Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ ըսելիքն է մեզի
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 6. Գիրք մը բոլոր մարդոց համար

      Սուրբ Գիրքը պատմութեան մէջ ամէնէն շատ թարգմանուած եւ տարածուած գիրքն է։ Կարդացէ՛ք Գործք 10։34, 35 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Աստուած ինչո՞ւ կ’ուզէ որ իր Խօսքը այսքան շատ թարգմանուի ու տարածուի։

      • Սուրբ Գիրքին մասին ի՞նչ բան քեզ կը հետաքրքրէ։

      Տարբեր ցեղերէ եւ ազգերէ եղող մարդիկ Սուրբ Գիրքը կը կարդան իրենց լեզուով։

      Աշխարհի բնակչութեան

      գրեթէ

      100%

      կրնան Աստուածաշունչը կարդալ իրենց հասկնալի լեզուով

      Թարգմանուած է աւելի քան

      3000

      լեզուներով

      ամբողջութեամբ կամ մասամբ

      5,000,000,000

      Սուրբ Գիրք հրատարակուած է,

      ուրիշ որեւէ գիրքէ շա՜տ աւելի

  • Կրնա՛ս Եհովայի բարեկամը ըլլալ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 3. Եհովան իր բարեկամներէն ի՞նչ կը սպասէ

      Եհովան մարդիկը կը սիրէ, բայց «անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է» (Առակաց 3։32)։ Ան իր բարեկամներէն կը սպասէ, որ ջանք թափեն որ ընեն այն բաները, որոնք լաւ կը նկատէ, եւ չընեն այն բաները, որոնք գէշ կը նկատէ։ Ոմանք կը խորհին թէ բնա՛ւ չեն կրնար Եհովայի չափանիշներուն,– ճիշդ եւ սխալ վարուելակերպի մասին իր դրած օրէնքներուն,– համաձայն ապրիլ։ Սակայն Եհովան մե՜ծ սիրտ ունի եւ կ’ողորմի։ Ան կ’ընդունի ոեւէ անհատ, որ զինք իրապէս կը սիրէ եւ իր լաւագոյնը կ’ընէ Զինք հաճեցնելու (Սաղմոս 147։11. Գործք 10։34, 35)։

  • Ժողովքին միութիւնը պահպանէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 4. Եղբայրներն ու քոյրերը ընդունէ ինչպէս որ են

      Մենք կ’ուզենք մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը սիրել։ Բայց թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ ընդունիլ մէկը, որ մեզմէ տարբեր է։ Ի՞նչը կրնայ օգնել։ Կարդացէ՛ք Գործք 10։34, 35 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Եհովան ամէն տեսակ մարդիկ կ’ընդունի որպէս իր Վկաները։ Ասիկա գիտնալը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ ունեցած տեսակէտիդ՝ քեզմէ տարբեր եղողներուն մասին։

      • Շրջանիդ մէջ ինչպիսի՞ նախապաշարումներ կան, որոնցմէ կ’ուզես չազդուիլ։

      Կարդացէ՛ք Բ. Կորնթացիս 6։11-13 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Քու կարծիքովդ, ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ քեզմէ տարբեր եղող եղբայրներն ու քոյրերը սիրես։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել