Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ջանանք խոնարհ ըլլալ
    Դիտարան 2012 | Նոյեմբեր 1
    • 1, 2. Յիսուս առաքեալներուն ի՞նչ յորդոր տուաւ եւ ինչո՞ւ։

      ՏԱՐԻՆ Ք.Ե. 32–ն էր։ Յիսուս եւ առաքեալները Գալիլիոյ նահանգին մէջ էին։ Առաքեալները կը վիճէին, թէ ո՛վ էր մեծագոյնը իրենց մէջ։ Աւետարանագիր Ղուկաս կը տեղեկագրէ. «Խորհուրդ մըն ալ մտաւ անոնց մէջ՝ թէ արդեօք իրենց մէջ ո՞վ է մեծ։ Յիսուս անոնց սրտին խորհուրդը իմանալով՝ տղայ մը առաւ ու զանիկա իր քով կանգնեցուց եւ ըսաւ անոնց. ‘Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ’ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ’ընդունի. վասն զի ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է [«պզտիկի պէս կը վարուի», ՆԱ], անիկա մեծ պիտի ըլլայ’» (Ղուկ. 9։46-48)։ Համբերատարութեամբ բայց հաստատ ըլլալով՝ Յիսուս առաքեալներուն օգնեց տեսնելու պզտիկի պէս վարուելու կարեւորութիւնը։

      2 Յիսուս առաքեալներուն ըսաւ, որ խոնարհ կեցուածք ունենան. բայց արդեօք ժամանակակից հրեաներուն մեծամասնութիւնը այդ կեցուածքը ունէ՞ր։ Ո՛չ. ընդհակառակը, բառարան մը կ’ըսէ. «Բոլոր փոխյարաբերութիւններուն մէջ, միշտ հարցում կը ծագէր թէ ո՛վ աւելի մեծ էր, եւ միշտ մտահոգութիւն կար որ իւրաքանչիւր անհատ հարկ եղած կերպով պատիւ կը ստանա՛ր կամ ոչ» (Theological Dictionary of the New Testament)։ Յիսուս առաքեալները կը յորդորէր որ առհասարակ մարդոցմէ տարբեր ըլլային։

      3. ա) «Պզտիկի պէս վարուիլը» ի՞նչ կը նշանակէ։ բ) Խոնարհ ըլլալը ինչո՞ւ կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ։ գ) Խոնարհ ըլլալու նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

      3 «Պզտիկ» թարգմանուած յունարէն բառը կ’ակնարկէ անհատի մը՝ որ համեստ, հեզ, հլու եւ աննշան է, ինչպէս նաեւ զօրութիւն կամ հեղինակութիւն չունի։ Յիսուս տղեկ մը օգտագործեց՝ առաքեալներուն յստակացնելու համար որ խոնարհ ու համեստ ըլլան։ Այժմու ճշմարիտ քրիստոնեաները հարկ է որ Յիսուսի այդ յորդորը գործադրեն։ Թերեւս նկատենք թէ առնուազն որոշ պարագաներու մէջ, խոնարհ ըլլալը մարտահրաւէր մըն է։ Մարդիկ աւելի հակամէտ են հպարտ ըլլալու. ինչ որ կրնայ մեզ մղել երեւելիութեան հետամուտ ըլլալու։ Սատանայի աշխարհին մրցակցական մթնոլորտը ե՛ւ անոր հոգին թերեւս մեզի ազդեն՝ որ անձնագով, կռուազան կամ նենգամիտ ըլլանք։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ ջանանք խոնարհ ըլլալ։ Ինչպէ՞ս մեր մէջ ‘պզտիկի պէս վարուողը մեծ պիտի ըլլայ’։ Եւ, կեանքի ո՞ր երեսակներուն մէջ պէտք է ջանանք խոնարհութիւն ցուցաբերել։

  • Ջանանք խոնարհ ըլլալ
    Դիտարան 2012 | Նոյեմբեր 1
    • 7 Աստուծոյ խոնարհութիւնը շա՜տ ազդեց Դաւիթին։ Ան Եհովային տաղերգեց. «Քու փրկութեանդ վահանը տուիր ինծի, ու քու հեզութիւնդ զիս մեծցուց» (Բ. Թագ. 22։36, ԱԾ)։ Դաւիթ գիտէր որ կրնար ընել բոլոր այն մեծ բաները, որոնք Իսրայէլի մէջ ըրաւ, քանի որ Եհովան իրեն հանդէպ խոնարհութիւն ցուցաբերած էր, իրեն ուշադրութիւն ընծայելով եւ օգնելով (Սաղ. 113։5-7)։ Նոյնն է պարագան մեզի։ Մեր ունեցած յատկութիւններուն, կարողութիւններուն եւ մասնաւոր պատասխանատուութիւններուն Աղբիւրը՝ Եհովա՛ն է (Ա. Կոր. 4։7)։ Խոնարհ անհատը «մեծ» կ’ըլլայ՝ Եհովայի աչքին աւելի արժէքաւոր ծառայ դառնալով (Ղուկ. 9։48)։ Նկատի առնենք ինչպէ՛ս։

      ‘ՁԵՐ ՄԷՋ ՊԶՏԻԿԻ ՊԷՍ ՎԱՐՈՒՈՂԸ ՄԵԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ’

      8. Խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ մեր ունեցած կեցուածքին։

      8 Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ գոհունակ ըլլալու եւ ժողովքային կարգադրութեան աջակցելու համար, խոնարհութիւնը կարեւոր է։ Օրինակի համար, նկատի առ Փեթրան, որ Վկաներու մէկ ընտանիքին մէջ մեծնալով հանդերձ, փափաքեցաւ ի՛ր ուզածը ընել եւ ժողովքը լքեց։ Տարիներ ետք, ան սկսաւ ետ ժողովքին հետ ընկերակցիլ։ Այժմ, ան ուրա՛խ է որ Եհովայի կազմակերպութեան կը պատկանի եւ ժողովքային կարգադրութեան կ’աջակցի։ Իր կեցուածքը ինչպէ՞ս փոխուեցաւ։ Ան գրեց. «Կարեւորագոյն երկու յատկութիւններ պէտք է հասկնայի ու մշակէի. խոնարհութիւն եւ համեստութիւն»։

      9. Խոնարհ անհատը մեր ստացած հոգեւոր սնունդին նկատմամբ ի՞նչ կեցուածք ունի, եւ ասիկա ինչո՞ւ զինք աւելի արժէքաւոր կը դարձնէ։

      9 Խոնարհ անհատը սրտագին երախտագիտութիւն ունի Եհովայի կարգադրութիւններուն հանդէպ, ներառեալ՝ հոգեւոր սնունդին հանդէպ։ Անոր համար, այսպիսի անհատ մը Աստուածաշունչի ժրաջան աշակերտ եւ Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի անյագ ընթերցող է։ Եհովայի բազմաթիւ այլ ծառաներուն նման, ան սովորութիւն կ’ունենայ իւրաքանչիւր նոր հրատարակութիւն կարդալ, գրադարանին մէջ տեղաւորելէ առաջ։ Եթէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր հրատարակութիւնները կարդալով եւ ուսումնասիրելով ցոյց տանք թէ խոնարհ ու գնահատող անհատներ ենք, հոգեւորապէս պիտի յառաջդիմենք եւ Եհովան մեզ իր ծառայութեան մէջ լիովին պիտի գործածէ (Եբ. 5։13, 14)։

      10. Ինչպէ՞ս կրնանք ժողովքին մէջ խոնարհութիւն ցուցաբերել։

      10 Խոնարհ անհատը «մեծ» է ուրիշ կերպով ալ։ Իւրաքանչիւր ժողովք որակեալ տղամարդիկ ունի, որոնք Եհովայի սուրբ հոգիին միջոցաւ նշանակուած են՝ որպէս երէցներ ծառայելու։ Անոնք կը կազմակերպեն ժողովքային հանդիպումները եւ դաշտի ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովքը կը հովուեն։ Երբ խոնարհութիւն կը ցուցաբերենք՝ կամովին երէցներուն հետ համագործակցելով, ժողովքին ուրախութեան, խաղաղութեան եւ միութեան կը նպաստենք (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։7, 17)։ Եթէ Եհովայի կը ծառայես որպէս երէց կամ օգնական ծառայ, խոնարհութիւն կը ցուցաբերե՞ս երախտագէտ ըլլալով, որ ան քեզի այսպիսի առանձնաշնորհում վստահած է։

      11, 12. Ո՞ր կեցուածքը մեզ Եհովայի կազմակերպութեան աչքին աւելի թանկարժէք պիտի դարձնէ եւ ինչո՞ւ։

      11 Խոնարհ անհատը Եհովայի կազմակերպութեան աչքին աւելի արժէքաւոր է, քանի որ խոնարհութիւնը զինք Աստուծոյ լաւ եւ պիտանի ծառայ մը կը դարձնէ։ Հարկ էր որ Յիսուս իր աշակերտները յորդորէր, որ պզտիկի պէս վարուէին, քանի որ ատոնցմէ ոմանք այդ ատենուան հպարտ անհատներուն նման կը խորհէին։ Ղուկաս 9։46–ը կը նշէ. «Խորհուրդ մըն ալ մտաւ անոնց մէջ՝ թէ արդեօք իրենց մէջ ո՞վ է մեծ»։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մենք ալ սկսինք մտածել թէ մեր հաւատակիցներէն կամ ուրիշներէն ձեւով մը աւելի լաւ ենք։ Մեր շուրջի մարդոցմէ շատեր հպարտ եւ անձնասէր են։ Եթէ խոնարհ ենք եւ Եհովայի կամքը առաջին տեղը կը դնենք, մեր ընկերակցութիւնը քաջալերական պիտի ըլլայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել