Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 3-9
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 9-11
«Վայրագ հալածիչ մը կը դառնայ նախանձախնդիր վկայ մը»
(Գործք 9։1, 2) Սօղոս տակաւին Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ փչելով՝ քահանայապետին քով գնաց 2 եւ անկէ թուղթեր ուզեց Դամասկոս ժողովարանները տանելու, որպէս զի եթէ այն ճամբուն հետեւողներ գտնելու ըլլայ, այրեր կամ կիներ, կապած Երուսաղէմ բերէ։
bt էջ 60 պարբ. 1-2
Ժողովքին համար «խաղաղ ժամանակներ եկան»
ԽՈՒՄԲ մը կատղած ճամբորդներ Դամասկոս կը մօտենան եւ իրենց մտքին մէջ չար ծրագիր մը կայ. Յիսուսին ատուած աշակերտները իրենց տուներէն քաշքշել, կապել, խայտառակել եւ բռնի ուժով Երուսաղէմ տանիլ Սենետրիոնին առջեւ։
2 Այս խումբին առաջնորդն է Սօղոս, որ արդէն իսկ անմեղ արիւն թափած է։ Վերջերս ան հաւանութեամբ դիտած էր, մինչ իր մոլեռանդ ընկերները Յիսուսին հաւատարիմ աշակերտը՝ Ստեփանոսը, մինչեւ մահ քարկոծած էին (Գործք 7։57–8։1)։ Ան կ’ուզէ ‘այդ ճամբան’ կոչուած աղանդին պատկանող Յիսուսին աշակերտները հալածել ո՛չ միայն Երուսաղէմի մէջ, հապա ամէն տեղ (Գործք 9։1, 2)։
(Գործք 9։15, 16) Տէրը ըսաւ անոր. «Գնա՛ դուն, վասն զի անիկա ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ, 16 քանզի ես անոր պիտի ցուցնեմ թէ պէտք է իմ անուանս համար նեղութիւն կրէ»։
Եհովան գնահատէ որպէս մեր Բրուտը
4 Երբ Եհովան մարդոց կը նայի, իրենց դուրսի երեւոյթին վրայ չի կեդրոնանար։ Փոխարէն, ան սիրտը կը քննէ եւ ներքին անձը կը տեսնէ (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 16։7բ)։ Ասիկա շատ յայտնի էր երբ Աստուած քրիստոնէական ժողովքը կազմեց։ Ան իրեն եւ իր Որդիին քաշեց շատ մը անհատներ, որոնք թերեւս մարդկային աչքով անարժէք կը սեպուին (Յովհ. 6։44)։ Անոնցմէ մէկն էր՝ Սօղոս անունով փարիսեցի մը, որ ‘հայհոյիչ, հալածող եւ թշնամանող’ էր (Ա. Տիմ. 1։13)։ Բայց «սիրտերը քննողը» Սօղոսին չնայեցաւ որպէս անօգուտ կաւ մը (Առ. 17։3, ԱԾ)։ Փոխարէն, Աստուած տեսաւ թէ Սօղոսը կրնար ձեւաւորուիլ եւ վերածուիլ «ընտիր աման»ի մը, որպէսզի քարոզէ «հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն» (Գործք 9։15)։ Եհովան նաեւ ընտրեց ուրիշներ, որոնք կրնային վերածուիլ ‘պատիւի համար’ եղող անօթներու, մէջը ըլլալով՝ նախապէս գինով, անբարոյ եւ գող եղողներ (Հռով. 9։21. Ա. Կոր. 6։9-11)։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքը սերտելով՝ իրենց հաւատքը զօրացուցին եւ թոյլ տուին որ Եհովան զիրենք ձեւաւորէ։
(Գործք 9։20-22) Եւ անմիջապէս ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ անիկա է Աստուծոյ Որդին։ 21 Եւ ամէն լսողները մեծապէս զարմացեր էին ու կ’ըսէին. «Ասիկա ան չէ՞, որ Երուսաղէմի մէջ կը մեռցնէր զանոնք, որ այս անունը կը կանչէին. հոս ալ այն բանին համար եկած էր, որպէս զի զանոնք կապած՝ քահանայապետներուն տանի»։ 22 Բայց Սօղոս ա՛լ աւելի կը զօրանար եւ Դամասկոսի մէջ բնակող Հրեաները կը պապանձեցնէր, [«տրամաբանօրէն», ՆԱ] ապացուցանելով թէ՝ Քրիստոսը ասիկա է։
bt էջ 64 պարբ. 15
Ժողովքին համար «խաղաղ ժամանակներ եկան»
15 Կրնա՞ս երեւակայել թէ հրեաները որքա՛ն անակնկալի եկած եւ բարկացած ըլլալու էին, երբ Սօղոս սկսաւ Յիսուսին մասին քարոզել ժողովարաններուն մէջ։ Անոնք հարցուցին. «Ասիկա ան չէ՞, որ Երուսաղէմի մէջ կը մեռցնէր զանոնք, որ այս անունը կը կանչէին» (Գործք 9։21)։ Սօղոս բացատրեց որ ինչու Յիսուսին նկատմամբ իր տեսակէտը փոխած էր. եւ ան ասիկա ըրաւ «տրամաբանօրէն ապացուցանելով թէ՝ Քրիստոսը ասիկա է» (Գործք 9։22, ՆԱ)։ Բայց տրամաբանօրէն ապացուցանելը միշտ յաջողութիւն չի գտներ։ Անիկա չի կրնար ազատ արձակել աւանդութիւններու գերի եղող ամէն միտք եւ հպարտութեան կապանքներուն մէջ եղող ամէն սիրտ։ Բայց Սօղոս չյանձնուեցաւ։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Գործք 9։4) Եւ ինք գետինը իյնալով՝ ձայն մը լսեց, որ կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես»։
bt էջ 60-61 պարբ. 5-6
Ժողովքին համար «խաղաղ ժամանակներ եկան»
5 Երբ Յիսուս Սօղոսը կեցուց Դամասկոսի ճամբուն վրայ, ան չհարցուց. «Ինչո՞ւ իմ աշակերտներս կը հալածես»։ Հապա հարցուց. «Ինչո՞ւ զիս կը հալածես» (Գործք 9։4)։ Ասիկա կը նշանակէ որ Յիսուս իր աշակերտներուն ցաւը իր ցաւը կը համարէ (Մատ. 25։34-40, 45)։
6 Եթէ Յիսուսին հանդէպ հաւատքիդ համար կը հալածուիս, վստահ եղիր որ թէ՛ Եհովան եւ թէ Յիսուսը քեզի հետ կը զգան (Մատ. 10։22, 28-31)։ Ճիշդ է որ թերեւս փորձութիւնը տեղւոյն վրայ վերջ չգտնէ։ Օրինակ, յիշէ որ Յիսուս տեսա՛ւ երբ Սօղոս Ստեփանոսին մահուան հաւանութիւն կու տար եւ տեսա՛ւ երբ Սօղոս Երուսաղէմի մէջ հաւատարիմ աշակերտները իրենց տուներէն դուրս կը քաշքշէր (Գործք 8։3)։ Բայց Յիսուս այդ ատեն չմիջամտեց։ Հակառակ ատոր, Եհովան Յիսուսին միջոցաւ Ստեփանոսը եւ միւս աշակերտները զօրացուց որ հաւատարիմ մնան։
(Գործք 10։6) Անիկա իբրեւ հիւր կը կենայ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով, որուն տունը ծովուն մօտ է։
nwtsty սերտելու նոթ. Գործք 10։6
Սիմոն անունով կաշի բանողի։ Կաշի բանողին (կաշեգործ) գործը անասուններուն մորթին հետ էր։ Ան կը գործածէր լիմոնի տեսակով լուծոյթ մը, որ մորթը զատէր անոր վրայ մնացած մուշտակէն, միսէն կամ իւղէն։ Յետոյ ան մորթին վրայ կը դնէր զօրաւոր քիմիական հեղուկ մը՝ որ կարելի դառնար որ այդ մորթով կաշիէ իրեր պատրաստուէին։ Այս ամբողջ գործողութեան ընթացքին գէշ հոտ կ’ելլէր եւ առատ ջուր գործածելու պէտք կ’ըլլար։ Ուրեմն թերեւս այս պատճառով էր, որ Սիմոն կ’ապրէր ծովուն մօտ՝ Յոպպէի եզերքը։ Մովսիսական օրէնքին համաձայն, այն անհատը, որ անասուններու դիակներուն հետ գործ կ’ունենար, կրօնական գետնի վրայ անմաքուր կը սեպուէր (Ղեւ. 5։2. 11։39)։ Անոր համար, շատ մը հրեաներ ցած աչքով կը նայէին կաշեգործներուն եւ չէին նախընտրեր անոնց տունը իջեւանիլ։ Իրականութեան մէջ, Թալմուտը յետագային կաշեգործին արհեստը կղկղանք հաւաքողի գործէն աւելի ցած գործ մը սեպեց։ Բայց Պետրոս չձգեց որ կանխադատութիւնը արգելք ըլլայ որ ան Սիմոնին տունը մնայ։ Այս պարագային Պետրոսի լայնամտութիւնը հաւանաբար զինք պատրաստեց իր յաջորդ նշանակումը ստանձնելու, որ իրմէ պիտի պահանջէր հեթանոսի մը տունը մտնել։ Կարգ մը ուսումնականներ կ’ըսեն որ «կաշի բանող» (byr·seusʹ) թարգմանուած յունարէն բառը Սիմոնին մականունն է։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 10-16
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 12-14
«Բառնաբաս եւ Պօղոս կ’աշակերտեն հեռաւոր վայրերու մէջ»
(Գործք 13։2, 3) Երբ ասոնք Տէրոջը պաշտօնին մէջ էին եւ ծոմ կը պահէին, Սուրբ Հոգին ըսաւ. «Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սօղոսը այն գործին համար, որուն ես կանչեր եմ անոնք»։ 3 Այն ատեն ծոմ պահելով եւ աղօթք ընելով՝ ձեռք դրին անոնց վրայ ու ղրկեցին։
bt էջ 86 պարբ. 4
Անոնք «ուրախութեամբ եւ սուրբ հոգիով կը լեցուէին»
4 Սուրբ հոգին ինչո՞ւ ուղղութիւն տուաւ որ յատկապէս Բառնաբասը եւ Սօղոսը «այն գործին համար» զատուին (Գործք 13։2)։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր։ Բայց գիտենք որ սուրբ հոգի՛ն ուղղեց, որ այս տղամարդիկը զատուին։ Եւ արձանագրութիւնը չ’ըսեր որ Անտիոքի մէջ գտնուող մարգարէները եւ ուսուցիչները այդ որոշումին դէմ կեցան։ Այլ ընդհակառակը, անոնք լիովին ատոր թիկունք կանգնեցան։ Երեւակայէ թէ Բառնաբաս եւ Սօղոս ի՛նչ զգացին, երբ իրենց հոգեւոր եղբայրները, առանց որեւէ նախանձի, «ծոմ պահելով եւ աղօթք ընելով՝ ձեռք դրին անոնց վրայ ու ղրկեցին» (Գործք 13։3)։ Ասիկա մեզի օրինակ է որ մենք ալ թիկունք կանգնինք անոնց, որոնք աստուածպետական նշանակումներ կը ստանան, մէջը ըլլալով այն տղամարդիկը, որոնք ժողովքին մէջ երէցներ կը նշանակուին։ Փոխանակ անոնց նախանձելու, պէտք է որ ‘զանոնք մեծ սիրով պատուենք իրենց գործին համար’ (Ա. Թես. 5։13)։
(Գործք 13։12) Այն ատեն փոխանորդ բդեշխը, երբ այս բաները տեսաւ՝ հաւատաց, մեծապէս զարմանալով Տէրոջը վարդապետութեանը վրայ։
(Գործք 13։48) Ասիկա լսելով՝ հեթանոսները կ’ուրախանային ու Աստուծոյ խօսքը կը փառաւորէին եւ որոնք որ յաւիտենական կեանքի սահմանուած [«հանդէպ ճիշդ տրամադրուած», ՆԱ] էին, հաւատացին։
(Գործք 14։1) Պօղոս եւ Բառնաբաս մէկտեղ Իկոնիոնի մէջ Հրեաներուն ժողովարանը մտան եւ այնպէս խօսեցան, որ խիստ շատ Հրեաներ եւ Յոյներ հաւատացին։
bt էջ 95 պարբ. 5
Անոնք «համարձակօրէն կը խօսէին Եհովային իշխանութեամբ»
5 Սկիզբը Պօղոսը եւ Բառնաբասը կանգ առին Իկոնիոն, որ յունական մշակոյթի կեդրոն էր եւ հռոմէական Գաղատիա նահանգին ամէնէն ծանօթ քաղաքներէն մէկն էր։ Այս քաղաքին մէջ կար հրէական ազդեցիկ համայնք մը եւ մեծ թիւով ոչ–հրեայ նորահաւատներ։ Պօղոս եւ Բառնաբաս, իրենց սովորութեան համաձայն, ժողովարան մտան եւ սկսան քարոզել (Գործք 13։5, 14)։ Անոնք «այնպէս խօսեցան, որ խիստ շատ Հրեաներ եւ Յոյներ հաւատացին» (Գործք 14։1)։
(Գործք 14։20, 21) Անոնք այն քաղաքին մէջ աւետարանը քարոզելով ու շատերը աշակերտ ընելով՝ Լիւստրա եւ Իկոնիոն եւ Անտիոք դարձան, 21 աշակերտներուն սրտերը հաստատելով եւ յորդորելով, որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ եւ կ’ըսէին թէ՝ «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։
Հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայէ՝ հակառակ «շատ նեղութեան»
4 Դերբէ այցելելէ ետք, Պօղոս ու Բառնաբաս «Լիւստրա եւ Իկոնիոն եւ Անտիոք դարձան, աշակերտներուն սրտերը հաստատելով եւ յորդորելով, որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ եւ կ’ըսէին թէ՝ ‘Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել’» (Գործք 14։20, 21)։ Սկիզբը այդ խօսքը կրնայ տարօրինակ թուիլ։ Վերջ ի վերջոյ, «շատ նեղութիւն» կրելու գաղափարը կրնայ վհատեցուցիչ թուիլ, եւ ոչ թէ քաջալերական։ Ուստի ինչպէ՞ս է որ Պօղոս ու Բառնաբաս ‘աշակերտներուն սրտերը հաստատեցին’ պատգամով մը, որ յաւելեալ նեղութիւններու կ’ակնարկէր։
5 Պատասխանը կրնանք գտնել եթէ Պօղոսի խօսքերուն ուշադրութեամբ նայինք։ Ան պարզապէս չըսաւ. «Շատ նեղութեան պէտք է տոկաք»։ Հապա, ան ըսաւ. «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։ Ուստի Պօղոս աշակերտները զօրացուց, հաւատարիմ ընթացքի մը դրական արդիւնքը շեշտելով։ Այդ վարձատրութիւնը պատրանք մը չէր։ Արդարեւ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատ. 10։22)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Գործք 12։21-23) Եւ որոշուած օր մը Հերովդէս թագաւորական հանդերձը հագած ու ատեանը նստած՝ անոնց ատենաբանութիւն կ’ընէր։ 22 Ժողովուրդն ալ կ’աղաղակէր թէ ‘Ատիկա Աստուծոյ ձայն է, ո՛չ թէ մարդու’։ 23 Իսկոյն Տէրոջը հրեշտակը զանիկա զարկաւ, Աստուծոյ փառք չտալուն համար եւ որդնալից ըլլալով՝ մեռաւ։
Գործք գիրքէն աչքառու կէտեր
12։21-23. 14։13-17. Հերովդէս իսկոյն ընդունեց այն փառքը որ միայն Աստուծոյ պէտք էր տրուէր։ Անոր հակապատկերն էին Պօղոս ու Բառնաբաս, որոնք անմիջապէս ու շեշտակի մերժեցին անտեղի գովաբանութիւնն ու պատիւը։ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր որեւէ իրագործման համար պէտք չէ ցանկանք փառք ստանալ։
(Գործք 13։9) Բայց Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը կոչուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած, աչքերը անոր վրայ տնկեց։
nwtsty սերտելու նոթեր. Գործք 13։9
Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը կոչուի։ Ասկէ անդին առաքեալին կ’ակնարկուի որպէս Պօղոս եւ ոչ թէ Սօղոս։ Առաքեալը հրեայ ծնած էր եւ հռոմէական քաղաքացիութիւն ունէր (Գործք 22։27, 28. Փլպ. 3։5)։ Ուրեմն, հաւանաբար ան իր մանկութենէն ի վեր ունէր երկու անուններ. եբրայական Սօղոս անունը եւ հռոմէական Պօղոս անունը։ Այդ ատեն տարօրինակ չէր որ հրեաները, մանաւանդ անոնք՝ որոնք Իսրայէլէն դուրս կ’ապրէին, երկու անուն ունենային (Գործք 12։12. 13։1)։ Օրինակ, Պօղոսին ազգականներէն ոմանք իրենց եբրայական անունէն զատ ունէին կա՛մ հռոմէական կամ ալ յունական անուն (Հռով. 16։ 7, 21)։ Պօղոս՝ «հեթանոսներուն առաքեալ» ըլլալով, յանձնարարութիւն ստացած էր, որ ոչ–հրեաներուն բարի լուրը ծանուցանէր (Հռով. 11։13)։ Ուրեմն այնպէս կ’երեւի որ ան որոշեց իր հռոմէական անունը գործածել, քանի որ թերեւս զգաց որ ուրիշ ազգեր աւելի հակամէտ պիտի ըլլային ընդունելու այդ անունը (Գործք 9։15. Գաղ. 2։7, 8)։ Կարգ մը մարդիկ ըսած են, որ ան այդ հռոմէական անունը որդեգրեց ի պատիւ Սերգիոս Պօղոսին. բայց ասիկա շատ հաւանական չէ, քանի որ առաքեալը Կիպրոսէն հեռանալէ ետք ալ շարունակեց այդ անունը կրել։ Ուրիշներ կ’ըսեն, որ Պօղոս չուզեց իր եբրայական անունը գործածել, քանի որ ատոր յունարէն հնչումը ունէր նոյն հնչումը ուրիշ յունարէն բառի մը, որ կ’ակնարկէր անհատի մը (կամ անասունի մը), որ կոնքը շարժելով կը քալէր։
Պօղոս։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, Pauʹlos անունը որ եկած է լատիներէն Paulus բառէն եւ կը նշանակէ «Պզտիկ, Փոքր», 157 անգամ կը գործածուի ակնարկելու համար Պօղոս առաքեալին եւ մէկ անգամ՝ ակնարկելու համար Կիպրոսի փոխանորդ բդեշխին՝ Սերգիոս Պօղոսին (Գործք 13։7)։
Դաշտի ծառայութեան մէջ ժրաջան եղիր
Դասախօսութիւն
bt էջ 78-79 պարբ. 8-9
8 Ժողովքը շատ լաւ գիտէր ի՛նչ ընել։ Գործք 12։5–ը կ’ըսէ. «Պետրոս բանտին մէջ պահուած էր, բայց եկեղեցին անդադար աղօթք կ’ընէր Աստուծոյ՝ անոր համար»։ Այո, անոնք իրենց եղբօրը համար ջերմեռանդօրէն կ’աղօթէին եւ սրտագին աղաչանքներ կ’ընէին։ Յակոբոսին մահը զիրենք չէր վհատեցուցած, ոչ ալ պատճառ դարձած էր որ անոնք աղօթելը անարժէք սեպէին։ Եհովան մեծ կարեւորութիւն կու տայ աղօթքներուն եւ կը պատասխանէ ատոնց, եթէ իր կամքին համաձայն ըլլան (Եբ. 13։18, 19. Յակ. 5։16)։ Ասիկա կարեւոր դաս է այսօր մեզի՝ քրիստոնեաներուս։
9 Գիտե՞ս հաւատակիցներ, որոնք փորձութիւններէ կ’անցնին։ Անոնք թերեւս կը տոկան հալածանքի, կառավարական արգելքներու կամ բնական աղէտներու։ Ինչո՞ւ իրենց համար սրտանց չաղօթես։ Թերեւս կը ճանչնաս ուրիշներ, որոնք կ’անցնին ուրիշ տեսակ դժուարութիւններէ, ինչպէս ընտանեկան խնդիրներէ, վհատութենէ կամ իրենց հաւատքին սպառնացող ուրիշ վտանգէ։ Եթէ աղօթելէ առաջ խոկաս, թերեւս մտածես նշել կարգ մը մարդոց անունները Եհովա Աստուծոյ՝ «աղօթքի լսող»ին, մատուցած աղօթքիդ մէջ (Սաղ. 65։2)։ Վերջ ի վերջոյ, դո՛ւն ալ երբ դժուարութենէ մը անցնիս, պէտք պիտի ունենաս, որ եղբայրներդ ու քոյրերդ քեզի համար աղօթեն։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 17-23
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 15-16
«Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած միաձայն որոշում»
(Գործք 15։1, 2) Մէկ քանիներ, Հրէաստանէն եկած, եղբայրներուն կը սորվեցնէին թէ՝ «Եթէ Մովսէսին աւանդած սովորութեանը համեմատ չթլփատուիք, չէք կրնար փրկուիլ»։ 2 Ուստի Պօղոսին եւ Բառնաբասին դէմ շատ մը հակառակութիւն ու վէճ ընելէն ետքը, վճռեցին որ Պօղոսն ու Բառնաբասը եւ մէկ քանիներ ալ անոնցմէ՝ Երուսաղէմ երթան առաքեալներուն ու երէցներուն՝ այս խնդրին համար։
bt էջ 102-103 պարբ. 8
«Շատ մը հակառակութիւն ու վէճ եղաւ»
8 Ղուկաս շարունակեց ըսելով, որ երբ Հրէաստանէն եկած տղամարդոց եւ Պօղոսին ու Բառնաբասին միջեւ «շատ մը հակառակութիւն ու վէճ եղաւ, [երէցները] վճռեցին որ Պօղոսն ու Բառնաբասը եւ մէկ քանիներ ալ անոնցմէ՝ Երուսաղէմ երթան առաքեալներուն ու երէցներուն՝ այս խնդրին համար» (Գործք 15։2)։ «Հակառակութիւն ու վէճ» բառերէն կրնանք եզրակացնել, որ երկու կողմերն ալ խորապէս համոզուած էին որ ճիշդ են, այնպէս որ Անտիոքի ժողովքը չկրցաւ հարցը լուծել։ Խաղաղութիւնն ու միութիւնը պահպանելու համար, ժողովքը իմաստուն գտնուեցաւ եւ կարգադրութիւն ըրաւ որ այդ հարցումը ղրկուի Երուսաղէմի մէջ գտնուող «առաքեալներուն ու երէցներուն», որոնք կառավարիչ մարմինը կը կազմէին։ Անտիոքի երէցներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
(Գործք 15։13-20) Անոնք խօսքերնին կտրելէն յետոյ՝ Յակոբոս խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ինծի մտիկ ըրէ՛ք. 14 Շմաւոն պատմեց թէ Աստուած ի՛նչպէս առաջ այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար։ 15 Այս բանին համար մարգարէներուն խօսքերն ալ կը միաբանին, ինչպէս գրուած է. 16 ‘Ասկէ ետեւ պիտի դառնամ ու Դաւիթին ինկած խորանը նորէն պիտի շինեմ եւ անոր կործանուած տեղերը նորէն պիտի շինեմ եւ կանգնեցնեմ զանիկա, 17 որպէս զի մնացած մարդիկը Տէրը փնտռեն եւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնց վրայ իմ անունս կոչուած է, կ’ըսէ Տէրը, որ այս ամէն բաները կ’ընէ։ 18 Յայտնի են Աստուծոյ իր բոլոր գործերը աշխարհի սկիզբէն ի վեր’։ 19 Ասոր համար ես յարմար կը դատեմ նեղութիւն չտալ անոնց, որոնք հեթանոսներէն Աստուծոյ կը դառնան. 20 Հապա թուղթ մը գրել անոնց՝ որ ետ կենան կուռքերու պղծութիւններէն եւ պոռնկութենէ ու խեղդուածէ եւ արիւնէ։
Ճշմարիտ քրիստոնեաները Աստուծոյ խօսքը կը յարգեն
6 Ամովս 9։11, 12–ի խօսքերը օգնեցին որ հարցը լուծուի։ Ինչպէս որ մէջբերուած է Գործք 15։16, 17–ի մէջ, կը կարդանք. «‘Պիտի դառնամ ու Դաւիթին ինկած խորանը նորէն պիտի շինեմ եւ անոր կործանուած տեղերը նորէն պիտի շինեմ եւ կանգնեցնեմ զանիկա, որպէս զի մնացած մարդիկը Տէրը փնտռեն եւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնց վրայ իմ անունս կոչուած է’, կ’ըսէ Տէրը»։
7 Անհատ մը կրնայ առարկել. ‘Բայց այդ համարը չ’ըսեր թէ հեթանոսութենէ դարձած հաւատացեալներուն համար անհրաժեշտ չէր թլփատուիլ’։ Ասիկա շիտակ է։ Բայց հրեայ քրիստոնեաները կրնային համարին միտք բանին հասկնալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք թլփատուած հեթանոսները չսեպեցին «հեթանոսներ», այլ՝ եղբայրներ (Ել. 12։48, 49)։ Զոր օրինակ, ըստ Պէկսթըրի Եօթանասնից թարգմանութեան, Եսթեր 8։17–ն կ’ըսէ. «Հեթանոսներէն շատերը թլփատուեցան, եւ հրեաներ եղան»։ Ուստի, երբ Սուրբ Գրութիւնները նախագուշակեցին թէ իսրայէլի տանը մնացորդը (հրեաները եւ թլփատուած նորադարձները) ե՛ւ «բոլոր հեթանոսները» (անթլփատ հեթանոսները) Աստուծոյ անուան համար մէկ ժողովուրդ պիտի ըլլային, պատգամը յստակ էր։ Քրիստոնեայ ըլլալ փափաքող հեթանոսներուն համար թլփատութիւնը պահանջ մը չէր։
(Գործք 15։28, 29) Վասն զի աղէկ երեւցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ ձեր վրայ աւելի բեռ չդնել այս հարկաւոր բաներէն զատ, 29 որ ետ կենաք կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ, որոնցմէ ինքզինքնիդ պահելով աղէկ պիտի ընէք։ Ո՛ղջ եղէք։
(Գործք 16։4, 5) Ապա կարգ մը քաղաքներէ անցնելով, Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները կ’աւանդէին անոնց որ պահեն։ Եկեղեցիներն ալ հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար։
bt էջ 123 պարբ. 18
Անոնք ‘ժողովքները կը զօրացնէին’
18 Պօղոսն ու Տիմոթէոսը տարիներով միասին ծառայեցին։ Որպէս շրջագայող ծառաներ, անոնք կառավարիչ մարմինին շատ մը յանձնարարութիւնները կատարեցին։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Ապա կարգ մը քաղաքներէ անցնելով, Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները կ’աւանդէին անոնց որ պահեն» (Գործք 16։4)։ Յստակ է որ երէցները հետեւեցա՛ն Երուսաղէմի առաքեալներուն եւ երէցներուն ուղղութեան։ Եւ այս հնազանդութեան առ ի արդիւնք, ‘եկեղեցիները հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար’ (Գործք 16։5)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Գործք 16։6-9) Փռիւգիոյ ու Գաղատացիներու կողմերը պտըտեցան. հոն Սուրբ Հոգին արգիլեց որ Աստուծոյ խօսքը Ասիայի մէջ խօսին, 7 երբ Միւսիայի կողմերը երթալով կը ջանային դէպի Բիւթանիա երթալ, [Յիսուսի] Հոգին թող չտուաւ անոնց։ 8 Ուստի Միւսիայի քովէն անցնելով Տրովադա գացին։ 9 Հոն գիշերը Պօղոսին տեսիլք մը երեւցաւ. Մակեդոնացի մարդ մը կայներ կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր. «Մակեդոնիա՛ անցիր եւ օգնէ՛ մեզի»։
Յիսուսի առաքեալներէն արթնութիւն սորվինք
8 Այս արձանագրութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Նկատի առ, թէ Պօղոս միայն դէպի Ասիա ճամբայ ելլելէ ետք, Աստուծոյ հոգին միջամտեց։ Ապա, Պօղոս միայն Բիւթանիայի մօտենալէ ետք, Յիսուս միջամտեց։ Եւ վերջապէս, ան միայն Տրովադա հասնելէ ետք, Յիսուս զինք դէպի Մակեդոնիա առաջնորդեց։ Ժողովքին Գլուխը ըլլալով, Յիսուս նոյնանման կերպով կրնայ վարուիլ մեզի հետ (Կող. 1։18)։ Զոր օրինակ, թերեւս կը մտածես որպէս ռահվիրայ ծառայել, կամ փոխադրուիլ հոն՝ ուր կարիքը աւելի մեծ է։ Բայց կրնայ ըլլալ որ նպատակակէտիդ հասնելու համար քայլեր առնելէդ ետքն է, որ Յիսուս Աստուծոյ հոգիին միջոցաւ քեզ պիտի առաջնորդէ։ Լուսաբանենք. վարորդ մը կրնայ իր ինքնաշարժը աջ կամ ձախ տանիլ, միա՛յն երբ ինքնաշարժը կանգ չէ առած։ Նմանապէս, Յիսուս կրնայ մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու մէջ մեզ առաջնորդել, միա՛յն երբ գործի վրայ ենք,– երբ ջանք կը թափենք՝ որ մեր նպատակակէտին հասնինք։
(Գործք 16։37) Պօղոս ըսաւ անոնց. «Մեզ՝ որ չդատապարտուած Հռովմայեցի մարդիկ ենք՝ յայտնապէս ծեծելով բանտը դրին ու հիմա գաղտո՞ւկ կը հանեն։ Ո՛չ, հապա թող իրենք գան ու մեզ հանեն»։
nwtsty սերտելու նոթ. Գործք 16։37
Հռովմայեցի մարդիկ ենք։ Այսինքն՝ Հռոմի քաղաքացիներ։ Պօղոսը եւ հաւանաբար Շիղան Հռոմի քաղաքացիներ էին։ Հռոմէական օրէնքը կ’ըսէր, որ Հռոմի քաղաքացին միշտ իրաւունք ունէր որ իր դատը յարմար կերպով տեսնուէր եւ բնա՛ւ պէտք չէր հանրութեան առջեւ պատժուէր, եթէ չէր դատապարտուած։ Հռոմէական քաղաքացիութիւնը անհատին որոշ իրաւունքներ եւ առանձնաշնորհումներ կու տար, ուր որ ալ ըլլար ան հռոմէական կայսրութեան մէջ։ Հռոմի քաղաքացին հռոմէակա՛ն օրէնքին ենթակայ էր եւ ոչ թէ նահանգային քաղաքներու օրէնքներուն։ Երբ ամբաստանուէր, ան կրնար ընդունիլ տեղական օրէնքին համաձայն դատուիլ, բայց եւ այնպէս տակաւին իրաւունք ունէր հռոմէական դատարանի դիմելու։ Իսկ երբ ան մահուան արժանի յանցանքով մը ամբաստանուէր, իրաւունք ունէր կայսրին բողոքելու։ Պօղոս առաքեալ հռոմէական կայսրութեան մէջ հսկայածաւալ քարոզչութիւն կատարեց։ Երեք արձանագրուած առիթներով, ան իր հռոմէական քաղաքացիութիւնը օգտագործեց։ Ան իր քաղաքացիութիւնը առաջին անգամ օգտագործեց Փիլիպպէի մէջ, ուր փիլիպպեցի զօրագլուխներուն ըսաւ, որ իր իրաւունքները ոտնակոխած էին զինք ծեծելով (միւս երկու առիթներուն մասին տեղեկութիւն առնելու համար, տե՛ս դ15 3/1 էջ 12 պարբ. 3)։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 24-30
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 17-18
«Պօղոս առաքեալը ընդօրինակէ քարոզելու եւ սորվեցնելու մէջ»
(Գործք 17։2, 3) Պօղոս ալ իր սովորութեանը պէս անոնց մէջ մտաւ եւ երեք շաբաթ օր խօսեցաւ [«պատճառաբանեց», ՆԱ] անոնց հետ գրքերէն, 3 մեկնելով եւ անոնց առջեւ դնելով թէ՝ պէտք էր որ Քրիստոս չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր եւ թէ ‘Այն Յիսուսը որ ես ձեզի կը քարոզեմ, ըսաւ, Քրիստոսն է’։
nwtsty սերտելու նոթեր. Գործք 17։2, 3
պատճառաբանեց։ Պօղոս պարզապէս չխօսեցաւ բարի լուրին մասին։ Հապա զայն բացատրեց եւ փաստեր ներկայացուց գրքերէն, այսինքն՝ ներշնչեալ Եբրայերէն Գրութիւններէն։ Պօղոս Եբրայերէն Գրութիւնները կարդալէն աւելին ըրաւ. ան ատոնցմով պատճառաբանեց եւ իր այդ պատճառաբանութիւնը յարմարցուց ներկաներուն։ Յունարէն բայը (di·a·leʹgo·mai ) կը նշանակէ «փոխադարձաբար խօսիլ, խօսակցիլ, քննարկել»։ Անիկա մարդոց հետ հաղորդակցելու գաղափարը կու տայ։ Այս յունարէն բառը նաեւ կը գործածուի Գործք 17։17–ին, 18։4, 19–ին, 19։8, 9–ին եւ 20։7, 9–ին մէջ։
անոնց առջեւ դնելով։ Յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «քով–քովի դնել»։ Ասկէ կրնայ հասկցուիլ որ Պօղոս Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ գտնուող մեսիական մարգարէութիւնները ուշադրութեամբ համեմատեց Յիսուսին կեանքի դէպքերուն հետ, ցոյց տալով որ Յիսուս այդ մարգարէութիւնները կատարած էր։
(Գործք 17։17) Ուստի ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն ու բարեպաշտ մարդոց եւ ամէն օր հրապարակներուն [«շուկային հրապարակին», ՆԱ] մէջ՝ որոնց որ պատահէր։
nwtsty սերտելու նոթ. Գործք 17։17
շուկային հրապարակին մէջ։ Աթէնքի շուկային հրապարակը (յունարէնով a·go·raʹ), որ կը գտնուէր Ակրոպոլիսին հիւսիս–արեւմտեան կողմը, ունէր մօտ 200 x 250 մեթր տարածութիւն։ Հրապարակը պարզապէս գնելու կամ ծախելու վայր մը չէր։ Անիկա քաղաքին տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կեդրոնն էր։ Աթենացիները կը սիրէին հաւաքուիլ այս ժողովրդային վայրը, որպէսզի քննարկութիւններ ընէին զանազան նիւթերու շուրջ։
(Գործք 17։22, 23) Այն ատեն Պօղոս Արիսպագոսի մէջ կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Աթենացի մարդիկ, ամէն կողմանէ խիստ կրօնասէր կը տեսնեմ ձեզ։ 23 Քանզի ես պտըտելով ու ձեր պաշտամունքը զննելով՝ սեղան մը գտայ, որուն վրայ գրուած էր, Անծանօթ Աստուծոյն. ուստի զանիկա որ դուք չճանչնալով կը պաշտէք, ես նոյնը ձեզի կը քարոզեմ»։
nwtsty սերտելու նոթ. Գործք 17։22, 23
Անծանօթ Աստուծոյն։ Յունարէն A·gnoʹstoi the·oiʹ բառերը յիշուած էին գրութեան մը մէջ, որ Աթէնքի զոհասեղաններէն մէկուն վրայ գրուած էր։ Աթենացիները չաստուածներու հանդէպ իրենց վախը յայտնեցին, շատ մը տաճարներ եւ զոհասեղաններ շինելով։ Անոնք նոյնիսկ զոհասեղաններ շինեցին Համբաւ, Համեստութիւն, Ոյժ, Համոզում եւ Գութ խորհրդանշող չաստուածներուն։ Բայց կրնայ ըլլալ որ վախցան որ որոշ չաստուած մը անտեսած են,– եւ հետեւաբար անոր հաճութիւնը պիտի կորսնցնեն,– անոնք զոհասեղան մը նուիրեցին «Անծանօթ Աստուծոյն»։ Ասիկա ցոյց տուաւ, որ ժողովուրդը կ’ընդունէր որ գոյութիւն ունէր Աստուած մը, որուն մասին բան չէր գիտեր։ Պօղոս հմտօրէն այս զոհասեղանին գոյութիւնը որպէս հիմ գործածեց իր ունկնդիրները ծանօթացնելու ճշմարիտ Աստուծոյ, որ մինչեւ այն ատեն իրենց ծանօթ չէր։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Գործք 18։18) Պօղոս տակաւին շատ օրեր հոն մնալէ ետքը, եղբայրներէն բաժնուելով՝ նաւով դէպի Սուրիա գնաց Պրիսկիղային եւ Ակիւղասին հետ, առաջ Կենքրայի մէջ իր մազերը կտրելով, վասն զի ուխտաւոր էր [«ուխտ ըրած էր», ՆԱ]։
Եհովայի խօսքը կենդանի է Գործք գիրքէն աչքառու կէտեր
18։18—Պօղոս ի՞նչ ուխտ ըրած էր։ Կարգ մը ուսումնականներ կը կարծեն թէ Պօղոս ուխտաւորի ուխտ ըրած էր։ (Թուոց 6։1-21) Սակայն Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Պօղոսի ուխտը ի՛նչ էր։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գրութիւնները չեն նշեր թէ Պօղոս այդ ուխտը ըրած էր իր կրօնափոխութենէն առա՛ջ թէ ետք, կամ թէ ան ուխտին սկի՛զբ թէ վերջ կու տար։ Յամենայն դէպս, այսպիսի ուխտ մը ընելը մեղք չէր։
(Գործք 18։21) Հապա հեռացաւ անոնցմէ՝ ըսելով. «Պէտք է անպատճառ այս յառաջիկայ տօնը Երուսաղէմի մէջ ընեմ, բայց Աստուծոյ կամքովը նորէն ձեզի պիտի դառնամ»։ Եփեսոսէն նաւով ճամբայ ելաւ։
nwtsty սերտելու նոթ. Գործք 18։21
Աստուծոյ կամքովը։ Այս արտայայտութիւնը կը շեշտէ, որ երբ անհատը բան մը կ’ընէ կամ կը ծրագրէ ընել՝ պէտք է Աստուծոյ կամքը հաշուի առնէ։ Պօղոս առաքեալ միշտ այս սկզբունքը ի մտի ունէր (Ա. Կոր. 4։19. 16։7. Եբ. 6։3)։ Յակոբոս աշակերտն ալ իր նամակը ընթերցողները քաջալերեց որ ըսեն. «Եթէ Տէրը կամենայ ու ապրինք, այս կամ այն բանը ընենք» (Յակ. 4։15)։ Անհատը այս տեսակ արտայայտութիւններ ըսելու սիրոյն պէտք չէ ըսէ, հապա պէտք է որ ատոնց համաձայն գործէ։ Մարդիկ «Աստուծոյ կամքովը» արտայայտութիւնը միշտ բերանացի չեն ըսեր, հապա շատ անգամ իրենց մտքէն կ’ըսեն (տե՛ս նաեւ Գործք 21։14 եւ Ուղ մաս 2)։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 31–ՅՈՒՆՈՒԱՐ 6
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 19-20
«Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար»
(Գործք 20։28) Ուրեմն զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր [«Որդիին», ՆԱ] արիւնովը ստացաւ։
«Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք»
5 Առաքեալը գրեց որ երէցները պէտք էր ‘արածէին Աստուծոյ հօտը որ իրենց մէջ է’։ Շատ կարեւոր էր որ անոնք գիտակցէին, թէ հօտը Եհովային եւ Յիսուս Քրիստոսին կը պատկանի։ Երէցները հաշիւ պիտի տային թէ Աստուծոյ ոչխարներուն վրայ ինչպէ՛ս հսկեցին։ Ենթադրենք որ քու մտերիմ մէկ բարեկամդ քեզմէ կը խնդրէ որ իր զաւակներուն հոգ տանիս, մինչ ճամբորդած է։ Վստահաբար անոնց լաւ հոգ պիտի տանէիր, պիտի կերակրէիր եւ եթէ անոնցմէ մէկը հիւանդանար, պէտք եղած բժշկական օգնութիւնը պիտի ապահովէիր։ Նմանապէս, երէցները նշանակուած են «Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր [«Որդիին», ՆԱ] արիւնովը ստացաւ» (Գործք 20։28)։ Անոնք իրենց միտքը կը պահեն թէ իւրաքանչիւր ոչխար, Քրիստոս Յիսուսի թանկարժէք արիւնով գնուեցաւ։ Համարատու ըլլալով, երէցները հօտը կը սնուցանեն, կը պաշտպանեն եւ հոգ կը տանին։
(Գործք 20։31) «Ուստի արթո՛ւն կեցէք եւ մտքերնիդ բերէք՝ թէ երեք տարի գիշեր ու ցորեկ չդադարեցայ ամէն մէկը արցունքով խրատելէ»։
Երէցները ‘գործակիցներ են մեր ուրախութեան’
15 Հովիւ ըլլալը շատ աշխատանք կը պահանջէ։ Ատեններ, երէցները անքուն գիշերներ կ’անցընեն, աղօթելով Աստուծոյ հօտին համար կամ եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգեւոր աջակցութիւն տալու համար (Բ. Կոր. 11։27, 28)։ Բայց երէցները, Պօղոսին նման, իրենց պատասխանատուութիւնը լիովին եւ ուրախութեամբ կը կատարեն։ Պօղոս կորնթացիներուն գրեց. «Ես մեծ յօժարութեամբ ծախք պիտի ընեմ ու ծախք պիտի ըլլամ ալ ձեր անձերուն համար» (Բ. Կոր. 12։15)։ Քանի որ Պօղոս եղբայրները սիրեց, ինքզինք ‘ծախք ըրաւ’, այսինքն իր ամբողջ կորովը տրամադրեց՝ զանոնք զօրացնելու համար (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 2։4. Փլպ. 2։17. Ա. Թես. 2։8)։ Զարմանալի չէ որ եղբայրները Պօղոսը շատ կը սիրէին (Գործք 20։31-38)։
(Գործք 20։35) Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։
bt էջ 172 պարբ. 20
«Ես անպարտ եմ ամէնուն արիւնէն»
20 Պօղոսին կեանքի ընթացքը հակապատկերն էր այն մարդոց ապրելակերպին, որոնք յետագային Աստուծոյ հօտը շահագործեցին։ Ան ապրուստ ճարելու համար աշխատեցաւ, որպէսզի ժողովքին մէջ մէկու մը վրայ բեռ չըլլայ։ Պօղոս անշահախնդիր կերպով իր հաւատակիցներուն օգնեց։ Պօղոս Եփեսոսի երէցները քաջալերեց որ անձնազոհ հոգի ունենան, երբ ըսաւ. «Պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. ‘Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը’» (Գործք 20։35)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Գործք 19։9) Երբ մէկ քանիները կը յամառէին ու դէմ կը դնէին՝ բազմութեան առջեւ կը վարկաբեկէին այն ճամբան, ինք անոնցմէ հեռացաւ եւ աշակերտներ զատեց ու ամէն օր Տիւրան անուն մէկուն դպրատանը մէջ կը խօսէր։
bt էջ 161 պարբ. 11
Խօսքը «կ’աճէր եւ կը զօրանար» հակառակութեան դիմաց
11 Պօղոս թերեւս ամէն օր խօսեցաւ այդ դպրատան կամ դպրոցի սրահին մէջ, առտուան ժամը 11։00–էն մինչեւ կէսօրէ ետք 4։00–ը (Գործք 19։9)։ Ատոնք հաւանաբար օրուան ամէնէն հանդարտ եւ ամէնէն տաք ժամերն էին, երբ շատեր իրենց գործէն դադար կ’առնէին որ ուտեն եւ հանգստանան։ Եթէ Պօղոս երկու տարի կ.ա. 11։00–էն կ.ե. 4։00 ծառայութեան յատկացուց, ուրեմն ան աւելի քան 3000 ժամ տրամադրեց մարդոց սորվեցնելու համար։ Ասիկա ուրիշ պատճառ մըն էր, թէ ինչո՛ւ Եհովային խօսքը աճեցաւ եւ զօրացաւ։ Պօղոս աշխատասէր եւ յարմարող էր։ Ան ծառայութեան ժամերը յարմարցուց մարդոց կարիքներուն։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ «Բոլոր Ասիայի մէջ բնակող Հրեաները ու Յոյները Տէրոջը խօսքը լսեցին» (Գործք 19։10)։ Ան իրապէս լիովին վկայութիւն տուաւ։
(Գործք 19։19) Կախարդութեան հետեւողներէն շատեր գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամենուն առջեւ կ’այրէին։ Անոնց գինը հաշուեցին, յիսուն հազար արծաթ դահեկան գտան։
bt էջ 162-163 պարբ. 15
Խօսքը «կ’աճէր եւ կը զօրանար» հակառակութեան դիմաց
15 Սկեւայի տղոց խայտառակութեան պատճառաւ շատեր հաւատացեալ դարձան եւ ոգեհարցական սովորութիւնները դադրեցուցին։ Եփեսոսի մշակոյթը կախարդութեան մէջ մխրճուած էր։ Հմայեակները եւ թալիսմանները, ինչպէս նաեւ թուղթ ընելը շատ տարածուած էին։ Այժմ շատ մը եփեսացի մարդիկ մղուեցան իրենց կախարդութեան վերաբերեալ գիրքերը բերելու եւ հանրութեան առջեւ այրելու,– հակառակ անոր որ անոնք հիմակուան արժէքով հազարաւոր տոլարներ էին։ Ղուկաս կ’արձանագրէ. «Այսպէս Տէրոջը խօսքը մեծապէս կ’աճէր եւ կը զօրանար» (Գործք 19։17-20)։ Այո, ճշմարտութիւնը յաղթանակ տարաւ սուտ ուսուցումներու եւ դիւապաշտութեան վրայ։ Այդ հաւատարիմ մարդիկը ի՜նչ լաւ օրինակ մըն են մեզի այսօր։ Մենք ալ այսօր կ’ապրինք ոգեհարցութեան մէջ մխրճուած աշխարհի մը մէջ։ Եթէ անդրադառնանք որ ոգեհարցութեան հետ կապ ունեցող բան մը ունինք, եփեսացիներուն պէս պէտք է ընենք. ատոնցմէ անմիջապէ՛ս պէտք է ձերբազատուինք։ Թող որ ամէ՛ն գնով հեռու մնանք այս տեսակ գարշելի սովորութիւններէ։