Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/07 էջ 1
  • Շարունակէ ‘շատ պտուղ բերել’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շարունակէ ‘շատ պտուղ բերել’
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Շատ պտուղ բերէք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Պտուղ բերել եւ Յիսուսին բարեկամը ըլլալ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Եհովան կը սիրէ ‘համբերութիւնով պտուղ տուողները’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 6/07 էջ 1

Շարունակէ ‘շատ պտուղ բերել’

1 Յիսուս խորհրդանիշներ գործածելով ինքզինք ներկայացուց որպէս ճշմարիտ որթատունկը, իր Հայրը՝ որպէս Մշակը, իսկ իր հոգիէն–օծուած հետեւորդները՝ որպէս որթատունկին պտղաբեր ճիւղերը։ Այլաբանական Մշակին գործը նկարագրելով, Յիսուս որթատունկին ամուր կերպով կառչած մնալուն կարեւորութիւնը ընդգծեց։ (Յովհ. 15։1-4) Դասը հետեւեալն է. ամէն ով որ Եհովայի հետ անձնական սերտ յարաբերութիւն մը ունի, պէտք է «ճշմարիտ որթ»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ պտղաբեր ճիւղերուն նման ըլլայ։ Պէտք է շարունակենք առատօրէն արտադրել թէ՛ «հոգիին պտուղը» եւ թէ Թագաւորութեան պտուղը։—Գաղ. 5։22, 23. Մատթ. 24։14. 28։19, 20

2 Հոգիին պտուղը. Մեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը մեծաւ մասամբ կը չափուի թէ ո՛ր տարողութեամբ հոգիին պտուղը կը ցուցաբերենք։ Կը ջանա՞ս Աստուծոյ հոգիին պտուղը մշակել, Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելով եւ անոր վրայ խոկալով։ (Փիլ. 1։9-11) Մի՛ վարանիր աղօթքով սուրբ հոգին խնդրելու, որ կրնայ Եհովայի փառք բերող եւ հոգեւոր յառաջդիմութեանդ նպաստող յատկութիւններ յառաջ բերել։—Ղուկ. 11։13. Յովհ. 13։35

3 Հոգիին պտուղը մշակելը նաեւ մեզի պիտի օգնէ աւելի նախանձախնդիր քարոզիչներ ըլլալու։ Օրինակ, սէրն ու հաւատքը մեզ կը մղեն որ մեր խճողուած յայտագրին մէջ ժամանակ յայտագրենք, կանոնաւորաբար ծառայութեան մասնակցելու համար։ Խաղաղութեան, երկայնամտութեան, քաղցրութեան, հեզութեան ու ժուժկալութեան նման յատկութիւններ մեզի կ’օգնեն հակառակորդներուն հետ պատշաճօրէն վարուելու։ Ուրախութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ ծառայութեան մէջ գոհունակութիւն գտնելու, նոյնիսկ երբ մարդիկ անտարբեր են։

4 Թագաւորութեան պտուղը. Կ’ուզենք նաեւ Թագաւորութեան պտուղը արտադրել։ Անիկա կը պարփակէ «օրհնութեան պատարագ» մատուցանելը, «այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք [Եհովայի] անունը կը դաւանին»։ (Եբր. 13։15) Ասիկա կ’ընենք նախանձախնդրաբար ու հաստատօրէն բարի լուրը ծանուցանելով։ Կը ջանա՞ս աւելի մեծ քանակով Թագաւորութեան պտուղ բերել՝ ծառայութիւնդ բարելաւելով։

5 Յիսուս նշեց թէ իր հաւատարիմ հետեւորդները իրարմէ տարբեր քանակով պտուղ պիտի տային։ (Մատթ. 13։23) Հետեւաբար, մենք մեզ պէտք չէ ուրիշներու հետ բաղդատենք, այլ՝ Եհովայի տանք մեր լաւագոյնը։ (Գաղ. 6։4) Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ մեր անձնական պարագաները պարկեշտ քննութեան ենթարկելը մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք Եհովան փառաբանել՝ ‘շատ պտուղ բերելով’։—Յովհ. 15։8

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել