Անոնք չեն յաջողիր ձերբակալել զինք
Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը
ՄԻՆՉ Տաղաւարահարաց Տօնը կը շարունակուի, կրօնական առաջնորդները ոստիկաններ կը ղրկեն որպէսզի Յիսուսը ձերբակալեն։ Ան չի փորձեր պահուըտիլ, այլ՝ կը շարունակէ հանրապէս սորվեցնել, ըսելով. «Քիչ մը ժամանակ ալ ձեզի հետ եմ, ապա պիտի երթամ անոր որ զիս ղրկեց։ Զիս պիտի փնտռէք ու պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ»։
Հրեաները չեն հասկնար, ուստի իրարու կ’ըսեն. «Ո՞ւր պիտի երթայ ատիկա, որ մենք զինք պիտի չգտնենք. միթէ հեթանոսներուն մէջ ցիրուցան եղածներո՞ւն պիտի երթայ եւ հեթանոսներո՞ւն պիտի սորվեցնէ։ Ի՞նչ է այն խօսքը որ ըսաւ. ‘Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ’»։ Անշուշտ, Յիսուս իր մօտակայ մահուան եւ երկինք յարուցուելուն մասին կը խօսէր, ուր իր թշնամիները չէին կրնար իր ետեւէն երթալ։
Տօնին եօթներորդ եւ վերջին օրը կու գայ։ Ամէն առաւօտ, քահանայ մը Սելովամի աւազանէն առած ջուրը թափած էր, որ հոսած էր մինչեւ սեղանին յատակը։ Հաւանաբար մարդոց յիշեցնելով այս առօրեայ արարողութիւնը, Յիսուս կ’աղաղակէ. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ։ Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ’ըսէ. ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’»։
Հոս Յիսուս իրապէս կը խօսի սուրբ հոգիին թափուելէն ետք անոր հետեւանքներուն մասին։ Յաջորդ տարի սուրբ հոգին պիտի թափուէր Պէնտէկոստէի օրը։ Այն ատեն, կենդանի ջուրի աղբիւրները պիտի հոսէին, երբ 120 աշակերտները սկսէին մարդոց ծառայել։ Բայց մինչ այդ, սուրբ հոգին չկար, այդ իմաստով որ Քրիստոսի աշակերտներէն ո՛չ մէկը սուրբ հոգիով օծուելով երկնային կեանքի կանչուած էր։
Յիսուսի ուսուցումին ընդառաջելով, ոմանք կը սկսին ըսել. «Իրաւցնէ ասիկա է մարգարէն», հաւանաբար ակնարկելով Մովսէսէ մեծ մարգարէին որ պիտի գար։ Ուրիշներ կ’ըսեն. «Ասիկա է Քրիստոսը»։ Իսկ ուրիշներ կը բողոքեն. «Միթէ Քրիստոսը Գալիլիայէ՞ն պիտի գայ։ Չէ՞ որ գիրքը կ’ըսէ թէ Քրիստոս Դաւիթին սերունդէն ու Դաւիթին եղած գիւղէն Բեթլեհէմէն պիտի գայ»։
Ուստի ամբոխին մէջ երկպառակութիւն կ’իյնայ։ Ոմանք կ’ուզեն Յիսուսը ձերբակալել, բայց մէ՛կը չի համարձակիր ձեռք զարնել անոր։ Երբ պաշտօնեաները առանց Յիսուսի կը վերադառնան, քահանայապետները եւ Փարիսեցիները կը հարցնեն. «Ի՞նչու զանիկա հոս չբերիք»։
«Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ», կը պատասխանեն պաշտօնեաները։
Կրօնական առաջնորդները զայրանալով անոնց վրայ կը խոյանան ծաղրանքով, վարկաբեկելով եւ ամէն տեսակ անուն կախելով։ Անոնք կ’արհամարհեն զանոնք ըսելով. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք։ Իշխաններէն կամ Փարիսեցիներէն մէկը հաւատա՞ց անոր. բայց այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր, նզովուած են»։
Ասոր վրայ Նիկոդէմոս՝ Փարիսեցի մը եւ Հրեաներու իշխաններէն մէկը (այսինքն, Սենետրիոնի մէկ անդամը), կը համարձակի Յիսուսի ի նպաստ խօսիլ։ Թերեւս կը յիշէք որ երկուքուկէս տարի առաջ, Նիկոդէմոս գիշերով Յիսուսի քով եկած եւ յայտնած էր թէ կը հաւատար իրեն։ Արդ Նիկոդէմոս կ’ըսէ. «Միթէ մեր օրէնքը մարդ կը դատէ՞, եթէ առաջ անկէ բան մը չլսէ եւ չգիտնայ թէ ի՞նչ կ’ընէ»։
Փարիսեցիները աւելի կը բարկանան որ իրենցմէ մէկն ալ Յիսուսը կը պաշտպանէ. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլիայէն ես»։ Անոնք ծաղրանքով կ’ըսեն. «Քննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլիայէն մարդ չելլեր»։
Թէեւ Աստուածաշունչը ուղղակիօրէն չ’ըսեր թէ Գալիլիայէն մարգարէ մը պիտի ելլէր, սակայն, կը մատնանշէ թէ Քրիստոս անկէ պիտի գար, ըսելով թէ այդ շրջանին մէջ «մեծ լոյս» պիտի տեսնուէր։ Իսկ հակառակ սխալ կարծիքին, Յիսուս Բեթլէհէմ ծնած եւ Դաւիթի սերունդէն է։ Թէեւ Փարիսեցիները ասկէ տեղեակ են, սակայն շատ հաւանաբար անոնք պատասխանատու են Յիսուսի մասին հանրութեան ունեցած սխալ կարծիքին։ Յովհաննու 7։32–52. Եսայեայ 9։1, 2. Մատթէոս 4։13–17
◆ Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ տօնին իւրաքանչիւր առաւօտուն, եւ Յիսուս ինչպէ՞ս ուշադրութիւնը ասոր կը հրաւիրէ։
◆ Ինչո՞ւ պաշտօնեաները չեն ձերբակալեր Յիսուսը, եւ կրօնական առաջնորդները ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեն։
◆ Ո՞վ է Նիկոդէմոս, Յիսուսի հանդէպ ի՞նչ դիրք ունի, եւ իր Փարիսեցի ընկերները ինչպէ՞ս կը վարուին հետը։
◆ Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Յիսուս Գալիլիայէն պիտի գար։