Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 26 էջ 170-էջ 173 պարբ. 4
  • Նիւթին Տրամաբանական Զարգացումը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նիւթին Տրամաբանական Զարգացումը
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ուրուագծի Պատրաստութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Գլխաւոր Կէտերը Աչքառու
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նշանակուած Նիւթի Գործածութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 26 էջ 170-էջ 173 պարբ. 4

Ուսումնասիրութիւն 26

Նիւթին Տրամաբանական Զարգացումը

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Ձեր նիւթը այնպէս մը դասաւորեցէք որ յստակ ըլլայ գաղափարներուն իրարու հետ եւ ձեր եզրակացութիւններուն հետ ունեցած կապակցութիւնը, կամ՝ ձեր հետապնդած նպատակը։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Երբ տեղեկութիւնը տրամաբանական կերպով ներկայացուի, ունկնդիրներուն համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ զայն հասկնալ, ընդունիլ եւ յիշել։

ՆԻՒԹԸ տրամաբանական կերպով դասաւորելէ առաջ, պէտք է ձեր մտքին մէջ նպատակ մը ունենաք։ Ձեր նպատակը պարզապէս մասնայատուկ նիւթի մը՝ հաւատալիքի, կեցուածքի, յատկութեան, վարքագծի կամ ապրելակերպի մը շուրջ ուրիշներուն տեղեկութիւն տա՞լ է։ Որոշ գաղափար մը փաստել կամ հերքե՞լ կ’ակնկալէք։ Ձեր մտադրութիւնը բանի մը հանդէպ գնահատութիւն կերտել, կամ գործի մղե՞լ է։ Ձեր նիւթը ինչպէս որ ալ պիտի ներկայացնէք՝ անհատի մը թէ մեծ խումբի մը, ասիկա ազդու կերպով ընելու համար պէտք է նկատի առնէք թէ անոնք ի՛նչ գիտեն այդ նիւթին մասին եւ թէ անոր հանդէպ ի՛նչ է իրենց դիրքը։ Ասիկա ընելէն ետք, ձեր նիւթը այնպիսի կերպով մը ուրուագծեցէք որ ձեր նպատակին հասնիք։

Դամասկոսի մէջ Սօղոսի (Պօղոս) ծառայութեան մասին Գործք Առաքելոց 9։22–ը կը տեղեկագրէ թէ ան «Դամասկոսի մէջ բնակող Հրեաները կը պապանձեցնէր, ապացուցանելով թէ՝ Քրիստոսը ասիկա է»։ Այդ տրամաբանական ապացոյցը ի՞նչ կը պարփակէր։ Անտիոքի ու Թեսաղոնիկէի մէջ Պօղոսի հետագայ ծառայութեան արձանագրութենէն ցոյց կը տրուի թէ ան նախ հիմնուեցաւ այն իրողութեան վրայ թէ Հրեաները կ’ընդունէին Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւնները եւ կը դաւանէին, որ կը հաւատային Մեսիային մասին անոնց մէջ ըսուածներուն։ Ետքը՝ այդ Սուրբ Գրութիւններէն Պօղոս ընտրեց հատուածներ, որոնք Մեսիային կեանքին ու ծառայութեան հետ կապ ունէին։ Ան զանոնք մէջբերեց եւ համեմատեց Յիսուսի պատահած բաներուն հետ։ Վերջաւորութեան՝ անհերքելի եզրակացութեան յանգեցաւ, թէ Յիսուս՝ Քրիստոսը կամ Մեսիան էր։ (Գործք 13։16-41. 17։2, 3) Եթէ դուք ալ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը տրամաբանական կերպով ներկայացնէք, անիկա կրնայ համոզիչ ազդեցութիւն ունենալ ուրիշներուն վրայ։

Ներկայացումը Դասաւորել։ Նիւթը կարելի է տրամաբանական այլազան կերպերով կարգաւորել։ Եթէ նպաստաւոր տեսնէք, կրնաք այս կերպերէն քանի մը հատը միատեղ գործածել։ Մի քանի կարելիութիւններ նկատի առէք։

Թեմատիկ մշակում։ Ասիկա կը պարփակէ նիւթը հատուածներու բաժ նել, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ձեր նպատակին հասնելու կը նպաստէ։ Հատուածները կրնան գլխաւոր կէտերը ըլլալ, որոնք ձեր նիւթը հասկնալու համար կարեւոր են։ Անոնք կրնան իրարմէ անջատ առարկութիւններ ըլլալ, որոնք բան մը կը փաստեն կամ կը հերքեն։ Նիւթին հետ առնչուող կարգ մը կէտեր կարելի է աւելցնել կամ ջնջել, կախեալ ըլլալով ձեր ունկնդիրներէն կամ ձեր հետապնդած նպատակէն։

Թեմատիկ մշակումի օրինակ մը առնենք։ Աստուծոյ անուան մասին կարճ ներկայացում մը կրնայ պարունակել՝ (1) ինչո՛ւ կարեւոր է Աստուած իր անունով ճանչնալ, (2) Աստուծոյ անունը ի՛նչ է, եւ (3) ի՛նչպէս կրնանք այդ անունը պատուել։

Թեմատիկ մշակումի մասին շատ բան կրնանք սորվիլ քննելով տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններու համար ծրագրուած՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթած գրականութիւնները։ (Մատթ. 24։45) Այս գրականութիւնները սովորաբար կը պարփակեն շատ նիւթեր կամ թեմաներ, որոնք կրնան աշակերտին օգնել որ Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւններուն մասին ընդհանուր գաղափար մը ունենայ։ Աւելի մեծ գրականութիւններ իւրաքանչիւր գլուխը կը բաժնեն ենթագլուխներու։ Իւրաքանչիւր թեմա աշակերտը կը պատրաստէ անոր յաջորդող նիւթին, եւ ընդհանուր պատկերին կը նպաստէ։

Պատճառ եւ արդիւնք։ Տեղեկութիւնը տրամաբանական կերպով ներկայացնելու ուրիշ կերպ մըն է պատճառին մասին պատճառաբանելով՝ անցնիլ արդիւնքին։

Եթէ խումբի մը կամ անհատներու կը խօսիք, որոնք պէտք ունին աւելի ուշադիր կերպով նկատի առնելու իրենց ըրած կամ ընել ծրագրած մէկ բանին արդիւնքը, այս մօտեցումը կրնայ ազդու ըլլալ։ Առակաց 7–րդ գլուխը հոյակապ օրինակ մըն է այս ուղղութեամբ։ Անիկա վառ կերպով կը նկարագրէ թէ ինչպէս անփորձ երիտասարդ մը, որ «պակասամիտ» է (պատճառը), պոռնիկի մը հետ գործ կ’ունենայ եւ անոր դառն հետեւանքները կը կրէ (արդիւնքը)։—Առ. 7։7

Աւելի շեշտ դնելու համար, կրնաք Եհովայի ճամբաներուն մէջ չքալողներուն հնձած վատ արդիւնքները բաղդատել, Եհովայի մտիկ ընողներուն ունեցած լաւ արդիւնքներուն հետ։ Եհովայի հոգիէն մղուած, Մովսէս այսպիսի հակադրութիւն մը ըրաւ, երբ Խոստացեալ Երկիրը մտնելէ առաջ Իսրայէլ ազգին դիմաց խօսեցաւ։—Բ. Օր., գլ. 28

Կարգ մը պարագաներուն, նախընտրելի է ձեր քննարկումը սկսիլ կացութիւն մը (արդիւնքը) բնութագրելով, ապա անոր նպաստող ազդակները (պատճառը) նշող ապացոյցը ներկայացնել։ Ասիկա յաճախ խնդիրը ու անոր լուծումը կը պարփակէ։

Խնդիր ու լուծում։ Դաշտի ծառայութեան մէջ, երբ մարդոց համար հարց եղած խնդրի մը մասին կը խօսիք եւ ցոյց կու տաք որ գոհացուցիչ լուծում մը գոյութիւն ունի, ասիկա կրնայ անհատը մղել որ մտիկ ընէ։ Խնդիրը կրնաք դո՛ւք մէջտեղ նետել, կամ դիմացինը կրնայ յարուցանել զայն։

Այսպիսի խնդիրներէն ոմանք կրնան ըլլալ մարդոց ծերանալն ու մեռնիլը, ոճիրի ծաւալումը կամ համատարած անարդարութիւնը։ Այսպիսի խնդրի մը առկայութեան մասին երկար բարակ խօսելու հարկ չկայ, քանի որ բացայայտ բան մըն է։ Պարզապէս այդ խնդրին ակնարկում մը ըրէք, ապա Աստուածաշունչէն անոր լուծումը մատուցանեցէք։

Բայց կրնայ ըլլալ որ խնդիրը աւելի անձնական բնոյթ ունենայ, պարփակելով առանձին ծնողի մը դիմագրաւած դժուարութիւնները, լուրջ հիւանդութեան պատճառած յուսահատութիւնը, կամ ուրիշի մը անսիրալիր վերաբերմունքին պատճառաւ անհատի մը կրած նեղութիւնները։ Իրապէս օգտակար ըլլալու համար, պէտք է լաւ մտիկ ընող մը ըլլաք։ Աստուածաշունչը այս բոլոր խնդիրներուն մասին արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը հայթայթէ։ Բայց այդ տեղեկութիւնը խորատեսութեամբ պէտք է գործածուի։ Ձեր քննարկութիւնը դիմացինին իրապէս օգտակար ըլլալու համար, պէտք է իրապաշտ ըլլաք։ Յստակ ըրէք թէ ի՛նչ բանի մասին կը խօսիք՝ մնայուն լուծումի, ժամանակաւոր ամոքումի, թէ պարզապէս այս իրերու դրութեան մէջ անլուծելի կացութեան մը տոկալու մասին։ Ուրիշ խօսքով, վստահ եղէք որ ձեր մատուցած սուրբ գրային պատճառաբանութիւնը բաւարար է անկէ քաղած ձեր եզրակացութեան թիկունք կանգնելու համար։ Ապա թէ ոչ, ձեր մատնանշած լուծումը դիմացինին համար տրամաբանական պիտի չթուի։

Ժամանակագրական շարքաւորում։ Կարգ մը նիւթեր բնականաբար ժամանակագրական շարքաւորումով պէտք է ներկայացուին։ Օրինակ, Ելից գրքին մէջ, Տասը Պատուհասները իրենց տեղի ունեցած շարքաւորումով ներկայացուած են։ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս առաքեալ ժամանակագրական շարքաւորումով կը թուէ հաւատքի տէր տղամարդիկ ու կիներ։

Եթէ անցեալէն ժամանակագրական շարքաւորումով դէպքեր կը պատմէք, ասիկա կրնայ ձեր ունկնդիրներուն օգնել որ հասկնան թէ կարգ մը պարագաներ ի՛նչպէս զարգացան։ Ասիկա կիրարկելի է թէ՛ արդի պատմութեան եւ թէ սուրբ գրային ժամանակներու դէպքերուն։ Այս կերպով ժամանակագրական շարքաւորումը կրնաք կապել պատճառ եւ արդիւնք պատճառաբանութեան հետ։ Եթէ կը ծրագրէք Աստուածաշունչի նշած տեղի ունենալիք դէպքերը ուրուագծել, հաւանաբար ձեր ունկնդիրները աւելի դիւրութեամբ պիտի հետեւին ժամանակագրական ներկայացման մը եւ զայն յիշեն։

Ժամանակագրական մօտեցում մը գործածելը չի նշանակեր թէ միշտ սկիզբէն պէտք է սկսիք։ Կարգ մը պարագաներուն, աւելի ազդեցիկ կ’ըլլայ պատմութիւն մը սկսիլ անոր ուշագրաւ մէկ կէտէն։ Երբ փորձառութիւն մը կը պատմէք, զոր օրինակ, կրնաք նախընտրել առիթի մը մասին խօսիլ, երբ անհատի մը Աստուծոյ հանդէպ ունեցած ուղղամտութիւնը փորձի ենթարկուեցաւ։ Պատմութեան այդ մասին հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցուցած ըլլալով, կրնաք ժամանակագրական շարքաւորումով մանրամասնութիւններ նշել, որոնք անոր հասցուցած են։

Միայն Առնչութիւն Ունեցող Նիւթ Գործածել։ Ձեր նիւթը ի՛նչ կերպով ալ դասաւորած ըլլաք, զգոյշ եղէք որ միայն առնչութիւն ունեցող բաներ գործածէք։ Ձեր դասախօսութեան բնաբանը պէտք է ազդեցութիւն ունենայ ձեր ընտրութեան վրայ։ Նկատի պէտք է առնէք նաեւ թէ ձեր ունկնդիրները որո՛նցմէ բաղկացած են։ Ունկնդիրներու խումբի մը համար մասնայատուկ կէտ մը կրնայ շատ կարեւոր ըլլալ, մինչդեռ ուրիշ խումբի մը համար անիկա կրնայ անտեղի ըլլալ։ Նաեւ վստահ պէտք է ըլլաք թէ ձեր ամբողջ նիւթը ձեր մտադրած նպատակին հասնելու պիտի նպաստէ։ Ապա թէ ոչ, ձեր ներկայացումը՝ հետաքրքրական ըլլայ իսկ՝ իր ազդեցութիւնը պիտի կորսնցնէ։

Մինչ պրպտում կ’ընէք, ձեր բնաբանին հետ կապ ունեցող հետաքրքրական շատ նիւթեր կրնաք գտնել։ Անոնց ո՞րքանը պէտք է գործածէք։ Եթէ ունկնդիրները ողողէք չափազանց շատ տեղեկութիւնով, ձեր նպատակին կրնաք չհասնիլ։ Մատի վրայ համրուած՝ լաւ մշակուած գլխաւոր գաղափարներ աւելի դիւրաւ պիտի յիշուին քան՝ շատ արագօրէն ներկայացուած բազմաթիւ գաղափարներ։ Ասիկա չի նշանակեր թէ հետաքրքրական երկրորդական տեղեկութիւններ բնաւ չէք կրնար պարփակել։ Բայց թոյլ մի՛ տաք որ անոնք մութի մէջ ձգեն ձեր նպատակը։ Նկատի առէք թէ ո՛րքան մանրամասնութիւններ պարփակուած են Մարկոս 7։3, 4 եւ Յովհաննու 4։1-3, 7-9–ի մէջ։

Մինչ մէկ կէտէն միւսը կ’անցնիք, ուշադիր եղէք որ ասիկա ա՛յնքան արագ չընէք որ ունկնդիրները գաղափարներուն կապը կորսնցնեն։ Գաղափարները ընդելուզուած ըլլալու համար, մէկէն միւսին անցնելու ատեն կամուրջ պէտք է նետէք։ Այդ կամուրջը կրնայ խօսք մը կամ նախադասութիւն մը ըլլալ, որ գաղափարներուն միջեւ կապակցութիւնը ցոյց կու տայ։ Շատ լեզուներու մէջ պարզ շաղկապներ կամ խօսքեր կրնան գործածուիլ, նոր գաղափարի մը նախորդին հետ ունեցած կապակցութիւնը ցոյց տալու համար։

Միայն նիւթին հետ առնչութիւն ունեցող բաները գործածելը եւ զանոնք տրամաբանական շարքաւորումով դասաւորելը, պիտի օգնէ ձեր նպատակը իրագործելու։

ԴՈՒՔ ՁԵԶԻ ՀԱՐՑ ՏՈՒԷՔ . . .

  • Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեմ։

  • Իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտ յստակօրէն կապ ունի՞ այդ նպատակին հետ։

  • Երբ տեղեկութիւններ ընտրեմ, հաշուի կ’առնե՞մ ունկնդիրներուս կարիքները։

  • Նիւթը այնպէս մը դասաւորա՞ծ եմ որ կարենամ ունկնդիրներուս միտքը մէկ գաղափարէն միւսին տանիլ, առանց անկամրջելի բացուածքներու։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Այս ուսումնասիրութիւնը կարդացած ըլլալով, նիւթը վերաքաղ ըրէք աւելի հանդարտութեամբ, իւրաքանչիւր պարբերութեան միտք բանին իւրացնելով։ Նկատի առէք թէ իւրաքանչիւր պարբերութիւն ի՛նչպէս ամբողջ ուսումնասիրութեան հետապնդած նպատակը իրագործելու կը նպաստէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել