-
Ան «իր սրտին մէջ կը մտածէր»Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
-
-
10 Մարիամ եւ Յովսէփ գիւղակը խճողուած գտան։ Շատեր իրենցմէ աւելի կանուխ եկած էին աշխարհագիր մտնելու, ուստի իրենց իջեւանելու տեղ չէր մնացածb։ Անոնք ստիպուած եղան ախոռի մը մէջ գիշերել։ Կրնանք պատկերացնել թէ Յովսէփին որքա՛ն կը մտահոգէր իր կնոջ ցաւերուն սաստկանալը. այս անյարմար պայմաններու ներքեւ էր որ Մարիամին երկունքի ցաւերը սկսան։
11. ա) Ամէնուրեք, կիներ ինչո՞ւ կրնան կարեկցիլ Մարիամին։ բ) Յիսուս ի՞նչ կերպերով «անդրանիկ»ն էր։
11 Ամէնուրեք, կիներ կրնան կարեկցիլ Մարիամին։ Այդ դէպքէն գրեթէ 4000 տարի առաջ, Եհովա նախագուշակած էր թէ բոլոր կիները ծննդաբերելու ատեն ցաւ պիտի քաշէին՝ ժառանգուած մեղքին պատճառով (Ծն. 3։16)։ Եւ Մարիամ բացառութիւն մը չէր։ Ղուկաս մանրամասնօրէն չի նկարագրեր Մարիամին ցաւերը, այլ պարզապէս կը նշէ. «Իր անդրանիկ որդին ծնաւ» (Ղուկ. 2։7)։ Այո, իր առաջին զաւակը, որմէ ետք առնուազն վեց զաւակներ ալ ունեցաւ (Մար. 6։3)։ Սակայն այս մէկը լման տարբեր պիտի ըլլար միւսներէն, քանի որ ան ոչ միայն Մարիամին անդրանիկն էր, այլեւ՝ Եհովայի անդրանիկը «բոլոր ստեղծուածներուն» մէջ, Աստուծոյ միածին Որդին (Կող. 1։15)։
12. Մարիամ՝ մանուկը ո՞ւր պառկեցուց, եւ իրականութիւնը ինչպէ՞ս կը տարբերի Սուրբ Ծնունդի խաղարկութիւններէն, նկարչութիւններէն եւ պատկերներէն։
12 Այնուհետեւ, արձանագրութիւնը հռչակաւոր մանրամասնութիւն մը կ’աւելցնէ. «[Ան] խանձարուրով փաթթեց եւ զանիկա մսուրին մէջ պառկեցուց» (Ղուկ. 2։7)։ Համայն աշխարհի մէջ, Սուրբ Ծնունդին առիթով խաղարկութիւնները, նկարչութիւններն ու պատկերները այս տեսարանը կը ներկայացնեն՝ զգացական եւ անիրապաշտ կերպով։ Սակայն նկատի առ իրողութիւնը։ Մսուրը ուղղանկիւնաձեւ տաշտ մըն է, որուն մէջ ընտանի անասուններու համար ուտելիք կը լեցնեն։ Յիշէ թէ անոնք ախոռի մը մէջ էին, ուր առողջապահական պայմաններ չկային եւ օդն ալ մաքուր չէր (նոյնն ալ այսօր)։ Իրապէս, ո՞ր ծնողքը այսպիսի տեղ մը պիտի ընտրէր ծննդաբերութեան համար, եթէ ա՛յլ ընտրանք մը ունենար։ Ընդհանրապէս, ծնողներ լաւագոյնը կ’ուզեն իրենց զաւակներուն համար։ Իսկ որչա՛փ աւելի Մարիամ եւ Յովսէփ, որոնք կ’ուզէին Աստուծոյ Որդւոյն համար լաւագոյն հոգատարութիւնը հայթայթել։
13. ա) Մարիամ եւ Յովսէփ ի՞նչ կերպով լաւագոյնս օգտուեցան իրենց ունեցածէն։ բ) Ներկայիս, իմաստուն ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան նոյնանման առաջնահերթութիւններ դնել։
13 Այսուհանդերձ, անոնք թոյլ չտուին որ սեղմ պայմանները զիրենք ճնշեն. անոնք պարզապէս լաւագոյնս օգտուեցան իրենց ունեցածէն։ Նշմարէ, զոր օրինակ, թէ Մարիամ ի՛նք հոգ տարաւ նորածինին, զայն խանձարուրելով, զգուշօրէն մսուրին մէջ դնելով եւ վստահ ըլլալով որ իր զաւակը տաքուկ ու ապահովաբար պիտի քնանար։ Նոյնիսկ այս աննպաստ պայմաններուն տակ, Մարիամ իր կարելին ըրաւ զաւկին հոգ տանելու համար։ Ինք եւ Յովսէփ նաեւ գիտէին, թէ կարեւորագոյն բանը որ կրնային ընել՝ իրենց մանուկին հոգեւոր կարիքները հոգալն էր (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։6-8)։ Ներկայիս, իմաստուն ծնողներ նոյնանման առաջնահերթութիւններ կը դնեն, մինչ իրենց զաւակները կը մեծցնեն աշխարհի մը մէջ, որ հոգեւոր բաները չի գնահատեր։
-
-
Ան «իր սրտին մէջ կը մտածէր»Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
-
-
b Այդ օրերուն, գիւղացիները սովորութիւն ունէին ճամբորդներուն եւ անցող կարաւաններուն իջեւանելու տեղ տրամադրելու։
-