Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուծո՞յ թէ մարդոց կը հնազանդիս
    Դիտարան 2006 | Յունուար 1
    • 7. Քարոզչութիւնը ինչո՞ւ բարկացուց աւագ քահանաները։

      7 Քարոզչութիւնը շարունակելու առաքեալներուն հաստատամտութիւնը աւագ քահանաները բարկացուց։ Կարգ մը քահանաներ, ի ներառեալ՝ Կայիափան, Սադուկեցիներ էին, որոնք յարութեան չէին հաւատար։ (Գործք 4։1, 2. 5։17) Այսուհանդերձ առաքեալները շարունակեցին պնդել թէ Յիսուս յարութիւն առած էր։ Ասկէ զատ, աւագ քահանաներէն ոմանք մեծ ջանք թափած էին հռովմէական իշխանութիւններուն հաճութիւնը շահելու համար։ Յիսուսի դատավարութեան ընթացքին, երբ պատեհութիւն հանդիսացաւ որ Յիսուսը ընդունին որպէս իրենց թագաւորը, աւագ քահանաները պոռացին. «Մենք Կայսրէն զատ թագաւոր չունինք»։ (Յովհաննու 19։15)a Առաքեալները ո՛չ միայն կը պնդէին թէ Յիսուս յարուցանուած էր, այլեւ կը սորվեցնէին թէ անկէ զատ «ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։ (Գործք 2։36. 4։12) Քահանաները մտահոգուեցան որ եթէ ժողովուրդը սկսէր յարուցեալ Յիսուսը նկատել իր Առաջնորդը, Հռովմէացիները կրնային գալ ու Հրեայ առաջնորդները թերեւս կորսնցնէին ‘իրենց տեղն ու ազգը’։—Յովհաննու 11։48, ԱՎ

  • Աստուծո՞յ թէ մարդոց կը հնազանդիս
    Դիտարան 2006 | Յունուար 1
    • a Այն «Կայսր»ը որ այդ ատեն աւագ քահանաները հանրապէս ընդունեցին, արհամարհելի Տիբերիոս կայսրն էր,– կեղծաւոր ու մարդասպան մը։ Ան նաեւ տխրահռչակ էր՝ իր ստորին սեռային սովորութիւններուն պատճառով։—Դանիէլ 11։15, 21

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել