Ազգ մը կը կորսուի, բայց ո՛չ ամէնքը
Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը
ՅԻՍՈՒՍ Փարիսեցիի մը տան դուրսը հաւաքուած անհատներուն հետ խօսելու սկսելէ քիչ ետք, ոմանք կը հարցնեն իրեն այն «Գալիլիացիներուն մասին, որոնց արիւնը [Հռովմէացի Կառավարիչ Պոնտացի] Պիղատոս իրենց զոհերուն հետ» խառնած էր։ Հաւանաբար ասոնք այն Գալիլիացիներն էին, որոնք սպաննուեցան երբ հազարաւոր Հրեաներ բողոքեցին Պիղատոսի դէմ, որ տաճարի գանձանակին դրամը կը գործածէր Երուսաղէմ ջուր հասցնող ջրուղիի մը կառուցման համար։ Այս հարցը Յիսուսի ուշադրութեան յանձնողները թերեւս հասկցնել կ’ուզէին որ Գալիլիացիները իրենց ամբարիշտ արարքներուն համար այդ աղետին հանդիպեցան։
Սակայն Յիսուս զանոնք կը սրբագրէ, ըսելով. «Կը կարծէ՞ք թէ այն Գալիլիացիները բոլոր Գալիլիացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որոնք այսպիսի բաներ քաշեցին»։ ‘Ոչ’», կը պատասխանէ Յիսուս։ Ապա այս առիթը կը գործածէ Հրեաները ազդարարելու համար. «Եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»։
Յիսուս շարունակելով, ուրիշ տեղական եղերական դէպք մը կը յիշէ, որ հաւանաբար ան ալ ջրուղիին կառուցման հետ առնչութիւն ունէր։ Ան կը հարցնէ. «Այն տասնըութը հոգին, որոնց վրայ Սելովամի աշտարակը ինկաւ եւ զանոնք մեռցուց. կը կարծէ՞ք թէ անոնք Երուսաղէմի մէջ բնակած բոլոր մարդոցմէ աւելի պարտաւոր էին»։ Յիսուս կ’ըսէ թէ այդ մարդիկը իրենց չարութեան պատճառաւ չէ որ մեռան։ Այլ, ‘ժամանակն ու դիպուածն’ է ընդհանրապէս այս աղետներուն պատասխանատուն։ Սակայն, Յիսուս անգամ մը եւս առիթը կ’օգտագործէ ազդարարելու համար. «Հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»։
Ապա Յիսուս շատ տեղին առակ մը կու տայ, բացատրելով. «Մարդ մը իր այգիին մէջ տնկուած թզենի մը ունէր, եկաւ անկէ պտուղ քաղելու եւ չգտաւ։ Ուստի ըսաւ այգեպանին. ‘Ահա երեք տարի է, որ կու գամ այդ թզենիին վրայ պտուղ կը փընտռեմ ու չեմ գտներ, ա՛լ ատիկա կտրէ, ինչո՞ւ համար գետինը խափանէ’։ Անիկա պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. ‘Տէ՛ր, այս տարի ալ ատիկա թող տուր, մինչեւ ատոր բոլորտիքը բրեմ ու թրիք դնեմ եւ եթէ պտուղ տայ՝ աղէկ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ ատիկա’»։
Յիսուս աւելի քան երեք տարիէ ի վեր փորձած էր Հրեայ ազգին մէջ հաւատք մշակել։ Բայց իր աշխատանքին պտուղը միայն քանի մը հարիւր աշակերտներ եղած էին։ Արդ, իր ծառայութեան չորրորդ տարին ըլլալով, ան իր ջանքերը կը կրկնապատկէ, այլաբանօրէն բրելով եւ թրիք դնելով Հրէական «թզենի»ին շուրջ, Յուդայի եւ Բերիայի մէջ անխոնջ քարոզելով եւ սորվեցնելով։ Բայց անօգուտ էր։ Ազգը կը մերժէ զղջում յայտնել, հետեւաբար կործանումի արժանի էր։ Միայն մնացորդ մը կ’ընդառաջէ։
Ասկէ քիչ ետք, Յիսուս Շաբաթ օր մը ժողովարանին մէջ կը սորվեցնէ։ Հոն կը տեսնէ կին մը, որ դեւի մը կողմէ տառապելով, 18 տարիէ կքած էր։ Յիսուս կարեկցելով անոր, կ’ըսէ. «Ո՛վ կին, դուն քու հիւանդութենէդ արձակուած ես»։ Այս ըսելէն ետք, իր ձեռքերը անոր վրայ կը դնէ եւ իսկոյն ան կը շտկուի եւ կը սկսի Աստուած փառաբանել։
Սակայն, ժողովարանին իշխանը կը բարկանայ։ «Վեց օր կայ, որոնց մէջ կրնաք գործել», կը բողոքէ ան։ «Ուստի այն օրերը եկէք բժշկուեցէք, ոչ թէ շաբաթ օրը»։ Այս ըսելով, իշխանը կ’ընդունի Յիսուսի բժշկելու կարողութիւնը, բայց կը դատապարտէ ժողովուրդը որ Շաբաթ օրը կու գայ բժշկուելու։
«Կե՛ղծաւորներ», կը պատասխանէ Յիսուս, «ձեզմէ ամէն մէկը շաբաթ օրը իր եզը կամ էշը մսուրէն չա՞րձակէր, որպէսզի տանի ջուր տայ։ Հապա ասիկա որ Աբրահամի աղջիկ էր, որ ահա տասնըութ տարի Սատանան զանիկա կապած էր, չէ՞ր վայլեր որ շաբաթ օրը այն կապէն արձակուի»։
Ասիկա լսելով, Յիսուսի հակառակողները ամօթով կը մնան։ Բայց ամբոխը կ’ուրախանայ այն բոլոր փառաւոր բաներուն համար զորս Յիսուս կը կատարէ։ Ասոր վրայ Յիսուս կը կրկնէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին երկու մարգարէական առակներ, որոնք շուրջ տարի մը առաջ Գալիլիոյ Ծովուն վրայ նաւու մը մէջէն ըսած էր։ Ղուկաս 13։1–21. Ժողովողի 9։11. Մատթէոս 13։31–33
◆ Հոս ի՞նչ եղերական դէպքեր յիշուած են, եւ Յիսուս անոնց մէջ ի՞նչ դաս ցցուն կ’ընէ։
◆ Անպտուղ թզենին եւ զայն պտղաբեր դարձնելու փորձերը ի՞նչ բանի կրնանք նմանցնել։
◆ Ժողովարանին իշխանը ինչպէ՞ս կ’ընդունի Յիսուսի բժշկելու կարողութիւնը, բայց Յիսուս ինչպէ՞ս կը քօղազերծէ անոր կեղծաւորութիւնը։