Յաւելեալ ուսուցում եօթներորդ օրը
Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը
ՏԱՂԱՒԱՐԱՀԱՐԱՑ Տօնին վերջին օրը, եօթներորդ օրը տակաւին կը շարունակուի։ Յիսուս կը սորվեցնէ տաճարին «Գանձատուն» կոչուած մասին մէջ։ Ասիկա հաւանաբար Կիներուն Գաւիթ կոչուած մասին մէջ է, ուր տուփեր կան, որոնց մէջ ժողովուրդը իր նուիրատուութիւնները կը ձգէ։
Տօնին ամբողջ տեւողութեան, ամէն գիշեր, տաճարին այս մասը մասնաւորաբար կը լուսաւորուի։ Չորս հսկայ մոմակալներ կը դրուին հոն, իւրաքանչիւրը իւղ պարունակող չորս մեծ տաշտերով։ Այս 16 տաշտերէն եկող վառող իւղի լոյսը բաւական է գիշեր ատեն լուսաւորելու բոլոր շրջակայքը մինչեւ հեռաւոր տեղեր։ Արդ, Յիսուսի խօսքերը կրնան իր ունկնդիրներուն յիշեցնել այս տեսարանը. «Ես եմ աշխարհի լոյսը», կ’ըսէ Յիսուս։ «Ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։
Փարիսեցիները կ’առարկեն. «Դուն քու անձիդ համար կը վկայես, քու վկայութիւնդ ճշմարիտ չէ»։
Յիսուս պատասխանելով կ’ըսէ. «Թէեւ ես իմ անձիս համար կը վկայեմ, բայց իմ վկայութիւնս ճշմարիտ է, վասնզի գիտեմ ուրկէ՞ եկայ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ Իսկ դուք չէք գիտեր ուրկէ՞ կու գամ եւ ո՞ւր կ’երթամ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Ե՛ս եմ որ իմ անձիս համար կը վկայեմ ու Հայրն ալ, որ զիս ղրկեց կը վկայէ ինծի համար»։
«Ո՞ւր է քու Հայրդ», կ’ուզեն գիտնալ Փարիսեցիները։
«Ո՛չ զիս կը ճանչնաք եւ ո՛չ՝ իմ Հայրս», կը պատասխանէ Յիսուս։ «Եթէ զիս ճանչնայիք իմ հայրս ալ պիտի ճանչնայիք»։ Թէեւ Փարիսեցիները տակաւին կ’ուզեն ձերբակալել Յիսուսը, բայց ոչ մէկը կը համարձակի զինք բռնել։
«Ես կ’երթամ», դարձեալ կ’ըսէ Յիսուս, «ուր որ ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ»։
Ասոր վրայ Հրեաները կը սկսին հարց տալ. «Միթէ ինքզինք պիտի մեռցնէ՞, որ կ’ըսէ թէ՝ ‘Ուր որ կ’երթամ, դուք չէր կրնար գալ’»։
«Դուք վարէն էք», կը բացատրէ Յիսուս, «ես վերէն եմ. դուք այս աշխարհէն էք, ես այս աշխարհէն չեմ»։ Ապա կ’աւելցնէ. «Եթէ չհաւատաք թէ ես Ան եմ, ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք»։
Անշուշտ, Յիսուս կ’ակնարկէ իր նախամարդկային գոյութեան եւ այն իրողութեան թէ ինք խոստացեալ Մեսիան կամ Քրիստոսն է։ Այսուհանդերձ, անոնք կը հարցնեն՝ անկասկած մեծ անարգանքով. «Դուն ո՞վ ես»։
Անոնց մերժումին դիմաց, Յիսուս կը պատասխանէ. «Ինչ որ սկիզբէն ձեզի ըսի»։ Բայց ան կը շարունակէ ըսել. «Ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է եւ ես ինչ որ իրմէ լսեցի, զանիկա կը խօսիմ աշխարհի»։ Յիսուս կը շարունակէ. «Երբ Որդին մարդոյ բարձրացնէք, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ով եմ ու ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ։ Եւ զիս ղրկողը ինծի հետ է. Հայրը զիս մինակ չթողուց, վասնզի ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ»։
Երբ Յիսուս այս բաները կ’ըսէ, շատեր կը հաւատան իրեն։ Ասոր վրայ ան կ’ըսէ անոնց. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։
«Մենք Աբրահամի սերունդն ենք ու երբե՛ք մէկուն չծառայեցինք. դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ՝ ‘Ազատ պիտի ըլլաք’», կ’ըսեն իր հակառակորդները խօսքին մէջ մտնելով։
Թէեւ Հրեաները յաճախ օտար իշխանութեան ներքեւ եղած են, բայց հարստահարիչ մը բնաւ չեն ընդունիր որպէս տէր։ Անոնք կը մերժեն ծառաներ կոչուիլ։ Բայց Յիսուս կը շեշտէ թէ անոնք արդարեւ ծառաներ են։ Ի՞նչ կերպով։ «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի», կ’ըսէ Յիսուս, «թէ ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է»։
Մերժելով որ իրենք մեղքի ծառաներ են, Հրեաները իրենք զիրենք վտանգաւոր վիճակի մը մէջ կը դնեն։ «Ծառան տանը մէջ յաւիտեան չի մնար», կը բացատրէ Յիսուս։ «Բայց որդին յաւիտեան կը մնայ»։ Քանի որ ծառան ժառանգութեան իրաւունք չունի, ան կրնայ որեւէ ատեն գործէ արձակուելու վտանգին մէջ գտնուիլ։ Միայն տան մէջ ծնած կամ որդեգրուած որդին «յաւիտեան» կը մնայ, այսինքն այնքան ատեն որ կ’ապրի։
«Ուստի եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ», կը շարունակէ Յիսուս, «ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք»։ Հետեւաբար, մարդիկը ազատագրող ճշմարտութիւնը Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին ճշմարտութիւնն է։ Միմիայն իր կատարեալ մարդկային կեանքին զոհագործութեամբ է որ ոեւէ մէկը կրնայ մահացու մեղքէն ազատագրուիլ։ Յովհաննու 8։12–36
◆ Եօթներորդ օրը Յիսուս ո՞ւր կը սորվեցնէ։ Հոն գիշերը ի՞նչ կը պատահի, եւ ասիկա ի՞նչ յարակցութիւն ունի Յիսուսի ուսուցումին հետ։
◆ Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ իր ծագումին մասին, եւ ասիկա ի՞նչ կը յայտնէ իր գոյութեան մասին։
◆ Հրեաները ի՞նչ կերպով ծառաներ են, բայց ո՞ր ճշմարտութիւնը զիրենք պիտի ազատագրէ։