-
«Ձեր փրկութիւնը մօտ է»Դիտարան 2015 | Յուլիս 15
-
-
2. Ք.Ե. 66–ին, քրիստոնեաները ի՞նչ քայլ պէտք էր առնէին, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կարելի դարձաւ։
2 Անկասկած կը յիշես Յիսուսի խօսքը. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է» (Ղուկ. 21։20)։ Յիսուս այս զգուշացումին հետ մէկտեղ ցուցմունքներ տուաւ. «Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ» (Ղուկ. 21։21)։ Ուստի թերեւս հարց տաս. «Այս վիճակին մէջ ինչպէ՞ս կրնամ տրուած ցուցմունքներուն հետեւիլ»։ Ինչպէ՞ս պիտի փախչիս, երբ բազմաթիւ զինուորներ Երուսաղէմը պաշարած են։ Ետքը, զարմանալի բան մը կը պատահի։ Աչքերուդ առջեւ հռոմայեցի զինուորները կը սկսին նահանջել։ Ինչպէս որ նախագուշակուած էր, անոնց յարձակումի օրերը ‘կը քիչնան’ (Մատ. 24։22)։ Հիմա պատեհութիւնը ունիս Յիսուսի ցուցմունքներուն հետեւելու։ Երուսաղէմի մէջ եւ անոր շրջակայքը եղող բոլոր հաւատարիմ քրիստոնեաներուն հետ անմիջապէս լեռները կը փախչիս, Յորդանան գետի անդի կողմըa։ Յետագային, Ք.Ե. 70 թուականին, հռոմէական նոր բանակ մը Երուսաղէմ կը վերադառնայ եւ զայն կը կործանէ։ Բայց քու կեանքդ խնայուած է, քանի որ Յիսուսի ցուցմունքներուն հնազանդեցար։
-
-
«Ձեր փրկութիւնը մօտ է»Դիտարան 2015 | Յուլիս 15
-
-
ՓՈՐՁԻ ԵՒ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿ
7, 8. ա) Ճշմարիտ երկրպագուները սուտ կրօնքին կործանումէն ետք ի՞նչ պատեհութիւն պիտի ունենան։ բ) Այդ ժամանակ, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները մնացեալ մարդոցմէ ինչպէ՞ս պիտի տարբերին։
7 Ի՞նչ պիտի պատահի սուտ կրօնքի կործանումէն ետք։ Ժամանակը եկած պիտի ըլլայ, որ յայտնի ընենք թէ մեր սրտին մէջ իսկապէս ի՛նչ կայ։ Մարդկութեան մեծամասնութիւնը ապաստան պիտի փնտռէ մարդակերտ կազմակերպութիւններու քով, որոնք «լեռներու ապառաժներ»ու նմանցուած են (Յայտ. 6։15-17)։ Սակայն Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանութեան համար Իրեն պիտի ապաւինի։ Առաջին դարուն, երբ նեղութեան օրերը ‘քիչցան’, ժամանակը չէր որ բոլոր հրեաները յանկարծ քրիստոնեայ դառնային։ Հապա՝ ժամանակն էր որ անոնք, որոնք արդէ՛ն քրիստոնեայ են, գործի անցնին եւ հնազանդ գտնուին։ Նմանապէս, չենք կրնար ակնկալել, որ երբ մեծ նեղութեան օրերը ‘քիչնան’, յանկարծ բազմաթիւ մարդիկ ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը որդեգրեն։ Փոխարէն, անիկա բոլոր ճշմարիտ երկրպագուներուն պատեհութիւն պիտի տայ, որ Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը ապացուցանեն եւ Քրիստոսի եղբայրներուն թիկունք կանգնին (Մատ. 25։34-40)։
8 Թէեւ լիովին չենք գիտեր թէ այդ փորձի ժամանակ ճիշդ ի՛նչ պիտի պատահի, սակայն կ’ակնկալենք որ մեզմէ զոհողութիւն պահանջուի։ Առաջին դարուն, քրիստոնեաները փրկուելու համար ստիպուեցան իրենց ունեցուածքը իրենց ետին ձգել եւ դժուարութիւններու տոկալ (Մար. 13։15-18)։ Մենք ալ հաւատարիմ մնալու համար պիտի յօժարի՞նք նիւթական կորուստ կրել։ Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը ապացուցանելու համար պատրաստ պիտի ըլլա՞նք ընելու ի՛նչ որ մեզմէ պահանջուի։ Պահ մը խորհէ։ Այդ ժամանակ, մենք միակ անձերը պիտի ըլլանք, որոնք կը շարունակեն իրենց Աստուածը պաշտել ի՛նչ որ ալ պատահի, ճիշդ ինչպէս որ Դանիէլ մարգարէն ըրաւ (Դան. 6։10, 11)։
-