Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 12/1 էջ 24-25
  • Կոյր ծնած մարդու մը բուժումը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կոյր ծնած մարդու մը բուժումը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի ծնէ կոյր մարդու մը բուժումը
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Յիսուս կոյր ծնած մարդ մը կը բժշկէ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Փարիսեցիները կը հարցաքննեն բուժուած կոյրը
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Փարիսեցիներուն յամառ թերահաւատութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 12/1 էջ 24-25

Կոյր ծնած մարդու մը բուժումը

Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը

ԵՐԲ Հրեաները կը փորձեն քարկոծել Յիսուսը տաճարին մէջ եղած ատեն, ան կը պահուըտի եւ կ’ազատի։ Բայց Երուսաղէմ կը մնայ։ Ապա Շաբաթ օրը, ան եւ իր աշակերտները քաղաքին մէջ պտըտելու ատեն կը տեսնեն ի ծնէ կոյր մարդ մը։ «Ռա՛բբի, որո՞ւնն է մեղքը», կը հարցնեն աշակերտները Յիսուսի, «ասո՞ր թէ իր ծնողքին, որ անիկա կոյր ծնաւ»։

Թերեւս աշակերտները կարգ մը ռաբբիներու պէս կը հաւատան թէ անհատ մը կրնայ մեղանչել իր մօրը արգանդին մէջ։ Բայց Յիսուս կը պատասխանէ. «Ո՛չ ատորն է մեղքը, ո՛չ ալ իր ծնողքին, հապա որպէսզի Աստուծոյ գործերը ատոր վրայ յայտնի ըլլան»։ Մարդուն կուրութիւնը իր՝ կամ ծնողքին գործած մասնայատուկ յանցանքի մը կամ մեղքի մը հետեւանքը չէ։ Առաջին մարդուն՝ Ադամի մեղքը պատճառ եղաւ որ ամբողջ մարդկութիւնը անկատար եւ հետեւաբար թերութիւններու ենթակայ ըլլայ, ինչպէս կոյր ծնի։ Արդ մարդուն այս թերութիւնը Յիսուսի պատեհութիւն կու տայ որ Աստուծոյ գործերը յայտնի ընէ։

Յիսուս այս գործերը կատարելու ստիպողականութիւնը ցոյց կու տայ։ «Քանի որ ցորեկ է, պէտք է որ զիս ղրկողին գործերը գործեմ», կ’ըսէ ան։ «Գիշերը կու գայ, երբ մէկը չի կրնար գործել, քանի որ աշխարհի մէջ եմ, աշխարհի լոյսն եմ»։ Շուտով Յիսուսի մահը զինք գերեզմանի մթութեան մէջ պիտի թաղէ, ուր այլեւս բան մը չի կրնար ընել։ Մինչ այդ, ան աշխարհի համար լոյսի աղբիւր մըն է։

Այս բաները ըսելէ ետք, Յիսուս կը թքէ գետինը եւ թուքով կաւ կը շինէ։ Ասիկա կը դնէ կոյր մարդուն աչքերուն եւ կ’ըսէ. «Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ»։ Մարդը կը հնազանդի։ Անկէ ետք, ան իր տեսողութիւնը կը գտնէ։ Որքա՜ն ուրախութեամբ կը վերադառնայ, քանի որ կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէ։

Զինք ճանչցող դրացիները եւ ուրիշներ կ’ապշին։ «Ասիկա չէ՞ր որ կը նստէր եւ կը մուրար», կը հարցնեն անոնք։ «Անիկա է» կ’ըսեն ոմանք։ Բայց ուրիշներ չեն հաւատար. «Անոր նման մէկն է»։ Բայց մարդը կ’ըսէ. «Ես եմ»։

«Հապա ի՞նչպէս բացուեցան քու աչքերդ», կ’ուզեն գիտնալ մարդիկ։

«Յիսուս կոչուած մարդ մը կաւ շինեց ու աչքերս ծեփեց եւ ըսաւ ինծի. ‘Գնա՛ Սելովամի աւազանը ու լուացուէ՛. ես ալ գացի, լուացուեցայ ու կը տեսնեմ»։

«Ո՞ւր է անիկա», կը հարցնեն անոնք։

«Չեմ գիտեր», կը պատասխանէ ան։

Մարդիկ կոյր եղած անհատը կը տանին իրենց կրօնական առաջնորդներուն՝ Փարիսեցիներուն։ Անոնք ալ կը սկսին հարցնել անոր թէ ի՛նչպէս կը տեսնէ։ «Կաւ դրաւ աչքերուս վրայ ու լուացուեցայ եւ կը տեսնեմ», կը բացատրէ մարդը։

Անշուշտ, Փարիսեցիները պէտք էր ուրախանային բուժուած մուրացկանին հետ։ Բայց հակառակը. անոնք կ’ուրանան Յիսուսը։ «Այն մարդը Աստուծմէ չէ», կ’ըսեն անոնք։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսեն։ «Վասնզի շաբաթ օրը չի պահեր»։ Սակայն ուրիշ Փարիսեցիներ հարց կու տան. «Ի՞նչպէս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ ընել»։ Ուստի անոնց մէջ երկպառակութիւն կը ծագի։

Արդ, կը հարցնեն մարդուն. «Դուն ի՞նչ կ’ըսես անոր համար, որ քու աչքերդ բացաւ»։

«Մարգարէ մըն է», կը պատասխանէ ան։

Փարիսեցիները կը մերժեն հաւատալ ասոր։ Անոնք համոզուած են որ Յիսուսի եւ այս մարդուն միջեւ գաղտնի համաձայնութիւն մը կայ, ժողովուրդը խաբելու համար։ Ուստի, հարցը լուծելու համար, անոնք կը կանչեն մուրացկանին ծնողքը, որպէսզի հարցուփորձեն զանոնք։ Յովհաննու 8։59. 9։1–18

◆ Ի՞նչ բան պատասխանատու էր մարդուն կուրութեան, եւ ի՞նչ բան չէր։

◆ Ի՞նչ է գիշերը երբ մէկը չի կրնար գործել։

◆ Երբ մարդը կը բուժուի, իր ծանօթներուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ կ’ըլլայ։

◆ Մարդուն բժշկութեան վրայ Փարիսեցիներուն մէջ ինչպէ՞ս երկպառակութիւն կը ծագի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել