«Յիսուս Քրիստոս Տէր է»—Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ
«ՏԷՐԸ իմ Տէրոջս ըսաւ. ‘Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան դնեմ»։ Սաղմոս 110։1–ը այսպէս թարգմանուած է Արեւմտահայերէն Թարգմանութեան մէջ։ Ո՞վ է հոս յիշուած «ՏԷՐԸ»։ Ան որո՞ւ կը խօսի։
Եբրայերէն բնագրին աւելի ճշգրիտ թարգմանութիւն մը առաջին հարցումին անմիջապէս կը պատասխանէ։ «Եհովայի յայտարարութիւնը իմ Տէրոջս. ...»։ Հետեւաբար, գլխագիրով «ՏԷՐ» տիտղոսը Ամենակալ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ կ’ակնարկէ։ Թէեւ Գինք Ճէյմզ Թարգմանութիւնը աստուածային անունը կ’ընդունի, փոխանակ «Տէր»ի՝ «ՏԷՐ» գործածելով, բայց անիկա միակ թարգմանութիւնը չէ, որ այս տիտղոսներուն մէջ շփոթութիւն կը ստեղծէ, քանի որ Յունարէն Եօթանասնիցը, Եբրայերէնէն թարգմանուած, իր վերջին ընդօրինակութիւններուն մէջ Եհովայի համար «Տէր» գործածած է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «Տէր» տիտղոսը աստուածային անուան՝ Քառագիրին (יהוה)՝ տեղը առած է։ Ուսումնական Ա. Է. Կարվի կ’ըսէ. «Տէր [Գիրիոս] տիտղոսին գործածութիւնը շատ պարզ եւ հաւանական կերպով կը բացատրուի թէ, երբ Հրէական ժողովարանին մէջ Սուրբ Գրութիւնները կը կարդացուէին, Եահուէի [Եհովայի] ուխտեալ անուան տեղ այդ տիտղոսը կը գործածուէր»։
Աստուածաշունչը Եհովան կը բնորոշէ որպէս «Գերիշխան Տէր (ՆԱ)»։ (Ծննդոց 15։2, 8. Գործք 4։24) Ան նաեւ կոչուած է «ճշմարիտ Տէր» եւ «երկրին Տէր»ը։ (Յայտնութիւն 6։10. Ելից 23։17. Յեսուայ 3։13. Յայտնութիւն 11։4) Արդ, Սաղմոս 110։1–ի միւս ‘Տէրը’ ո՞վ է։ Ան ինչպէ՞ս Եհովայի կողմէ ընդունուած է որպէս «Տէր»։
Յիսուս Քրիստոս Որպէս «Տէր»
Չորս աւետարաններուն մէջ, շատ յաճախ Ղուկասի եւ Յովհաննուի մէջ, Յիսուս «Տէր» կոչուած է։ Հ.Դ. առաջին դարուն, «Պարոն»ի համարժէք այս տիտղոսը յարգանքի եւ քաղաքավարական արտայայտութիւն մըն էր։ (Յովհաննու 12։21. 20։15, Թագաւորութեան Տողընդմիջեայ, Անգլ.։) Մարկոսի Աւետարանին մէջ, Յիսուս աւելի յաճախ կոչուած է «Վարդապետ», կամ Ռաբբունի։ (Բաղդատել Մարկոս 10։51–ը Ղուկաս 18։41–ին հետ։) Դամասկոսի ճամբուն վրայ, «Ո՞վ ես դուն, Տէր» Պօղոսի հարցումը նոյնպէս քաղաքավարութեան իմաստ ունէր։ (Գործք 9։5) Բայց երբ Յիսուսի հետեւորդները սկսան իրենց Վարդապետը աւելի լաւ ճանչնալ, բացայայտ է որ անոնց գործածած «Տէր» տիտղոսը պարզ յարգանքէ մը աւելին կ’արտայայտէր։
Իր մահէն ու յարութենէն ետք, բայց երկինք համբարձումէն առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն երեւցաւ եւ այս ապշեցուցիչ ծանուցումը ըրաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։ (Մատթէոս 28։18) Ապա, Պէնտէկոստէի օրը, թափուած սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ, Պետրոս Սաղմոս 110։1–ը մէջբերեց ու ըսաւ. «Ուստի բոլոր Իսրայէլի տունը ճշմարտապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք [ցցահանեցիք (ՆԱ)]»։ (Գործք 2։34–36) Տանջանքի ցիցի մը վրայ մինչեւ անարգ մահ իր հաւատարիմ մնալուն պատճառաւ, Յիսուս յարուցուեցաւ եւ մեծագոյն վարձատրութիւնը ստացաւ։ Ապա, ան երկինք մտաւ որպէս Տէր։
Պօղոս առաքեալ Պետրոսի խօսքերը հաստատեց, երբ գրեց որ Աստուած «[Քրիստոսը] նստեցուց իր աջ կողմը երկնքի մէջ։ Ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ եւ ամէն անունի վրայ որ կը տրուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա գալիքին մէջ ալ»։ (Եփեսացիս 1։20, 21) Յիսուս Քրիստոսի տէրութիւնը ամէն տէրութեան վրայ է եւ անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ նոր աշխարհ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։15) Ան ‘խիստ բարձրացուեցաւ’ եւ «անոր անուն մը [տրուեցաւ] որ ամէն անունէ վեր է», որպէսզի ամէն մարդ դաւանի թէ «Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար»։ (Փիլիպպեցիս 2։9–11) Այսպիսով կատարուեցաւ Սաղմոս 110։1–ի առաջին մասը եւ «հրեշտակներն ու իշխանութիւնները եւ զօրութիւնները» Յիսուսի տէրութեան հպատակեցան։—Ա. Պետրոս 3։22. Եբրայեցիս 8։1
Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, «տէրերուն Տէր»ը արտայայտութիւնը միմիայն Եհովայի կը կիրարկուի։ (Բ. Օրինաց 10։17. Սաղմոս 136։2, 3) Բայց Պետրոս Յիսուս Քրիստոսի մասին ներշնչման ներքեւ ըսաւ. «Անիկա է ամենուն Տէրը [կամ՝ «բոլորիս Տէրը», Goodspeed]»։ (Գործք 10։36) Արդարեւ, ան ‘թէ՛ մեռելներուն եւ թէ՛ կենդանիներուն վրայ կ’իշխէ [Տէրն է (ՆԱ)]’։ (Հռովմայեցիս 14։8, 9) Քրիստոնեաները սիրայօժար կերպով կ’ընդունին Յիսուս Քրիստոսը որպէս իրենց Տէրն ու Սեփականատէրը եւ իրեն կամովին կը հնազանդին որպէս իր թանկարժէք արիւնով գնուած հպատակներ։ Իսկ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, Յիսուս Քրիստոս իր ժողովքին վրայ իշխած է որպէս թագաւորներու Թագաւոր ու տէրերու Տէր։ Բայց հիմա, 1914–էն ի վեր, ան թագաւորական հանգամանքով իշխելու հեղինակութիւն ստացած է, իր թշնամիները ‘իր ոտքերուն պատուանդան’ դրուելով։ Արդ, ժամանակը հասած է որ ան ‘իր թշնամիներուն մէջտեղ տիրէ’, առ ի կատարում Սաղմոս 110։1, 2–ին։—Եբրայեցիս 2։5–8. Յայտնութիւն 17։14. 19։16
Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ իր մահէն ու յարութենէն առաջ Յիսուսի սա խօսքերը. «Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս»։ (Մատթէոս 11։25–27. Ղուկաս 10։21, 22) Ասոնք նոյնքան ընդարձակ տարողութիւն չունին, որքան նախապէս մեր նկատի առած համարները։ Թէ՛ Մատթէոսի եւ թէ Ղուկասի մէջ, բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ որ Յիսուս աշխարհային իմաստուններէն պահուած, բայց իրմով յայտնուած գիտութեան մասին կը խօսէր, քանի որ ան Հայրը «լաւ կը ճանչնայ (ՆԱ)»։ Երբ ջուրի մէջ մկրտուեցաւ եւ ծնաւ որպէս Աստուծոյ հոգեղէն որդի մը, Յիսուս կրցաւ երկնքի մէջ իր ունեցած նախամարդկային գոյութիւնը եւ հոն իր ստացած բոլոր տեղեկութիւնները յիշել, բայց ասիկա հետագային իր ստանալիք իշխանութենէն տարբեր էր։—Յովհաննու 3։34, 35
Յիսուս Քրիստոսը Բնորոշել Որպէս Տէր
Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն կարգ մը հատուածներ հարց մը կը յարուցանեն, երբ Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերումներ թարգմանուած են, որոնք որոշապէս կ’ակնարկեն ‘ՏԷՐՈՋ’՝ Եհովա Աստուծոյ։ Օրինակի համար, բաղդատեցէք Ղուկաս 4։19–ն Եսայեայ 61։2–ին հետ։ Ոմանք կը պնդեն որ «Տէր» տիտղոսը Եհովայէն անցաւ Յիսուսի եւ որ Յիսուս, երբ մարմնի մէջ էր, իրապէս Եհովան էր, բայց ասիկա Սուրբ Գրութիւններուն վրայ չէ հիմնուած եւ հետեւաբար վիճելի է։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, Եհովա Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ միշտ յստակօրէն զատորոշուած են։ Յիսուս իր Հօր անունը գիտցուց եւ զայն ներկայացուց։—Յովհաննու 5։36, 37
Հետեւեալ օրինակներուն մէջ, նկատի առէք Եբրայերէն Գրութիւններէն եղած մէջբերումները Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։ Գործք 4։24–27–ին մէջ, թէ՛ Եհովա Աստուած եւ թէ իր Օծեալը, կամ՝ Մեսիան, յիշուած են եւ ասիկա Սաղմոս 2։1, 2–էն մէջբերում մըն է։ Հռովմայեցիս 11։33, 34–ի բովանդակութիւնը որոշ կերպով Աստուծոյ՝ ամէն իմաստութեան եւ գիտութեան Աղբիւրին՝ կ’ակնարկէ, Եսայեայ 40։13, 14–ի մէջբերումով։ Կորնթացւոց ժողովքին գրելով, Պօղոս կը կրկնէ նոյն մէջբերումը՝ «Ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը»։ Ապա ան կ’աւելցնէ. «Բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք»։ Տէր Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն յայտնեց Եհովայի միտքը շատ մը կարեւոր հարցերու մասին։—Ա. Կորնթացիս 2։16
Երբեմն, Եբրայերէն Գրութիւններէն համար մը Եհովայի կ’ակնարկէ, բայց անիկա Յիսուս Քրիստոսի վրայ կատարուած է, քանի որ Եհովա զինք զօրութեամբ ու հեղինակութեամբ օժտած է։ Սաղմոս 34։8–ն, զոր օրինակ, մեզ կը հրաւիրէ. «Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը [Եհովան] բարի է»։ Բայց Պետրոս ասիկա կը կիրարկէ Տէր Յիսուս Քրիստոսին, երբ կ’ըսէ. «Տէրոջը քաղցր ըլլալուն համը առիք»։ (Ա. Պետրոս 2։3) Պետրոս սկզբունք մը կ’առնէ եւ ցոյց կու տայ թէ անիկա ո՛րքան ճշմարիտ է Յիսուս Քրիստոսի պարագային ալ։ Թէ՛ Եհովա Աստուծոյ եւ թէ Յիսուս Քրիստոսի մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալով եւ զայն գործադրելով, Քրիստոնեաները ճոխ օրհնութիւններ կը ստանան թէ՛ Հօրմէն եւ թէ Որդիէն։ (Յովհաննու 17։3) Պետրոսի կիրարկումը Գերիշխան Տէր Եհովան Տէր Յիսուս Քրիստոսին հետ մէկ անձ չ’ըներ։—Տես Ա. Պետրոս 2։3–ի ծանօթագրութիւնը։
Պօղոս առաքեալ շատ յստակ կ’ընէ Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ յարաբերական դիրքերը, երբ կ’ըսէ. «Մենք մէկ Աստուած ունինք՝ Հայրը՝ որմէ են բոլոր բաները եւ մենք ալ անով ու մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որմէ են բոլոր բաները ու մենք ալ անով»։ (Ա. Կորնթացիս 8։6. 12։5, 6) Եփեսոսի Քրիստոնէական ժողովքին գրելով, Պօղոս «մէկ Տէր»ը՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ բնորոշեց որպէս ‘մէկ Աստուծմէ՝ ամենուն Հօրմէն’՝ բոլորովին տարբեր մէկը։—Եփեսացիս 4։5, 6
Եհովա Ամենուն Վրայ Գերակայ Է
1914–էն ի վեր, Յայտնութիւն 11։15–ի խօսքերը կատարուած են. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը [Եհովա Աստուծոյ] ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ Բառարան մը (The New International Dictionary of New Testament Theology, Հատոր Բ. էջ 514) կ’ըսէ. «Երբ Քրիստոս ամէն զօրութիւն նուաճէ (Ա. Կորն. 15։25), ինքն ալ պիտի հնազանդի Հայր Աստուծոյ։ Այս կերպով Յիսուսի տէրութեան նպատակը իրագործուած պիտի ըլլայ եւ Աստուած պիտի ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ (Ա. Կորն. 15։28)»։ Իր Հազարամեայ Իշխանութեան վախճանին, Քրիստոս Յիսուս իր Հօրը՝ Ամենակալ Աստուծոյ՝ կը վերադարձնէ այն զօրութիւնն ու հեղինակութիւնը որոնք նախապէս յանձնուած էին իրեն։ Հետեւաբար, ամէն փառք ու պաշտամունք իրաւացիօրէն կը տրուին Եհովայի՝ ‘Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Աստուծոյն’։—Եփեսացիս 1։17
Թէեւ Յիսուս հիմա տէրերու Տէրն է, բայց ան բնաւ չէ կոչուած աստուածներու Աստուածը։ Եհովա ամենուն վրայ Գերակայ է։ Այս կերպով, Եհովա պիտի ըլլայ «ամէնը ամէն բանի մէջ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։28) Յիսուսի տէրութիւնը իրեն իրաւացի տեղը կու տայ որպէս Քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը։ Թէեւ մենք այս աշխարհի մէջ բարձր դիրք ունեցող բազմաթիւ հզօր «տէրեր» կը տեսնենք, սակայն մեր վստահութիւնը կը դնենք տէրերու Տիրոջ վրայ։ Յիսուս Քրիստոս, իր բարձր դիրքէն, տակաւին իր Հօրը հնազանդ կը մնայ, «որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։28) Յիսուս իր հետեւորդներուն Տէրը ըլլալով հանդերձ, խոնարհութեան ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ հանդիսացած է։
[Շրջանակ՝ էջ 9]
«Երբ Նոր Կտակարանի գրութեան մասնակցողները Աստուծոյ մասին կը խօսին, անոնք ըսել կ’ուզեն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը եւ Հայրը։ Երբ անոնք կը խօսին Յիսուս Քրիստոսի մասին, իր մասին ո՛չ ակնարկում կ’ընեն եւ ոչ ալ կը խորհին որպէս Աստուած։ Ան Աստուծոյ Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, Աստուծոյ Իմաստութիւնը, Աստուծոյ Բանն է։ Նոյնիսկ Սբ. Յովհաննու–ին Նախաբանը, որ Նիկիոյ Հանգանակին ամենէն մօտիկն է, ընդհանուր Աւետարանին լոյսին տակ պէտք է կարդացուի, ուր Յիսուսի ստորադասութիւնը շեշտուած է. իսկ Յունարէնին մէջ, Նախաբանը շատ յստակ չէ, աստուած [theos] բառը առանց յօդի ըլլալով, ինչ որ Անգլերէնի մէջ այս չէ պարագան»։—«The Divinity of Jesus Christ,» John Martin Creed–ի կողմէ։