-
‘Աստուա՛ծ կ’աճեցնէ’Դիտարան 2008 | Յուլիս 1
-
-
Քնացող սերմնացանը
13, 14. (ա) Աճող սերմին առակը ամփոփէ։ (բ) Սերմնացանը ո՞վ կը պատկերացնէ, եւ սերմը ի՞նչ է։
13 Մարկոս 4։26-29–ի մէջ, սերմնացանի մը վերաբերեալ ուրիշ առակ մը կը գտնենք. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը այնպէս է, որպէս թէ մարդ մը հողին մէջ սերմ ցանէ ու քնանայ եւ արթննայ գիշեր ու ցորեկ եւ սերմը բուսնի ու մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։ Քանզի հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ։ Երբ պտուղը հասուննայ մանգաղը գործի կը սկսի վասն զի հունձքի ատենը հասած է»։
14 Ո՞վ է այս սերմնացանը։ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ ոմանք կը հաւատան թէ ասիկա Յիսուսին կ’ակնարկէ։ Բայց ի՞նչպէս կրնայ ըսուիլ թէ Յիսուս կը քնանայ եւ չի գիտեր թէ սերմը ի՛նչպէս կը մեծնայ։ Վստահաբար Յիսուս քաջատեղեակ է աճման ընթացքին։ Ուստի այս սերմնացանը, նախորդ սերմնացանին նման, կը պատկերացնէ Թագաւորութիւնը ծանուցանողը, որ իր նախանձախնդիր քարոզչութեամբ Թագաւորութեան սերմը կը ցանէ։ Հողին մէջ ցանուած սերմը՝ անոր քարոզած խօսքն է։b
15, 16. Աճող սերմին առակով, Յիսուս բառացի եւ հոգեւոր աճման մասին ի՞նչ իրողութիւն ուշադրութեան յանձնեց։
15 Յիսուս կը նշէ թէ սերմնացանը ‘կը քնանայ եւ կ’արթննայ, գիշեր ու ցերեկ’։ Ասիկա չի նշանակեր թէ սերմնացանը անհոգ է։ Անիկա պարզապէս կը նկարագրէ մարդոց սովորական կեանքը։ Այս համարին շարադրութիւնը ցոյց կու տայ՝ որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ, ցերեկը գործելու եւ գիշերը քնանալու շարունակական գործընթաց մը։ Յիսուս ցցուն կ’ընէ թէ այդ ժամանակամիջոցին ի՛նչ կը պատահի, ըսելով. «Սերմը [կը] բուսնի ու [կը] մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս»։ Շեշտը կը դրուի այն իրողութեան վրայ թէ աճումը «ինքնիրմէ» տեղի կ’ունենայ։c
16 Յիսուս ի՞նչ կէտ կ’ընդգծէր։ Նկատէ թէ շեշտը դրուած է աճման վրայ եւ անոր աստիճանական ըլլալուն վրայ։ «Հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ»։ (Մար. 4։28) Այս աճումը աստիճանաբար եւ հանգրուաններով տեղի կ’ունենայ։ Զայն կարելի չէ պարտադրել կամ արագացնել։ Նոյնն է պարագան հոգեւոր աճման։ Անիկա հանգրուաններով տեղի կ’ունենայ, մինչ Եհովա թոյլ կու տայ որ ուղղաբարոյ անհատին սրտին մէջ ճշմարտութիւնը աճի։—Գործք 13։48. Եբր. 6։1
17. Որո՞նք կ’ուրախանան երբ ճշմարտութեան սերմը պտուղ տայ։
17 «Երբ պտուղը հասուննայ», սերմնացանը ի՞նչպէս հունձքին կը մասնակցի։ Երբ Եհովա Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը նոր աշակերտներուն սրտին մէջ կ’աճեցնէ, անոնք իրեն հանդէպ սէրէ մղուած՝ իրենց կեանքը իրեն կը նուիրեն, եւ այս քայլը ջուրի մկրտութեամբ կը խորհրդանշեն։ Այն եղբայրները որոնք կը շարունակեն դէպի հասունութիւն յառաջդիմել, աստիճանաբար ժողովքին մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ կը ստանձնեն։ Թագաւորութեան պտուղը կը հնձուի թէ՛ բուն սերմնացանին եւ թէ Թագաւորութիւնը ծանուցանող այլ անհատներու կողմէ, որոնք թերեւս անձամբ կապ չունէին այն սերմը ցանելուն հետ, որ այդ յատուկ աշակերտը արտադրեց։ (Կարդալ՝ Յովհաննէս 4։36-38) Արդարեւ ‘սերմանողը ու հնձողը մէկտեղ կ’ուրախանան’։
-
-
‘Աստուա՛ծ կ’աճեցնէ’Դիտարան 2008 | Յուլիս 1
-
-
b Նախապէս այս պարբերաթերթին մէջ բացատրուած էր թէ սերմը կը պատկերացնէ անձնաւորութեան յատկութիւններ, որոնք միջավայրի ազդակներէ կ’ազդուին մինչ հասունութեան կը հասնին։ Սակայն նկատի պէտք է առնուի թէ Յիսուսի առակին մէջ, սերմը վատ սերմի կամ նեխած պտուղի չի փոխուիր։ Անիկա պարզապէս կը հասուննայ։—Տես՝ Դիտարան 15 Յունիս 1980, էջ 17-19 (Անգլերէն)։
c Աստուածաշունչի բնագրին մէջ այս արտայայտութիւնը երկրորդ եւ վերջին անգամ գործածուած է Գործք 12։10–ի մէջ, ուր կը կարդանք թէ երկաթէ դուռ մը «ինքնիրմէ» բացուեցաւ։
-