Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Իր ժամանակը դեռ հասած չէր»
    Դիտարան 2000 | Սեպտեմբեր 15
    • 17. (ա) Մինչ Բերիայի մէջ կը քարոզէ, Յիսուս ի՞նչ շտապ պատգամ կը ստանայ։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Յիսուս տեղեակ է իր առնելիք քայլին նպատակէն եւ դէպքերուն ժամանակաւորումէն։

      17 Շտապ լուրը Ղազարոսի քոյրերէն՝ Մարթայէն եւ Մարիամէն է, որոնք Հրէաստանի Բեթանիայի մէջ կը բնակին։ «Տէ՛ր, ահա անիկա, որ դուն կը սիրես, հիւանդ է», կ’ըսէ պատգամաբերը։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան համար չէ, հապա Աստուծոյ փառքին համար, որպէս զի Աստուծոյ Որդին անով փառաւորուի»։ Այս նպատակը իրագործելու համար, Յիսուս դիտմամբ երկու օր իր եղած տեղը կը մնայ։ Ապա իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, նորէն Հրէաստան երթանք»։ Անոնք տարակուսանքով կ’ըսեն. «Ռաբբի, Հրեաները հիմա քեզ կը փնտռէին քարկոծելու համար, նորէն հո՞ն կ’երթաս»։ Բայց Յիսուս տեղեակ է որ «ցորեկը», այսինքն՝ իր երկրային ծառայութեան համար Աստուծոյ յատկացուցած ժամանակը, կարճ է։ Ան ճշգրտօրէն գիտէ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ եւ ինչո՛ւ։—Յովհաննու 11։1-10

  • «Իր ժամանակը դեռ հասած չէր»
    Դիտարան 2000 | Սեպտեմբեր 15
    • 21. Ղազարոսի յարութեան հրաշքը ի՞նչ բանի նախերգանքն է։

      21 Ուստի, Բեթանիա գալը ուշացնելով, Յիսուս հրաշք մը կը գործէ, որ ոեւէ մէկը չի կրնար անտեսել։ Աստուծմէ զօրութիւն առած, Յիսուս կը յարուցանէ մարդ մը, որ չորս օրէ մեռած է։ Նոյնիսկ հեղինակաւոր Սենետրիոնը կը ստիպուի ընդունիլ զայն եւ Հրաշք Գործողին դէմ մահավճիռ կ’արձակէ։ Ուստի, այս հրաշքը Յիսուսի ծառայութեան մէջ որպէս դարձակէտ կը ծառայէ. ‘իր ժամանակը դեռ հասած չըլլալը’ կը վերածուի՝ «ժամանակը հասաւ»ի։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել