Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 12/15 էջ 17-21
  • Ասիկա «ձեզի յիշատակի համար ըլլայ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ասիկա «ձեզի յիշատակի համար ըլլայ»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՍԵՔԸ ԿԸ ՏՕՆԷԻՆ
  • ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ Ո՞Ր ՕՐՆ ԷՐ
  • ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ՏՕՆ ՄԸ
  • ՅԻՇԵՑՈՒՄ
  • Ի՞նչ է Պասեքը
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Պասեք եւ Յիշատակատօն. Նմանութիւններ եւ տարբերութիւններ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Յիսուսի վերջին Պասեքը կը մօտենայ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 12/15 էջ 17-21
[Նկար՝ էջ 17]

Ասիկա «ձեզի յիշատակի համար ըլլայ»

«Այն օրը ձեզի յիշատակի համար ըլլայ եւ զանիկա Տէրոջը տօն պահէք» (ԵԼ. 12։14)։

ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ

  • Առաջին Պասեքին պատրաստուելու եւ զայն տօնելու համար, իսրայէլացիները ի՞նչ պէտք էր ընէին։

  • Յիսուս իր վերջին Պասեքին ե՞րբ մասնակցեցաւ, եւ այդ օրը ի՞նչ բաներ տեղի ունեցան։

  • Պասեքի եւ Ելքի արձանագրութենէն ի՞նչ կարեւոր դասեր կրնանք քաղել։

1, 2. Քրիստոնեաները ո՞ր տօնով պէտք է հետաքրքրուած ըլլան եւ ինչո՞ւ։

ԵՐԲ մտածես յիշատակելի թուականի մը մասին, ի՞նչ բան իսկոյն միտքդ կու գայ։ Ամուսնացած անհատ մը թերեւս ըսէ. «Ամուսնութեանս տարեդարձը»։ Ուրիշներ թերեւս մտաբերեն պատմական դէպք մը, ինչպէս՝ իրենց հայրենիքին անկախութեան օրը։ Բայց գիտե՞ս թէ կայ տօնակատարութիւն մը, որ աւելի քան 3500 տարիէ ի վեր կը յիշատակուի։

2 Ատիկա Պասեքն է,– եգիպտական ստրկութենէն իսրայէլի ազատագրութեան տօնակատարութիւնը։ Պասեքը կարեւոր դէպք մը պէտք է նկատես։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատիկա կարգ մը կարեւոր կերպերով կեանքիդ կ’ազդէ։ Թերեւս մտածես. «Պասեքը հրէական տօն մըն է, իսկ ես քրիստոնեայ եմ։ Ինչո՞ւ այդ տօնով պէտք է հետաքրքրուած ըլլամ»։ Պատասխանը կը գտնենք հետեւեալ խօսքին մէջ. «Քրիստոս մեր զատիկը [«Պասեքի գառը», ՆԱ] մեզի համար զոհուեցաւ» (Ա. Կոր. 5։7)։ Այս ճշմարտութեան կարեւորութիւնը հասկնալու համար, պէտք է գիտնանք թէ հրէական Պասեքը ի՛նչ է եւ ի՛նչ կապ ունի բոլոր քրիստոնեաներուն տրուած պատուէրի մը հետ։

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՍԵՔԸ ԿԸ ՏՕՆԷԻՆ

3, 4. Առաջին Պասեքին ենթահողը ի՞նչ է։

3 Աշխարհի տարածքին հարիւր միլիոնաւորներ, որոնք հրեայ չեն, որոշ գիտութիւն ունին առաջին Պասեքին ենթահողին մասին։ Կրնայ ըլլալ որ այդ դէպքին մասին կարդացած են Ելից գրքին մէջ, պատմութիւնը լսած են կամ անոր վրայ հիմնուած ֆիլմ մը դիտած են։

4 Երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսի մէջ երկար տարիներ ստրուկներ էին, Եհովան Մովսէսն ու Ահարոնը փարաւոնին ղրկեց, խնդրելու համար որ Իր ժողովուրդը ազատ արձակէ։ Այդ ինքնահաւան կառավարիչը այս մէկը մերժեց։ Ուստի, Եհովան աւերիչ պատուհասներով Եգիպտոսը զարկաւ։ Ի վերջոյ, Եգիպտոսի անդրանիկներուն մահով, որ տասներորդ պատուհասն էր, փարաւոն մղուեցաւ իսրայէլացիները ազատ արձակելու (Ել. 1։11. 3։9, 10. 5։1, 2. 11։1, 5)։

5. Ազատ արձակուելէ առաջ, իսրայէլացիները ի՞նչ պէտք էր ընէին (տե՛ս բացման պատկերը)։

5 Ք.Ա. 1513–ի գարնան ապիպ ամիսն էր, որ յետագային կոչուեցաւ նիսանa։ Ազատ արձակուելէ առաջ, իսրայէլացիները որոշ ցուցմունքներու պէտք էր հետեւէին։ Աստուած ըսաւ որ այդ ամսուան տասներորդ օրը իսրայէլացիները պէտք է սկսէին պատրաստուիլ, որպէսզի նիսան 14–ին որոշ քայլեր առնէին։ Նիսան 14–ը պիտի սկսէր արեւամուտին, քանի որ հրէական օրը արեւամուտէն արեւամուտ էր։ Այդ օրը, իւրաքանչիւր ընտանիք պէտք է արու ոչխար (կամ այծ) մորթէր եւ անոր արիւնը առնելով տան երկու կողմի դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ քսէր (Ել. 12։3-7, 22, 23)։ Անոնք պէտք է խորոված գառնուկը բաղարջով եւ լեղի խոտերով ուտէին։ Աստուծոյ հրեշտակը երկրէն պիտի անցնէր եւ Եգիպտոսի անդրանիկները պիտի մեռցնէր, բայց հնազանդ իսրայէլացիները պիտի պաշտպանուէին եւ ապա ազատագրուէին (Ել. 12։8-13, 29-32)։

6. Իսրայէլացիները ինչո՞ւ պիտի շարունակէին Պասեքը ամէն տարի տօնել։

6 Իսրայէլացիները պէտք է յիշէին այն օրը, երբ Աստուած զիրենք եգիպտական ստրկութենէն ազատ արձակեց։ Աստուած անոնց ըսաւ. «Այն օրը ձեզի յիշատակի համար ըլլայ եւ զանիկա Տէրոջը տօն պահէք. ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը տօն պահէք զայն»։ Նիսան 14–ի Պասեքի տօնէն ետք, իսրայէլացիները պիտի տօնէին նաեւ եօթնօրեայ տօն մը, որ կը կոչուէր՝ Բաղարջակերաց տօն։ Միասնաբար, այս ութ օրերը նաեւ կը կոչուէին Պասեք (Ել. 12։14-17. Ղուկ. 22։1. Յովհ. 18։28. 19։14)։ Պասեքը այն տօնակատարութիւններէն էր, որ իսրայէլացիները պէտք էր ամէն տարի տօնէին (Բ. Մն. 8։13)։

7. Յիսուս ո՞ր նոր տօնակատարութիւնը հաստատեց։

7 Հրեաներ ըլլալով, Յիսուս եւ իր առաքեալները Պասեքը կը տօնէին (Մատ. 26։17-19)։ Վերջին անգամ զայն տօնելէ ետք, Յիսուս հաստատեց նոր տօնակատարութիւն մը՝ Տէրունական ընթրիքը, որ իր հետեւորդները ամէն տարի պիտի տօնէին։ Բայց ո՞ր օրը զայն պիտի տօնէին։

ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ Ո՞Ր ՕՐՆ ԷՐ

8. Ոմանք Պասեքին եւ Տէրունական ընթրիքին նկատմամբ ի՞նչ հարցում կ’ուղղեն։

8 Իր առաքեալներուն հետ Պասեքը տօնելէ անմիջապէս ետք, Յիսուս Տէրունական ընթրիքի ցուցմունքները տուաւ։ Ուրեմն, Տէրունական ընթրիքը կը զուգադիպի Պասեքի օրուան։ Բայց թերեւս նկատած ես, թէ ներկայիս հրեաները ընդհանրապէս Պասեքը չեն տօներ ճիշդ այն օրը երբ մենք Յիշատակատօնը կը տօնենք։ Ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը։ Իսրայէլացիներուն տրուած Աստուծոյ պատուէրը մեզի կ’օգնէ, որ պատասխանը գիտնանք։ Աստուած անոնց ըսաւ, թէ նիսան 14–ին ե՛րբ գառնուկը պիտի մորթէին. ինչ որ պիտի մատնանշէր Պասեքի սկիզբը (կարդա՛ Ելից 12։5, 6)։

9. Ըստ Ելից 12։6–ին, Պասեքի գառնուկը ե՞րբ պիտի մորթուէր (տե՛ս նաեւ «Օրուան մէջ ե՞րբ» շրջանակը)։

9 Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով թարգմանութեան Ելից 12։6–ի ստորանիշը կը նշէ, թէ գառնուկը «երկու իրիկուններուն մէջտեղ» պիտի մորթուէր։ Կարգ մը թարգմանութիւններ, ինչպէս՝ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը, այդ նոյն արտայայտութիւնը ուղղակի համարին մէջ կը նշեն։ Իսկ Վերստուգուած աշխարհաբար թարգմանութիւն–ը կ’ըսէ՝ «իրիկուան դէմ»։ Ուրեմն, գառնուկը պիտի մորթուէր արեւամուտէն ետք մինչ տակաւին լոյս էր, այսինքն՝ նիսան 14–ի սկիզբը։

10. Ըստ ոմանց՝ Պասեքի գառնուկը ե՞րբ կը մորթուէր, եւ ասիկա ի՞նչ հարցում կը յարուցանէ։

10 Յետագային, կարգ մը հրեաներ խորհեցան թէ բոլոր գառնուկները տաճարին մէջ մորթելը ժամե՜ր առած ըլլալու էր։ Ուստի, ըսին թէ Ելից 12։6–ի «երկու իրիկուններուն մէջտեղ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ նիսան 14–ի վերջաւորութեան, այսինքն կէսօրէ ետք արեւին իջնելէն մինչեւ մայր մտնելը։ Բայց եթէ գառնուկները նիսան 14–ի վերջաւորութեան կը մորթուէին, Պասեքի ընթրիքը ե՞րբ կ’ուտուէր։ Ըստ փրոֆէսոր Ճոնաթան Քլէուանսի, անիկա նիսան 15–ին կ’ուտուէր։ Բայց ան կ’ընդունի թէ Ելից գիրքը այդպէս չ’ըսեր։ Ան նաեւ կը նշէ թէ րաբունական գրութիւնները չեն խօսիր թէ Պասեքը ինչպէ՛ս կը տօնակատարուէր տաճարին կործանումէն առաջ, որ տեղի ունեցաւ Ք.Ե. 70–ին։

11. ա) Ք.Ե. 33–ի Պասեքին օրը, ի՞նչ պատահեցաւ Յիսուսին։ բ) Ք.Ե. 33–ի նիսան 15–ը ինչո՞ւ «մեծ» Շաբաթ սեպուեցաւ (տե՛ս ստորանիշը)։

11 Ուրեմն, Ք.Ե. 33–ին, Պասեքի ընթրիքը ո՞ր օրը կերան։ Նիսան 13–ին, մինչ կը մօտենար այն օրը «երբ պէտք էր զատիկը մորթել», Յիսուս Պետրոսին եւ Յովհաննէսին ըսաւ. «Գացէք պատրաստեցէք մեզի զատիկը որպէս զի ուտենք» (Ղուկ. 22։7, 8)։ Ապա նիսան 14–ին,– հինգշաբթի արեւամուտէն ետք,– Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Պասեքի ընթրիքը կերաւ եւ անկէ ետք Տէրունական ընթրիքը հաստատեց (Ղուկ. 22։14, 15)։ Այդ գիշեր ան ձերբակալուեցաւ եւ դատուեցաւ։ Նիսան 14–ի կէսօրուան դէմ, Յիսուս ցցահարուեցաւ եւ կէսօրէ ետք մահացաւ (Յովհ. 19։14)։ Այսպէս, «Քրիստոս մեր զատիկը [«Պասեքի գառը», ՆԱ] մեզի համար զոհուեցաւ» նոյն օրը որ Պասեքի գառնուկը մորթուեցաւ (Ա. Կոր. 5։7. 11։23. Մատ. 26։2)։ Այդ հրէական օրուան վերջաւորութեան, նիսան 15–ը սկսելէ առաջ, Յիսուս թաղուեցաւ (Ղեւ. 23։5-7. Ղուկ. 23։54)b։

ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ՏՕՆ ՄԸ

12, 13. Իսրայէլացի երեխաները ինչպէ՞ս Պասեքի տօնակատարութեան մէջ պարփակուած էին։

12 Եգիպտոսի մէջ առաջին Պասեքի ատեն Աստուած պատուիրեց իսրայէլացիներուն, որ զայն ամէն տարի տօնակատարեն՝ «յաւիտեան»։ Ամէն տարի Պասեքին, երեխաները իրենց ծնողներուն պիտի հարցնէին թէ ինչո՛ւ զայն կը տօնէին (կարդա՛ Ելից 12։24-27. Բ. Օր. 6։20-23)։ Այսպիսով, Պասեքը նոյնիսկ երեխաներուն համար պիտի ըլլար «յիշատակ» մը, որմէ կրնային դասեր քաղել (Ել. 12։14)։

13 Սերունդէ սերունդ իսրայէլացիները իրենց զաւակներուն կարեւոր դասեր կը սորվեցնէին Պասեքի մասին։ Դասերէն մէկն էր՝ թէ Եհովան իր երկրպագուները կը պաշտպանէ։ Երեխաները կը սորվէին թէ Եհովան իսկական Աստուած մըն է, որ իր ժողովուրդով հետաքրքրուած է եւ անոնց ի նպաստ կը գործէ։ Ան զայս փաստեց, երբ տասներորդ պատուհասին ընթացքին իսրայէլացիներուն անդրանիկ զաւակները ողջ պահեց։

14. Ծնողները Պասեքէն քաղուած ո՞ր դասը կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել։

14 Որպէս քրիստոնեայ ծնող, քեզմէ չէ պահանջուած ամէն տարի զաւակներուդ պատմել Պասեքին մասին։ Բայց արդեօք անոնց կը սորվեցնե՞ս թէ Աստուած իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ։ Անոնց ցոյց կու տա՞ս թէ խորապէս համոզուած ես որ Աստուած իր ժողովուրդին իսկական Ապաւէնն է (Սաղ. 27։11. Եսա. 12։2)։ Եւ արդեօք ինչպէ՞ս կը բացատրես ասիկա իրենց. ջերմ խօսակցութեա՞մբ թէ ոչ դասախօսական ոճով։ Այս դասը ընտանիքիդ պիտի օգնէ, որ Եհովային ա՛լ աւելի վստահի։

[Նկար՝ էջ 20]

Պասեքը քննարկելու ատեն, զաւակներուդ պիտի օգնես որ ի՞նչ դասեր քաղեն (Տե՛ս պարբերութիւն 14)

15, 16. Պասեքը ու Ելքի արձանագրութիւնը ի՞նչ կը սորվեցնեն Եհովային մասին։

15 Պասեքէն նաեւ կը սորվինք թէ Եհովան ոչ միայն իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ, այլեւ՝ կ’ազատէ։ Երեւակայէ թէ իսրայէլացիները ի՛նչ զգացին երբ Եհովան զիրենք Եգիպտոսէն դուրս հանեց։ Ամպի սիւնն ու կրակի սիւնը զիրենք առաջնորդեցին դէպի Կարմիր ծով։ Ապա անոնք տեսան թէ ինչպէ՛ս Եհովան ծովը ճեղքեց եւ անոր հունը չորցուց։ Երբ ապահովաբար միւս կողմը հասան, անոնք դիտեցին ինչպէ՛ս եգիպտական բանակը ծովին մէջ խեղդուեցաւ։ Իսրայէլացիները Եհովան փառաբանեցին՝ գովերգելով. «Պիտի երգեմ Տէրոջը. . . ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց։ Տէրն է իմ զօրութիւնս ու գովութիւնս եւ իմ փրկութիւնս եղաւ» (Ել. 13։14, 21, 22. 15։1, 2. Սաղ. 136։11-15)։

16 Եթէ զաւակներ ունիս, անոնց կ’օգնե՞ս որ Եհովան Ազատարար նկատեն։ Կրնա՞ն այս համոզումդ տեսնել խօսակցութիւններուդ եւ որոշումներուդ մէջ։ Վստահաբար կրնաս Ընտանեկան պաշտամունքին մէջ քննարկել Ելից 12-15–րդ գլուխները եւ շեշտել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ժողովուրդը ազատեց։ Ա՛յլ առիթներով, կրնաս այդ կէտը ընդգծել, նկատի առնելով Գործք 7։30-36 կամ Դանիէլ 3։16-18, 26-28–ը։ Արդ, թէ՛ անչափահասները եւ թէ չափահասները պէտք է վստահ ըլլան, թէ Եհովան միշտ Ազատարար է։ Ինչպէս որ Մովսէսի օրերուն իր ժողովուրդը ազատեց, ան մեզ պիտի ազատէ ապագային (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։9, 10)։

ՅԻՇԵՑՈՒՄ

17, 18. Յիսուսի արիւնը ինչո՞ւ աւելի արժէքաւոր է քան՝ Պասեքի գառնուկին արիւնը։

17 Ճշմարիտ քրիստոնեաները Պասեքը չեն տօներ։ Այդ տօնը Մովսիսական օրէնքին մաս կը կազմէր, եւ մենք Օրէնքին տակ չենք (Հռով. 10։4. Կող. 2։13-16)։ Փոխարէն, մենք ուրիշ առիթ մը կը տօնակատարենք. Աստուծոյ Որդիին մահը։ Բայց շատ բան կը սորվինք առաջին Պասեքէն։

18 Գառնուկին արիւնը որ տան դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ քսուեցաւ, կեանք պահպանելու միջոց էր։ Ներկայիս, Աստուծոյ անասնական զոհեր չենք մատուցաներ,– ո՛չ Պասեքի օրը, ոչ ալ ուրիշ օր։ Բայց կայ զոհ մը, որուն արիւնը աւելի թանկարժէք է, եւ անոր շնորհիւ մարդիկ կրնան յաւիտեա՛ն ապրիլ։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ Յիսուսի արիւնը՝ «սրսկուելու արիւն»ը, կարելի կը դարձնէ որ օծեալները երկնքի մէջ առյաւէտ ապրին։ Անոնք «երկինքը գրուած անդրանիկներ»ն են (Եբ. 12։23, 24)։ Յիսուսի արիւնը նաեւ կարելի կը դարձնէ որ ուրիշ ոչխարները երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը վայելեն։ Բոլորս պէտք է միշտ յիշենք սա հաւաստիքը. «Որով փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը» (Եփ. 1։7)։

19. Յիսուսի մահուան կերպը ինչպէ՞ս Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու կատարման հանդէպ մեր վստահութիւնը կը զօրացնէ։

19 Երբ իսրայէլացիները գառնուկը մորթէին Պասեքի ընթրիքին համար, անոր ո՛չ մէկ ոսկորը պէտք էր կոտրէին (Ել. 12։46. Թուոց 9։11, 12)։ Ի՞նչ կարելի է ըսել «Աստուծոյ Գառ»ին մասին, որ փրկանքը հայթայթեց (Յովհ. 1։29)։ Ան ցցահարուեցաւ երկու ոճրագործներու միջեւ։ Հրեաները Պիղատոսին ըսին որ ցցահարուած տղամարդոց սրունքները կոտրէ։ Ասիկա անոնց մահը պիտի արագացնէր, որպէսզի նիսան 15–էն՝ կրկնակի Շաբաթէն՝ առաջ անոնց մարմինները թաղուէին։ Զինուորները երկու ոճրագործներուն սրունքները կոտրեցին, «բայց երբ Յիսուսին մօտեցան ու տեսան թէ արդէն մեռած էր, անոր սրունքները չկոտրտեցին» (Յովհ. 19։31-34)։ Պասեքի գառնուկին ոսկորներուն նման, Յիսուսի ոսկորները չկոտրեցան։ Ուստի, Պասեքի գառնուկը «շուք»ն էր Յիսուսի զոհաբերութեան, որ Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ին տեղի ունեցաւ (Եբ. 10։1)։ Այսպիսով Սաղմոս 34։20–ը կատարուեցաւ. ինչ որ մարգարէութիւններու կատարման նկատմամբ մեր վստահութիւնը պէտք է զօրացնէ։

20. Ի՞նչ աչքառու տարբերութիւն կայ Պասեքին եւ Տէրունական ընթրիքին միջեւ։

20 Սակայն, տարբերութիւններ կան Պասեքին եւ Տէրունական ընթրիքին միջեւ։ Օրինակ, իսրայէլացիները գառնուկին միսը կ’ուտէին, բայց անոր արիւնը չէին խմեր։ Մինչդեռ Յիսուս ըսաւ, թէ անոնք որոնք «Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ» պիտի իշխեն, պէտք է մասնակցին հացին ու գինիին, որոնք իր մարմինն ու արիւնը կը խորհրդանշեն։ Յաջորդ յօդուածին մէջ ասոր մասին մանրամասնօրէն պիտի խօսինք (Մար. 14։22-25)։

21. Ինչո՞ւ օգտակար է Պասեքին մասին գիտնալ։

21 Պասեքը կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր Աստուծոյ ժողովուրդին պատմութեան մէջ, եւ իւրաքանչիւրս կրնանք անկէ դասեր քաղել։ Ուստի, թէեւ Պասեքը «յիշատակ» մըն էր հրեաներուն համար, բայց մենք որպէս քրիստոնեաներ կ’օգտուինք ատոր մասին տեղեկանալով, քանի որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմ. 3։16)։

a Թէեւ նիսանը հրէական ապիպ ամսուան յետ–աքսորեան անունն է, բայց պարզութեան համար զայն պիտի գործածենք երբ ակնարկենք հրէական օրացոյցի առաջին ամսուան։

b Պասեքի յաջորդ օրը, նիսան 15–ը, Բաղարջակերաց տօնին առաջին օրն էր եւ միշտ Շաբաթ կը նկատուէր։ Ք.Ե. 33–ի նիսան 15–ը զուգադիպեցաւ շաբթուան շաբաթ օրուան, այսպէս կրկնակի շաբաթ ըլլալով, այդ օրը «մեծ» սեպուեցաւ (կարդա՛ Յովհաննէս 19։31, 42)։

ՕՐՈՒԱՆ ՄԷՋ Ե՞ՐԲ

Հրեայ մեկնաբան Մարկոս Քալիշ (1828-1885) գրեց. «Նոյն կարծիքը աւելի յստակ կերպով բացատրեց Իպն Եզրան [Սպանիոյ մէջ ապրած հռչակաւոր ռաբբի մը (1092-1167)]. ‘Երկու երեկոներ ունինք. առաջինը՝ արեւը մայր մտնելը. . . իսկ երկրորդը՝ լոյսին չգոյութիւնը,– երբ մթութիւն տիրէ։ Երկուքին միջեւ կայ շուրջ մէկ ժամ քսան վայրկեան տեւող ժամանակամիջոց մը’։ Տառապաշտները, սամարացիները, ինչպէս նաեւ շատ ուրիշներ ե՛ւս կ’որդեգրեն այս բացատրութիւնը, որ շատ տրամաբանական կը թուի»։ Պասեքի գառնուկը նիսան 14–ի սկիզբը մորթուելու տեսակէտը ներդաշնակ է իսրայէլացիներուն տրուած ուղղութեան հետ, որ արձանագրուած է Բ. Օրինաց 16։6–ի մէջ. «Մորթէ՛ զատիկը իրիկուան դէմ՝ արեւին մարը մտած ատենը, Եգիպտոսէն ելած ժամանակդ» (Ել. 30։8. Թուոց 9։3-5, 11)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել