց ան լուռ կը կենար եւ պատասխան մը չէր տար։ Քահանայապետը նորէն կը հարցնէր անոր ու կ’ըսէր. «Դո՞ւն ես Քրիստոսը, օրհնեալ Աստուծոյ Որդին»։ 62 Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ. ու պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերովը եկած»։
jy էջ 287 պարբ. 4
Յիսուս Աննային եւ ապա Կայիափային քով կը տարուի
Կայիափան գիտէ, որ հրեաները չեն հանդուրժեր որ մէկը ինքն իր մասին ըսէ թէ Աստուծոյ Որդի է։ Ասկէ առաջ, Յիսուս Աստուծոյ մասին խօսած էր որպէս իր Հայրը եւ հրեաները ուզած էին զինք մեռցնել, քանի որ ըսած էին որ ան ինքզինք «Աստուծոյ հաւասար կ’ընէ» (Յովհաննէս 5։17, 18. 10։31-39)։ Այս բոլորէն տեղեակ ըլլալով, Կայիափան խորամանկօրէն Յիսուսին կը հարցնէ. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ» (Մատթէոս 26։63)։ Յիսուս արդէն ասկէ առաջ ըսած էր որ Աստուծոյ Որդին է (Յովհաննէս 3։18. 5։25. 11։4)։ Եւ եթէ հիմա իր ըսածը չհաստատէ, կրնայ այն տպաւորութիւնը տալ, թէ կը հերքէ որ ինք Աստուծոյ Որդին եւ Քրիստոսն է։ Անոր համար կ’ըսէ. «Ես եմ. ու պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերովը եկած» (Մարկոս 14։62)։