Աստուծոյ Խօսքը սիրելէն քաղուած օգուտները
«[Իմաստութիւնը] սիրէ ու անիկա քեզ պիտի պաշտպանէ։ . . . Եթէ զանիկա գրկես, քեզ պիտի պատուէ»։—ԱՌԱԿԱՑ 4։6, 8
1. Աստուծոյ Խօսքը իրապէս սիրելը ի՞նչ կ’ընդգրկէ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ կարդալը կենսական է Քրիստոնեայի մը համար։ Սակայն զայն կարդալու սիրոյն կարդալը ինքնին Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սէր ցոյց չի տար։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել անհատի մը մասին որ Աստուածաշունչ կը կարդայ, բայց անոր կողմէ դատապարտուած բաներ կ’ընէ։ Բացայայտ է որ ան Աստուծոյ Խօսքը չի սիրեր այնպէս՝ ինչպէս 119–րդ Սաղմոսը գրողը կը սիրէր։ Աստուծոյ Խօսքը սիրելը առաջնորդեց սաղմոսերգուն որ անոր պահանջներուն համաձայն ապրի։—Սաղմոս 119։97, 101, 105
2. Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած իմաստութենէն ի՞նչ օգուտներ կը քաղուին։
2 Աստուծոյ Խօսքին հետ ներդաշնակ ապրիլը անհատի մը մտածելակերպին եւ ապրելակերպին մէջ յարատեւ վերաճշդում կը պահանջէ։ Այսպիսի ընթացք մը աստուածային իմաստութիւն կ’արտացոլացնէ, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ ձեռք ձգուած գիտութիւնը եւ հասկացողութիւնը գործնականի կը վերածէ։ «[Իմաստութիւնը] սիրէ ու անիկա քեզ պիտի պաշտպանէ։ Զանիկա մեծարէ՛ ու անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ։ Եթէ զանիկա գրկես, քեզ պիտի պատուէ։ Անիկա քու գլխուդ շնորհներու զարդ պիտի տայ. քեզի փառքի պսակ պիտի պարգեւէ»։ (Առակաց 4։6, 8, 9) Աստուծոյ Խօսքը սիրելու եւ անով առաջնորդուելու համար ի՜նչ գեղեցիկ քաջալերութիւն։ Ո՞վ չ’ուզեր պաշտպանուիլ, բարձրացուիլ եւ մեծարուիլ։
Երկարատեւ Վնասներէ Պաշտպանուիլ
3. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ որեւէ ժամանակէ աւելի պաշտպանուելու պէտք ունին եւ ո՛րմէ։
3 Անհատ մը ի՞նչ կերպով կը պաշտպանուի Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելէն եւ զայն կիրարկելէն ձեռք ձգուած իմաստութեամբ։ Ամէն բանէ առաջ, անհատը կը պաշտպանուի Բանսարկու Սատանայէն։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ չարէն՝ Սատանայէն՝ ազատուելու համար աղօթեն։ (Մատթէոս 6։13) Ներկայիս, այս խնդրանքը մեր աղօթքներուն մէջ ներմուծելը իրապէ՛ս խիստ անհրաժեշտ է։ Սատանան եւ իր դեւերը երկինքէն դուրս դրուեցան 1914–էն ետք, հետեւաբար Սատանան «շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ (Յայտնութիւն 12։9, 10, 12) Հիմա որ ժամանակը յառաջացած է, անոր բարկութիւնը բորբոքած է, մինչ ‘Աստուծոյ պատուիրանքները պահողներուն ու Յիսուսին վկայութիւնը ունեցողներուն’ դէմ անյաջող պատերազմ կը մղէ։—Յայտնութիւն 12։17
4. Քրիստոնեաներ ի՞նչպէս կը պաշտպանուին սատանայական ճնշումներէն եւ ծուղակներէն։
4 Սատանան իր ցասումին մէջ կը շարունակէ խնդիրներ յարուցանել այս Քրիստոնեայ քարոզիչներուն եւ վայրագ հալածանքներ հրահրել, կամ անոնց գործունէութեան դիմաց խոչընդոտներ դնել։ Ան կ’ուզէ նաեւ Թագաւորութեան հրատարակիչները հրապուրել, անոնց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել տալով աշխարհային կարկառուն դիրքի, հեշտասիրութեան, նիւթական ստացուածքներ ձեռք ձգելու եւ՝ Թագաւորութեան քարոզչութենէն աւելի, հաճոյքներ հետապնդելու նման բաներու վրայ։ Ի՞նչ բան կը պաշտպանէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները, որպէսզի Սատանայի ճնշումներուն անձնատուր չըլլան եւ իր ծուղակներուն մէջ չիյնան։ Անշուշտ աղօթքը, Եհովայի հետ անձնական սերտ յարաբերութիւնը եւ իր խոստումներուն վստահիլը կենսական են։ Բայց այս բոլորը Աստուծոյ Խօսքին գիտութեան եւ անոր վերյիշեցումներուն ուշադրութիւն ընծայելու վճռակամութեան հետ կապուած են։ Այս վերյիշեցումները կու գան Աստուածաշունչի եւ յարակից գրականութիւններու ընթերցանութենէն, ժողովներու յաճախելէն, հաւատակիցի մը տուած սուրբ գրային խրատը մտիկ ընելէն, կամ պարզապէս Աստուծոյ հոգիին վերյիշեցուցած Աստուածաշունչի սկզբունքներուն վրայ ջերմեռանդօրէն խոկալէն։—Եսայեայ 30։21. Յովհաննու 14։26. Ա. Յովհաննու 2։15-17
5. Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած իմաստութիւնը ի՞նչ կերպով կը պաշտպանէ մեզ։
5 Անոնք որոնք կը սիրեն Աստուծոյ Խօսքը, ուրիշ կերպերով ալ պաշտպանուած են։ Օրինակ, անոնք թմրամոլութեան, ծխախոտի գործածութեան եւ սեռային անբարոյութեան հետեւանք եղող զգացական անհանգստութենէն եւ ֆիզիքական հիւանդութիւններէն զերծ են։ (Ա. Կորնթացիս 5։11. Բ. Կորնթացիս 7։1) Անոնք բամբասելով կամ անազնիւ խօսակցութեամբ լարուած յարաբերութիւններու չեն նպաստեր։ (Եփեսացիս 4։31) Ոչ ալ կասկածներու մէջ կ’իյնան, աշխարհի իմաստութեան խաբէական փիլիսոփայութեան մէջ թաղուելով։ (Ա. Կորնթացիս 3։19) Աստուծոյ Խօսքը սիրելով, անոնք պաշտպանուած են Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը խլող բաներէն։ Անոնք զբաղած կը մնան իրենց դրացիներուն օգնելով որ հաւատք ընծայեն Աստուածաշունչի հոյակապ խոստումներուն, գիտնալով որ այս կերպով ‘իրենք զիրենք պիտի ապրեցնեն ու զանոնք ալ, որոնք իրենց մտիկ կ’ընեն’։—Ա. Տիմոթէոս 4։16
6. Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած իմաստութիւնը ի՞նչ կերպով կը պաշտպանէ մեզ նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։
6 Ճիշդ է որ ամէն մարդ, նոյնիսկ Աստուծոյ Խօսքը սիրողը, ‘ժամանակի ու դիպուածի’ ենթակայ է։ (Ժողովողի 9։11) Մեզմէ ոմանք բնական աղէտներու, լուրջ հիւանդութիւններու, արկածներու կամ վաղահաս մահուան զոհ պիտի երթան. ասիկա անխուսափելի է։ Հակառակ ասոր, տակաւին պաշտպանուած ենք։ Աստուծոյ Խօսքը իրապէս սիրողին ո՛չ մէկ չարիք երկարատեւ վնաս կրնայ հասցնել։ Ուստի, ապագային պատահելիք բաներով չափազանց մտահոգուելու կարիքը չունինք։ Տրամաբանական ամէն նախազգուշութիւն առնելէ ետք, նախընտրելի է հարցերը Եհովայի ձեռքին մէջ ձգել, թոյլ չտալով որ ներկայ կեանքի անապահովութիւնը մեր խաղաղութիւնը խլէ։ (Մատթէոս 6։33, 34. Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Ձեր մտքին մէջ պահեցէք յարութեան վստահ յոյսը եւ աւելի լաւ կեանքը՝ երբ Աստուած ‘ամէն բաները նոր ընէ’։—Յայտնութիւն 21։5. Յովհաննու 11։25
Փաստեցէք որ «Աղէկ Հող» Էք
7. Իրեն մտիկ ընելու համար եկած ամբոխին Յիսուս ի՞նչ առակ տուաւ։
7 Յիսուսի առակներէն մէկը Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ շիտակ տեսակէտը ունենալու կարեւորութիւնը կ’ընդգծէր։ Մինչ Յիսուս ամբողջ Պաղեստինի մէջ բարի լուրը կը ծանուցանէր, ամբոխներ հաւաքուեցան որ մտիկ ընեն իրեն։ (Ղուկաս 8։1, 4) Սակայն, բոլորը չէ որ Աստուծոյ Խօսքը իրապէս կը սիրէին։ Անկասկած, շատերը եկան մտիկ ընելու, քանի որ կ’ուզէին հրաշքներ տեսնել, կամ քանի որ ուսուցանելու իր հոյակապ կերպէն կ’ախորժէին։ Ուստի, Յիսուս այդ ամբոխին առակ մը ըսաւ. «Սերմ ցանող մը ելաւ իր սերմը ցանելու։ Ցանած ատենը մէկ քանին ճամբուն քով ինկան եւ ոտքի տակ կոխկռտուեցան ու երկնքի թռչունները կերան զանոնք։ Ուրիշներ ապառաժի վրայ ինկան ու բուսածին պէս չորցան, հողին հիւթ չունենալուն համար։ Եւ ուրիշներ փուշերու մէջ ինկան ու փուշերը անոնց հետ բուսնելով խեղդեցին զանոնք։ Եւ ուրիշներ աղէ՛կ հողի մէջ ինկան ու բուսնելով՝ հարիւրապատիկ պտուղ տուին»։—Ղուկաս 8։5-8
8. Յիսուսի առակին մէջ, սերմը ի՞նչ է։
8 Յիսուսի առակը ցոյց տուաւ որ բարի լուրի քարոզչութեան տարբեր ընդառաջումներ պիտի ըլլային, կախեալ ըլլալով լսողին սրտի վիճակէն։ Ցանուած սերմը «Աստուծոյ խօսքն է»։ (Ղուկաս 8։11) Կամ, ինչպէս նոյն առակին ուրիշ մէկ արձանագրութիւնը կ’ըսէ, սերմը՝ «թագաւորութեան խօսք»ն է։ (Մատթէոս 13։19) Յիսուս կրնար այս երկու արտայայտութիւններն ալ գործածել, քանի որ Աստուծոյ Խօսքին բնաբանն է որպէս Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած երկնային Թագաւորութիւնը, որու միջոցաւ Եհովա պիտի ջատագովէ իր գերիշխանութիւնը ու սրբացնէ իր անունը։ (Մատթէոս 6։9, 10) Ուստի, արդարեւ, սերմը Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին, մէջ գտնուող բարի լուրի պատգամն է։ Եհովայի Վկաները այս Թագաւորութեան պատգամը ցցուն կ’ընեն, մինչ առաջին Սերմնացանին՝ Յիսուս Քրիստոսի նման սերմեր կը ցանեն։ Անոնք ի՞նչպիսի ընդառաջում կը ստանան։
9. Ի՞նչ կը պատկերացնէ սերմը որ կ’ինայ (ա) ճամբուն եզերքը. (բ) ապառաժին վրայ. (գ) փուշերուն մէջ։
9 Յիսուս ըսաւ որ կարգ մը սերմեր կ’իյնան ճամբուն եզերքը եւ կ’ոտնակոխուին։ Ասիկա կ’ակնարկէ այն մարդոց, որոնք այնքան զբաղած են որ Թագաւորութեան սերմը իրենց սրտին մէջ արմատ չի նետեր։ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սէր մշակելէն առաջ, «Սատանան կու գայ, անոնց սրտէն կը հանէ խօսքը, որպէս զի չըլլայ թէ հաւատան ու փրկուին»։ (Ղուկաս 8։12) Կարգ մը սերմեր կ’իյնան ապառաժի վրայ։ Ասիկա կ’ակնարկէ այն մարդոց, որոնք Աստուածաշունչի պատգամով հետաքրքրուած են, բայց թոյլ չեն տար որ անիկա իրենց սրտին վրայ ազդեցութիւն բանեցնէ։ Երբ հակառակութիւն մը գայ, կամ երբ տեսնեն թէ Աստուածաշունչի խրատները կիրարկելը դժուար է՝ «կը հեռանան», քանի որ արմատ չունին։ (Ղուկաս 8։13) Ապա՝ կան անոնք որոնք խօսքը կը լսեն, բայց «հոգերով ու հարստութիւնով եւ այս կեանքին ցանկութիւններով» կլանուած են։ Փուշերով փաթթուած բոյսերու նման, վերջապէս «կը խեղդուին»։—Ղուկաս 8։14
10, 11. (ա) Որո՞նք պատկերացուած են աղէկ հողով։ (բ) Աստուծոյ Խօսքը մեր սրտին մէջ ‘ընդունելու’ համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
10 Վերջապէս, կան աղէկ հողի վրայ ինկած սերմերը։ Ասիկա կը մատնանշէ այն մարդոց, որոնք «բարի եւ յօժար սրտով» կ’ընդունին պատգամը։ Բնական է որ իւրաքանչիւրս կ’ուզենք հաւատալ որ մենք այս դասակարգին կը պատկանինք։ Սակայն, Աստուծոյ տեսակէտն է որ իրապէս արժէք ունի։ (Առակաց 17։3. Ա. Կորնթացիս 4։4, 5) Իր Խօսքը կ’ըսէ որ մեր «բարի եւ յօժար սիրտ» ունենալը պէտք է փաստենք մեր արարքներով, հիմակուընէ մինչեւ մեր մահը, կամ մինչեւ որ Աստուած իրերու այս չար դրութեան վախճանը բերէ։ Եթէ Թագաւորութեան պատգամին մեր առաջին ընդառաջումը դրական էր, ասիկա լաւ է։ Բայց «բարի եւ յօժար սիրտ» ունեցողները Աստուծոյ Խօսքը «կ’ընդունին ու համբերութիւնով պտուղ կու տան»։—Ղուկաս 8։15
11 Աստուծոյ Խօսքը մեր սրտին մէջ ընդունելու միակ վստահ կերպն է զայն կարդալ եւ ուսումնասիրել, թէ՛ անձնապէս եւ թէ հաւատակիցներու ընկերակցութեամբ։ Ասիկա կը ներփակէ լիովին օգտուիլ այն հոգեւոր կերակուրէն, որ կը հայթայթուի Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդներուն հոգեւոր շահերուն հոգ տանելու համար նշանակուած միջոցին կողմէ։ (Մատթէոս 24։45-47) Անոնք որոնք այսպիսի միջոցներով իրենց սրտին մէջ կ’ընդունին Աստուծոյ Խօսքը, սէրէ մղուած «համբերութիւնով պտուղ կու տան»։
12. Ի՞նչ է այն պտուղը որ համբերութեամբ պէտք է արտադրենք։
12 Աղէկ հողը ի՞նչպիսի պտուղ կու տայ։ Բնական աշխարհին մէջ, սերմերը բոյսերու կը վերածուին եւ նոյնանման սերմեր պարունակող պտուղներ կու տան, որոնք հետագային կրնան ցանուիլ ու պտուղ տալ։ Նոյնն է պարագան բարի եւ յօժար սիրտ ունեցողներուն. խօսքին սերմը իրենց մէջ կ’աճի, պատճառ ըլլալով որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն, մինչեւ որ իրենց կարգին կարենան ուրիշներու սրտին մէջ սերմեր ցանել։ (Մատթէոս 28։19, 20) Իսկ անոնց ցանքը համբերութեան կը կարօտի։ Յիսուս ցանելու ժամանակ համբերութեան կարեւորութիւնը ցոյց տուաւ, երբ ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։ Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։13, 14
‘Բարի Գործերով Պտղաբեր Ըլլալ’
13. Պօղոս ի՞նչ աղօթք մատուցանեց, պտուղը Աստուծոյ Խօսքին հետ կապելով։
13 Պօղոս առաքեալ ալ պտուղ տալու կարեւորութեան մասին խօսեցաւ եւ պտուղ բերելը կապեց Աստուծոյ Խօսքին հետ։ Ան աղօթեց որ իր հաւատակիցները ‘կատարեալ ըլլան Աստուծոյ կամքին գիտութիւնովը, լեցուին իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով։ Որպէս զի Տէրոջը արժանի կերպով քալեն եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնեն, բարի գործերով պտղաբերին ու աճին’։—Կողոսացիս 1։9, 10. Փիլիպպեցիս 1։9-11
14-16. Պօղոսի աղօթքին հետ ներդաշնակ ըլլալով, Աստուծոյ Խօսքը սիրողները ի՞նչ պտուղներ կ’արտադրեն։
14 Այս կերպով Պօղոս ցոյց կու տայ որ վերջին նպատակակէտը Աստուածաշունչի գիտութիւն ստանալը չէ։ Հապա, Աստուծոյ Խօսքին սէրը մեզ կը մղէ որ ‘Տէրոջը արժանի կերպով քալենք’, շարունակելով ‘ամէն բարի գործերու մէջ պտղաբեր ըլլալ’։ Ի՞նչ բարի գործեր։ Այս վերջին օրերուն մէջ, Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը, Քրիստոնեաներուն տրուած ուշագրաւ նշանակում մըն է։ (Մարկոս 13։10) Ասկէ զատ, անոնք որոնք Աստուծոյ Խօսքը կը սիրեն, իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, կանոնաւորաբար նիւթապէս թիկունք կանգնելով այս գործին։ Այս առանձնաշնորհումը հաճոյք կը պատճառէ իրենց, գիտնալով որ «Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։ (Բ. Կորնթացիս 9։7) Անոնց նուիրատուութիւններով կը վճարուին ծախսերը աւելի քան հարիւր Պէթէլի տուներուն, ուրկէ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կ’առաջնորդուի եւ անոնցմէ քանի մը հատին մէջ Աստուածաշունչեր եւ սուրբ գրային գրականութիւններ կ’արտադրուին։ Անոնց նուիրատուութիւնները նաեւ կ’օգնեն որ քրիստոնէական հսկայ համաժողովներուն, ինչպէս նաեւ շրջուն տեսուչներ, միսիոնարներ եւ լիաժամ աւետարանիչներ ղրկելու ծախսերը հոգացուին։
15 Ուրիշ բարի գործերու մաս կը կազմեն ճշմարիտ պաշտամունքի կեդրոններ շինելն ու նորոգելը։ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սէրը իր երկրպագուները կը մղէ որ Համաժողովի Սրահներն ու Թագաւորութեան Սրահները չանտեսուին։ (Համեմատել՝ Նէեմեայ 10։39) Քանի որ այդ կառոյցներու ճակատին Աստուծոյ անունը կը տեսնուի, կենսական է որ անոնց ներսի ու դուրսի կողմը մաքուր ու գրաւիչ պահուի, իսկ այդ սրահներուն մէջի երկրպագուներուն վարքը որեւէ նախատինքէ զերծ ըլլայ։ (Բ. Կորնթացիս 6։3) Կարգ մը Քրիստոնեաներ կրնան աւելին ընել։ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սէրը զիրենք կը մղէ որ երկար ճամբորդութիւններ ընեն, պաշտամունքի նոր վայրեր կառուցանելու աշխարհի այն մասերուն մէջ, ուր աղքատութեան եւ հմտութեան պակասի պատճառաւ կարիք կայ։—Բ. Կորնթացիս 8։14
16 ‘Բարի գործերու մէջ պտղաբեր ըլլալը’ իր մէջ կը պարփակէ նաեւ ընտանեկան պարտաւորութիւններուն հոգ տանիլ եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցներով հետաքրքրուիլ։ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ որ «հաւատքի ընտանիներու» կարիքներուն նկատմամբ զգայուն ըլլանք եւ մեր «տանը մէջ որդիական գութ ցուցնենք»։ (Գաղատացիս 6։10. Ա. Տիմոթէոս 5։4, 8) Այս առնչութեամբ, բարի գործ մըն է հիւանդներուն այցելել եւ սգաւորները մխիթարել։ Իսկ ի՜նչ բարի գործ կը կատարուի ժողովքի երէցներուն եւ Հիւանդանոցի Յարակցութեան Յանձնախումբերուն կողմէ, օգնելու համար անոնց՝ որոնք բժշկական վտանգաւոր կացութիւններ կը դիմագրաւեն։ (Գործք 15։29) Կան նաեւ հետզհետէ աւելցող աղէտները՝ ոմանք բնական աղէտներ, իսկ ուրիշներ մարդկային անմտութեամբ պատճառուած։ Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ, Եհովայի Վկաները երկրի շատ մը մասերուն մէջ բարի արձանագրութիւն մը շինած են, հաւատակիցներու եւ ուրիշ աղէտեալներու ու արկածեալներու արագօրէն օգնութեան փութալով։ Այս բոլորը բարի պտուղներ են, ցուցաբերուած՝ Աստուծոյ Խօսքը սիրողներուն կողմէ։
Ապագայ Փառաւոր Օգուտներ
17, 18. (ա) Թագաւորութեան սերմեր ցանուելով ի՞նչ կ’իրագործուի։ (բ) Աստուծոյ Խօսքը սիրողները շուտով ի՞նչ երկրացունց դէպքերու ականատես պիտի ըլլան։
17 Թագաւորութեան սերմեր ցանելը կը շարունակէ մեծ օգուտներ բերել մարդկութեան։ Վերջին տարիներուն, ամէն տարի աւելի քան 300,000 անհատներ թոյլ տուած են որ Աստուածաշունչի պատգամը արմատ կապէ իրենց սրտին մէջ, իրենց կեանքը Եհովայի նուիրելու ու ասիկա ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշելու աստիճան։ Ի՜նչ փառաւոր ապագայ մը կը սպասէ անոնց։
18 Աստուծոյ Խօսքը սիրողները գիտեն թէ Եհովա Աստուած շուտով ոտքի պիտի ելլէ իր անունը փառաւորելու համար։ «Մեծ Բաբելոն»ը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը, պիտի կործանի։ (Յայտնութիւն 18։2, 8) Անկէ ետք, անոնք որոնք կը մերժեն Աստուծոյ Խօսքին հետ ներդաշնակ ապրիլ, Յիսուս Քրիստոս Թագաւորին միջոցաւ մահուան պիտի դատապարտուին։ (Սաղմոս 2։9-11. Դանիէլ 2։44) Ապա՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ոճիրէ, պատերազմէ եւ ուրիշ աղէտներէ տեւական հանգստութիւն պիտի բերէ։ Այլեւս կարիքը պիտի չունենանք ցաւի, հիւանդութեան եւ մահուան համար մարդիկը մխիթարելու։—Յայտնութիւն 21։3, 4
19, 20. Աստուծոյ Խօսքը իրապէս սիրողներուն ի՞նչ փառաւոր ապագայ վերապահուած է։
19 Այն ատեն ի՜նչ փառաւոր բարի գործեր պիտի կատարուին Աստուծոյ Խօսքը սիրողներուն կողմէ։ Արմագեդոնէն վերապրողները այս երկիրը դրախտի վերածելու ցնծալի գործին պիտի ձեռնարկեն։ Անոնք՝ հիմա գերեզմաններու մէջ հանգչող ու մեռելներու յարութեան մասնակից ըլլալու հեռանկարով Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղող մեռելներուն կարիքները պատրաստելու ոգեցունց առանձնաշնորհումը պիտի ունենան։ (Յովհաննու 5։28, 29) Այդ ժամանակի ընթացքին, իր բարձրացեալ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ Գերիշխան Տէր Եհովայէ կատարեալ առաջնորդութիւն պիտի տեղայ երկրի բնակչութեան վրայ։ ‘Գրքեր պիտի բացուին’, նոր աշխարհի մէջ ապրելու մասին Եհովայի հրահանգները յայտնելով։—Յայտնութիւն 20։12
20 Եհովայի յարմար ժամանակին, հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաներու ամբողջ մարմինը իրենց երկնային վարձատրութիւնը պիտի ստանայ, որպէս «Քրիստոսին ժառանգակիցներ»։ (Հռովմայեցիս 8։17) Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, երկրի վրայ Աստուծոյ Խօսքը բոլոր սիրողները մտքի ու մարմնի կատարելութեան պիտի հասնին։ Վերջին փորձէն իրենց հաւատարմութիւնը փաստելով, անոնք յաւիտենական կեանքի վարձատրութիւնը պիտի ստանան եւ ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ պիտի վայելեն։ (Հռովմայեցիս 8։21. Յայտնութիւն 20։1-3, 7-10) Անիկա ի՜նչ հոյակապ ժամանակ մը պիտի ըլլայ։ Եհովայի մեզի շնորհած յոյսը ի՛նչ որ ալ ըլլայ՝ երկնային թէ երկրային, իր Խօսքին հանդէպ տեւական սէրը եւ աստուածային իմաստութեամբ ապրելու վճռակամութիւնը իրապէս պիտի պաշտպանէ մեզ. իսկ ապագային՝ ‘մեզ պիտի պատուէ, քանի որ զանիկա գրկեցինք’։—Առակաց 4։6, 8
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սէրը ի՞նչպէս պիտի պաշտպանէ մեզ։
◻ Յիսուսի առակին սերմը ի՞նչ է եւ անիկա ի՞նչպէս կը ցանուի։
◻ Ի՞նչպէս կ’ապացուցանենք որ «աղէկ հող» ենք։
◻ Աստուծոյ Խօսքը սիրողները ի՞նչ օգուտներ կրնան ակնկալել։
[Նկար՝ էջ 16]
Յիսուսի առակին սերմը կը պատկերացնէ Աստուծոյ Խօսքին մէջ բովանդակուած բարի լուրի պատգամը
[Նկարին աղբիւրը]
Garo Nalbandian
[Նկար՝ էջ 17]
Եհովայի Վկաները կ’ընդօրինակեն Մեծագոյն Սերմնացանը
[Նկարներ՝ էջ 18]
Արմագեդոնէն վերապրողները երկրի պտուղները պիտի վայելեն