Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ00 9/15 էջ 10-15
  • «Իր ժամանակը դեռ հասած չէր»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Իր ժամանակը դեռ հասած չէր»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Կամքը Ընել Վճռած
  • Եհովայի Տան Հանդէպ Նախանձախնդիր
  • Գալիլիոյ Մէջ Լայնածիր Ուսուցում
  • Քաջաբար կը Վկայէ Հրէաստանի եւ Բերիայի Մէջ
  • Հրաշք մը որ Ո՛չ Մէկը Կրցաւ Անտեսել
  • «Ժամանակը հասած է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Պերեայի մէջ կը սորվեցնէ, մինչ դէպի Հրէաստան կ’ուղղուի
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Ողորմութեան առաքելութիւն մը Հրէաստանի մէջ
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Ղազարոս յարութիւն կ’առնէ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
դ00 9/15 էջ 10-15

«Իր ժամանակը դեռ հասած չէր»

«Մէ՛կն ալ իրեն ձեռք չզարկաւ, վասն զի իր ժամանակը դեռ հասած չէր»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7։30

1. Ի՞նչ երկու ազդակներ ուղղութիւն տուին Յիսուսի ամբողջ գործընթացին։

«ՈՐԴԻՆ մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ (Մատթէոս 20։28) Հռովմէացի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին ան ըսաւ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ (Յովհաննու 18։37) Յիսուս շատ լաւ գիտէր թէ ինչո՛ւ պիտի մեռնէր եւ իր մահուընէ առաջ ի՛նչ գործ պէտք էր ընէր։ Ան գիտէր նաեւ թէ ո՛րքան ժամանակ ունէր իր պաշտօնը ամբողջացնելու համար։ Որպէս Մեսիա երկրի վրայ իր ծառայութիւնը միայն երեքուկէս տարի պիտի տեւէր։ Անիկա սկսաւ Յորդանան Գետին մէջ իր ջուրի մկրտութեամբ (Հ.Դ. 29–ին), նախագուշակուած այլաբանական 70–րդ շաբաթին սկիզբը, եւ վերջացաւ՝ այդ շաբթուան կիսուն (Հ.Դ. 33–ին), տանջանքի ցիցին վրայ մահանալով։ (Դանիէլ 9։24-27. Մատթէոս 3։16, 17. 20։17-19) Հետեւաբար, երկրի վրայ Յիսուսի ամբողջ գործընթացին ուղղութիւն տուին երկու գլխաւոր ազդակներ՝ իր գալուն նպատակը եւ ժամանակի սուր գիտակցութիւնը։

2. Յիսուս Քրիստոս ի՞նչպէս նկարագրուած է Աւետարաններուն մէջ, եւ ան իր առաքելութեան գիտակից ըլլալը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։

2 Աւետարանի պատմութիւնը Յիսուս Քրիստոսը կը նկարագրէ որպէս գործունեայ մարդ մը, որ Պաղեստինի լայնքին ու երկայնքին պտըտեցաւ, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելով եւ բազմաթիւ հրաշքներ գործելով։ Յիսուսի եռանդուն ծառայութեան սկիզբին մասին խօսելով, իրեն համար ըսուած է. «Իր ժամանակը դեռ հասած չէր»։ Յիսուս անձամբ ըսաւ. «Ժամանակս դեռ չէ լեցուած»։ Իր ծառայութեան գրեթէ վերջաւորութեան, ան գործածեց՝ «ժամանակը հասաւ» արտայայտութիւնը։ (Յովհաննու 7։8, 30. 12։23) Իրեն նշանակուած գործին՝ մէջը ըլլալով իր զոհաբերական մահուան ժամանակէն տեղեակ ըլլալը, ազդած ըլլալու էր Յիսուսի ըսած ու ըրած բաներուն։ Ասիկա հասկնալը կրնայ պատճառ ըլլալ որ իր անձնաւորութիւնը եւ իր մտածելակերպը աւելի լաւ հասկնանք, մեզի օգնելով որ աւելի մօտէն «իր շաւիղներուն հետեւիք»։—Ա. Պետրոս 2։21

Աստուծոյ Կամքը Ընել Վճռած

3, 4. (ա) Կանայի մէջ հարսանեկան խնճոյքի մը ընթացքին ի՞նչ տեղի ունեցաւ։ (բ) Աստուծոյ Որդին ինչո՞ւ կ’առարկէ գինիին պակսելուն համար բան մը ընելու Մարիամի թելադրութեան, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։

3 Տարին՝ Հ.Դ. 29–ն է։ Յիսուս անձամբ իր աշակերտները ընտրելէն միայն քանի մը օր անցած է։ Արդ, բոլորն ալ Գալիլիոյ նահանգին Կանա գիւղը եկած են, հարսանեկան խնճոյքի մը ներկայ գտնուելու համար։ Յիսուսի մայրը՝ Մարիամ ալ հոն է։ Գինին կը պակսի։ Թելադրելով որ բան մը պէտք է ընէ, Մարիամ կ’ըսէ իր տղուն. «Գինի չունին»։ Բայց Յիսուս կը պատասխանէ. «Ո՜վ կին, դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս. իմ ժամանակս դեռ հասած չէ»։—Յովհաննու 1։35-51. 2։1-4

4 Յիսուսի պատասխանը՝ «Ո՜վ կին, դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս»՝ հարցումի հին ձեւ մըն է, որ թելադրուած կամ առաջարկուած բանին հանդէպ առարկութիւն ցոյց կու տայ։ Յիսուս ինչո՞ւ կ’առարկէ Մարիամի խօսքին։ Քանի որ Յիսուս այժմ 30 տարեկան է։ Մի քանի շաբաթ առաջ մկրտուած ու սուրբ հոգիով օծուած էր եւ Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ ներկայացուած էր որպէս «Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ»։ (Յովհաննու 1։29-34. Ղուկաս 3։21-23) Այլեւս իր հրահանգը անպայմանօրէն պէտք էր գար զինք ղրկող Բարձրագոյն Հեղինակութենէն։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Ոեւէ մէկը, ո՛չ իսկ ընտանիքի անդամ մը իրաւասութիւնը ունէր միջամտելու այն գործին, որու համար Յիսուս երկիր եկած էր։ Մարիամի տուած Յիսուսի պատասխանին մէջ, իր Հօրը կամքը կատարելու ի՜նչ վճռակամութիւն կար։ Մենք ալ նո՛յն կերպով վճռենք Աստուծոյ հանդէպ մեր «բոլոր պարտականութիւնը» կատարել։—Ժողովողի 12։13

5. Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ հրաշք կը գործէ Կանայի մէջ, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ ուրիշներուն վրայ։

5 Իր որդւոյն միտքը հասկնալով, Մարիամ անմիջապէս մէկ կողմ կը քաշուի ու սպասաւորներուն կը պատուիրէ՝ «Ինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք»։ Իսկ Յիսուս կը լուծէ խնդիրը։ Ան սպասաւորներուն ջուր լեցնել կու տայ կարասներուն մէջ եւ ջուրը ընտիր գինիի կը վերածէ։ Ասիկա բացումը կ’ըլլայ Յիսուսի հրաշալի գործերուն, ցոյց տալով թէ Աստուծոյ հոգին իր վրայ է։ Երբ նոր աշակերտները այս հրաշքը կը տեսնեն, իրենց հաւատքը կը զօրանայ։—Յովհաննու 2։5-11

Եհովայի Տան Հանդէպ Նախանձախնդիր

6. Երուսաղէմի տաճարին մէջ իր տեսածը ինչո՞ւ կը զայրացնէ Յիսուսը, եւ ան ի՞նչ քայլ կ’առնէ։

6 Արդէն իսկ, Հ.Դ. 30–ի գարունն է, եւ Յիսուս ու իր ընկերակիցները կ’ուղղուին դէպի Երուսաղէմ՝ Պասեքը տօնելու համար։ Հոն՝ իր աշակերտները իրենց Առաջնորդին մէկ ընթացքը կը տեսնեն որ բնաւ տեսած չէին։ Հրեայ ագահ վաճառականներ ուղղակի տաճարին մէջ զոհի անասուններ եւ թռչուններ կը ծախեն, հաւատարիմ Հրեայ երկրպագուներէն բարձր գին պահանջելով։ Ցասումով լեցուն, Յիսուս գործի կը լծուի։ Չուանէ խարազան մը կը շինէ ու ծախողները դուրս կը քշէ։ Ստակ փոխողներուն մետաղադրամները կը թափէ ու անոնց սեղանները կը շրջէ։ «Ասկէ վերցուցէ՛ք ասոնք», կը հրամայէ աղաւնի ծախողներուն։ Երբ Յիսուսի աշակերտները կը տեսնեն իր այսքան նախանձախնդրութեամբ վարուիլը, անոնք կը յիշեն Աստուծոյ Որդւոյն մասին եղած մարգարէութիւնը՝ «Քու տանդ նախանձը զիս կերաւ»։ (Յովհաննու 2։13-17. Սաղմոս 69։9) Մենք ալ նախանձախնդրաբար պէտք է զգուշանանք մեր պաշտամունքը վարակող աշխարհային հակումներէ։

7. (ա) Ի՞նչ բան կը մղէ Նիկոդէմոսը որ այցելութիւն մը տայ Մեսիային։ (բ) Սամարացի կնոջ տուած Յիսուսի վկայութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

7 Երուսաղէմի մէջ, Յիսուս զարմանալի նշաններ կ’ընէ եւ շատեր կը հաւատան իրեն։ Նոյնիսկ Նիկոդէմոս, Սենետրիոնի՝ հրէական բարձրագոյն ատեանի անդամ մը, կը տպաւորուի Յիսուսով եւ գիշեր ատեն կու գայ իրեն որ աւելին սորվի։ Ապա, Յիսուս եւ իր աշակերտները շուրջ ութ ամիս կը մնան «Հրէաստանի երկիրը», քարոզելով եւ աշակերտելով։ Բայց Յովհաննէս Մկրտիչի բանտարկութենէն ետք, անոնք Հրէաստանէն կը մեկնին ու Գալիլիա կ’երթան։ Մինչ Սամարիոյ նահանգէն կ’անցնին, Յիսուս պատեհութենէն կ’օգտուի եւ Սամարացի կնոջ մը ամբողջական վկայութիւն մը կու տայ։ Ասիկա ճամբան կը բանայ որ շատ Սամարացիներ հաւատացեալներ ըլլան։ Մենք ալ Թագաւորութեան մասին խօսելու պատեհութիւնները ձեռքէ չփախցնենք։—Յովհաննու 2։23. 3։1-22. 4։1-42. Մարկոս 1։14

Գալիլիոյ Մէջ Լայնածիր Ուսուցում

8. Յիսուս ի՞նչ գործի կը ձեռնարկէ Գալիլիոյ մէջ։

8 Յիսուսի մահուան «ժամանակը» գալէն առաջ, ան շատ ընելիք ունի իր երկնաւոր Հօր ծառայութեան մէջ։ Յիսուս շատ աւելի ընդարձակ ծառայութեան մը կը ձեռնարկէ Գալիլիոյ՝ քան Հրէաստանի ու Երուսաղէմի մէջ։ Ան «բոլոր Գալիլիա պտըտելով, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ եւ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու ժողովուրդին մէջի ամէն կերպ հիւանդութիւնները ու ամէն կերպ ցաւերը կը բժշկէր»։ (Մատթէոս 4։23) Ամբողջ նահանգին մէջ կը հնչեն իր խրախուսիչ խօսքերը. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։ (Մատթէոս 4։17) Քանի մը ամիս ետք, երբ Յովհաննէս Մկրտիչի երկու աշակերտներ կու գան Յիսուսի մասին ուղղակի տեղեկութիւն առնելու, Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Գացէք Յովհաննէսին պատմեցէք ինչ որ տեսաք ու լսեցիք, թէ կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն, աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։ Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր»։—Ղուկաս 7։22, 23

9. Ինչո՞ւ բազմութիւններ Քրիստոս Յիսուսի քով կը խուժեն. ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

9 Յիսուսի ‘համբաւը այն գաւառին բոլոր կողմերը կը տարածուի’ եւ «Գալիլիայէն ու Դեկապոլիսէն եւ Երուսաղէմէն ու Հրէաստանէն եւ Յորդանանի անդիի կողմէն» հսկայ բազմութիւններ իր քով կը խուժեն։ (Ղուկաս 4։14, 15. Մատթէոս 4։24, 25) Անոնք իրեն կու գան ո՛չ միայն իր հրաշալի բուժումներուն, այլ նաեւ՝ իր սքանչելի ուսուցումներուն համար։ Իր պատգամը հրապուրիչ եւ խրախուսիչ է։ (Մատթէոս 5։1–7։27) Յիսուսի խօսքերը գրաւիչ եւ հաճելի են։ (Ղուկաս 4։22) «Ժողովուրդը կը զարմանայ անոր վարդապետութեանը վրայ», քանի որ իշխանութեամբ կը մէջբերէ Սուրբ Գրութիւնները։ (Մատթէոս 7։28, 29. Ղուկաս 4։32) Ո՛վ պիտի չմօտենար այսպիսի տղամարդու մը։ Թող որ մենք ալ սորվեցնելու արուեստը մշակենք, որպէսզի պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ ճշմարտութեամբ հրապուրուին։

10. Նազարէթի քաղաքակիցները ինչո՞ւ կը փորձեն սպաննել Յիսուսը, բայց ինչո՛ւ չեն յաջողիր։

10 Բայց Յիսուսի բոլոր ունկնդիրներն ալ ընդունակ անհատներ չեն։ Իր ծառայութեան սկիզբը, երբ իր ծննդավայրին՝ Նազարէթի մէջ կը սորվեցնէր, նոյնիսկ զինք սպաննելու փորձ ըրին։ Թէեւ իր քաղաքակիցները կը սքանչանան անոր «շնորհալի խօսքերուն» վրայ, բայց կ’ուզեն հրաշքներ տեսնել։ Հոն փոխանակ շատ հրաշքներ գործելու, Յիսուս անոնց անձնասիրութիւնը եւ հաւատքի պակասը կը քօղազերծէ։ Ժողովարանին մէջ եղողները բարկութեամբ լեցուն, կ’ելլեն Յիսուսը կը բռնեն եւ կը տանին որպէսզի լերան բարձունքէն վար նետեն։ Բայց ան կը փախչի անոնց ձեռքէն եւ կը պրծի։ Իր մահուան «ժամանակը» տակաւին հասած չէր։—Ղուկաս 4։16-30

11. (ա) Կրօնական առաջնորդներէն ոմանք ինչո՞ւ կու գան Յիսուսը լսելու։ (բ) Յիսուս ինչո՞ւ կը դատապարտուի որպէս Շաբաթը չպահող մը։

11 Կրօնական առաջնորդներ ալ՝ դպիրներ, Փարիսեցիներ, Սադուկեցիներ ու ուրիշներ՝ յաճախ ներկայ են, հոն ուր Յիսուս կը քարոզէ։ Շատեր ներկայ են ո՛չ թէ լսելու եւ սորվելու, հապա յանցանք գտնելու եւ զինք ծուղակը ձգելու համար։ (Մատթէոս 12։38. 16։1. Ղուկաս 5։17. 6։1, 2) Օրինակ, երբ Հ.Դ. 31–ի Պասեքին համար Երուսաղէմ կը գտնուի, Յիսուս կը բուժէ մարդ մը, որ 38 տարիէ ի վեր հիւանդ է։ Հրեայ կրօնական առաջնորդները Յիսուսը կը մեղադրեն Շաբաթը չպահելուն համար։ Ան կը պատասխանէ. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ»։ Արդ, Աստուած իր Հայրը կոչելով ինքզինք անոր Որդին դաւանելուն համար, Հրեաները կը դատապարտեն զինք որպէս հայհոյիչ։ Անոնք կը փորձեն սպաննել զինք, բայց ինք ու իր աշակերտները Երուսաղէմը ձգելով Գալիլիա կը մեկնին։ Մեր կողմէ ալ նոյնպէս իմաստութիւն է անտեղի բախումներ չունենալ հակառակորդներու հետ, մինչ մեր կորովը կը տրամադրենք Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին համար։—Յովհաննու 5։1-18. 6։1

12. Յիսուս ո՞ր տարողութեամբ Գալիլիոյ թաղամասը կը ծածկէ։

12 Մնացեալ շուրջ մէկուկէս տարուան ընթացքին, Յիսուս իր ծառայութեան մեծ մասը կը սահմանափակէ Գալիլիոյ մէջ, Երուսաղէմ այցելելով միայն Հրեաներուն տարեկան երեք տօներուն համար։ Ընդամէնը, Գալիլիոյ մէջ քարոզչութեան երեք շրջապտոյտ կատարած է. առաջին անգամ 4 նոր աշակերտներով, երկրորդ անգամ 12 առաքեալներով եւ վերջինը՝ աւելի ընդլայնուած կերպով, մարզուած առաքեալներն ալ ղրկելով։ Գալիլիոյ մէջ ճշմարտութեան համար շա՜տ ընդարձակ վկայութիւն կը տրուի։—Մատթէոս 4։18-25. Ղուկաս 8։1-3. 9։1-6

Քաջաբար կը Վկայէ Հրէաստանի եւ Բերիայի Մէջ

13, 14. (ա) Ի՞նչ առիթով Հրեաները կը փորձեն բռնել Յիսուսը։ (բ) Ինչո՞ւ պաշտօնեաները չեն կրնար ձերբակալել Յիսուսը։

13 Հ.Դ. 32–ի աշունն է եւ Յիսուսի «ժամանակը» տակաւին հասած չէ։ Տաղաւարահարաց Տօնը մօտ է։ Արդ, Յիսուսի կէս եղբայրները կը քաջալերեն զինք, ըսելով. «Ելի՛ր ասկէ ու Հրէաստան գնա»։ Անոնք կ’ուզեն որ Յիսուս իր հրաշարար զօրութիւնը ցոյց տայ Երուսաղէմի մէջ տօնախմբութեան համար հաւաքուած մարդոց։ Բայց Յիսուս կը տեսնէ վտանգը։ Ուստի, իր եղբայրներուն կ’ըսէ. «Ես [դեռ] չեմ ելլեր այս տօնին. վասն զի ժամանակս դեռ չէ լեցուած»։—Յովհաննու 7։1-8

14 Որոշ ատեն Գալիլիոյ մէջ ժամանակ անցընելէ ետք, Յիսուս Երուսաղէմ կ’երթայ, բայց «ո՛չ թէ յայտնի՝ հապա գաղտուկ կերպով»։ Տօնին ատեն Հրեաները զինք կը փնտռեն, ըսելով՝ «Ո՞ւր է անիկա»։ Տօնը իր կէսին հասած, Յիսուս տաճար կ’երթայ եւ կը սկսի խիզախօրէն սորվեցնել։ Անոնք կը փնտռեն զինք բռնել, թերեւս բանտ դնելու կամ սպաննելու համար։ Բայց չեն յաջողիր, քանի որ ‘իր ժամանակը տակաւին հասած չէ’։ Շատեր կը հաւատան Յիսուսի։ Նոյնիսկ այն պաշտօնեաները որոնք Փարիսեցիներու կողմէ ղրկուած էին զինք բռնելու համար, ձեռնունայն կը վերադառնան, ըսելով՝ «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։—Յովհաննու 7։9-14, 30-46

15. Հրեաները ինչո՞ւ քարեր կը վերցնեն Յիսուսի վրայ նետելու համար, եւ ան յաջորդիւ քարոզչութեան ի՞նչ արշաւի կը ձեռնարկէ։

15 Յիսուսի եւ իր Հրեայ հակառակորդներուն միջեւ բախումները կը շարունակուին, մինչ ան տօնի ընթացքին իր Հօրը մասին կը սորվեցնէ տաճարին մէջ։ Տօնին վերջին օրը, իր նախամարդկային գոյութեան մասին Յիսուսի խօսքերէն զայրացած, Հրեաները քարեր կը վերցնեն որ վրան նետեն։ Բայց ինք կը պահուըտի ու անվնաս կը փախչի։ (Յովհաննու 8։12-59) Երուսաղէմէ դուրս մնալով, Յիսուս Հրէաստանի մէջ վկայութեան լայնածիր արշաւի մը կը ձեռնարկէ։ Ան 70 աշակերտներ կ’ընտրէ եւ անոնց հրահանգներ տալէ ետք, զանոնք զոյգ–զոյգ թաղամաս կը ղրկէ։ Անոնք Յիսուսէ առաջ կ’երթան այն բոլոր վայրերը ու քաղաքները ուր ան ծրագրած էր երթալ իր առաքեալներուն հետ։—Ղուկաս 10։1-24

16. Նաւակատիքի Տօնի ընթացքին Յիսուս ի՞նչ վտանգէ խոյս կու տայ, եւ անգամ մը եւս ո՞ր գործով կը զբաղի։

16 Հ.Դ. 32–ի ձմեռն է եւ Յիսուսի «ժամանակը» կը մօտենայ։ Ան Նաւակատիքի Տօնին առթիւ Երուսաղէմ կու գայ։ Հրեաները տակաւին կը փնտռեն զինք սպաննել։ Մինչ Յիսուս տաճարի սիւնագաւիթին մէջ կ’երթեւեկէ, անոնք զինք կը շրջապատեն։ Դարձեալ զինք որպէս հայհոյիչ մեղադրելով քարեր կը վերցնեն որպէսզի զինք սպաննեն։ Բայց ինչպէս նախապէս ըրած էր՝ Յիսուս խոյս կու տայ։ Շատ չանցած, Յիսուս ճամբայ կ’իյնայ, այս անգամ Հրէաստանէն՝ Յորդանանի անդիի կողմը գտնուող Բերիայի նահանգի մէջ քաղաքէ քաղաք եւ գիւղէ գիւղ սորվեցնելու համար։ Շատեր կը հաւատան իրեն։ Բայց իր սիրելի բարեկամին մասին ղրկուած լուր մը զինք ետ Հրէաստան կը դարձնէ։—Ղուկաս 13։33. Յովհաննու 10։20-42

17. (ա) Մինչ Բերիայի մէջ կը քարոզէ, Յիսուս ի՞նչ շտապ պատգամ կը ստանայ։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Յիսուս տեղեակ է իր առնելիք քայլին նպատակէն եւ դէպքերուն ժամանակաւորումէն։

17 Շտապ լուրը Ղազարոսի քոյրերէն՝ Մարթայէն եւ Մարիամէն է, որոնք Հրէաստանի Բեթանիայի մէջ կը բնակին։ «Տէ՛ր, ահա անիկա, որ դուն կը սիրես, հիւանդ է», կ’ըսէ պատգամաբերը։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան համար չէ, հապա Աստուծոյ փառքին համար, որպէս զի Աստուծոյ Որդին անով փառաւորուի»։ Այս նպատակը իրագործելու համար, Յիսուս դիտմամբ երկու օր իր եղած տեղը կը մնայ։ Ապա իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, նորէն Հրէաստան երթանք»։ Անոնք տարակուսանքով կ’ըսեն. «Ռաբբի, Հրեաները հիմա քեզ կը փնտռէին քարկոծելու համար, նորէն հո՞ն կ’երթաս»։ Բայց Յիսուս տեղեակ է որ «ցորեկը», այսինքն՝ իր երկրային ծառայութեան համար Աստուծոյ յատկացուցած ժամանակը, կարճ է։ Ան ճշգրտօրէն գիտէ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ եւ ինչո՛ւ։—Յովհաննու 11։1-10

Հրաշք մը որ Ո՛չ Մէկը Կրցաւ Անտեսել

18. Երբ Յիսուս Բեթանիա կը հասնի, ի՞նչ է կացութիւնը հոն, եւ իր հասնելէն ետք ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

18 Բեթանիոյ մէջ, Մարթան առաջինն է որ կը դիմաւորէ Յիսուսը, ըսելով. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ»։ Մարիամ եւ տան մէջ բոլոր եղողները անոր կը հետեւին։ Բոլորը կու լան։ «Ո՞ւր դրած էք զանիկա», կը հարցնէ Յիսուս։ Անոնք կը պատասխանեն. «Տէ՛ր, եկուր ու տես»։ Երբ անոնք կը հասնին գերեզման՝ քարայր մը, որու բացուածքին քար մը դրուած էր՝ Յիսուս կ’ըսէ. «Մէկդի՛ ըրէք այս քարը»։ Չհասկնալով Յիսուսի մտադրութիւնը, Մարթա կ’առարկէ. «Տէ՛ր, արդէն հոտած պիտի ըլլայ, վասն զի չորս օրուան է»։ Բայց Յիսուս կը հարցնէ. «Քեզի չըսի՞, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես»։—Յովհաննու 11։17-40

19. Ղազարոսը յարուցանելէ առաջ Յիսուս ինչո՞ւ հրապարակաւ կ’աղօթէ։

19 Երբ Ղազարոսի գերեզմանին մուտքը գոցող քարը կը վերցուի, Յիսուս բարձր ձայնով կ’աղօթէ, որպէսզի մարդիկ գիտնան որ ի՛նչ որ պիտի ընէ Աստուծոյ զօրութեան շնորհիւ կ’իրագործուի։ Ապա բարձր ձայնով կը կանչէ. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ Ղազարոս դուրս կու գայ ոտքերն ու ձեռքերը պատանքով կապուած եւ երեսը վարշամակով պատուած։ «Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ», կ’ըսէ Յիսուս։—Յովհաննու 11։41-44

20. Յիսուսի կատարած Ղազարոսի յարութեան ականատես եղողները ի՞նչպէս կը հակազդեն։

20 Այս հրաշքը տեսնելով, Մարթան ու Մարիամը մխիթարելու համար եկած մարդոցմէ շատեր կը հաւատան Յիսուսի։ Ուրիշներ կ’երթան Փարիսեցիներուն, պատմելու համար եղելութիւնը։ Ի՞նչ կ’ըլլայ անոնց հակազդեցութիւնը։ Անմիջապէս անոնք եւ քահանայապետները Սենետրիոնը արտակարգ ժողովի կը կանչեն։ Խուճապի մատնուած՝ անոնք կ’ողբան. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ»։ Բայց Կայիափա Քահանայապետ անոնց կ’ըսէ. «Չէ՛ք . . . խորհիր թէ աղէկ է մեզի՝ որ մարդ մը ժողովուրդին համար մեռնի ու բոլոր ազգը չկորսուի»։ Ուստի, այն օրուընէ սկսեալ, անոնք խորհուրդ կ’ընեն որ Յիսուսը սպաննեն։—Յովհաննու 11։45-53

21. Ղազարոսի յարութեան հրաշքը ի՞նչ բանի նախերգանքն է։

21 Ուստի, Բեթանիա գալը ուշացնելով, Յիսուս հրաշք մը կը գործէ, որ ոեւէ մէկը չի կրնար անտեսել։ Աստուծմէ զօրութիւն առած, Յիսուս կը յարուցանէ մարդ մը, որ չորս օրէ մեռած է։ Նոյնիսկ հեղինակաւոր Սենետրիոնը կը ստիպուի ընդունիլ զայն եւ Հրաշք Գործողին դէմ մահավճիռ կ’արձակէ։ Ուստի, այս հրաշքը Յիսուսի ծառայութեան մէջ որպէս դարձակէտ կը ծառայէ. ‘իր ժամանակը դեռ հասած չըլլալը’ կը վերածուի՝ «ժամանակը հասաւ»ի։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ գիտակից էր իր աստուածատուր գործին։

• Յիսուս ինչո՞ւ գինիի մասին իր մօրը թելադրութեան կ’առարկէ։

• Հակառակորդներուն հետ Յիսուսի ընդհանրապէս ցուցաբերած վերաբերմունքէն ի՞նչ կը սորվինք։

• Ղազարոսի հիւանդութեան ընդառաջելու մէջ Յիսուս ինչո՞ւ տնտնաց։

[Նկարներ՝ էջ 12]

Յիսուս իր աստուածատուր պարտականութիւնը կատարելու նուիրեց իր կորովը

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել