Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 12/1 էջ 14-19
  • «Օգնէ ինծի հո՛ն ուր հաւատքի պէտք ունիմ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Օգնէ ինծի հո՛ն ուր հաւատքի պէտք ունիմ»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աղօթենք որ Հաւատքի մէջ Չթերանանք
  • Ապագայ Փորձութիւնները Դիմագրաւել՝ Հաւատքով
  • Մեզ Բժշկող Հաւատքը
  • «Փրկուած Էք Դուք Հաւատքի Միջոցով»
  • Եհովայի խոստումներուն հաւատա՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած հաւատք ունենանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Իրապէս կը հաւատա՞ք աւետարանին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Հաւատք. մեզ զօրացնող յատկութիւն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 12/1 էջ 14-19

«Օգնէ ինծի հո՛ն ուր հաւատքի պէտք ունիմ»

«Տղուն հայրը աղաղակեց ու արցունքով ըսաւ. ‘Տէ՛ր, օգնէ ինծի հո՛ն ուր հաւատքի պէտք ունիմ»։—ՄԱՐԿՈՍ 9։24, ՆԱ։

1. Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ հայր մը աղաղակէ. «Օգնէ ինծի հո՛ն ուր հաւատքի պէտք ունիմ»։

ԴԻՒԱՀԱՐ տղուն հայրը Յիսուս Քրիստոսի դիմաց կայնեցաւ։ Ան որքա՜ն կը տենչար որ իր տղան բուժուէր։ Յիսուսի աշակերտները բաւարար հաւատք չէին ունեցած դեւը հանելու, բայց հայրը աղաղակեց. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր, օգնէ ինծի հո՛ն ուր հաւատքի պէտք ունիմ (ՆԱ)»։ Իր աստուածատուր զօրութեամբ, Յիսուս հանեց դեւը, անկասկած զօրացնելով տղուն հօրը հաւատքը։—Մարկոս 9։13–28

2. Հաւատքի առնչութեամբ, Քրիստոնեաները ո՞ր երկու կերպերով ալ չեն ամչնար։

2 Այդ տղուն յուսադրուած հօրը նման, Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մը չամչնար ըսելու՝ «կը հաւատամ»։ Ծաղրանքի առնողները կրնան ուրանալ Աստուծոյ զօրութիւնը, իր Խօսքին ճշմարտութիւնը եւ նոյնիսկ իր գոյութիւնը։ Բայց ճշմարիտ Քրիստոնեաները առանց քաշուելու կ’ընդունին որ իրենք կը հաւատան Եհովա Աստուծոյ։ Այսուհանդերձ, երբ իրենց երկնաւոր Հօրը հետ անձնական խօսակցութիւն կ’ունենան, այս նոյն անհատները թերեւս աղաչեն. «Օգնէ ինծի հո՛ն ուր հաւատքի պէտք ունիմ»։ Ասիկա կ’ընեն առանց ամչնալու, քանի որ նոյնիսկ առաքեալները Յիսուս Քրիստոսէ խնդրեցին. «Մեր հաւատքը աւելցուր»։—Ղուկաս 17։5  

3. «Հաւատք» բառին գործածութեան մէջ ի՞նչ բան յատկանշական է Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ, եւ ասիկա ինչո՞ւ պատշաճ է։

3 Մանաւանդ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները շատ կը խօսին հաւատքի մասին։ Յովհաննու Աւետարանը «հաւատք»ին հետ առնչութիւն ունեցող Յունարէն տարբեր բառեր կը գործածէ 40 առ հարիւր աւելի յաճախ քան միւս երեք Աւետարանները միասնաբար։ Յովհաննէս կը շեշտէ թէ չի բաւեր հաւատք ունենալ. կենսական է զայն գործադրել։ Իր Աւետարանը Հ.Դ. 98–ի ատենները գրելով, ան տեսաւ որ հաւատուրացութեան թունաւոր բողկուկները կը փորձէին հաւատքի մէջ տկար Քրիստոնեաները իրենց թակարդին մէջ ձգել։ (Գործք 20։28–30. Բ. Պետրոս 2։1–3. Ա. Յովհաննու 2։18, 19) Ուստի, կենսական էր հաւատք գործադրել եւ աստուածապաշտ արարքներով զայն ապացուցանել։ Դժուար ժամանակներ կը սպասէին անոնց։

4. Ինչո՞ւ հաւատք ունեցողին համար բա՛ն մը անհնարին չէ։

4 Հաւատքը Քրիստոնեաները կարող կը դարձնէ որ որեւէ դժուարութեան հետ գլուխ ելլեն։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ եթէ «մանանեխի հատի չափ հաւատք» ունենային, բան մը անհնարին պիտի չըլլար իրենց համար։ (Մատթէոս 17։20) Այդ կերպով, ան սուրբ հոգիին պտուղներէն մէկը եղող հաւատքի զօրութիւնը շեշտեց։ Այսպիսով Յիսուս ցոյց տուաւ ո՛չ թէ ինչ որ մարդիկ, այլ՝ Աստուծոյ հոգին կամ գործօն ոյժը կրնայ ընել։ Այդ հոգիով առաջնորդուողները հողակոյտի մեծութիւն ունեցող արգելքները եւ խնդիրները լեռներու չեն վերածեր։ Աստուծոյ հոգիին մատակարարած իմաստութիւնը կիրառելը կ’օգնէ անոնց որ խնդիրներուն պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն չտան։ Նոյնիսկ լուրջ խնդիրները կը նսեմանան հաւատքի ոյժ տուող զօրութեան դիմաց։—Մատթէոս 21։21, 22. Մարկոս 11։22–24. Ղուկաս 17։5, 6

Աղօթենք որ Հաւատքի մէջ Չթերանանք

5–7. (ա) Երբ Յիսուս Յիշատակատօնը հաստատեց, հաւատքի մասին ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։ (բ) Պետրոսի հաւատքը ինչպէ՞ս օգնեց իրեն որ իր եղբայրները զօրացնէ։

5 Յիսուս վերջին անգամ ըլլալով իր աշակերտներուն հետ Պասէքը տօնեց Հ.Դ. 33–ին։ Ապա, Իսկարիովտացի Յուդան արձակելէ ետք, ան Յիշատակատօնը հաստատեց, ըսելով. «Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց ... Սի՛մոն, Սի՛մոն, ահա Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ. բայց ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէսզի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես»։—Ղուկաս 22։29–32

6 Յիսուս աղօթեց, որ Սիմոն Պետրոսի հաւատքը չպակսի։ Թէեւ Պետրոս շատ ինքնավստահութեամբ հպարտացաւ որ բնաւ պիտի չուրանար Յիսուսը, սակայն քիչ ետք երեք անգամ ուրացաւ զայն։ (Ղուկաս 22։33, 34, 54–62) Իրականութեան մէջ, ինչպէս մարգարէացուած էր, երբ Հովիւը մեռաւ, ոչխարները ցրուեցան։ (Զաքարեայ 13։7. Մարկոս 14։27) Բայց, Պետրոս վախի ծուղակին մէջ իյնալէ ետք երբ ինքզինք գտաւ, ան իր հոգեւոր եղբայրները զօրացուց։ Ան էր որ անհաւատարիմ Իսկարիովտացի Յուդան փոխարինելու նիւթը մէջտեղ բերաւ։ Որպէս առաքեալներուն խօսնակը ծառայելով, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Պետրոս առաջին «բանալին» գործածեց, Հրեաներուն դիմաց ճամբան բանալով որ Թագաւորութեան անդամները ըլլան։ (Մատթէոս 16։19. Գործք 1։15–2։41) Սատանան ուզած էր առաքեալները ցորենի պէս խարբալել, բայց Աստուած հոգ տարաւ որ անոնք հաւատքի մէջ չթերանան։

7 Երեւակայեցէք թէ Պետրոս ի՛նչպէս զգաց երբ լսեց Յիսուսի խօսքերը. «Ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէսզի քու հաւատքդ չպակսի»։ Պատկերացուցէ՜ք. իր Տէրը եւ Վարդապետը աղօթած էր որ Պետրոսի հաւատքը չթերանայ։ Իրապէս ան չթերացաւ կամ չպակսեցաւ։ Պէնտէկոստէի օրը, Պետրոս եւ ուրիշներ, Աստուծոյ հոգեւոր զաւակները եւ երկնային փառքին մէջ Քրիստոսի ժառանգակիցները ըլլալու համար, սուրբ հոգիով առաջին օծուողները եղան։ Նախապէս անծանօթ եղող չափով մը, սուրբ հոգին անոնց վրայ գործելով, անոնք կրցան անոր պտուղները ցուցաբերել, մէջը ըլլալով որեւէ ժամանակէ աւելի մեծ հաւատք մը։ Ի՜նչ հոյակապ պատասխան մը, «մեր հաւատքը աւելցուր» խնդրանքին։—Ղուկաս 17։5. Գաղատացիս 3։2, 22–26. 5։22, 23

Ապագայ Փորձութիւնները Դիմագրաւել՝ Հաւատքով

8. Կազմակերպութիւնը ի՞նչ ժամանակայարմար ազդարարութիւն տուած է մեզի Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ի մասին։

8 Աստուածաշունչի մէկ մարգարէութիւնը կատարուելով, շուտով պիտի լսենք «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» աղաղակը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3) Ասիկա մեր հաւատքը կրնա՞յ փորձի ենթարկել։ Այո, քանի որ կրնանք մեր արթնութիւնը կորսնցնել, խաղաղութիւն բերելու համար ազգերուն երեւութական յաջողութիւնը տեսնելով։ Սակայն, մենք այսպիսի խաղաղութեան հոգիին մասնակից պիտի չըլլանք, եթէ մեր միտքը ունենանք թէ Եհովա Աստուած աշխարհի գործակալներէն ո՛չ մէկը պիտի գործածէ այս նպատակով։ Ան ճշմարիտ խաղաղութիւն բերելու համար իր անձնական կերպը ունի. անիկա պիտի ըլլայ Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած իր Թագաւորութեան միջոցաւ։ Հետեւաբար, խաղաղութիւնը հաստատելու համար ազգերը ի՛նչ յաջողութիւն ալ ունենան, անիկա կարճատեւ եւ մակերեսային պիտի ըլլայ։ Այս ուղղութեամբ մեզի արթուն պահելու համար, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառա»ն պիտի շարունակէ ժամանակայարմար ազդարարութիւններ հրատարակել, որպէսզի Եհովայի ծառաները իրենց արթնութիւնը չկորսնցնեն, երբ իրերու այս հին դրութեան ազգերը մօտ ատենէն յաւակնին «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» ծանուցանել։—Մատթէոս 24։45–47

9. Ինչո՞ւ Մեծն Բաբելոնի կործանումը մեզմէ քաջութիւն եւ հաւատք կը պահանջէ։

9 «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» աղաղակը Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքին համաշխարհային կայսրութեան վրայ գալիք ‘յանկարծակի կորուստի’ ազդանշանը պիտի ըլլայ։ (Յայտնութիւն 17։1–6. 18։4, 5) Ասիկա ալ Քրիստոնէական հաւատքի փորձ մը պիտի ըլլայ։ Սուտ կրօնքը կործանած ատեն, Եհովայի Վկաները հաւատքի մէջ հաստատ պիտի մնա՞ն։ Անշո՛ւշտ։ Այս դէպքը՝ որ շատերուն համար անսպասելի եւ անհասկնալի պիտի ըլլայ՝ մարդու կամքով պիտի չըլլայ։ Մարդիկ պիտի գիտնան թէ անիկա ի՛րապէս Եհովայի դատաստանն է, սրբացնելով այդ անունը զոր սուտ կրօնքը դարեր շարունակ անարգած է։ Բայց մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի գիտնան, եթէ մէկը անոնց չըսէ։ Իսկ Եհովայի Վկաներէն զատ զորո՞նք կ’ակնկալէք որ ասիկա ըսեն մարդոց։—Բաղդատել Եզեկիէլ 35։14, 15. Հռովմայեցիս 10։13–15։

10. Եհովայի ժողովուրդին վրայ Գոգի յարձակումը ինչո՞ւ հաւատքի փորձութիւն մը պիտի ըլլայ։

10 Եհովայի օծեալ Վկաները եւ երկրային յոյս ունեցող անոնց ընկերակիցները հարկ եղած քաջութիւնը ունեցած են ուրիշներուն խօսելու Մեծն Բաբելոնի եւ Սատանայի դրութեան մնացեալ մասին վրայ Եհովայի դատաստանին շուտով ի գործ դրուելուն մասին։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Սատանայի ներկայ նուաստացած դիրքին նշող Գոգ Մագոգի իր դերին մէջ, ան իր երկրային ուժերը պիտի առաջնորդէ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ ամբողջական յարձակում մը գործելու համար։ Աստուածային պաշտպանութեան հանդէպ Եհովայի Վկաներուն հաւատքը փորձի պիտի ենթարկուի։ Բայց կրնանք հաւատալ որ, ինչպէս Աստուծոյ Խօսքը մարգարէացած է, Եհովա պիտի փրկէ իր ժողովուրդը։—Եզեկիէլ 38։16. 39։18–23

11, 12. (ա) Ջրհեղեղի ընթացքին, ի՞նչ բան Նոյի եւ իր ընտանիքին փրկութիւնը ապահովեց։ (բ) Մեծ նեղութեան ընթացքին, ի՞նչ բանի մասին պէտք չէ մտահոգուինք։

11 Ներկայիս, չենք գիտեր թէ Եհովա ճիշդ ի՛նչպէս պիտի պաշտպանէ իր ժողովուրդը ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին, բայց ասիկա պատճառ մը չէ անոր վրայ կասկածելու։ (Մատթէոս 24։21, 22) Աստուծոյ արդի ծառաներուն վիճակը պիտի նմանի Ջրհեղեղի ժամանակ Նոյի եւ իր ընտանիքին վիճակին։ Տապանին մէջ գոցուած, կործանարար ջուրերու յորձանքը իրենց շուրջ, հաւանաբար անոնք ապշահար եղած էին աստուածային զօրութեան ցուցադրութեան դիմաց եւ ջերմեռանդօրէն կ’աղօթէին։ Սուրբ գրային ապացոյց չկայ թէ անոնք մտահոգուած՝ իրենք իրենց հարց կու տային. ‘Տապանը իրապէս բաւական տոկո՞ւն է որ կարենայ դիմանալ կործանարար ուժերու դիմաց։ Բաւարար ուտելի՞ք ունինք մինչեւ Ջրհեղեղը վերջանայ։ Պիտի կարենա՞նք անկէ ետք երկրին փոխուած պարագաներուն հետ համակերպիլ’։ Հետագայ դէպքերը փաստեցին թէ այսպիսի մտավախութիւններ անհիմն էին։

12 Նոյ եւ իր ընտանիքը հաւատք գործադրելու պէտք ունէին, իրենց փրկութիւնը ապահովելու համար։ Ասիկա կը նշանակէր Աստուծոյ սուրբ հոգիին հրահանգներուն եւ առաջնորդութեան հետեւիլ։ Մեծ նեղութեան ընթացքին, մեզի համար ալ նոյնքան ստիպողական պիտի ըլլայ սուրբ հոգիին առաջնորդութեան հետեւիլ եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ Եհովայի խրատներուն հնազանդիլ։ Այդ ատեն մտահոգուելու եւ հարցնելու կարիքը պիտի չունենանք. ‘Մեր հոգեւոր եւ նիւթական պէտքերը ինչպէ՞ս պիտի գոհացուին։ Ի՞նչ կարգադրութիւններ պիտի ըլլան տարեց անհատներու կամ բժշկական մասնաւոր խնամքի կամ բուժումի կարօտ եղողներուն համար։ Եհովա ինչպէ՞ս կարելի պիտի ընէ որ նոր աշխարհ մտնենք’։ Զօրաւոր հաւատքով, Եհովայի բոլոր հաւատարիմ ծառաները ամէն բան իր հզօր ձեռքերուն պիտի յանձնեն։—Բաղդատել Մատթէոս 6։25–33։

13. Երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, ինչո՞ւ Աբրահամի հաւատքին նման հաւատքի պէտք ունինք։

13 Անգամ մը որ մեծ նեղութիւնը սկսի, անկասկած Աստուծոյ վրայ մեր հաւատքը մեծապէս պիտի զօրանայ։ Վերջապէս պիտի տեսնենք թէ Եհովա ի՛նչ որ ըսաւ որ պիտի ընէ՝ ըրաւ։ Մեր աչքերով պիտի տեսնենք իր դատաստանին ի գործ դրուիլը։ Բայց անձնապէս բաւարար հաւատք պիտի ունենա՞նք թէ մինչ Աստուած կը կործանէ ամբարիշտը, պիտի պահպանէ իր ժողովուրդը։ Աբրահամի նման պիտի ըլլա՞նք, որ կը հաւատար որ ‘բոլոր երկրին Դատաւորը արդարութիւն պիտի ընէ’, արդարը ամբարիշտին հետ չկորսնցնելով։—Ծննդոց 18։23, 24

14. Ո՞ր հարցումները պատճառ պիտի ըլլան որ մեր հաւատքը վերլուծենք եւ ծանր աշխատինք զայն զօրացնելու համար։

14 Որքա՜ն կարեւոր է որ հիմա մեր հաւատքը կերտենք։ Հիմա իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը շատ մօտ ըլլալով, թոյլ տանք որ Աստուծոյ հոգին մեզ մղէ ‘սուրբ վարմունքի ու բարեպաշտութեան’։ (Բ. Պետրոս 3։11–14) Այդ պարագային, մեծ նեղութեան ընթացքին մեր միտքը այսպիսի հարցումներով պիտի չանհանգստանայ. ‘Եհովայի պաշտպանութիւնը ստանալու արժանի՞ եմ։ Իր ծառայութեան մէջ աւելին կրնայի՞ ընել։ Իրապէս ծանր աշխատեցա՞յ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնելու համար։ Այնպիսի ա՞նձ մըն եմ զոր Եհովա կ’ուզէ իր նոր աշխարհին մէջ’։ Այսպիսի զգաստացուցիչ հարցումներ պատճառ պէտք է ըլլան որ հիմա իսկ մեր հաւատքը վերլուծենք եւ ծանր աշխատինք զայն զօրացնելու համար։—Կողոսացիս 3։8–10

Մեզ Բժշկող Հաւատքը

15. Երբեմն Յիսուս Ի՞նչ ըսաւ իր բժշկած անհատներուն, բայց ասիկա ինչո՞ւ ներկայ հաւատքի բուժումներուն թիկունք չի կանգնիր։

15 Յիսուս իր ֆիզիքական բուժումները միայն հաւատք ունեցողներուն չսահմանափակեց։ (Յովհաննու 5։5–9, 13) Ուստի, իր գործունէութիւնը ոչ մէկ կերպով թիկունք կը կանգնի հաւատքի բուժումի ոչ–սուրբ գրային վարդապետութեան։ Ճիշդ է որ երբեմն Յիսուս բուժած անհատներուն ըսաւ. «Քու հաւատքդ քեզ բժըշկեց»։ (Մատթէոս 9։22. Մարկոս 5։34. 10։52. Ղուկաս 8։48. 17։19. 18։42) Բայց ասիկա ըսելով, ան պարզապէս բացայայտ ճշմարտութեան մը կը մատնանշէր. Եթէ այդ ցաւագարները չհաւատային Յիսուսի բուժելու կարողութեան, նախ բուժուելու համար իրեն պիտի չգային։

16. Յիսուս բուժումի ի՞նչ յայտագիր հիմա կ’առաջնորդէ։

16 Ներկայիս, Յիսուս Քրիստոս հոգեւոր բուժումի յայտագիր մը կ’առաջնորդէ եւ 4,000,000–է աւելի անհատներ իրապէս անկէ կ’օգտուին։ Որպէս Եհովայի Վկաներ, անոնք հոգեւոր առողջութիւն կը վայելեն, հակառակ որեւէ ֆիզիքական հաշմանդամութեան զոր անոնք կրնան ունենալ։ Անոնց մէջ գտնուող օծեալ Քրիստոնեաները երկնային յոյս ունին եւ կը շարունակեն ‘իրենց աչքերը՝ չերեւցած, յաւիտենական բաներուն’ վրայ սեւեռել։ (Բ. Կորնթացիս 4։16–18. 5։6, 7) Իսկ երկրային յոյս ունեցող Քրիստոնեաները ակնկալութեամբ կը սպասեն Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ կատարուելիք ֆիզիքական բուժումի արարքներուն։

17, 18. Յայտնութիւն 22։1, 2–ի մէջ, Եհովայի ո՞ր հայթայթումը նկարագրուած է, եւ ինչո՞ւ հաւատքի պէտք ունինք անկէ օգտուելու համար։

17 Յովհաննէս առաքեալ, Յայտնութիւն 22։1, 2–ի մէջ, յաւիտենական կեանքի համար Աստուծոյ հայթայթումներուն ակնարկեց հետեւեալ բառերով. «Ինծի կենաց ջուրի գետ մը ցուցուց ակնվանիի պէս պայծառ, որ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն կ’ելլէր։ Այն քաղաքին հրապարակին մէջ ու այն գետին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն կենաց ծառ մը կար, որ տասներկու կերպ պտուղ կը բերէր։ Ամէն ամիս իր պտուղը կու տար։ Այն ծառին տերեւները հեթանոսներուն բժշկութիւն կ’ըլլային»։ «Կենաց ջուրը» իր մէջ կը բովանդակէ Աստուծոյ ճշմարտութեան Խօսքը եւ այն բոլոր հայթայթումները զորս Եհովա ըրած է հնազանդ մարդկութիւնը մեղքէն եւ մահէն բուժելու եւ անոնց շնորհելու յաւիտենական կեանքը Յիսուսի քաւիչ զոհագործութեան հիման վրայ։ (Եփեսացիս 5։26. Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Մինչ երկրի վրայ են, Յիսուսի 144,000 օծեալ հետեւորդները Քրիստոսի միջոցաւ կեանքի համար Աստուծոյ հայթայթումներէն կը խմեն եւ անոնք կոչուած են «արդարութեան բեւեկնիներ»։ (Եսայեայ 61։1–3. Յայտնութիւն 14։1–5) Անոնք երկրի վրայ հոգեւոր բազմաթիւ պտուղներ յառաջ բերած են։ Երկնքի մէջ յարուցուելէ ետք, Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, անոնք փրկանքի հայթայթումները մատակարարելու պիտի մասնակցին, որ պիտի ծառայէ ‘հեթանոսները բժշկելու’ մեղքէն եւ մահէն։

18 Աստուծոյ այս հայթայթումներուն հանդէպ որքան զօրաւոր ըլլայ մեր հաւատքը, անոնց մասնակից ըլլալու համար իր հոգիին առաջնորդութեան հետեւելու մեր յօժարակամութիւնն ալ այդքան մեծ պիտի ըլլայ։ Վերջապէս ֆիզիքական կատարելութիւնը պիտի գայ, երբ անհատը Քրիստոսի կը հաւատայ եւ հոգեւորապէս կը յառաջդիմէ։ Թէեւ ան հրաշքով պիտի բուժուի իր գլխաւոր թերութիւններէն, բայց կատարելութեան պիտի մօտենայ, շիտակը ընելով։ Ան կանոնաւորաբար մասնակից պիտի ըլլայ Քրիստոսի զոհագործութեան միջոցաւ Աստուծոյ բուժիչ հայթայթումներուն։ Ուստի, հաւատքը պիտի ազդէ ֆիզիքապէս մեր բուժուելուն եւ կատարելութեան հասնելուն։

«Փրկուած Էք Դուք Հաւատքի Միջոցով»

19. Ինչո՞ւ կենսական է հաւատքի մէջ հաստատ մնալ։

19 Որքա՜ն կենսական է որ Եհովայի ծառաները հաւատքի մէջ հաստատ մնան, մինչեւ որ Աստուծոյ նոր աշխարհի արշալոյսը յաւիտեան փարատէ ներկայ ամբարիշտ աշխարհի խաւարը։ «Անհաւատները» պիտի նետուին «կրակով ու ծծումբով վառած լճին մէջ», որ է երկրորդ մահը։ Ասիկա տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վերջին փորձէն ետք։ (Յայտնութիւն 20։6–10. 21։8) Ի՜նչ օրհնեալ բաժին մը պիտի ունենան անոնք որոնք պիտի շարունակեն հաւատք ի գործ դնել եւ վերապրելով անվերջ ապագայ մը վայելել։

20. Ա. Կորնթացիս 13։13–ը ինչպէ՞ս մասնաւոր նշանակութիւն մը պիտի ունենայ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վախճանին։

20 Այդ ատեն Ա. Կորնթացիս 13։13–ի Պօղոսի խօսքերը մասնաւոր նշանակութիւն մը պիտի ունենան. «Ուստի հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է»։ Այլեւս կարիքը պիտի չունենանք հաւատալու Ծննդոց 3։15–ի մարգարէական խոստումին իրականացման, կամ յուսալով թէ անիկա պիտի կատարուի։ Ատիկա արդէն եղած պիտի ըլլայ։ Որպէս ուղղամիտ անհատներ, պիտի շարունակենք Եհովայի յուսալ, իրեն եւ իր Որդւոյն հաւատալ եւ զիրենք սիրել որպէս այս մարգարէութիւնը իրագործողներ։ Ասկէ զատ, խորունկ սէրը եւ մեզ փրկողին հանդէպ սրտանց երախտագիտութիւնը մեզ Աստուծոյ պիտի կապեն յաւիտենական, անբեկանելի նուիրումով։—Ա. Պետրոս 1։8, 9

21. Ներկայիս ի՞նչ պէտք է ընենք ‘հաւատքով փրկուելու’ համար։

21 Իր տեսանելի կազմակերպութեան միջոցաւ, մեր հաւատքը զօրացնելու համար Եհովա հոյակապ կարգադրութիւններ ըրած է։ Անոնցմէ լիովին օգտուեցէք։ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ կանոնաւորաբար ժողովներուն յաճախեցէք եւ անոնց մասնակցեցէք։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Իր Խօսքը եւ Քրիստոնէական հրատարակութիւնները ջանադրութեամբ սերտեցէք։ Եհովայէ իր սուրբ հոգին խնդրեցէք։ (Ղուկաս 11։13) Ժողովքին մէջ խոնարհութեամբ առաջնորդութիւն ընողներուն հաւատքը ընդօրինակեցէք։ (Եբրայեցիս 13։7) Աշխարհային փորձութիւններուն դէմ դրէք։ (Մատթէոս 6։9, 13) Այո, Եհովայի հետ ձեր անձնական յարաբերութիւնը ամէն կերպով խորացուցէք։ Մանաւանդ, շարունակեցէք հաւատք գործադրել։ Այն ատեն պիտի գտնուիք Եհովան հաճեցնողներուն մէջ եւ պիտի փրկուիք, քանի որ Պօղոս նշեց. «Վասնզի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ո՛չ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է»։—Եփեսացիս 2։8

Ի՞նչ Պիտի Պատասխանէք

◻ Մեր դիմաց հաւատքի ի՞նչ փորձութիւն մը կայ։

◻ Ի՞նչ երկու կերպերով մեր հաւատքը կրնայ մեզ բժշկել։

◻ Ըստ Ա. Պետրոս 1։9–ի, որքա՞ն ատեն մեր հաւատքը պէտք է պահենք։

◻ Մեր հաւատքը զօրացնելու համար ի՞նչ կարգադրութիւններ ունինք։

[Նկար՝ էջ 15]

Յիսուսի բուժած տղուն հօրը նման, դուք ալ աւելի հաւատք ունենալու կարիքը կը զգա՞ք

[Նկար՝ էջ 17]

‘Մեծ նեղութենէն’ վերապրիլը, Նոյի եւ իր ընտանիքին նման հաւատք կը պահանջէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել