«Բոլոր ազգերուն» վկայութիւն տալ
«Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14
1. Մատթէոս 24։14–ին մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ինչո՞ւ զարմացուցած ըլլալու էին իր հետեւորդները։
ՅԻՍՈՒՍԻ վերոյիշեալ խօսքերը որքա՜ն զարմացուցած ըլլալու էին իր Հրեայ աշակերտները։ Սրբուած Հրեաները «պիղծ» հեթանոսներուն՝ «ազգերուն»՝ երթալու եւ խօսելու գաղափարն իսկ ինքնին օտար, նոյնիսկ զզուելի, էր Հրեայի մը համար։a Այո, խղճամիտ Հրեայ մը նո՛յնիսկ չէր խորհեր Հեթանոսի մը տունը մտնել։ Այդ Հրեայ աշակերտները տակաւին սորվելիք ունէին Յիսուսի, իր սիրոյն եւ իր տուած յանձնարարութեան մասին։ Անոնք տակաւին շատ սորվելիք ունէին Եհովայի անաչառութեան մասին։—Գործք 10։28, 34, 35, 45
2. (ա) Վկաներուն ծառայութիւնը որքա՞ն լայնածաւալ եղած է։ (բ) Ի՞նչ երեք ազդակներ Վկաներուն յառաջդիմութեան նպաստած են։
2 Եհովայի Վկաները բարի լուրը քարոզած են ազգերուն մէջ, ի ներառեալ Իսրայէլը եւ հիմա որեւէ ատենէ աւելի մեծ թիւով ազգերու մէջ կը շարունակեն քարոզել։ 1994–ին, չորսուկէս միլիոնէ աւելի Վկաներ կը քարոզեն շուրջ 230 երկիրներու մէջ։ Անոնք մօտ չորսուկէս միլիոն տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարեն հետաքրքրուած անհատներու հետ։ Ասիկա կը կատարուի հակառակ համաշխարհային նախապաշարումին որ յաճախ Վկաներուն ուսուցումներուն եւ դրդապատճառներուն մասին անտեղեակ ըլլալուն արդիւնքն է։ Ինչ որ ըսուած է նախկին Քրիստոնեաներուն մասին, անոնց մասին ալ կարելի է նոյնը ըսել. «Մենք այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։ (Գործք 28։22) Ուստի, ի՞նչ բանի կրնանք վերագրել անոնց ծառայութեան յաջողութիւնը։ Անոնց յառաջդիմութեան նպաստող առնուազն երեք ազդակներ կան. Եհովայի հոգիին առաջնորդութեան հետեւիլը, Քրիստոսի գործնական կերպերը ընդօրինակելը եւ ազդու հաղորդակցութիւն ունենալու համար յարմար գործիքներ գործածելը։
Եհովայի Հոգին եւ Աւետարանը
3. Իրագործուած բանին համար ինչո՞ւ չենք կրնար պարծենալ։
3 Եհովայի Վկաները իրենց յաջողութեան համար կը պարծենա՞ն որպէս թէ անիկա իրենց ունեցած մասնայատուկ կարողութեան արդիւնքը ըլլար։ Ո՛չ, քանի որ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը վաւերական են. «Դուք, երբ ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’»։ Նուիրուած, մկրտուած Քրիստոնեաներ ըլլալով, Եհովայի Վկաները յօժարակամօրէն ընդունած են Աստուծոյ ծառայելու պատասխանատուութիւնը, ինչ ալ ըլլան անոնց անձնական պարագաները։ Ոմանց համար, անիկա կը նշանակէ լիաժամ ծառայութիւն որպէս միսիոնարներ կամ որպէս մասնաճիւղի գրասենեակներու եւ Քրիստոնէական գրականութիւններ տպող տպարաններու մէջ կամաւոր աշխատաւորներ։ Ուրիշներու համար, Քրիստոնէական այսպիսի յօժարակամութիւն մը կը մղէ զանոնք որ կրօնական կառոյցներու վրայ աշխատին, լման ժամանակով քարոզեն որպէս ռահվիրայ քարոզիչներ, կամ տեղւոյն ժողովքին մէջ մասնակի ժամեր քարոզեն որպէս բարի լուրի հրատարակիչներ։ Մեզմէ ոչ մէկը իրաւացիօրէն կրնայ մեր պարտականութիւնը կատարելու համար պարծենալ, ինչ «որ պարտական էինք ընելու»։—Ղուկաս 17։10. Ա. Կորնթացիս 9։16
4. Քրիստոնէական ծառայութեան դէմ կատարուած համաշխարհային հակառակութիւնը ինչպէ՞ս յաղթահարուած է։
4 Կրնանք մեր ձեռք ձգած որեւէ յաջողութիւն վերագրել Եհովայի հոգիին, կամ՝ գործօն ոյժին։ Այսօր նոյնքան վաւերական է ըսել, ինչպէս Զաքարիա մարգարէին օրերուն. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի. ‘Զօրութեամբ չէ եւ ոյժով չէ, հապա իմ հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։ Հետեւաբար, Վկաներուն քարոզելու գործունէութեան դէմ կատարուած համաշխարհային հակառակութիւնը յաղթահարուած է Եհովայի առաջնորդութեամբ եւ պաշտպանութեամբ, ոչ թէ մարդկային ջանքով։—Զաքարեայ 4։6
5. Եհովա ի՞նչ դեր կը խաղայ Թագաւորութեան պատգամը տարածելու մէջ։
5 Թագաւորութեան պատգամին ընդառաջողներուն մասին Յիսուս ըսաւ. «Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ։ ... Մէ՛կը չի կրնար ինծի գալ, եթէ իմ Հօրմէս տրուած չըլլայ անոր»։ (Յովհաննու 6։45, 66) Եհովա կրնայ սրտերն ու մտքերը կարդալ եւ գիտէ անոնք որոնք հաւանաբար պիտի ընդառաջեն իր սիրոյն, նոյնիսկ երբ տակաւին անոնք զինք չեն ճանչնար։ Ան նաեւ իր հրեշտակները կը գործածէ այս անզուգական ծառայութիւնը առաջնորդելու համար։ Անոր համար, Յովհաննէս տեսիլքի մը մէջ հրեշտակային մասնակցութիւնը տեսաւ եւ գրեց. «Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին»։—Յայտնութիւն 14։6
Հոգեւոր Կարիքի Գիտակցութիւնը
6. Անհատ մը հիմնական ի՞նչպիսի կեցուածք պէտք է որդեգրէ բարի լուրին ընդառաջելու համար։
6 Ուրիշ պատճառ մըն ալ թէ Եհովա բարի լուրը ընդունելու պատեհութիւնը կը շնորհէ անհատի մը, Յիսուս արտայայտուեցաւ. «Երանի՜ իրենց հոգեւոր կարիքին գիտակից եղողներուն, վասնզի երկնքի թագաւորութիւնը անոնց կը պատկանի»։ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ) Ինքնագոհ կամ ճշմարտութիւնը չփնտռող անհատ մը հոգեւոր կարիքի գիտակցութիւնը չունի։ Ան միայն նիւթական, մարմնաւոր գետնի վրայ կը մտածէ։ Ինքնագոհութիւնը արգելք կը հանդիսանայ անոր։ Հետեւաբար, երբ տունէ տուն կ’երթանք եւ շատեր կը մերժեն պատգամը, նկատի պէտք է առնենք անոնց հակազդեցութեան բոլոր տարբեր պատճառները։
7. Ինչո՞ւ շատեր ճշմարտութեան չեն ընդառաջեր։
7 Շատեր կը մերժեն մտիկ ընել, քանի որ անոնք յամառօրէն կը կառչին իրենց ժառանգած կրօնքին եւ չեն ուզեր խօսակցիլ։ Ուրիշներ հրապուրուած են այն կրօնքով որ իրենց անձնաւորութեան կը յարմարի. ոմանք խորհըրդաւոր կրօնք կ’ուզեն, ուրիշներ՝ զգացական, տակաւին ուրիշներ իրենց եկեղեցիին ընկերային գործունէութիւններով կը հետաքրքրուին։ Ներկայիս շատեր կենցաղ մը որդեգրած են, որ Աստուծոյ չափանիշներուն հակառակ է։ Անոնք թերեւս անբարոյ կեանք մը կը վարեն եւ անոր համար կ’ըսեն՝ «Չեմ հետաքրքրուած»։ Իսկ ուրիշներ, որոնք թերեւս զարգացած եւ գիտնական ըլլալ կը դաւանին, Աստուածաշունչը կը մերժեն որպէս շատ տարրական։—Ա. Կորնթացիս 6։9–11. Բ. Կորնթացիս 4։3, 4
8. Ուրիշներուն մերժումը ինչո՞ւ պէտք չէ նուազեցնէ մեր եռանդը։ (Յովհաննու 15։18–20)
8 Մեծամասնութեան մերժումը կեանք փրկող ծառայութեան հանդէպ մեր հաւատքը եւ եռանդը պէ՞տք է նուազեցնէ։ Կրնանք Հռովմայեցիներուն գրած Պօղոսի խօսքերէն մխիթարութիւն քաղել. «Եթէ անոնցմէ ոմանք չհաւատացին, միթէ՞ անոնց անհաւատութիւնը Աստուծոյ հաւատարմութիւնը կը խափանէ. քա՛ւ լիցի։ Սակայն Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ. ինչպէս գրուած է. ‘Որպէսզի քու խօսքերուդ մէջ արդար ըլլաս եւ դատուելու ատենդ դուն յաղթես’»։—Հռովմայեցիս 3։3, 4
9, 10. Ի՞նչ ապացոյց կայ որ շատ մը երկիրներու մէջ հակառակութիւնը յաղթահարուած է։
9 Կրնանք մխիթարուիլ համայն աշխարհի մէջ շատ մը երկիրներու պարագաներէն որոնք շատ անտարբեր կը թուէին ըլլալ եւ սակայն, ժամանակի ընթացքին, փաստած են ճիշդ հակառակը ըլլալ։ Եհովա եւ Հրեշտակները գիտէին որ հոն բարեսիրտ անհատներ կը գտնուէին, բայց Եհովայի Վկաները պէտք էր յարատեւէին եւ իրենց ծառայութեան մէջ տոկային։ Առէք, զոր օրինակ, կարգ մը երկիրներ, ուր Կաթողիկէութիւնը 50 տարի առաջ անյաղթահարելի արգելք մը կը ներկայացնէր։ Արժանթինը, Գոլոմպիան, Իտալիան, Իրլանտան, Մեքսիկան, Պրազիլիան, Սպանիան եւ Փորթիւկալը։ 1943–ին, Վկաները շատ քիչ էին. համայն աշխարհի մէջ, միայն 126,000, որոնց 72,000–ը Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գտնուէին։ Այդ երկիրներուն մէջ Վկաներուն դիմագրաւած տգիտութիւնն ու նախապաշարումը կղմինտրէ պատի նման էին, որ դիւրին չէր կոտրել։ Սակայն, ներկայիս այս երկիրներուն մէջ է որ քարոզչութեան շատ մը յաջող արդիւնքները կը քաղուին։ Նոյնը կարելի է ըսել նախկին Համայնավար շատ մը երկիրներու մասին։ 1993–ին, Ուքրանիոյ Քիէվ քաղաքին մէջ համաժողովի մը ընթացքին տեղի ունեցած 7,402 անհատներու մկրտութիւնը կ’ապացուցանէ ասիկա։
10 Վկաները ի՞նչ կերպեր գործածած են բարի լուրը իրենց դրացիներուն հաղորդելու համար։ Արդեօք անոնք դարձի բերելու համար նիւթական հրապոյրնե՞ր ներկայացուցած են, ինչպէս կը պնդեն ոմանք։ Անոնք միայն աղքատներուն եւ անուսներո՞ւն այցելած են, ինչպէս դաւանած են ուրիշներ։
Աւետարանը Փոխանցելու Յաջող Կերպեր
11. Յիսուս ի՞նչ գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ իր ծառայութեամբ։ (Տես Յովհաննու 4։6–26։)
11 Յիսուս եւ իր աշակերտները նախագիծ մը ձգած են, որու կը հետեւին Վկաները իրենց աշակերտելու գործունէութեան մէջ։ Յիսուս գնաց հոն՝ ուր մարդիկ կը գտնուէին, հարուստ թէ աղքատ. տուները, հանրային վայրերը, լիճերու եզերքը, լերան լանջերը եւ նոյնիսկ ժողովարանները։—Մատթէոս 5։1, 2. 8։14. Մարկոս 1։16. Ղուկաս 4։15
12, 13. (ա) Պօղոս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ Քրիստոնեաներուն։ (բ) Եհովայի Վկաները ինչպէ՞ս Պօղոսի օրինակին հետեւած են։
12 Իր ծառայութեան մասին, Պօղոս առաքեալ կրնար տեղին ըլլալով ըսել. «Դուք գիտէք թէ՝ առաջին օրէն ի վեր երբ ես Ասիա եկայ, ի՛նչպէս ձեզի հետ վարուեցայ բոլոր ժամանակը։ Ամենայն խոնարհութեամբ Տէրոջը ծառայելով ... բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ սորվեցնելէ»։—Գործք 20։18–20
13 Համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաները ճանչցուած են տունէ տուն ծառայութեան մէջ իրենց առաքելական նախագծին հետեւելուն համար։ Անոնք փոխանակ սուղ, կեղծաւոր եւ դերասանական հեռատեսիլի ծառայութեան վրայ շեշտ դնելու, Վկաները մարդոց կ’երթան, հարուստ թէ աղքատ, անոնց հետ երես երեսի խօսելու համար։ Անոնք կը ջանան Աստուծոյ եւ իր Խօսքին մասին խօսիլ։b Անոնք չեն ջանար ‘բրինձի Քրիստոնեաներ’ կերտել, ձրի բաներ բաժնելով։ Տրամաբանել ուզողներուն, անոնք ցոյց կու տան որ մարդկութեան խնդիրներուն միակ լուծումը Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութիւնն է, որ մեր երկրին վիճակները պիտի բարեփոխէ։—Եսայեայ 65։17, 21–25. Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։1–4
14. (ա) Շատ մը միսիոնարներ եւ ռահվիրաներ ինչպէ՞ս հաստատուն հիմ մը նետած են։ (բ) Ճաբոնցի Եհովայի Վկաներուն փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
14 Կարելի եղածին չափ շատ երկիրներու մէջ այս գործունէութիւնը իրագործելու համար, միսիոնարներն ու ռահվիրաները շատ մը ազգերու մէջ կամրջագլուխներ հաստատած են։ Անոնք հիմ մը նետած են եւ ապա տեղւոյն Վկաները առաջնորդութիւնը ստանձնած են։ Այս կերպով հարկ չէ եղած որ մեծ թիւով օտար Վկաներ քարոզչութիւնը շարունակեն եւ զայն լաւ կազմակերպեն։ Կարկառուն օրինակ մըն է Ճաբոնը։ 1940–ի վերջաւորութեան, գլխաւորաբար Աւստրալիացի եւ Բրիտանացի միսիոնարներ հոն գացին, լեզուն սորվեցան եւ յետ–պատերազմեան շրջանի այդ նախնական պայմաններուն կերպով մը համակերպեցան եւ տունէ տուն վկայութիւնը հաստատեցին։ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, Ճաբոնի մէջ Վկաները արգիլուած եւ հալածուած էին։ Ուստի, երբ միսիոնարները եկան, միայն ափ մը Ճաբոնցի գործունեայ Վկաներ գտան։ Բայց հիմա անոնց թիւը 187,000–էն աւելի է, ցրուած աւելի քան 3,000 ժողովքներու մէջ։ Անոնց յաջողութեան գաղտնիքը ի՞նչ էր։ Հոն 25 տարիէ աւելի ծառայող միսիոնար մը ըսաւ. «Շատ կարեւոր էր մարդոց հետ խօսիլ սորվիլ։ Անոնց լեզուն գիտնալով, կրնայինք անոնց նմանիլ, անոնց ապրելակերպը հասկնալ ու գնահատել։ Ցոյց պէտք էր տայինք որ Ճաբոնցիները կը սիրէինք։ Հեզութեամբ փորձեցինք տեղւոյն համայնքին մէկ մասը ըլլալ, անշուշտ, մեր Քրիստոնէական արժէքներուն մէջ առանց համակերպումներ ընելու»։
Քրիստոնէական Վարքն ալ Վկայութիւն մըն Է
15. Վկաները ինչպէ՞ս Քրիստոնէական վարք ցոյց տուած են։
15 Սակայն, մարդիկ միմիայն Աստուածաշունչի պատգամին չեն ընդառաջած։ Անոնք Քրիստոնէութիւնը գործի վրայ տեսան։ Անոնք դիտած են Վկաներուն սէրը, համերաշխութիւնը եւ միութիւնը, նոյնիսկ ամենէն դժուար վիճակներուն՝ քաղաքացիական պատերազմի, ցեղային կռիւի եւ խմբային թշնամութեան՝ մէջ։ Այս բոլոր պայքարներուն մէջ, Վկաները Քրիստոնէական չէզոքութեան բացայայտ կեցուածք մը պահած են, Յիսուսի խօսքերը կատարելով. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։—Յովհաննու 13։34, 35
16. Ո՞ր փորձառութիւնը Քրիստոնէական գործնական սիրոյն կը վկայէ։
16 Դրացիական սէրը լաւ կերպով պատկերացուած էր տարեց մարդու մը պարագայով, որ տեղական լրագրին մէջ գրեց՝ «Տէր եւ Տիկին Ազնիւ Մարդոց» մասին։ Ան բացատրեց որ իր դրացիները շատ ազնիւ վարուած են իրեն հետ, երբ իր տիկինը մահամերձ էր։ «Կնոջս մահէն ի վեր, ... անոնք հոյակապ եղած են», գրեց ան։ «Անկէ ի վեր, զիս ‘որդեգրած’ են ..., ամէն տեսակ առտնին գործեր ընելով եւ 74 տարեկան թօշակառուի մը խնդիրները լուծելու մէջ օգնելով։ Այս բոլորը անբնական ընողը այդ է որ անոնք սեւամորթ են, ես՝ ճերմակամորթ։ Անոնք Եհովայի Վկաներ են, իսկ ես կրօնքի հանդէպ անտարբեր Կաթողիկէ մը»։
17. Ո՞ր ընթացքէ պէտք է խուսափինք։
17 Այս փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ բազմաթիւ կերպերով կրնանք վկայութիւն տալ, ի ներառեալ մեր առօրեայ վարքը։ Իրականութեան մէջ, եթէ մեր վարքը Քրիստոսանման չըլլայ, մեր ծառայութիւնը փարիսեցիական, անազդու պիտի ըլլար։ Չենք ուզեր նմանիլ անոնց, որոնց Յիսուս նկարագրեց. «Ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք, բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասնզի կ’ըսեն ու չեն ըներ»։—Մատթէոս 22։37–39. 23։3
Ծառայ Դասակարգը Յարմար Գործիքներ կը Հայթայթէ
18. Սուրբ գրային գրականութիւնները ինչպէ՞ս կը զինեն մեզ պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն օգնելու համար։
18 Բոլոր ազգերուն բարի լուրը քարոզելու համար ուրիշ կենսական ազդակ մը եղած է Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ արտադրուած սուրբ գրային գրականութիւններու մատչելիութիւնը։ Գիրքեր, գրքոյկներ, թերթիկներ եւ պարբերաթերթեր ունինք, որոնք կրնան հարցեր ունեցող ամէն անկեղծ անհատի գոհացում տալ։ Եթէ Մահմետականի մը, Հինտուի մը, Պուտտայականի մը, Տաօյիստականի մը, կամ Հրեայի մը հանդիպինք, կրնանք Մարդկութիւնը Աստուած կը Փնտռէ գիրքը կամ տարբեր թղթիկներ ու գրքոյկներ գործածել, խօսակցութիւն մը կամ հաւանաբար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։ Եթէ բարեշրջական մը ստեղծագործութեան մասին հարցնէ, կրնանք Կեանքը Ինչպէ՞ս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ գիրքը գործածել։ Եթէ երիտասարդ մը հարցնէ՝ ‘Կեանքին նպատակը ի՞նչ է’, կրնանք Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ գրքին ուղղել զինք։ Եթէ անհատ մը անձնական խնդիրներով խորապէս ազդուած է, զոր օրինակ, յուսալքում, յոգնութիւն, բռնաբարում, ամուսնալուծում, ունինք պարբերաթերթեր որոնք շատ գործնական կերպերով այս նիւթերը ձեռք կ’առնեն։ Արդարեւ, հաւատարիմ ծառայ դասակարգը, որու մասին Յիսուս մարգարէացաւ որ ան ‘ատենին կերակուր’ պիտի տար, իր դերը կը կատարէ։—Մատթէոս 24։45–47
19, 20. Թագաւորութեան գործունէութիւնը ինչպէ՞ս արագացած է Ալպանիոյ մէջ։
19 Բայց բոլոր ազգերուն հասնելու համար, հարկ եղած է այս գրականութիւնները բազմաթիւ լեզուներով արտադրել։ Ինչպէ՞ս կարելի եղած է Աստուածաշունչը եւ սուրբ գրային գրականութիւնները 200–է աւելի լեզուներով թարգմանել։ Միայն մէկ օրինակ մը՝ Ալպանիոյ պարագան՝ հակիրճօրէն աչքէ անցնելը ցոյց կու տայ թէ հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառայ դասակարգը ի՛նչպէս կրցած է բարի լուրը յառաջ տանիլ, հակառակ մեծ դժուարութիւններու եւ առանց շուտով լեզուներու տիրանալու արդի Պէնտէկոստէի մը։—Գործք 2։1–11
20 Միայն քանի մը տարիներ առաջ, Ալպանիան տակաւին նկատուած էր միակ ի՛րապէս անաստուած Համայնավար երկիրը։ Պարբերաթերթ մը (National Geographic) 1980–ին կը նշէր. «Ալպանիան [կրօնքը] կ’արգիլէ, 1967–ին ինքզինք հռչակելով ‘աշխարհի առաջին անաստուած պետութիւնը’։ ... Ալպանիոյ նոր սերունդը միայն անաստուածութիւն գիտէ»։ Հիմա այդ Համայնավարութիւնը ինկած է եւ իրենց հոգեւոր կարիքին գիտակցող Ալպանացիները Եհովայի Վկաներու կատարած քարոզչութեան կ’ընդառաջեն։ 1992–ին, Թիրանիի մէջ, Իտալերէն ու Անգլերէն գիտցող երիտասարդ Վկաներէ բաղկացած պզտիկ խումբ մը կազմուեցաւ։ Ուրիշ երկիրներէն այցելու եւ որակելի եղբայրներ անոնց սորվեցուցին պզտիկ համակարգիչներ գործածել եւ Ալպաներէն բնագիրները ներմուծել։ Անոնք սկսան թերթիկներ եւ Դիտարան պարբերաթերթը թարգմանել։ Երբ փորձառութիւն ձեռք ձգեցին, անոնք սկսան սուրբ գրային ուրիշ արժէքաւոր գրականութիւններ թարգմանել։ Ներկայիս շուրջ 200 գործունեայ Վկաներ կան 3,262,000 բնակչութիւն ունեցող այդ պզտիկ երկրին մէջ եւ 1,984 անհատներ ներկայ գտնուեցան 1994–ի Յիշատակատօնին։
Բոլորս ալ Պատասխանատուութիւն մը Ունինք
21. Ի՞նչպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ կ’ապրինք։
21 Աշխարհի դէպքերը իրենց յանգումին կը հասնին։ Ոճիրի եւ բռնութեան, տեղական պատերազմներու մէջ սպանդին եւ բռնաբարումին մեղկ բարոյականին եւ անոր պտուղը եղող սեռային գետնի վրայ տարրափոխիկ հիւանդութիւններուն, օրինաւոր հեղինակութիւններու հանդէպ յարգանքի պակասին յաւելումով, աշխարհը անիշխանական, անղեկավարելի ըլլալ կը թուի։ Մենք ժամանակաշրջանի մը մէջ կ’ապրինք, որ նախա–Ջրհեղեղեան շրջանին կը նմանի զոր Ծննդոցին մէջ հետեւեալ կերպով նկարագրուած է. «Տէրը երբ տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր, Տէրը երկրի վրայ մարդը ստեղծելուն զղջաց ու իր սրտին մէջ տրտմեցաւ»։—Ծննդոց 6։5, 6. Մատթէոս 24։37–39
22. Բոլոր Եհովայի Վկաները Քրիստոնէական ի՞նչ պատասխանատուութիւն մը ունին։
22 Նոյի օրերուն նման, Եհովա գործի պիտի լծուի։ Բայց իր արդարութեան եւ սիրոյն համար, ան կ’ուզէ որ առաջ բարի լուրը եւ ազդարարութեան պատգամը քարոզուի բոլոր ազգերուն։ (Մարկոս 13։10) Այս առնչութեամբ, Եհովայի Վկաները պատասխանատուութիւն մը ունին. Աստուծոյ խաղաղութեան արժանի եղողները գտնել եւ իր խաղաղութեան ճամբաները սորվեցնել անոնց։ Շուտով, Աստուծոյ յարմար ժամանակին, քարոզչութեան սա յանձնարարութիւնը յաջող կերպով պիտի ամբողջանայ. «Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 10։12, 13. 24։14. 28։19, 20
[Ստորանիշ էջ 26]
a Հեթանոսներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար, տես Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ Անգլերէն գիրքը, Հատոր Բ., էջ 472–4, «Ազգեր» խորագրին ներքեւ, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
[Ստորանիշ էջ 28]
b Քրիստոնէական ծառայութեան մասին գործնական թելադրութիւններու համար, տես Դիտարան 15 Օգոստոս 1984–ի Անգլերէն թիւը, էջ 15, «Ինչպէս Ազդու Ծառաներ Ըլլալ» եւ էջ 21, «Ազդու Ծառայութիւնը Շատ Աւելի Աշակերտներու կ’Առաջնորդէ»։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Արդի Վկաները ի՞նչ յաջողութիւն ունեցած են իրենց ծառայութեան մէջ։
◻ Շատեր ինչո՞ւ կը մերժեն Քրիստոնէական պատգամը։
◻ Քարոզչութեան մէջ Վկաները առաքելական ի՞նչ կերպ կը գործածեն։
◻ Ազդու ծառայութիւն մը ընելու համար ի՞նչ գործիքներ ունինք։
◻ Մարկոս 13։10–ին հետ ներդաշնակ ըլլալով, բոլորս ալ ի՞նչ պէտք է ընենք։
[Շրջանակ՝ էջ 29]
ԵՐԿԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԵԱՅ ՎԿԱՆԵՐ 1943–ԻՆ 1993–ԻՆ
Արժանթին 374 102,043
Բերու Գործունէութեան արձանագրութիւն չկայ 45,363
Գոլոմպիա ?? 60,854
Իտալիա Բ. Աշխարհամարտ—արձանագրութիւն չկայ 201,440
Իրլանտա 150? 4,224
Լեհաստան Բ. Աշխարհամարտ—արձանագրութիւն չկայ 113,551
Մեքսիկա 1,565 380,201
Ուրուկուէյ 22 9,144
Չիլի 72 44,668
Պրազիլիա 430 366,297
Սպանիա Գործունէութեան արձանագրութիւն չկայ 97,595
Վենեզուէլլա Գործունէութեան արձանագրութիւն չկայ 64,081
Փորթուկալ Գործունէութեան արձանագրութիւն չկայ 41,842
Ֆիլիպեան կղզ. Բ. Աշխարհամարտ—արձանագրութիւն չկայ 116,576
Ֆրանսա Բ. Աշխարհամարտ—արձանագրութիւն չկայ 122,254
[Նկար՝ էջ 27]
Եհովայի Վկաները կ’աւելնան շատ մը Կաթողիկէ երկիրներու մէջ, զոր օրինակ, Սպանիան
[Նկարներ՝ էջ 31]
Երկրագունդին բոլոր ազգերուն մէջ Եհովայի Վկաները գործունեայ են