-
Մարիամի օրինակը ի՛նչ կրնայ սորվեցնել մեզիԴիտարան 2009 | Փետրուար 1
-
-
Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Յովսէփ ու Մարիամ յարաբերաբար աղքատ էին։ Ի՞նչպէս։ Այս ամոլին մասին Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի Աւետարաններուն յայտնած սակաւաթիւ իրողութիւններէն մէկը այն է, թէ Մարիամ ծնունդ տալէն 40 օր ետք, Յովսէփին հետ տաճար գնաց պահանջուած ընծան մատուցանելու,– «զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ» (Ղուկաս 2։22-24)։a Այս զոհը արտօնուած էր միայն անոնց, որոնք ա՛յնքան աղքատ էին, որ գառ մը ընծայելու կարողութիւն չունէին։ Արդ, Յովսէփի ու Մարիամի համար ապրուստ ճարելը առօրեայ պայքար մըն էր։ Այսուհանդերձ անոնք ընտանեկան գորովալից միջավայր մը ստեղծեցին։ Անկասկած անոնց նախապատուութիւնը հոգեւոր հետաքրքրութիւններն էր (Բ. Օրինաց 6։6, 7)։
-
-
Մարիամի օրինակը ի՛նչ կրնայ սորվեցնել մեզիԴիտարան 2009 | Փետրուար 1
-
-
a Թռչուններէն մէկը մեղքի պատարագ կը կոչուէր (Ղեւտացւոց 12։6, 8)։ Զայն մատուցանելով, Մարիամ ընդունեց որ ինք ալ բոլոր անկատար մարդոց նման, առաջին մարդուն՝ Ադամի մեղքին հետեւանքները ժառանգած էր (Հռովմայեցիս 5։12)։
-