Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ18 Հոկտեմբեր էջ 32
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ստեփանոս կը քարկոծուի
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Հալածուած՝ արդարութեան համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
դ18 Հոկտեմբեր էջ 32

Գիտէի՞ր

Ստեփանոս աշակերտը ինչպէ՞ս կրցաւ շատ հանդարտ մնալ հալածանքի ներքեւ։

Ստեփանոս հանդարտ կը մնայ Սենետրիոնին առջեւ

ՍՏԵՓԱՆՈՍ կեցած էր ատելութեամբ լեցուած մարդոց առջեւ։ Այդ 71 դատաւորները, Իսրայէլի բարձրագոյն ատեանին՝ Սենետրիոնին անդամները ըլլալով, ազգին ամէնէն հեղինակաւոր մարդոցմէն էին։ Զանոնք ժողված էր Կայիափա քահանայապետը, որուն գլխաւորութեամբ քանի մը ամիս առաջ ատեանը մահուան դատապարտեց Յիսուսը (Մատ. 26։57, 59. Գործք 6։8-12)։ Մինչ սուտ ամբաստանողներ կը մտնէին կ’ելլէին, ատեանին անդամները զարմանալի բան մը նկատեցին Ստեփանոսին նկատմամբ. «Անոր երեսը հրեշտակի պէս տեսան», այսինքն՝ հանդարտ էր (Գործք 6։13-15)։

Ստեփանոս ինչպէ՞ս կրցաւ հանդարտ եւ խաղաղ մնալ այսպիսի զարհուրելի պարագայի մը մէջ։ Առաջ որ զինք քաշեն–բերեն Սենետրիոնին առջեւ, ան ամբողջութեամբ զբաղած էր իրեն նշանակուած պաշտօնով, որ կը կատարէր Աստուծոյ սուրբ հոգիին զօրաւոր ազդեցութեան ներքեւ (Գործք 6։3-7)։ Դատի ընթացքին, նոյն հոգին իր մէջ կը ներգործէր որպէս մխիթարիչ եւ յիշեցնող (Յովհ. 14։16)։ Մինչ քաջաբար իր պաշտպանողականը կ’արտասանէր, որ գրուած է Գործք Առաքելոց 7–րդ գլուխին մէջ, սուրբ հոգին Եբրայերէն Գրութիւններէն իրեն յիշեցուց աւելի քան 20 հատուածներ (Յովհ. 14։26)։ Բայց Ստեփանոսին հաւատքը աւելի զօրացաւ, երբ տեսիլքով տեսաւ Յիսուս՝ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած (Գործք 7։54-56, 58, 59)։

Թերեւս մենք ալ օր մը դիմագրաւենք սպառնալիքներ եւ հալածանք (Յովհ. 15։20)։ Եթէ Աստուծոյ Խօսքով կանոնաւորաբար սնուցանուինք եւ ծառայութեամբ զբաղած ըլլանք, թոյլ կու տանք որ Եհովայի հոգին մեր մէջ աշխատի։ Նաեւ պիտի ունենանք այն ուժը, որ մեզի պիտի օգնէ, որ հակառակութեան դիմանանք եւ մեր ներքին խաղաղութիւնը պահենք (Ա. Պետ. 4։12-14)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել