Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Առանց զբաղումի Եհովային ծառայէ
    Դիտարան 2015 | Հոկտեմբեր 15
    • 2 Յիսուս Մարթան կը սիրէր ոչ միայն որովհետեւ հիւրասէր եւ աշխատասէր էր, այլեւ՝ հոգեւոր։ Ան իրապէս կը հաւատար Յիսուսին սորվեցուցածներուն եւ կասկած չունէր, թէ ան խոստացեալ Մեսիան էր (Յովհ. 11։21-27)։ Սակայն մեր բոլորին պէս՝ Մարթան անկատար էր։ Առիթով մը երբ Յիսուս իր տունը այցելեց, Մարթան իր քրոջմէն՝ Մարիամէն նեղանալով, Յիսուսին ըսաւ որ պէտք է զինք սրբագրէ։ Մարթան ըսաւ. «Տէ՛ր, քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ. ուստի ատոր ըսէ, որ ինծի օգնէ» (կարդա՛ Ղուկաս 10։38-42)։ Այս պատմութենէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

  • Առանց զբաղումի Եհովային ծառայէ
    Դիտարան 2015 | Հոկտեմբեր 15
    • 4 Սակայն Մարթան շատ զբաղած էր յատուկ ճաշ մը պատրաստելով եւ ուրիշ բաներ ընելով, որպէսզի Յիսուս կարելի եղածին չափ լաւ նիստ մը ունենայ իրենց հետ։ Բայց Մարթան անտեղիօրէն մտահոգուած էր, եւ երբ տեսաւ որ Մարիամը իրեն չէր օգներ՝ նեղացաւ իրմէ։ Յիսուս անդրադարձաւ որ Մարթան պէտք եղածէն աւելի բաներ կը փորձէր ընել, ուստի ազնուօրէն ըսաւ. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս»։ Ետքը, ան ըսաւ որ միայն մէկ տեսակը բաւարար էր եւ յստակացուց թէ Մարիամ անհոգ չէր գտնուած, ըսելով. «Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի»։ Մարիամը թերեւս մոռնար թէ այդ յատուկ առիթին ի՛նչ կերաւ, բայց բնա՛ւ պիտի չմոռնար այն գովասանքը եւ հոգեւոր սնունդը որ ստացաւ, երբ լման ուշադրութեամբ Յիսուսին մտիկ ըրաւ։ Աւելի քան 60 տարի ետք, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը» (Յովհ. 11։5)։ Այս ներշնչուած խօսքը վստահաբար ցոյց կու տայ, թէ Մարթան Յիսուսի ըսածին ականջ տուաւ եւ մինչեւ մահ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայեց։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել