ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 12
Խօսելու յարմար ժամանակը ե՞րբ է
«Ամէն բանի ատենը կայ. . . լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» (ԺՈՂ. 3։1, 7)։
ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa
1. Ժողովող 3։1, 7–ն մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։
ՄԵԶՄԷ ոմանք կը սիրեն շատ խօսիլ, իսկ ուրիշներ կը սիրեն լուռ մնալ։ Ինչպէս որ յօդուածին գլխաւոր համարը ցոյց կու տայ, թէ՛ խօսելու ժամանակ կայ եւ թէ լռելու ժամանակ (կարդա՛ Ժողովող 3։1, 7)։ Եւ թերեւս փափաքինք որ կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր աւելի խօսին, իսկ ուրիշներ՝ նուազ։
2. Որո՞ւն կ’իյնայ չափանիշներ դնել, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս պէտք է խօսինք։
2 Խօսելու կարողութիւնը Եհովայի կողմէ պարգեւ է (Ել. 4։10, 11. Յայտ. 4։10բ)։ Ան իր Խօսքով մեզի կ’օգնէ հասկնալու, թէ այս պարգեւը ինչպէ՛ս կրնանք տեղին գործածել։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք սուրբգրային օրինակներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն գիտնալու, թէ ե՛րբ խօսինք ու ե՛րբ լուռ մնանք։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ Եհովան ի՛նչ կը զգայ մեր խօսածներուն նկատմամբ։ Նա՛խ քննարկենք թէ ե՛րբ պէտք է խօսինք։
Ե՞ՐԲ ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻՆՔ
3. Հռովմայեցիս 10։14–ի համաձայն, ե՞րբ պէտք է խօսինք։
3 Պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք Եհովայի ու Թագաւորութեան մասին խօսելու (Մատ. 24։14. կարդա՛ Հռովմայեցիս 10։14)։ Այդպէս ընելով՝ Յիսուսը կ’ընդօրինակենք։ Անոր երկիր գալուն գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր՝ իր Հօր մասին ճշմարտութիւնը գիտցնել ուրիշներուն (Յովհ. 18։37)։ Բայց յիշենք որ խօսելու կերպն ալ կարեւոր է։ Ուստի Եհովայի մասին պէտք է «մեղմութեամբ ու խոր յարգանքով» խօսինք ուրիշներուն, եւ պէտք է անոնց զգացումներն ու հաւատալիքները յարգենք (Ա. Պետ. 3։15)։ Երբ այդպէս ընենք, ոչ միայն պիտի խօսինք, հապա պիտի սորվեցնենք եւ թերեւս անհատին սրտին հասնինք։
4. Ինչպէս որ Առակաց 9։9–ն կ’ըսէ, երէցներու խօսքերը ինչպէ՞ս կրնան ուրիշներուն օգտել։
4 Երբ երէցները նկատեն թէ եղբայր մը կամ քոյր մը խրատի պէտք ունի, պէտք չէ քաշուին խօսելու։ Անշուշտ, անոնք խօսելու յարմար ժամանակը պիտի ընտրեն, որպէսզի անհատը նեղ կացութեան չմատնեն։ Օրինակ, կրնան սպասել մինչեւ որ անհատին շուրջը ուրիշներ չըլլան։ Անոնք միշտ կը ջանան խօսիլ այնպիսի կերպով մը, որ դիմացինին արժանապատուութեան չդպնան, բայց միեւնոյն ատեն աստուածաշնչական սկզբունքներ կը նշեն, որոնք կրնան օգնել իմաստութեամբ վարուելու (կարդա՛ Առակաց 9։9)։ Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ, երբ հարկ ըլլայ, խօսելու քաջութիւն ունենանք։ Նկատի առ երկու հակապատկեր օրինակներ. մէկուն մէջ, տղամարդ մը պէտք էր իր որդիները սրբագրէր, իսկ միւսին մէջ, կին մը ստիպուած էր ապագայ թագաւորի մը ըսել, թէ սխալ որոշում մը առած է։
5. Ե՞րբ Հեղի քահանայապետը պէտք եղածը չըսաւ։
5 Հեղի քահանայապետը ունէր երկու որդիներ, որոնք շատ կը սիրէր։ Սակայն որդիները Եհովայի հանդէպ յարգանք չունէին։ Անոնք կարեւոր պատասխանատուութիւն ունէին. խորանին մէջ որպէս քահանայ ծառայել։ Բայց իրենց հեղինակութիւնը չարաչար գործածեցին, Եհովայի մատուցուած զոհերը մեծապէս անարգեցին եւ անամօթաբար սեռային անբարոյութիւն գործեցին (Ա. Թագ. 2։12-17, 22)։ Մովսիսական օրէնքին համաձայն, անոնք մահուան արժանի էին, բայց Հեղին զիրենք մեղմօրէն յանդիմանեց եւ թոյլ տուաւ որ շարունակեն խորանին մէջ ծառայել (Բ. Օր. 21։18-21)։ Եհովան Հեղիի ըրածը ինչպէ՞ս նկատեց։ Անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ. . . քու որդիներդ ինձմէ աւելի կը փառաւորես»։ Ասկէ զատ, Եհովան վճռեց այդ երկու չար տղամարդիկը մեռցնել (Ա. Թագ. 2։29, 34)։
6. Հեղիի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։
6 Հեղիի օրինակէն կարեւոր դաս մը կը սորվինք։ Եթէ գիտնանք որ բարեկամ մը կամ ազգական մը Աստուծոյ օրէնքը կտրած է, պէտք է իրեն խօսինք, Եհովայի չափանիշները յիշեցնելով։ Ետքը, պէտք է վստահ ըլլանք որ պէտք եղած օգնութիւնը կը ստանայ երէցներէն, որոնք Եհովան կը ներկայացնեն (Յակ. 5։14)։ Բնա՛ւ պիտի չուզենք Հեղիին պէս ըլլալ, բարեկամ մը կամ ազգական մը Եհովայէն աւելի պատուելով։ Քաջութիւն կը պահանջէ, որ խօսինք սրբագրութեան պէտք ունեցող անհատին հետ, բայց կ’արժէ՛ ջանք թափել։ Տե՛ս տարբերութիւնը Հեղիի օրինակին եւ Աբիգիա անունով իսրայէլացի կնոջ մը օրինակին միջեւ։
Աբիգիան լաւ օրինակ էր ճիշդ ատենին խօսելու մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 7-8)d
7. Աբիգիան ինչո՞ւ ուզեց Դաւիթին խօսիլ։
7 Աբիգիան Նաբաղ անունով հարուստ կալուածատիրոջ մը կինն էր։ Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը Սաւուղ թագաւորէն կը փախչէին, ժամանակ մը Նաբաղի հովիւներուն հետ մնացին եւ անոր հօտերը աւազակներէ պաշտպանեցին։ Այս օգնութեան համար Նաբաղ երախտապա՞րտ էր։ Ո՛չ։ Երբ Դաւիթ մարդիկ ղրկեց որպէսզի Նաբաղէն խնդրեն քիչ մը ուտելիք ու ջուր, ան բարկացաւ եւ զիրենք խայտառակեց (Ա. Թագ. 25։5-8, 10-12, 14)։ Առ ի արդիւնք, Դաւիթ վճռեց Նաբաղի ընտանիքին պատկանող իւրաքանչիւր տղամարդ մեռցնել (Ա. Թագ. 25։13, 22)։ Այս աղէտին առաջքը ինչպէ՞ս կրնար առնուիլ։ Աբիգիան անդրադարձաւ, որ ժամանակն էր խօսելու, ուստի քաջաբար գնաց, որպէսզի անօթի, զայրացած ու զինուած 400 տղամարդոց հանդիպի եւ Դաւիթին խօսի։
8. Աբիգիայի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։
8 Երբ Աբիգիան Դաւիթին հանդիպեցաւ, քաջութեամբ, յարգանքով եւ համոզիչ կերպով խօսեցաւ։ Թէեւ այս վատ կացութեան համար մեղադրելին ինք չէր, բայց Դաւիթէն ներողութիւն խնդրեց։ Ան Դաւիթին լաւ յատկութիւնները նշեց եւ Եհովային ապաւինեցաւ որ իրեն օգնէ (Ա. Թագ. 25։24, 26, 28, 33, 34)։ Աբիգիայի նման, պէտք է քաջութիւն ունենանք խօսելու, երբ տեսնենք որ մէկը վտանգաւոր ուղի մը կը բռնէ (Սաղ. 141։5)։ Պէտք է յարգալից ըլլանք, բայց միեւնոյն ատեն՝ համարձակ։ Երբ սիրալիրօրէն մէկու մը կու տանք պէտք եղած խրատը, կը փաստենք թէ իսկական բարեկամ ենք (Առ. 27։17)։
9-10. Երէցները ի՞նչ պէտք է յիշեն ուրիշները խրատելու ատեն։
9 Մասնաւորաբար երէցները պէտք է քաջութիւնը ունենան խօսելու անոնց, որոնք սխալ քայլ կ’առնեն (Գաղ. 6։1)։ Երէցները խոնարհաբար կը գիտակցին, որ իրենք ալ անկատար են եւ օր մը կրնան խրատի պէտք ունենալ։ Բայց թոյլ չեն տար որ այդ գաղափարը զիրենք ետ պահէ հարկ եղած յանդիմանութիւնը տալէ (Բ. Տիմ. 4։2. Տիտ. 1։9)։ Երբ մէկը կը խրատեն, կը ջանան խօսելու իրենց պարգեւը գործածել՝ հմտութեամբ ու համբերութեամբ անոր սորվեցնելու։ Անոնք իրենց եղբայրը կը սիրեն, եւ այս սէրն է որ զիրենք կը մղէ օգնութեան հասնելու (Առ. 13։24)։ Բայց անոնց գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է՝ Եհովան պատուել, իր չափանիշները վեր բռնելով եւ ժողովքը վնասէ պաշտպանելով (Գործք 20։28)։
10 Մինչեւ հիմա, նկատի առինք թէ ե՛րբ պէտք է խօսինք։ Սակայն երբեմն լաւագոյն բանն է՝ լռել։ Ասիկա ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։
Ե՞ՐԲ ՊԷՏՔ Է ԼՈՒՌ ՄՆԱՆՔ
11. Յակոբոս ի՞նչ օրինակ գործածեց, եւ անիկա ինչո՞ւ յարմար է։
11 Մեր խօսքերը զսպելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Յակոբոս աշակերտ իր նամակին մէջ յարմար օրինակ մը գործածեց այս դժուարութիւնը նկարագրելու համար։ Ան ըսաւ. «Եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել» (Յակ. 3։2, 3)։ Սանձը ձիուն բերանէն անցուող երկաթէ ձողիկ է, որուն կողմերէն կաշիէ լարեր կապուած են։ Սանձը կը ծառայէ կենդանին զսպելու կամ անոր քալուածքին ուղղութիւն տալու համար։ Եթէ ձիավարը լարերը ձգէ, ձին կրնայ ուզած տեղը երթալ եւ թէ՛ ինքն իրեն ու թէ ձիավարին վնասել։ Նոյնպէս, եթէ մեր լեզուն չզսպենք, կրնայ մեծ վնաս պատճառել։ Նկատի առնենք կարգ մը պարագաներ, երբ պէտք է մեր լեզուն սանձենք ու չխօսինք։
12. Ե՞րբ պէտք է մեր լեզուն սանձենք ու խօսելէ ետ կենանք։
12 Ի՞նչ կ’ընես, երբ եղբայր մը կամ քոյր մը գիտէ տեղեկութիւններ, որոնք գաղտնի պէտք է պահուին։ Օրինակ, եթէ ծանօթանաս Վկայի մը, որ կ’ապրի երկրի մը մէջ, ուր մեր գործունէութիւնը արգիլուած է, փափաք կ’ունենա՞ս որ խնդրես մանրամասնութիւններ, թէ հոն մեր գործը ինչպէ՛ս կ’ընթանայ։ Վստահաբար լաւ միտումով կը հարցնես։ Մենք մեր եղբայրները կը սիրենք եւ իրենցմով հետաքրքրուած ենք։ Նաեւ կ’ուզենք մասնայատուկ կերպով իրենց մասին աղօթել։ Սակայն, այս պարագային, ժամանակն է որ մեր լեզուն սանձենք եւ չխօսինք։ Եթէ գաղտնի տեղեկութիւն ունեցող անհատ մը ճնշենք, սիրոյ պակաս ցոյց կու տանք թէ՛ անհատին հանդէպ եւ թէ անոնց հանդէպ, որոնք անոր գաղտնապահութեան կը վստահին։ Անկասկած, մեզմէ ո՛չ մէկը պիտի ուզէ դժուարացնել այն եղբայրներուն ու քոյրերուն կեանքը, որոնք կ’ապրին ուր որ մեր գործը արգիլուած է։ Նոյնպէս, այսպիսի երկրի մը մէջ ապրող ո՛չ մէկ եղբայր կամ քոյր պէտք է մանրամասնութիւններ յայտնէ, թէ իրենք ինչպէ՛ս կը քարոզեն կամ ինչպէ՛ս քրիստոնէական միւս գործունէութիւնները կը կատարեն։
13. Ինչպէս որ Առակաց 11։13–ը կը նշէ, երէցները ի՞նչ պէտք է ընեն եւ ինչո՞ւ։
13 Յատկապէս երէցները պէտք է Առակաց 11։13–ի սկզբունքը գործադրեն, հարցերը գաղտնի պահելով (կարդա՛)։ Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ, մանաւանդ եթէ երէցը ամուսնացած է։ Ամուսնացած զոյգը իրենց կապը զօրաւոր կը պահեն՝ իրարու հետ յաճախ խօսելով եւ իրենց ամենաներքին մտածումները, զգացումներն ու մտահոգութիւնները բաժնելով։ Բայց երէցը կը գիտակցի, թէ պէտք չէ ժողովքին մէջ եղող անհատներուն «գաղտնիքը» յայտնէ։ Եթէ յայտնէ, անհատներու վստահութիւնը պիտի կորսնցնէ եւ իր համբաւը պիտի աւրէ։ Ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւններ ունեցողները չեն կրնար «երկլեզու» ըլլալ. անոնք պէտք չէ խաբեբայ կամ շատախօս ըլլան (Ա. Տիմ. 3։8)։ Եթէ երէցը իր կինը կը սիրէ, զինք պիտի չբեռնաւորէ տեղեկութիւններով, որոնք պէտք չունի գիտնալու։
14. Երէցի մը կինը ինչպէ՞ս կրնայ իրեն օգնել, որ իր լաւ համբաւը պահէ։
14 Կին մը կրնայ իր ամուսինին օգնել, որ իր լաւ համբաւը պահէ, զինք չճնշելով որ խօսի նիւթերու շուրջ, որոնք գաղտնի պէտք է մնան։ Երբ կինը այս խրատը գործադրէ, ոչ միայն իր ամուսինին թիկունք կը կանգնի, հապա նաեւ անոր վստահողները պատուած կ’ըլլայ։ Եւ ամէնէն կարեւորը, ան Եհովան կ’ուրախացնէ, քանի որ ժողովքի խաղաղութեան ու միութեան կը նպաստէ (Հռով. 14։19)։
ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ ԽՕՍԱԾՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ Ի՞ՆՉ ԿԸ ԶԳԱՅ
15. Եհովան Եղիփազին, Բաղդատին եւ Սոփարին նկատմամբ ի՞նչ զգաց, եւ ինչո՞ւ։
15 Յոբ գիրքէն շատ բան կրնանք սորվիլ՝ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ խօսելու մասին։ Յոբ ետեւ–ետեւի աղէտներ դիմագրաւելէ ետք, չորս տղամարդիկ եկան զինք մխիթարելու եւ խրատելու։ Անոնք երկար ժամանակ լուռ մնացին։ Բայց ետքը անոնցմէ երեքը՝ Եղիփազ, Բաղդատ եւ Սոփար, այնպիսի բաներ ըսին, որոնք կը յայտնեն, թէ երբ լուռ էին, չմտածեցին ինչպէ՛ս Յոբին օգնել, հապա՝ թէ ինչպէ՛ս կրնան փաստել որ Յոբ սխալ բան մը ըրած էր։ Անոնք կարգ մը ճիշդ բաներ ըսի՛ն, բայց Յոբի եւ Եհովայի մասին իրենց խօսածներուն մեծ մասը կա՛մ անազնիւ էր, կա՛մ սխալ էր։ Անոնք անգթօրէն Յոբը դատեցին (Յոբ 32։1-3)։ Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց։ Իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ անոնց դէմ։ Զիրենք անմիտ կոչեց եւ պահանջեց որ Յոբէն խնդրեն որ իրենց համար աղօթէ (Յոբ 42։7-9)։
16. Եղիփազի, Բաղդատի եւ Սոփարի վատ օրինակներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
16 Եղիփազի, Բաղդատի եւ Սոփարի վատ օրինակներէն երեք դասեր կը սորվինք։ Առաջին, մեր եղբայրները պէտք չէ դատենք (Մատ. 7։1-5)։ Փոխարէնը, նախքան խօսիլը պէտք է անոնց ուշի–ուշով մտիկ ընենք։ Միայն այն ատեն պիտի կարենանք անոնց պարագան հասկնալ (Ա. Պետ. 3։8)։ Երկրորդ, երբ խօսինք, պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր ըսածը փափկանկատ է եւ ճշգրիտ է (Եփ. 4։25)։ Եւ երրորդ, Եհովան հետաքրքրուած է, թէ ուրիշներուն ի՛նչ կ’ըսենք։
17. Եղիուսի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։
17 Յոբին այցելող չորրորդ տղամարդը Եղիուսն էր՝ Աբրահամին մէկ ազգականը։ Ան մտիկ ըրաւ, մինչ Յոբ եւ միւս երեք տղամարդիկը կը խօսէին։ Յստակ է որ խօսակցութիւնը ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէր, քանի որ կրցաւ կարեկցութեամբ բայց անկեղծօրէն խրատել, ինչ որ Յոբին օգնեց, որ իր մտածելակերպը սրբագրէ (Յոբ 33։1, 6, 17)։ Եղիուսի համար ամէնէն կարեւոր բանն էր՝ Եհովա՛ն փառաւորել, եւ ո՛չ թէ ինքզինք կամ ուրիշ մէկը (Յոբ 32։21, 22. 37։23, 24)։ Եղիուսի օրինակէն կը սորվինք, թէ ժամանակ կայ լռելու եւ մտիկ ընելու (Յակ. 1։19)։ Նաեւ կը սորվինք, թէ երբ կը խրատենք, մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը պէտք է ըլլայ՝ Եհովա՛ն պատուել եւ ո՛չ թէ մեր անձը։
18. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ խօսելու պարգեւը կ’արժեւորենք։
18 Կրնանք ցոյց տալ թէ խօսելու պարգեւը կ’արժեւորենք, երբ կը հետեւինք Աստուածաշունչի խրատին, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս պէտք է խօսինք։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր ներշնչմամբ գրեց. «Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի» (Առ. 25։11)։ Երբ ուրիշներուն ըսածները ուշադրութեամբ մտիկ ընենք եւ խօսելէ առաջ մտածենք, մեր խօսքերը կրնան այդ ոսկիէ խնձորներուն նմանիլ, այսինքն թէ՛ արժէքաւոր եւ թէ գեղեցիկ ըլլալ։ Այն ատեն քիչ խօսինք կամ շատ խօսինք, մեր խօսքերը ուրիշները պիտի կերտեն եւ Եհովան մեզմով հպարտ պիտի զգայ (Առ. 23։15. Եփ. 4։29)։ Ասիկա լաւագոյն կերպն է, որով մեր գնահատանքը կ’արտայայտենք այս աստուածատուր պարգեւին համար։
ԵՐԳ 93 «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը»
a Աստուծոյ Խօսքին մէջ կան սկզբունքներ, որոնց օգնութեամբ կրնանք գիտնալ ե՛րբ խօսիլ ու ե՛րբ լռել։ Երբ Աստուածաշունչին ըսածը գիտնանք ու գործադրենք, Եհովան մեր խօսակցութեան պիտի հաճի։
b ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը կը մղուի իմաստուն խրատ տալու քրոջ մը։
c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը մաքրասիրութեան վերաբերեալ թելադրութիւններ կու տայ։
d ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յարմար ժամանակին, Աբիգիան Դաւիթին խօսեցաւ, ինչ որ լաւ արդիւնք տուաւ։
e ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ամուսնացած զոյգ մը մանրամասնութիւններ չեն յայտներ, թէ մեր գործունէութիւնը ինչպէ՛ս կը կատարուի հոն, ուր արգիլում կայ։
f ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երէց մը զգոյշ կ’ըլլայ, որ ժողովքային գաղտնի հարցի մը շուրջ իր ըսածը չլսուի։