Յիսուսի Մասին Ճշմարտութիւնը Գիտցնենք
1 Օծեալ Քրիստոնեաները, իրենց ընկերակցող ուրիշ ոչխարներու աջակցութեամբ, ‘Յիսուսի մասին վկայելու գործը ունին’։ (Յայտ. 12։17, ՆԱ) Ասիկա կարեւոր նշանակում մըն է, քանի որ փրկութիւնը միայն անոր միջոցաւ կարելի է։—Յովհ. 17։3. Գործք 4։12
2 Ճամբան, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը», ըսաւ Յիսուս։ «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով»։ (Յովհ. 14։6) Միայն Յիսուսի միջոցաւ՝ որ «ճամբան» է, կրնանք Աստուծոյ մօտենալ աղօթքով եւ Իր հետ ընդունելի յարաբերութիւն մը ունենալ։ (Յովհ. 15։16) Յիսուս «ճշմարտութիւն»ն է, այն առումով որ Եբրայերէն Գրութիւններուն բովանդակած մարգարէութիւններն ու շուքերը իրմով իրականացան։ (Յովհ. 1։17. Կող. 2։16, 17) Արդարեւ, ճշմարիտ մարգարէութեան գլխաւոր դիտաւորութիւնն է՝ Աստուծոյ նպատակին իրագործման մէջ Յիսուսի առանցքային դերին վրայ լոյս սփռել։ (Յայտ. 19։10) Ասկէ զատ, Յիսուս նաեւ «կեանք»ն է։ Յաւիտենական կեանքի օրհնութիւնները վայելելու համար, բոլորս ալ իր փրկանքի զոհին հանդէպ հաւատք պէտք է ընծայենք։—Յովհ. 3։16, 36. Եբր. 2։9
3 Գլուխ եւ Իշխող Թագաւոր. Մարդիկ նաեւ պէտք է ընդունին այն վարչական մեծ հեղինակութիւնը, որ Եհովա վստահած է իր Որդւոյն։ Յիսուս գահակալուած է որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը՝ ‘որուն ժողովուրդները կը հնազանդին’։ (Ծննդ. 49։10) Ասկէ զատ, Եհովա զինք նշանակած է ժողովքին Գլուխը։ (Եփ. 1։22, 23) Մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն պէտք է օգնենք որ ըմբռնեն թէ Յիսուս ի՛նչպէս կ’առաջնորդէ ժողովքը եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը գործածէ, ‘ատենին հոգեւոր կերակուր’ հայթայթելու համար։—Մատթ. 24։45-47
4 Ողորմած Քահանայապետ. Մարդկային փորձութիւններ ու տառապանքներ կրած ըլլալով, Յիսուս «կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ»։ (Եբր. 2։17, 18) Անկատար մարդոց համար որքա՜ն սրտապնդիչ է գիտնալ թէ Յիսուս իրենց տկարութիւններուն կը կարեկցի եւ իրենց համար ազնուօրէն բարեխօսութիւն կ’ընէ։ (Հռովմ. 8։34) Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ եւ որպէս Քահանայապետ իր ծառայութիւններուն միջոցաւ, կրնանք «համարձակութիւնով» Եհովայի մօտենալ, «պէտք եղած ատեն» օգնութիւն ստանալու համար։—Եբր. 4։15, 16
5 Թող որ Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը ուրիշներուն գիտցնելու մեր ջանքերը, զիրենք մղեն որ իրեն հնազանդին եւ մեր կողքին իրեն ծառայեն։—Յովհ. 14։15, 21