-
Անհաւատ ազգականներու սրտին հասնիլԴիտարան 2014 | Մարտ 15
-
-
Առաջին դարուն, Անդրէաս առաջիններէն էր որոնք Յիսուսը զատորոշեցին որպէս Մեսիան։ Եւ ան անմիջապէս որո՞ւն պատմեց այս լուրը։ «[Անդրէաս] նախ իր Սիմոն եղբայրը կը գտնէ եւ կ’ըսէ անոր. ‘Գտանք Մեսիան’, որ Քրիստոս կը թարգմանուի»։ Անդրէաս Պետրոսը Յիսուսի ծանօթացուց, եւ այսպիսով Պետրոս Յիսուսին աշակերտը դառնալու պատեհութիւնը ունեցաւ (Յովհ. 1։35-42)։
-
-
Անհաւատ ազգականներու սրտին հասնիլԴիտարան 2014 | Մարտ 15
-
-
Իրենց ազգականներուն հանդէպ Անդրէասի եւ Կոռնելիոսի վերաբերմունքէն ի՞նչ կը սորվինք։
Ո՛չ Անդրէաս, ոչ ալ Կոռնելիոս հարցերը դիպուածի ձգեցին։ Անդրէաս անձամբ Պետրոսը Յիսուսի ծանօթացուց, իսկ Կոռնելիոս կարգադրութիւններ ըրաւ որ իր ազգականները Պետրոսի ըսելիքները լսեն։ Բայց թէ՛ Անդրէաս եւ թէ Կոռնելիոս իրենց ազգականները ճնշումի տակ չդրին, ոչ ալ խորամանկութեամբ զիրենք մղեցին Քրիստոսի հետեւորդները դառնալու։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Լաւ կ’ըլլայ որ համանման կերպով վարուինք։ Կրնայ ըլլալ որ կարենանք կարգ մը գաղափարներ բաժնել մեր ազգականներուն հետ եւ պատեհութիւններ ստեղծել, որ անոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները լսեն եւ մեր հաւատակիցներուն ծանօթանան։ Բայց անոնց ընտրելու ազատութիւնը կը յարգենք եւ անտեղի ճնշում բանեցնելէ կը խուսափինք։ Լուսաբանելու համար թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ազգականներուն օգնել, նկատի առ Գերմանիոյ մէջ ապրող ամուսնացած զոյգի մը՝ Եուրկընի եւ Փեթրայի օրինակը։
-