-
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ երկրի վրայ պիտի իշխէԴիտարան (հանրամատչելի) 2020 | Թիւ 2
-
-
Յիսուս ըսաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան վրայ. եւ տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ» (Ղուկաս 21։10, 11)։ Մատնադրոշմ կազմող գիծերուն նման, բոլոր այս դէպքերը միասնաբար կը կազմեն յստակ նշան մը։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ մատնադրոշմը մասնայատուկ անձ մը կը բնորոշէ, նոյնպէս այս բոլոր դէպքերը միաժամանակ պատահելով ցոյց կու տան, թէ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է»։ Արդեօք ատոնք իրապէս միեւնոյն ատեն եւ համաշխարհային տարողութեամբ պատահա՞ծ են։ Տե՛ս ապացոյցները։
-
-
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ երկրի վրայ պիտի իշխէԴիտարան (հանրամատչելի) 2020 | Թիւ 2
-
-
2. ԵՐԿՐԱՇԱՐԺՆԵՐ
Ամէն տարի շուրջ 100 երկրաշարժներ տեղի կ’ունենան, որոնք «մեծ վնասներ» կը պատճառեն, ըստ Britannica Academic–ի։ Իսկ տեղեկագիր մը կը նշէ, որ «(մօտաւորապէս 1900–էն ի վեր) եղող արձանագրութիւններու համաձայն, կ’ակնկալենք որ ամէն տարի շուրջ 16 մեծ երկրաշարժներ տեղի ունենան» (United States Geological Survey)։ Թէեւ ոմանք կը սեպեն թէ ներկայիս աւելի՛ երկրաշարժներ տեղի կ’ունենան, պարզապէս քանի որ արդի սարքերով աւելի կը գիտցուին, սակայն իրողութիւնը այն է, որ աշխարհի տարածքին մեծ երկրաշարժները աննախընթաց կերպով կը պատճառեն տառապանք ու մահ։
3. ՍՈՎԵՐ
Համայն աշխարհի մէջ սովեր տեղի կ’ունենան՝ պատերազմին, փտածութեան, տնտեսական լուրջ խնդիրներու, անյաջող հողագործութեան, կամ օդի խիստ պայմաններուն առաջքը չառնելուն պատճառաւ։ «Սնունդի համաշխարհային ծրագիր»ի «2018–ի գործունէութեան տեղեկագիրը» կ’ըսէ, որ համայն աշխարհի մէջ, 821 միլիոն մարդ բաւարար ուտելիք չունի, իսկ անոնցմէ 124 միլիոնը անօթի կը մնայ։ Յոռի սննդառութեան պատճառաւ, ամէն տարի շուրջ 3,1 միլիոն երեխայ կը մեռնի։ Օրինակ, 2011–ին, աշխարհի տարածքին մահացած երեխաներուն 45 առ հարիւրը անոր վերագրուեցաւ։
4. ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿՆԵՐ
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէկ հրատարակութիւնը կը նշէ. «21–րդ դարը արդէն ճանչցուած է մեծ համաճարակներով։ Հին հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ քոլերան, ժանտախտը եւ դեղին տենդը, վերադարձած են, եւ նոր հիւանդութիւններ մէջտեղ ելած են, ինչպէս՝ ՍԱՐՍ–ը (ծանրակշիռ սուր շնչառական համախտանիշ), համավարակ կրիփը, ՄԸՐՍ–ը (միջինարեւելեան շնչառական համախտանիշ), Իպոլան եւ Զիքան»։ Իսկ վերջերս ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը հարուածեց։ Թէեւ գիտնականներն ու բժիշկները հիւանդութիւններու մասին շատ բան գիտցած են, բայց չեն կրցած բոլոր հիւանդութիւններուն դարմանում գտնել։
-