Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ի՞նչպէս պէտք է աղօթենք
    Դիտարան 1996 | Հոկտեմբեր 1
    • ԵՐԲ աշակերտ մը աղօթքի մասին տեղեկութիւն խնդրեց, Յիսուս չզլացաւ այս ուղղութեամբ։ Ղուկաս 11։2–4–ի համաձայն, ան պատասխանեց. «Երբ աղօթքի կանգնէք, ասացէ՛ք. ‘Հայր մեր, սուրբ թող լինի քո անունը. քո արքայութիւնը թող գայ։ Մեր հանապազօրեայ հացը տո՛ւր մեզի ամէն օր։ Եւ մեր մեղքերը մեզ ների՛ր, ինչպէս մենք էլ ներում ենք ամէն մարդու, որ յանցանք է գործում մեր դէմ. եւ մի՛ տար մեզ փորձութեան»։ (Արեւելհ. Արդի Թարգմ.) Ասիկա սովորաբար ճանչցուած է որպէս Տէրունական Աղօթք, որու մէջ շատ ընդարձակ տեղեկութիւն կայ։

  • Ի՞նչպէս պէտք է աղօթենք
    Դիտարան 1996 | Հոկտեմբեր 1
    • Հետաքրքրականօրէն, Յիսուս սորվեցուց նաեւ որ մեր աղօթքներուն մէջ կրնանք մեզ մտահոգող անձնական հարցեր մտցնել։ Ան ըսաւ. «Մեր հանապազօրեայ հացը տո՛ւր մեզի ամէն օր։ Եւ մեր մեղքերը մեզ ների՛ր, ինչպէս մենք էլ ներում ենք ամէն մարդու, որ յանցանք է գործում մեր դէմ եւ մի՛ տար մեզ փորձութիւն»։ (Ղուկաս 11։3, 4, Արեւելհ. Արդի Թարգ.) Յիսուսի խօսքերը կը թելադրեն որ առօրեայ խնդիրներուն մէջ կրնանք Աստուծոյ կամքը խնդրել եւ Եհովայի մօտենալ մեզ մտահոգող կամ մեր մտքի խաղաղութիւնը խանգարող որեւէ հարցով։ Այս բաներու մասին միշտ Աստուծոյ աղօթելը, մեզի կ’օգնէ գնահատելու որ իրմէ կախեալ ենք։ Այս կերպով մեր կեանքին վրայ իր ունեցած ազդեցութեան աւելի կը գիտակցինք։ Ամէն օր մեր յանցանքներուն համար Աստուծմէ թողութիւն խնդրելն ալ օգտակար է։ Այս կերպով աւելի կը գիտակցինք մեր տկարութիւններուն, իսկ աւելի կը հանդուրժենք ուրիշներու յանցանքներուն։ Փորձութենէ ազատութիւն խնդրելու Յիսուսի յորդորն ալ պատշաճ է, մանաւանդ աշխարհի բարոյական անկման ի տես։ Այդ աղօթքին հետ ներդաշնակ վարուելով, կը խուսափինք ա՛յն պարագաներէն եւ վիճակներէն, որոնք կրնան մեզ յանցագործութեան առաջնորդել։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել