Աստուածաշունչը իրապէս ներշնչուած պարգե՞ւ մըն է Աստուծմէ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ կ’ըսէ որ «Աստուած սէր է» եւ անոր կը վերագրէ իմաստութիւն ու զօրութիւն։ (Ա. Յովհաննու 4։8. Յոբ 12։13. Եսայեայ 40։26) Անիկա կ’ըսէ մեզի որ «անոր բոլոր ճամբաները արդար են»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Ըստ Աստուածաշունչին, Աստուած ուրիշ յատկութիւններ ալ կը ցուցաբերէ, ինչպէս՝ ողորմութիւն եւ գութ։—Ելից 34։6. Հռովմայեցիս 9։15
Քանի որ Աստուածաշունչը այս յատկութիւնները Եհովա Աստուծոյ կը վերագրէ, անիկա խարխափող մարդիկը իրեն կը քաշէ։ Այս գիրքը կը խօսի ստեղծագործութեան, մեղքին ու մահուան ծագման եւ Աստուծոյ հետ հաշտուելու միջոցին մասին։ Անիկա կը ներկայացնէ շատ հետաքրքրական յոյսը. երկրին վրայ Դրախտը պիտի վերահաստատուի։ Սակայն այս բոլորը արժէք մը կը ներկայացնեն միմիայն երբ փաստուի թէ Աստուածաշունչը իրապէս ներշնչուած պարգեւ մըն է Աստուծմէ։
Աստուածաշունչը եւ Գիտութիւնը
Աստուածաշունչը միշտ յաղթանակ տարած է քննադատութիւններու վրայ։ Օրինակի համար, երբ զայն կարդանք բաց մտքով, կը նկատենք որ անիկա բուն գիտութեան հետ ներդաշնակ է։ Անշուշտ, Աստուածաշունչը գրուած էր հոգեւոր ուղեցոյց մը ըլլալու համար եւ ոչ թէ գիտական դասագիրք մը։ Բայց տեսնենք թէ Աստուածաշունչը գիտական իրողութիւններուն հետ կը համաձայնի թէ ոչ։
Կազմախօսութիւն. Աստուածաշունչը ճըշգրիտ է երբ կ’ըսէ որ մարդկային սաղմին «անդամներուն բոլորը» «գրուած» են։ (Սաղմոս 139։13–16) Ուղեղը, սիրտը, թոքերը, աչքերը. ասոնք եւ մարմնի մնացեալ անդամները մօրը արգանդին մէջ բեղմնաւորուած հաւկիթին ծնընդական կանոնին մէջ «գրուած» են։ Այդ կանոնը կը բովանդակէ ներքին ժամանակացոյց մը այս անդամներուն իւրաքանչիւրին համար, որոնք պատշաճ յաջորդականութեամբ կը կազմուին։ Իսկ խորհեցէք պահ մը. մարդկային մարմնին աճման այս իրողութիւնները Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած էին գիտնականները ծնընդական կանոնը գտնելէն գրեթէ 3,000 տարիներ առաջ։
Անասնական Կեանք. Ըստ Աստուածաշունչին, «նապաստակը ... կ’որոճայ»։ (Ղեւտացւոց 11։6) Ֆրանսուա Պուրլիէր (The Natural History of Mammals, 1964, էջ 41) կ’ըսէ. «‘Որոճալ’ը, կամ ուտելիքը երկու անգամ, փոխանակ մէկ անգամ, աղիքներէն անցնելը սովորական երեւոյթ մը կը թուի ըլլալ ճագարներուն եւ նապաստակներուն մէջ։ Ընտանի ճագարները սովորաբար առանց որոճալու կ’ուտեն եւ կը կլլեն իրենց գիշերային կղկղանքը որ կրնայ առաւօտուն ամբողջ ստամոքսային ծաւալին կէսը գրաւել։ Վայրի ճագարներուն որոճումը տեղի կ’ունենայ օրական երկու անգամ, նոյնն է պարագան Եւրոպական նապաստակներուն»։ Այս առնչութեամբ, աշխատասիրութիւն մը (Mammals of the World, E. P. Walker, 1964, Հատոր Բ., էջ 647) կը նշէ. «Ասիկա կրնայ համապատասխանել որոճացող ըստնաւորներու ‘որոճալ’ուն»։
Հնախուզութիւն. Սուրբ գրային թագաւորները, քաղաքները եւ ազգերը կեանքի բերուեցան քարէ տախտակներու, խեցեղէն անօթներու, արձանագրութիւններու եւ նոյնանման բաներու յայտնագործութեամբ։ Օրինակի համար, ժողովուրդներ, ինչպէս՝ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած Քետացիները, իրապէս գոյութիւն ունեցան։ (Ելից 3։8) Իր գրքին մէջ (The Bible Comes Alive), Սըր Չարլզ Մարսթըն գրեց. «Անոնք որոնք Աստուածաշունչին հանդէպ ժողովրդական հաւատքը ցնցած եւ անոր հեղինակութիւնը հիմնայատակ ըրած են, լոյսի բերուած ապացոյցներուն տակ, իրենց կարգին, կը խորտակուին, իսկ անոնց հեղինակութիւնը կը քայքայուի։ Թին իրողութիւններու դաշտէն կործանարար քննադատութիւնը կասկածելի ընդունուած առասպելի դաշտին մէջ կը նետէ»։
Հնախուզութիւնը շատ մը կերպերով թիկունք կը կանգնի Աստուածաշունչին։ Օրինակի համար, յայտնագործութիւնները հաստատած են Ծննդոց 10–րդ գլուխին մէջ բովանդակուած վայրերն ու անունները։ Հնաբաններ պեղած են Քաղդէական Ուր քաղաքը, առեւտրական եւ կրօնական կեդրոն մը, ուր Աբրահամ ծնած էր։ (Ծննդոց 11։27–31) Գեհոնի աղբիւրին վերեւը, Երուսաղէմի հարաւ–արեւելքը, հնախոյզները գտան Յեբուսացիներուն քաղաքը զոր Դաւիթ Թագաւոր գրաւեց։ (Բ. Թագաւորաց 5։4–10) Եզեկիա Թագաւորին ջրմուղին կամ ագուգային մէկ վերջաւորութեան վրայ փորագրուած Սելովամի Արձանագրութիւնը գտնուեցաւ 1880–ին։ (Դ. Թագաւորաց 20։20) Մեծն Կիւրոսի կողմէ Բաբելոնի գրաւումը, Հ.Դ.Ա. 539–ին, պատմուած է Նաբոնիտոսի Մնացորդացին մէջ, որ երեւան հանուեցաւ անցեալ դարուն։ Եսթեր գրքին մէջ բովանդակուած մանրամասնութիւններ հաստատուած են Պարսապոլիսին մէջ յայտնագործուած արձանագրութիւններով եւ Շուշանի կամ Սուսայի մէջ Ասուերոս Թագաւորին պալատը պեղուելով, Հ.Դ. 1880–ի եւ 1890–ի միջեւ։ 1961–ին, Կեսարիոյ մէջ Հռովմէական թատրոնի մը աւերակներուն մէջ գտնուած արձանագրութիւն մը կը փաստէր որ Հռովմէացի կուսակալ Պոնտացի Պիղատոս գոյութիւն ունեցած էր, որ Յիսուսը յանձնեց որպէսզի ցցահանուի։։—Մատթէոս 27։11–26
Աստղագիտութիւն. Մարդիկ երկրին կլոր ըլլալը գիտնալէն շուրջ 2,700 տարիներ առաջ, Եսայի մարգարէն գրեց. «Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը»։ (Եսայեայ 40։22) Այս համարին մէջ «շրջանակ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը՝ շուղ՝ կրնայ նաեւ թարգմանուիլ «գունդ»։ (A Concordance of the Hebrew and Chaldee Scriptures, Պ. Տավիտսընի կողմէ։) Աւելին, երկրի «շրջանակ»ը յստակօրէն կը տեսնուի անջրպետէն եւ, երբեմն, շատ բարձրէն ճամբորդող օդանաւերէն։ Յոբ 26։7–ն պատահականօրէն կ’ըսէ որ Աստուած «երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ»։ Ասիկա ճշմարիտ է, իսկ աստղագէտներ գիտեն որ երկիրը ոչ մէկ բանի վրայ կը յենայ։
Բուսաբանութիւն. Ոմանք սխալ կերպով կ’եզրակացնեն որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ չէ, քանի որ Յիսուս Քրիստոս «մանանեխի հատին» մասին խօսեցաւ որպէս «սերմերուն ամենէն պզտիկ»ը։ (Մարկոս 4։30–32) Յիսուս հաւանաբար կ’ակնարկէր սեւ մանանեխի սերմին (Brassica nigra կամ Sinapis nigra), որ միայն 1–էն 1,6 մմ. տրամագիծ ունի։ Թէեւ աւելի պզտիկ սերմեր կան, ինչպէս խոլորձին փոշիի պէս բարակ սերմերը, բայց Յիսուս խոլորձներ մշակող անհատներու չէր խօսեր։ Այդ Գալիլիացի Հրեաները գիտէին որ տեղւոյն հողագործներուն կողմէ ցանուած բոլոր տարբեր սերմերուն մէջ մանանեխի սերմը ամենէն պզտիկն էր։ Յիսուս Թագաւորութեան մասին կը խօսէր եւ ո՛չ թէ բուսաբանութիւն կ’ուսուցանէր։
Երկրաբանութիւն. Աստուածաշունչի ստեղծագործութեան արձանագրութեան առնչութեամբ, համբաւաւոր երկրաբան Վալլաս Փրաթ ըսաւ. «Եթէ, որպէս երկրաբան մը, ինծմէ խնդրէին որ երկրին ծագման եւ անոր վրայ կեանքի զարգացման մասին մեր արդի վարկածները ամփոփ կերպով բացատրէի պարզ, հովիւ ժողովուրդի մը, զոր օրինակ, Ծննդոց գրքին ծանօթ ցեղախումբերու, Ծննդոցի առաջին գլուխին մեծ մասին շատ մօտէն հետեւելէն աւելի լաւը պիտի չկարենայի ընել»։ Փրաթ նշեց որ Ծննդոցի դէպքերուն յաջորդականութիւնը—ովկիանոսներու ծագիլը, ցամաքին երեւան գալը, ապա ծովային կեանքի, թռչնազգիներու եւ ստնաւորներու յայտնուիլը—գլխաւորաբար կը համապատասխանէ մեծ երկրաբանական շրջաններու հիմնական բաժանումներուն յաջորդականութեան։
Բժշկութիւն. Իր գրքին մէջ (The Physician Examines the Bible), Ռայմըր Սմիթ գրեց. «Ինծի համար շատ զարմանալի է որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ է բժշկական տեսակէտէն։ ... Երբ դարմանումի մասին կը խօսի, զոր օրինակ, պալարներու, կամ վէրքերու, անիկա ճշգրիտ է նոյնիսկ արդի չափանիշներուն համաձայն։ ... Մեծ թիւով մարդիկ տակաւին կը հաւատան շատ մը նախապաշարումներու, զոր օրինակ, թէ գրպանին մէջ շագանակ մը յօդացաւերը կ’արգիլէ. թէ գորտերուն դպչիլը կոծիծներ կը պատճառէ. թէ վիզին շուրջ կարմիր բրդեղէն մը ունենալը կոկորդի ցաւը կը բուժէ. թէ գարշախէժի պարկիկ մը հիւանդութիւններուն առաջքը կ’առնէ. թէ ամէն անգամ որ երախայ մը հիւանդ է, ան որդ ունի. եւայլն. սակայն Աստուածաշունչին մէջ այսպիսի բաներ չկան։ Այս իրողութիւնը ինքնին աչքառու է, իսկ ինծի համար՝ յաւելեալ փաստ մը, թէ Աստուածաշունչը աստուածային ծագում մը ունի»։
Պատմական Մանրամասնութիւններուն մէջ՝ Վստահելի
Իր գրքին մէջ (A Lawyer Examines the Bible), դատախազ Իրվին Հ. Լինթըն դիտել կու տայ. «Մինչ վէպեր, առասպելներ եւ սուտ վկայութիւններ ուշադիր են իրենց պատմած դէպքերը անորոշ հեռաւոր վայրի մը եւ ժամանակի մը մէջ զետեղելու, ասով բռնաբարելով առաջին կանոնները զորս մենք, փաստաբաններս, կը սորվինք լաւ դատավարութիւն մը ընելու համար եւ, ըստ որուն, ‘յայտարարութիւն մը ժամանակը եւ վայրը պէտք է տայ’, Աստուածաշունչի պատմութիւնները մեզի ամենայն ճշգրտութեամբ կու տան պատահած դէպքերուն թուականը եւ վայրը»։
Այս կէտը փաստելու համար, Լինթըն կը մէջբերէ Ղուկաս 3։1, 2–ը, ուր Աւետարանիչը Յիսուս Քրիստոսի ծառայութեան սկսած թուականը հաստատելու համար կը յիշէ եօթը հեղինակութիւններ։ Նկատի առէք Ղուկասի մատուցած մանրամասնութիւնները սա խօսքերուն մէջ. «Տիբերիոս կայսրին թագաւորութեան տասնըհինգերորդ տարին, Պոնտացի Պիղատոսին Հրէաստանի վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը ու Հերովդէսին Գալիլիացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ անոր եղբօրը Փիլիպպոսին Իտուրացիներուն եւ Տրաքոնացիներուն երկրին վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ Լիւսանիային Աբիլինացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ Աննային ու Կայիափային քահանայապետութեան ատենը Աստուծոյ խօսքը եղաւ Զաքարիային որդիին Յովհաննէսին անապատին մէջ»։
Աստուածաշունչը կը վխտայ նոյնանման մանրամասնութիւններով։ Ասկէ զատ, անոր կարգ մը մասերը, ինչպէս Աւետարանները, գրուեցան շրջանի մը ընթացքին երբ Հրէական, Յունական եւ Հռովմէական մշակոյթները ցայտուն էին։ Այդ ժամանակ կային փաստաբաններ, գրողներ, վարիչներ եւ ուրիշ անձնաւորութիւններ։ Շատ վստահաբար, ուրեմն, եթէ Աւետարաններուն եւ Աստուածաշունչի միւս գրքերուն մէջ գտնուած մանրամասնութիւնները իրողութեան համաձայն չըլլային, անոնց խարդախուած ըլլալը երեւան պիտի հանուէր։ Սակայն, աշխարհիկ պատմաբաններ հաստատեցին անոնց մէջի գրութիւնները, ինչպէս Յիսուս Քրիստոսի գոյութիւնը։ Օրինակի համար, Յիսուսի եւ անոր հետեւորդներուն մասին Հռովմէացի պատմաբան Տակիտոս գրեց. «Քրիստոս, որմէ ծագում առած է այս անունը [Քրիստոնեաներ], խստագոյն պատիժը կրեց Տիբերիոսի իշխանութեան ընթացքին, մեր կուսակալներէն մէկուն՝ Պոնտացի Պիղատոսի ձեռքով»։ (Annals, Գիրք ԺԵ., 44) Աստուածաշունչի պատմական ճշգրտութիւնը կ’ապացուցանէ որ անիկա պարգեւ մըն է, զոր Աստուած տուաւ մարդոց։
Մեծագոյն Ապացոյցը
Թէեւ հնախուզութիւնը, աստղագիտութիւնը, պատմութիւնը եւ գիտութեան միւս մարզերը թիկունք կը կանգնին Աստուածաշունչին, սակայն անոր հանդէպ հաւատքը այս հաստատումներուն վրայ չի հանգչիր։ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած պարգեւ մը ըլլալուն մեծագոյն փաստը անոր մարգարէութիւններուն կատարումն է։
Եհովա Աստուած ճշմարիտ մարգարէութիւններու Աղբիւրն է։ Իր Եսայի մարգարէին միջոցով, ան ըսաւ. «Առաջուան բաները ահա եղան ու նորերը ես կը յայտնեմ։ Անոնք դեռ չեղած ձեզի պիտի իմացնեմ»։ (Եսայեայ 42։9) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ անոր գրողները Աստուծմէ սուրբ հոգիին կամ գործօն ոյժին միջոցաւ, ներշնչուած էին։ Օրինակի համար, Քրիստոնեայ առաքեալ՝ Պօղոս գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Իսկ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։ Վասնզի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը սուրբ հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։ (Բ. Պետրոս 1։20, 21) Ուստի Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները քննենք։
Աստուածաշունչին հարիւրաւոր մարգարէութիւններուն մէջ, կը գտնուին Ասորեստանի մայրաքաղաքին՝ Նինուէին նկատմամբ տրուած մարգարէութիւնները։ Նինուէն՝ «արիւններու քաղաք»ը որ վաղեմի ամբողջ Միջին Արեւելքը ահ ու սարսափի մատնեց աւելի քան 15 դարեր։ (Նաւումայ 3։1) Սակայն, երբ Նինուէն իր զօրութեան զենիթին կը գտնուէր, Աստուածաշունչը նախագուշակեց. «[Աստուած] Նինուէն աւերակի ու անապատի պէս չոր երկրի պիտի վերածէ եւ անոր մէջ հօտեր, ազգերու բոլոր գազանները պիտի պառկին։ Հաւալուսն ու ոզնին ալ անոր խոյակներուն մէջտեղերը գիշերը պիտի անցընեն։ Պատուհաններէն ձայն պիտի լսուի, սեմերուն մէջ աւերում պիտի ըլլայ, քանզի եղեւնազարդը պիտի քակուի»։ (Սոփոնեայ 2։13, 14) Ներկայիս, միայն ամայի հողակոյտ մը այցելուներու կը յիշեցնէ վաղեմի Նինուէին վայրը։ Իսկ, ինչպէս մարգարէացուած էր, ոչխարներու հօտեր կ’արածին հոն։
Տեսիլքի մը մէջ, Աստուծոյ Դանիէլ մարգարէն տեսաւ երկու եղջիւր ունեցող խոյ մը եւ իր աչքերուն մէջտեղ մեծ եղջիւր մը ունեցող քօշ մը, արու այծ մը։ Քօշը զարկաւ խոյին ու անոր երկու եղջիւրները կոտրեց։ Ապա, քօշին մեծ եղջիւրը կոտրեցաւ եւ անոր տեղ չորս եղջիւրներ ելան։ (Դանիէլ 8։1–8) Գաբրիէլ հրեշտակը այսպէս բացատրեց. «Այն տեսնուած խոյին երկու եղջիւրները՝ Մարերու ու Պարսիկներու թագաւորներն են։ Այդ այծը՝ քօշը՝ Յոյներու թագաւորն է ու անոր աչքերուն մէջտեղի մեծ եղջիւրը առաջին թագաւորն է։ Ան որ կոտրեցաւ ու անոր տեղը չորսը ելաւ, այս կը ցուցնէ թէ այն ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ո՛չ թէ անոր զօրութիւնովը»։ (Դանիէլ 8։20–22) Ինչպէս պատմութիւնը փաստած է, երկու եղջիւր ունեցող խոյը՝ Մարա–Պարսկական Կայսրութիւնը՝ «Յոյներու թագաւոր»ին կողմէ տապալեցաւ։ Այս այլաբանական քօշը «մեծ եղջիւր» մը ունէր Մեծն Աղեքսանդրի անձով։ Անոր մահուընէ ետք, իր չորս զօրավարները այս «մեծ եղջիւր»ը փոխարինեցին իրենց համար «չորս թագաւորութիւն»ներ հաստատելով։
Եբրայերէն Գրութիւններուն («Հին Կտակարան»ին) մէջ, Յիսուս Քրիստոսի մասին տրուած հարիւրաւոր մարգարէութիւններ կատարուեցան։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու («Նոր Կտակարան»ի) գրողներ անոնցմէ քանի մը հատը կիրարկեցին իրեն։ Օրինակի համար, Մատթէոս Աւետարանիչը մատնանշեց Յիսուսի առնչութեամբ մարգարէութիւններու կատարման. կոյսէ մը Իր ծնունդը, Իր ունեցած նախակարապետը եւ իշու մը վրայ նստած Երուսաղէմ Իր մուտքը։ (Բաղդատել Մատթէոս 1։18–23. 3։1–3. 21։2–9–ն Եսայեայ 7։14. 40։3. Զաքարեայ 9։9–ին հետ։) Այսպիսի մարգարէութիւններու կատարումները թոյլ կու տան փաստելու թէ Աստուածաշունչը իրապէս ներշնչուած պարգեւ մըն է Աստուծմէ։
Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու ներկայ կատարումը կը փաստէ որ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–5) Պատերազմներ, ուտելիքի պակաս, համաճարակներ եւ աննախընթաց տարողութեամբ երկրաշարժներ մաս կը կազմեն Թագաւորութեան զօրութեամբ Յիսուսի ‘ներկայութեան’ «նշան»ին։ Այս նշանը նաեւ կը բովանդակէ չորս միլիոնէ աւելի Եհովայի Վկաներու աշխարհածաւալ գործունէութիւնը, որոնք հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն։ (Մատթէոս 24։3–14. Ղուկաս 21։10, 11) Ներկայիս մեր դիմաց կատարուող Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները նաեւ մեզի երաշխիք կու տան որ Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ երկնային կառավարութիւնը նոր աշխարհ մը պիտի հաստատէ, ուր հնազանդ մարդիկ շուտով յաւիտենական երջանկութիւն պիտի վայելեն։—Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։1–5
Հաւանաբար դուք ալ նկատէք Աստուածաշունչին մէջ ծանուցուած կարգ մը համաշխարհային դէպքեր։ Բայց ինչո՞ւ աւելի չխորանալ։ Եթէ խնդրէք, Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հայթայթեն։ Իսկ Բարձրեալն ու անոր նպատակները գիտնալու ձեր անկեղծ փնտռտուքը զոր պիտի կատարէք թող ձեզ համոզէ թէ Աստուածաշունչը իրապէս ներշնչուած պարգեւ մըն է Աստուծմէ։
[Նկար՝ էջ 6]
Պատերազմը, սովը, համաճարակները եւ երկրաշարժները իրենց զոհերը կը խլեն ներկայիս, բայց խաղաղութեան ու ուրախութեան նոր աշխարհ մը հորիզոնին վրայ է