Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ԱՊՐԻԼ 2-8
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 26
«Պասեք եւ Յիշատակատօն. Նմանութիւններ եւ տարբերութիւններ»
(Մատթէոս 26։17-20) Բաղարջակերաց առաջին օրը աշակերտները Յիսուսին եկան, անոր ըսին. «Ո՞ւր կ’ուզես որ քեզի պատրաստենք զատիկը՝ ուտելու համար»։ 18 Անիկա ըսաւ. «Գացէք քաղաքը այս ինչ մարդուն ու ըսէք անոր, Վարդապետը կ’ըսէ. ‘Ժամանակս մօտ է. աշակերտներուս հետ մէկտեղ քու քովդ պիտի ընեմ զատիկը’»։ 19 Աշակերտներն ալ ըրին ինչպէս Յիսուս իրենց հրամայեց ու պատրաստեցին զատիկը։ 20 Իրիկունը տասներկուքին հետ սեղան նստաւ։
nwtsty գծագրութիւն
Պասեքի ընթրիք
Պասեքի ընթրիքը կը պարփակէր. 1) խորոված գառնուկ (անասունին ո՛չ մէկ ոսկորը պէտք էր կոտրուէր), 2) բաղարջ կամ անխմոր հաց եւ 3) լեղի խոտեր (Ել. 12։5, 8. Թւ. 9։11)։ Միշնայի համաձայն,– որ Թալմուտին՝ հրեաներուն քաղաքացիական եւ կրօնական օրէնքներու հաւաքածոյին՝ առաջին գիրքն է,– լեղի խոտերը կրնային ըլլալ հազար, վայրի հազար, կոտեմ (թառա), հնդիպէ եւ կռաբանջար (ռոքքա)։ Այնպէս կ’երեւի որ լեղի խոտերը իսրայէլացիներուն յիշեցուցին Եգիպտոսի մէջ իրենց դառն գերութիւնը։ Յիսուս անխմոր հացը գործածեց որպէս խորհրդանիշ իր մարդկային կատարեալ մարմինին (Մատ. 26։26)։ Եւ Պօղոս առաքեալ Յիսուսը կոչեց «զատիկը [«Պասեքի գառը», ՆԱ]» (Ա. Կոր. 5։7)։ Առաջին դարուն, արդէն իսկ 4) գինին ալ կը հրամցուէր Պասեքի ընթրիքին։ Յիսուս գինին գործածեց որպէս խորհրդանիշ իր արեան, որ որպէս զոհ պիտի թափուէր (Մատ. 26։27, 28)։
(Մատթէոս 26։26) Մինչ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 26։26
է։ Յունարէն e·stinʹ բառը հոս կը կրէ «կը նշանակէ, կը խորհրդանշէ, ըսել է, կը ներկայացնէ» իմաստները։ Այս բառին իմաստը յստակ էր առաքեալներուն համար, քանի որ այս առիթին թէ՛ Յիսուսի կատարեալ մարմինը եւ թէ անխմոր հացը որ պիտի ուտէին, հոն՝ իրենց առջեւն էին։ Ուրեմն, կարելի չէր որ հացը Յիսուսի բառացի մարմինը ըլլար։ Նկատողութեան արժանի է, որ նոյն յունարէն բառը կը գործածուի Մատ. 12։7–ին մէջ եւ Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններ զայն կը թարգմանեն «ըսել է» կամ «կը նշանակէ»։
(Մատթէոս 26։27, 28) Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ. 28 «Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասն զի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 26։28
արիւնս նոր ուխտի։ Եհովային եւ օծեալ քրիստոնեաներուն միջեւ եղած նոր ուխտը ի զօրու դարձաւ Յիսուսի զոհով (Եբ. 8։10)։ Հոս Յիսուս կը գործածէ այն նոյն արտայայտութիւնը որ Մովսէս գործածեց, երբ Սինա լերան վրայ որպէս միջնորդ կը ծառայէր եւ Օրէնքի ուխտը կը ներկայացնէր իսրայէլ ազգին (Ել. 24։8. Եբ. 9։19-21)։ Ինչպէս որ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը ի զօրու դարձուց Աստուծոյ եւ Իսրայէլ ազգին միջեւ եղած Օրէնքի ուխտը, նոյնպէս Յիսուսի արիւնը ի զօրու դարձուց նոր ուխտը, որ Եհովան հոգեւոր իսրայէլին հետ պիտի ընէր։ Նոր ուխտը ի զօրու դարձաւ Ք.Ա. 33–ի Պէնտէկոստէին (Եբ. 9։14, 15)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մատթէոս 26։17) Բաղարջակերաց առաջին օրը աշակերտները Յիսուսին եկան, անոր ըսին. «Ո՞ւր կ’ուզես որ քեզի պատրաստենք զատիկը՝ ուտելու համար»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 26։17
Բաղարջակերաց առաջին օրը։ Բաղարջակերաց (անխմոր հացի) տօնը կը սկսէր նիսան 15–ին՝ Պասեքէն (նիսան 14–էն) մէկ օր ետք, եւ եօթը օր կը տեւէր (տե՛ս Ուղ 19)։ Բայց Յիսուսի օրերուն, Պասեքը այնքա՛ն առնչուած էր այս տօնին, որ երբեմն ամբողջ ութ օրերուն՝ մէջը ըլլալով նիսան 14–ին, կ’ակնարկուէր որպէս «Բաղարջակերաց տօն» (Ղուկ. 22։1)։ Այս հատուածին մէջ, «առաջին օրը» կրնայ թարգմանուիլ «մէկ օր առաջ» (համեմատէ Յովհ. 1։15, 30–ին հետ, ուր «առաջին» թարգմանուած յունարէն բառը [proʹtos] նոյն ձեւի նախադասութեան մը մէջ կը թարգմանուի «առաջ», այսինքն՝ «ինձմէ առաջ [proʹtos] էր»)։ Ուրեմն թէ՛ յունարէն բնագիրէն եւ թէ հրէական սովորութենէն կրնանք եզրակացնել, որ աշակերտները Մատ. 26։17–ի մէջ նշուած իրենց հարցումը հարցուցին նիսան 13–ին։ Նիսան 13–ի ցերեկը, աշակերտները պատրաստութիւններ տեսան Պասեքը տօնելու, որ տեղի պիտի ունենար «իրիկունը»՝ նիսան 14–ի սկիզբը (Մար. 14։16, 17)։
(Մատթէոս 26։39) Ու քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինձմէ անցնի. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 26։39
թող այս գաւաթը ինձմէ անցնի։ Սուրբ Գիրքին մէջ «գաւաթ» բառը շատ անգամ այլաբանօրէն կը գործածուի՝ ակնարկելու համար Աստուծոյ կամքին կամ անհատի մը նշանակուած բաժինին։ Յիսուս անկասկած շատ մտահոգ էր, որ որպէս հայհոյիչ եւ խռովարար իր ամբաստանուիլն ու մեռնիլը կրնար Աստուծոյ անարգանք բերել։ Անոր համար ան մղուեցաւ աղօթելու որ այս «գաւաթը» իրմէ անցնի։
ԱՊՐԻԼ 9-15
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 27-28
«Գացէ՛ք, աշակերտեցէք. Ինչո՞ւ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս»
(Մատթէոս 28։18) Յիսուս մօտենալով՝ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։
«Գացէ՛ք, Աշակերտեցէ՛ք»
4 Յիսուս իշխանութիւն ունի իր ժողովքին վրայ, եւ 1914–էն ի վեր հեղինակութիւն ունի Աստուծոյ նորահաստատ Թագաւորութեան վրայ (Կողոսացիս 1։13. Յայտնութիւն 11։15)։ Ան հրեշտակապետն է, եւ այս հանգամանքով իր իշխանութեան ներքեւ ունի հարիւր միլիոնաւոր հրեշտակներէ բաղկացած երկնային բանակ մը (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15. Ա. Պետրոս 3։22. Յայտնութիւն 19։14-16)։ Իր Հայրը իրեն լիազօրութիւն տուած է որ խափանէ «ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն», որ արդար սկզբունքներուն կը հակառակին (Ա. Կորնթացիս 15։24-26. Եփեսացիս 1։20-23)։ Յիսուսի իշխանութիւնը ապրողներէն աւելին կը պարփակէ։ Ան նաեւ ‘Դատաւոր է ողջերուն եւ մեռելներուն’, եւ աստուածատուր զօրութիւն ունի ննջեցեալները յարուցանելու (Գործք 10։42, ԱԾ. Յովհաննէս 5։26-28)։ Այսպիսի ընդարձակ հեղինակութիւն ստացած Անհատին տուած պատուէրը, վստահաբար խիստ կարեւոր պէտք է նկատուի։ Հետեւաբար, յարգալից ու սիրայօժար կերպով կը հնազանդինք Քրիստոսի պատուէրին. «Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք»։
(Մատթէոս 28։19) Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։
nwtsty սերտելու նոթեր. Մատ. 28։19
բոլոր ազգերը։ Հատուածը ցոյց կու տայ, որ այս արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ անհատներու, որոնք բոլոր ազգերէն են, քանի որ յունարէնով մկրտեցէ՛ք զանոնք արտայայտութեան մէջ «զանոնք» բառը կ’ակնարկէ մարդոց եւ ոչ թէ «ազգեր»ու։ «Բոլոր ազգեր»ուն քարոզելը նոր պատուէր մըն էր։ Յիսուսի ծառայութիւնը սկսելէն առաջ, Սուրբ Գրութիւնները նշեցին, որ ոչ–հրեաները կրնային Իսրայէլ գալ, որ իսրայէլացիներուն հետ Եհովային ծառայեն (Գ. Թագ. 8։41-43)։ Բայց այս պատուէրով Յիսուս իր աշակերտներուն կը յանձնարարէ, որ իրենց քարոզչութիւնը ընդարձակեն՝ հրեաներէն զատ ուրիշ ազգերէ մարդոց ալ քարոզելով։ Այսպիսով Յիսուս կը շեշտէ որ աշակերտելու գործը համաշխարհային տարողութիւն պիտի ունենայ (Մատ. 10։1, 5-7. Յայտ. 7։9)։
աշակերտեցէք։ Յունարէն ma·the·teuʹo բառը կրնայ թարգմանուիլ «սորվեցուցէք»՝ աշակերտելու նպատակով (համեմատէ Մատ. 13։52–ին հետ, ուր այս բառը կը թարգմանուի «աշակերտ»)։ «Մկրտեցէ՛ք» եւ «սորվեցուցէք» բառերը ցոյց կու տան, որ «աշակերտեցէք» պատուէրը ի՛նչ կը պարփակէ։
(Մատթէոս 28։20) Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 28։20
Սորվեցուցէք անոնց։ «Սորվեցնել» բառին յունարէնը կը պարփակէ՝ ուղղութիւն տալ, բացատրել, պատճառաբանել եւ փաստեր տալ (տե՛ս Մատ. 3։1–ի եւ Մատ. 4։23–ի սերտելու նոթերը)։ Անոնց սորվեցնելը որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ Յիսուս իրենց պատուիրած էր, շարունակական բան մըն էր, որ պիտի պարփակէր ուրիշներուն սորվեցնել այն ինչ որ Յիսուս սորվեցուց, ինչպէս նաեւ սորվեցնել որ Յիսուսին օրինակին հետեւին (Յովհ. 13։17. Եփ. 4։21. Ա. Պետ. 2։21)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մատթէոս 27։51) Ահա տաճարին վարագոյրը վերէն վար երկուքի ճեղքուեցաւ, երկիր շարժեցաւ, քարերը պատռեցան։
nwtsty սերտելու նոթեր. Մատ. 27։51
տաճարին։ Տաճար թարգմանուած յունարէն na·osʹ բառը հոս կ’ակնարկէ սրբարանին, այսինքն այն գլխաւոր կառոյցին, որուն մէջ կը գտնուէին Սրբութիւն եւ Սրբութիւն սրբութեանց բաժանմունքները։
վարագոյրը։ Տաճարին սրբարանին մէջ գեղեցիկ կերպով զարդարուած այս վարագոյրը Սրբութիւն սրբութեանցը կը բաժնէր Սրբութենէն։ Հրէական պատմութեան համաձայն, այս ծանր վարագոյրին երկարութիւնը 18 մեթր էր, լայնութիւնը՝ 9 մեթր իսկ հաստութիւնը՝ 7,4 սանթիմեթր։ Վարագոյրը երկուքի ճեղքելով, Եհովան ո՛չ միայն իր բարկութիւնը կը յայտնէ իր Որդին սպաննողներուն դէմ, հապա նաեւ ցոյց կու տայ, որ այլեւս կարելի պիտի ըլլայ երկինք մուտք գործել (Եբ. 10։19, 20)։
(Մատթէոս 28։7) Շուտ մը գացէք անոր աշակերտներուն ըսէք թէ՝ «Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ, հոն պիտի տեսնէք զանիկա». ահա ձեզի ըսի։
nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 28։7
անոր աշակերտներուն ըսէք թէ՝ «Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ»։ Այս կիները այն առաջին աշակերտներն են, որոնց ոչ միայն ըսուեցաւ որ Յիսուս յարութիւն առած է, հապա նաեւ ըսուեցաւ որ միւս աշակերտներուն ալ պատմեն (Մատ. 28։2, 5, 7)։ Հրէական ոչ–սուրբգրային աւանդութեան համաձայն, արտօնուած չէր որ կին մը դատարանին մէջ վկայութիւն տար։ Մինչդեռ, այս դէպքին մէջ կը տեսնենք, որ հրեշտակը կիները կը պատուէ, իրենց այս ուրախալի նշանակումը տալով։
ԱՊՐԻԼ 16-22
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՐԿՈՍ 1-2
«Քու մեղքերդ քեզի ներուած են»
(Մարկոս 2։3-5) Իրեն չորս մարդով վերցուած անդամալոյծ մը բերին, 4 բայց տեսնելով որ բազմութենէն չէին կրնար անոր մօտենալ, քակեցին տանը տանիքը ուր կը գտնուէր Յիսուս ու ծակ մը բանալով վար իջեցուցին մահիճը, որուն վրայ պառկած էր անդամալոյծը։ 5 Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Ո՛րդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։
jy էջ 67 պարբ. 3-5
«Քու մեղքերդ քեզի ներուած են»
Մինչ Յիսուս խճողուած սենեակի մը մէջ կը սորվեցնէ, չորս տղամարդիկ մահիճի վրայ պառկած անդամալոյծ մը կը բերեն։ Անոնք կ’ուզեն որ Յիսուս իրենց ընկերը բժշկէ։ Բայց քանի՛ որ շատ մարդ կայ, անոնք չեն կրնար ‘Յիսուսին մօտենալ’ (Մարկոս 2։4)։ Անոնք յուսախաբ ըլլալով կը յանձնուի՞ն։ Ոչ, հապա տանը տանիքը կ’ելլեն, անցք մը կը բանան եւ անդամալոյծը մահիճով վար կ’իջեցնեն։
Յիսուս կը բարկանա՞յ որ զինք կ’ընդհատեն։ Անշուշտ ոչ։ Ան շա՛տ կը տպաւորուի անոնց հաւատքով եւ անդամալոյծ մարդուն կ’ըսէ. «Քու մեղքերդ քեզի ներուած են» (Մատթէոս 9։2)։ Բայց Յիսուս իսկապէս կրնա՞յ մեղքեր ներել։ Դպիրներն ու փարիսեցիները հարց կը ստեղծեն՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար ասիկա այսպիսի հայհոյութիւններ կ’ընէ, ոչ ոք կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն Աստուած» (Մարկոս 2։7)։
Յիսուս անոնց մտածումները գիտնալով կը հարցնէ. «Ի՞նչ կը խորհիք սրտերնուդ մէջ։ Ո՞րը աւելի դիւրին է անդամալոյծին՝ ‘Քու մեղքերդ քեզի ներուած են’ ըսե՞լը, թէ՝ ‘Ելիր, մահիճդ առ ու քալէ’ ըսելը» (Մարկոս 2։8, 9)։ Այո՛, Յիսուս կրնա՛յ այս մարդուն մեղքերը ներել այն զոհին հիման վրայ, որ մօտ օրէն պիտի մատուցանէ։
(Մարկոս 2։6-12) Մէկ քանի դպիրներ, որ հոն նստեր էին, իրենց սրտերուն մէջ կը խորհէին՝ ըսելով. 7 «Ինչո՞ւ համար ասիկա այսպիսի հայհոյութիւններ կ’ընէ, ոչ ոք կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն Աստուած»։ 8 Յիսուս իսկոյն իմանալով իր հոգիին մէջ՝ որ անոնք այնպէս կը խորհին իրենց մէջ, ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կը խորհիք սրտերնուդ մէջ։ 9 Ո՞րը աւելի դիւրին է անդամալոյծին՝ ‘Քու մեղքերդ քեզի ներուած են’ ըսե՞լը, թէ՝ ‘Ելիր, մահիճդ առ ու քալէ’ ըսելը։ 10 Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու, ըսաւ անդամալոյծին. 11 «Քեզի կ’ըսեմ, Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։ 12 Ան ալ շուտ մը ելաւ եւ իր մահիճը առնելով՝ ամէնուն առջեւէն դուրս ելաւ, այնպէս որ ամէնքը ապշած մնացին, եւ փառք տուին Աստուծոյ ու ըսին. «Այսպիսի բան մը ամենեւին տեսած չէինք»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 2։9
Ո՞րը աւելի դիւրին է։ Դիւրին է որ մէկը ըսէ որ կրնայ մեղքեր ներել, քանի որ իր ըսածը փաստելու համար տեսանելի ապացոյցի պէտք չունի։ Բայց Ելիր... ու քալէ ըսելու համար, պէտք էր որ Յիսուս հրաշք ընէր, որ բոլորին յստակ դառնար, թէ մեղքեր ներելու հեղինակութիւն ունէր։ Այս դէպքը եւ Եսա. 33։24–ի մէջ նշուած դէպքը հիւանդութիւնը կը կապեն մեր մեղաւոր վիճակին։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մարկոս 1։11) Եւ ձայն մը եկաւ երկնքէն, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։
nwtsty սերտելու նոթեր. Մար. 1։11
ձայն մը եկաւ երկնքէն։ Ասիկա Աւետարաններուն մէջ արձանագրուած երեք դէպքերէն առաջինն է, ուր կը յիշուի որ մարդիկ ուղղակի Եհովային ձայնը կը լսեն (Մար. 9։6. Յովհ. 12։28)։
Դուն ես իմ. . . Որդիս։ Որպէս հոգեղէն արարած, Յիսուս Աստուծոյ Որդին էր (Յովհ. 3։16)։ Որպէս մարդ ծնելէն ի վեր Յիսուս «Աստուծոյ Որդի» էր, կատարեալ՝ Ադամին պէս (Ղուկ. 1։35. 3։38)։ Բայց տրամաբանական է որ հոս Աստուծոյ խօսքը պարզապէս Յիսուսի ինքնութիւնը ցոյց տալէն աւելին կը պարփակէ։ Աստուծոյ այս խօսքով եւ սուրբ հոգին Յիսուսի վրայ թափուելով, այնպէս կ’երեւի որ Աստուած ցոյց տուաւ որ Յիսուս մարդը հիմա ծնած էր որպէս իր հոգեւոր Որդին, այսինքն ան ‘նորէն ծնած’ էր՝ երկինք վերադառնալու յոյսով եւ հոգիէն օծուած էր որ Աստուծոյ նշանակուած Թագաւորը եւ Քահանայապետը ըլլայ (համեմատէ այս համարներուն հետ. Յովհ. 3։3-6. 6։51, 52. Ղուկ. 1։31-33. Եբ. 2։17. 5։1, 4-10. 7։1-3)։
որուն հաւներ եմ։ Կամ «որուն կը հաճիմ», «որմով շատ կ’ուրախանամ»։ Այս նոյն արտայայտութիւնը կը գործածուի Մատ. 12։18–ին մէջ, որ մէջբերուած է Եսա. 42։1–էն, ուր կը խօսուի խոստացեալ Մեսիային կամ Քրիստոսին մասին։ Սուրբ հոգիին թափուիլը եւ իր Որդիին մասին Աստուծոյ յայտարարութիւնը, յստակօրէն Յիսուսը բնորոշեցին որպէս Մեսիան։
(Մարկոս 2։27, 28) Եւ աւելցուց. «Շաբաթը մարդուն համար եղաւ, ո՛չ թէ մարդը շաբաթին համար։ 28 Եւ ուրեմն Որդին մարդոյ շաբաթին ալ տէրն է»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 2։28
շաբաթին. . . տէրն է։ Յիսուս այս արտայայտութիւնը կը կիրարկէ իրեն (Մատ. 12։8. Ղուկ. 6։5), ցոյց տալով որ Շաբաթը իր հեղինակութեան տակ էր, որ իր երկնաւոր Հօր պատուիրածը ընէ (համեմատէ Յովհ. 5։19–ին եւ Յովհ. 10։37, 38–ին հետ)։ Յիսուս Շաբաթ օրը իր ամէնէն ուշագրաւ հրաշքները ըրաւ, մէջը ըլլալով հիւանդները բժշկել (Ղուկ. 13։10-13. Յովհ. 5։5-9. 9։1-14)։ Ասիկա յստակօրէն նախապատկերացուց այն հանգստութիւնը որ ինք պիտի բերէ իր Թագաւորութեան իշխանութեան ընթացքին, որ պիտի նմանէր իսրայէլացիներու հանգիստի օրուան կամ Շաբաթին (Եբ. 10։1)։
ԱՊՐԻԼ 23-29
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՐԿՈՍ 3-4
«Շաբաթ օրը բժշկել»
(Մարկոս 3։1, 2) Նորէն ժողովարանը մտաւ, ուր մարդ մը կար՝ որուն ձեռքը չորցած էր։ 2 Ոմանք կը սպասէին տեսնելու թէ արդեօք շաբաթ օրը զանիկա պիտի բժշկէ՞, որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։
jy էջ 78 պարբ. 1-2
Շաբաթ օրը բարիք ընելը արտօնուա՞ծ է
Յիսուս ժողովարան մը կ’երթայ, հաւանաբար Գալիլիոյ մէջ։ Նորէն Շաբաթ օր է։ Հոն կը հանդիպի մարդու մը, որուն աջ ձեռքը չորցած է (Ղուկաս 6։6)։ Դպիրներն ու փարիսեցիները Յիսուսը ուշի–ուշով կը դիտեն։ Ինչո՞ւ։ Անոնք իրենց նպատակը կը բացայայտեն, երբ կը հարցնեն. «Արտօնուա՞ծ է բուժել Շաբաթ օրը» (Մատթէոս 12։10)։
Ըստ հրեայ կրօնական առաջնորդներուն, Շաբաթ օրը բժշկելը արտօնուած է միայն եթէ մէկու մը կեանքը վտանգի տակ է։ Օրինակ, անոնք կ’ըսեն, որ Շաբաթ օրը կոտրած կամ տեղէն շարժած ոսկոր մը ետ տեղը բերելը արտօնուած չէ։ Այսպիսի պարագաներու, անհատին կեանքը վտանգի տակ չէր ըլլար։ Յստակ է որ դպիրներն ու փարիսեցիները Յիսուսին այս հարցումը կը հարցնեն, ոչ թէ քանի որ անկեղծօրէն հետաքրքրուած են այս խեղճ մարդուն չարչարանքով, հապա քանի որ կը փորձեն յանցանք մը գտնել, որ Յիսուսը դատապարտեն։
(Մարկոս 3։3, 4) Յիսուս ձեռքը չորցած մարդուն ըսաւ. «Ելի՛ր, մէջտեղը կայնէ»։ 4 Ու ըսաւ անոնց. «Շաբաթ օրը բարի՞ք ընել արժան է [«արտօնուած է», ՆԱ]՝ թէ չարիք ընել, հոգի մը ապրեցնե՞լ՝ թէ մեռցնել»։ Անոնք լուռ կեցան։
jy էջ 78 պարբ. 3
Շաբաթ օրը բարիք ընելը արտօնուա՞ծ է
Բայց Յիսուս գիտէ թէ անոնք ի՛նչ կը մտածեն։ Ան կը հասկնայ որ անոնք ծայրայեղ եւ ոչ–սուրբգրային տեսակէտ մը որդեգրած են այն կէտին նկատմամբ, որ ի՛նչը Շաբաթի օրէնքի խախտում կը սեպուի (Ելից 20։8-10)։ Ասիկա առաջին անգամը չէ որ Յիսուս կը քննադատուի Շաբաթ օր իր ըրած բարիքներուն համար։ Ան կը պատրաստուի բոլորին առջեւ ցոյց տալու, որ կրօնական առաջնորդները սխալ տեսակէտ ունին։ Անոր համար, ձեռքը չորցած մարդուն կ’ըսէ. «Ելի՛ր, մէջտեղը կայնէ» (Մարկոս 3։3)։
(Մարկոս 3։5) Յիսուս բարկութեամբ շուրջանակի անոնց նայելով՝ անոնց սրտերուն կուրութեանը [«անզգայութեանը», ՆԱ] համար տրտմած, ըսաւ այն մարդուն. «Ձեռքդ երկնցուր»։ Ան ալ երկնցուց եւ անոր ձեռքը ողջնցաւ։
nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 3։5
բարկութեամբ. . . տրտմած։ Միայն Մարկոս արձանագրած է Յիսուսին հակազդեցութիւնը այս առթիւ, երբ ան նկատեց կրօնական առաջնորդներուն սրտերուն անզգայութիւնը (Մատթէոս 12։13. Ղուկաս 6։10)։ Թերեւս Պետրոս, որ խոր զգացումներու տէր մարդ էր, ինքն էր որ վառ կերպով նկարագրեց Յիսուսին զգացումները (տե՛ս Մարկոս գրքի նախաբան վիտէոն)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մարկոս 3։29) Բայց ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյէ, յաւիտեան թողութիւն պիտի չունենայ, հապա յաւիտենական դատաստանին պարտաւոր պիտի ըլլայ։
nwtsty սերտելու նոթեր. Մար. 3։29
Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյէ։ Հայհոյութիւնը կ’ակնարկէ Աստուծոյ կամ սուրբ բաներու դէմ վարկաբեկիչ, վիրաւորական կամ նախատական խօսքերու։ Քանի՛ որ Աստուած է սուրբ հոգիին աղբիւրը, ատոր դիտմամբ հակառակիլը կամ ատոր ներգործութիւնը ուրիշին վերագրելը հաւասար էր Աստուծոյ հայհոյելուն։ Ինչպէս նշուած է Մատթէոս 12։24, 28–ին եւ Մարկոս 3։22–ին մէջ, հրեայ կրօնական առաջնորդները տեսան որ Աստուծոյ սուրբ հոգին կը ներգործէ Յիսուսի մէջ մինչ ան հրաշքներ կ’ընէր, բայց այս զօրութիւնը վերագրեցին Բանսարկու Սատանային։
յաւիտենական դատաստանին պարտաւոր։ Այնպէս կ’երեւի որ այս արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ դիտմամբ գործուած մեղքին, որ յաւիտենական հետեւանքներ ունի. մահ՝ առանց յարութեան յոյսի։ Այս տեսակ մեղք մը կարելի չէ ծածկել զոհով (տե՛ս այս համարին Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյէ արտայայտութեան սերտելու նոթը)։
(Մարկոս 4։26-29) Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը այնպէս է, որպէս թէ մարդ մը հողին մէջ սերմ ցանէ 27 ու քնանայ եւ արթննայ գիշեր ու ցորեկ եւ սերմը բուսնի ու մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։ 28 Քանզի հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ։ 29 Երբ պտուղը հասուննայ մանգաղը գործի կը սկսի վասն զի հունձքի ատենը հասած է»։
‘Գրքերը կը հասկնա՞ս’
6 Այս առակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Նախ եւ առաջ, պէտք է ընդունինք որ չենք կրնար Աստուածաշունչի աշակերտին հոգեւոր աճումին ազդել։ Համեստ ըլլալը մեզի պիտի օգնէ, որ չփորձենք աշակերտին վրայ ճնշում բանեցնել կամ ստիպել որ մկրտուի։ Մեր ամէն կարելին կ’ընենք անհատին օգնելու եւ թիկունք կանգնելու, բայց խոնարհաբար կ’ընդունինք, որ նուիրումի որոշումը ի վերջոյ անհատին կ’իյնայ։ Եհովա Աստուած կ’ընդունի միայն այն անհատներուն նուիրումը, որոնք իրեն հանդէպ սէրէ մղուած եւ յօժարակամ սրտով կը նուիրուին (Սաղ. 51։12. 54։6. 110։3)։
7 Երկրորդ, այս առակէն քաղուած դասը հասկնալը մեզի պիտի օգնէ, որ չվհատինք եթէ սկիզբը մեր քարոզչութենէն արդիւնք չտեսնենք։ Հարկ է որ համբերող ըլլանք (Յակ. 5։7, 8)։ Եթէ մեր կարելին ըրած ենք աշակերտին օգնելու, բայց սերմը պտուղ չի տար, ասիկա չի նշանակեր որ լաւ ուսուցիչներ չենք։ Եհովան ճշմարտութեան սերմը կ’աճեցնէ միայն այն սրտին մէջ, որ խոնարհ է եւ յօժար է փոփոխութիւններ ընելու (Մատ. 13։23)։ Ուստի մեր ծառայութեան ո՛րքան ազդու ըլլալը կախեալ չէ անոր տուած արդիւնքէն։ Եհովան չի նայիր թէ մարդիկ ինչպէ՛ս մեր քարոզչութեան կ’ընդառաջեն որպէսզի որոշէ, թէ մեր ծառայութիւնը որքանո՛վ յաջող է։ Փոխարէն, ան մեր անխոնջ ջանքերը կ’արժեւորէ, ինչ որ ալ ըլլայ արդիւնքը (կարդա՛ Ղուկաս 10։17-20. Ա. Կորնթացիս 3։8)։
8 Երրորդ, միշտ չէ որ անհատին մէջ եղած փոփոխութիւններուն կ’անդրադառնանք։ Օրինակ, զոյգ մը իրենց հետ ուսումնասիրող միսիոնարին մօտեցան եւ խնդրեցին որ չմկրտուած հրատարակիչներ դառնան։ Ան զոյգին յիշեցուց, որ որակեալ ըլլալու համար պէտք էր դադրէին ծխախոտ գործածելէ։ Բայց ի զարմանք միսիոնարին, անոնք ըսին որ ամիսներէ ի վեր չէին ծխած։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անդրադարձած էին, որ նոյնիսկ եթէ գաղտնաբար ծխեն, Եհովան կրնայ տեսնել եւ ան կ’ատէ կեղծաւորութիւնը։ Ուստի իրենց սիրտը մղեց որ որոշում մը առնեն,– կա՛մ միսիոնարին առջեւ ալ ծխել եւ կամ բնաւ չծխել։ Եհովայի հանդէպ իրենց մէջ աճող սէրը օգնեց, որ ճիշդ որոշումը կայացնեն։ Անոնք հոգեւորապէս աճած էին, հակառակ որ միսիոնարը այդ փոփոխութեան տեղեակ չէր։
ԱՊՐԻԼ 30–ՄԱՅԻՍ 6
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՐԿՈՍ 5-6
«Յիսուս զօրութիւն ունի մեր մեռած սիրելիներուն յարութիւն տալու»
(Մարկոս 5։38) Ժողովրդապետին տունը հասնելով՝ տեսաւ սաստիկ լացողներ ու լսեց աղաղակներ։
(Մարկոս 5։39-41) Ներս մտնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ խռովեր էք ու կու լաք. մանուկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ 40 Ոմանք ծաղր կ’ընէին զանիկա. բայց ինք ամէնքը դուրս հանելով՝ իրեն հետ առաւ մանուկին հայրն ու մայրը եւ զանոնք որ իրեն հետ էին ու մտաւ հոն՝ ուր մանուկը պառկած էր։ 41 Մանուկին ձեռքէն բռնելով՝ ըսաւ անոր. «Տալի՛թա, կո՛ւմի». որ կը թարգմանուի՝ «Աղջի՛կ, քեզի կ’ըսեմ, ելիր»։
nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 5։39
մեռած չէ, հապա կը քնանայ։ Սուրբ Գիրքին մէջ, մահը շատ անգամ կը նմանցուի քունի (Սաղ. 13։3. Յովհ. 11։11-14. Գործք 7։59. Ա. Կոր. 15։51. Ա. Թես. 4։12)։ Յիսուս աղջիկը ետ կեանքի պիտի բերէր, ուրեմն թերեւս այս խօսքը ըսաւ ցոյց տալու համար, որ ինչպէս որ մարդիկ խոր քունէ կրնան արթննալ, նոյնպէս անոնք կրնան մահէն ետ կեանքի գալ։ Յիսուս աղջկան յարութիւն տալու զօրութիւնը ստացաւ իր Հօրմէն,– «ան որ մեռելները կ’ողջնցնէ եւ չեղած բաները եղածներու պէս կը կանչէ» (Հռով. 4։17)։
(Մարկոս 5։42) Իսկոյն աղջիկը ոտքի ելաւ ու կը քալէր, վասն զի տասներկու տարեկան էր. տեսնողները շատ ապշեցան։
jy էջ 118 պարբ. 6
Պզտիկ աղջիկ մը յարութիւն կ’առնէ
Յիսուս աղջնակին ծնողքին պատուիրեց որ եղածը մէկու մը չպատմեն, ինչպէս որ ասկէ առաջ պատուիրած էր անոնց որ բժշկած էր։ Բայց այս աղջնակին ծնողները այնքա՛ն ուրախ են, որ թէ՛ իրենք եւ թէ ուրիշներ եղածը կը տարածեն այդ ամբողջ շրջանին մէջ (Մատթէոս 9։26)։ Եթէ քու սիրելիներէդ մէկը յարութիւն առնէր, դուն ալ խանդավառութեամբ պիտի չխօսէի՞ր ատոր մասին։ Ասիկա Յիսուսի կատարած երկրորդ յարութիւնն է, որ Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած է։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Մարկոս 5։19, 20) Բայց Յիսուս թող չտուաւ, հապա ըսաւ անոր. «Գնա՛ քու տունդ, քու ընտանիքիդ ու պատմէ թէ Տէրը ինչպէս ողորմեցաւ քեզի»։ 20 Ան ալ գնաց եւ սկսաւ Դեկապոլիսի մէջ պատմել ինչ որ Յիսուս իրեն ըրաւ։ Ամէնքը կը զարմանային։
nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 5։19
պատմէ։ Հակառակ անոր որ ասկէ առաջ Յիսուս միշտ ուղղութիւն տուած էր որ իր հրաշքներուն մասին մարդիկ չպատմեն (Մար. 1։44. 3։12. 7։36), այս անգամ ան այս մարդուն կ’ըսէ որ իր ազգականներուն պատմէ եղածը։ Յիսուս այսպէս ըսաւ թերեւս քանի որ իրմէ խնդրուեցաւ որ այդ շրջանը ձգէ եւ հետեւաբար պիտի չկարենար անձամբ վկայութիւն տալ այդ շրջանի մարդոց։ Ասկէ զատ, հրաշքին մասին պատմելը խոզերուն կորսուելուն մասին տարածուած սխալ տեղեկութիւններուն սուտ ըլլալը կրնար փաստել։
(Մարկոս 6։11ա) Անոնք որ ձեզ չեն ընդունիր ու ձեզի մտիկ չեն ըներ, երբ անկէ ելլէք, ոտքերնուդ տակի փոշին թօթուեցէք՝ անոնց վկայութիւն ըլլալու համար։
nwtsty սերտելու նոթ. Մար. 6։11ա
ոտքերնուդ տակի փոշին թօթուեցէք։ Այս արարքը ցոյց պիտի տար որ աշակերտները պատասխանատուութիւն պիտի չառնէին այն հետեւանքներուն համար, որոնք Աստուծմէ պիտի գային։ Նոյնանման արտայայտութիւն մը կ’երեւի Մատ. 10։14–ի եւ Ղուկ. 9։5–ի մէջ։ Մարկոս եւ Ղուկաս կ’աւելցնեն «անոնց [կամ «իրենց դէմ»] վկայութիւն ըլլալու համար» արտայայտութիւնը։ Պօղոս եւ Բառնաբաս Յիսուսի այս ուղղութեան հետեւեցան Պիսիդիայի Անտիոքի մէջ (Գործք 13։51), եւ երբ Պօղոս Կորնթոսի մէջ նոյնանման բան մը ըրաւ՝ իր հանդերձները թօթուելով, ան այս խօսքը աւելցուց. «Ձեր արիւնը՝ ձեր գլուխը, ես անպարտ եմ» (Գործք 18։6)։ Աշակերտները թերեւս արդէն ծանօթ էին այս տեսակ արարքներու։ Աստուածավախ հրեաներ, հեթանոս քաղաք մը մտնել–ելլելէ ետք, իրենց ոտքին փոշին կը թօթուէին առաջ որ հրէական շրջան մը մտնէին, քանի որ այդ փոշին անմաքուր կը սեպէին։ Բայց այնպէս կ’երեւի որ Յիսուս իր մտքին մէջ ուրիշ բան մը ունէր, երբ այս ուղղութիւնը տուաւ իր աշակերտներուն։