-
Յիսուսի առաքեալներէն արթնութիւն սորվինքԴիտարան 2012 | Յունուար 1
-
-
11, 12. Հերովդէս ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս գէշ կերպով վարուեցաւ քրիստոնեաներուն հետ, ներառեալ՝ Պետրոսին։
11 Պետրոս, որ հոն ներկայ էր, յետագային ջերմեռանդ աղօթքներուն զօրութիւնը փորձառաբար նկատեց (կարդա՛ Գործք 12։1-6)։ Այս արձանագրութեան բացման համարներէն կը գիտնանք, թէ հրեաներուն հաճութիւնը շահելու համար, Հերովդէս քրիստոնեաներուն հետ գէշ կերպով վարուեցաւ։ Ան հաւանաբար գիտէր, թէ Յակոբոս առաքեալ մըն էր, որ Յիսուսի ամէնէն մօտիկ անհատներէն եղած էր։ Ուստի, Հերովդէս Յակոբոսը «սրով սպաննեց» (համար 2)։ Այսպէս, ժողովքը սիրելի առաքեալ մը կորսնցուց։ Ի՜նչ փորձութիւն մը եղբայրներուն։
-
-
Յիսուսի առաքեալներէն արթնութիւն սորվինքԴիտարան 2012 | Յունուար 1
-
-
13, 14. ա) Ժողովքը Պետրոսի բանտարկութեան ինչպէ՞ս հակազդեց։ բ) Աղօթքի նկատմամբ Պետրոսի հաւատակիցներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
13 Ժողովքը գիտէր ճիշդ ի՛նչ ընել։ 5–րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Պետրոս բանտին մէջ պահուած էր, բայց եկեղեցին անդադար աղօթք կ’ընէր Աստուծոյ՝ անոր համար»։ Արդարեւ, անոնց աղօթքները ջերմեռանդ, սրտագին պաղատանքներ էին։ Արդ, Յակոբոսի մահը զիրենք յուսահատութեան մատնած չէր. ոչ ալ պատճառ դարձած էր որ աղօթքը անօգուտ նկատէին։ Ընդհակառա՛կը, անոնք գիտէին թէ հաւատարիմ երկրպագուներու աղօթքները Եհովայի համար շատ կարեւորութիւն ունին։ Եթէ այսպիսի աղօթքներ իր կամքին հետ ներդաշնակ են, Եհովա անոնց կը պատասխանէ (Եբ. 13։18, 19. Յակ. 5։16)։
14 Ժողովքին հակազդեցութենէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ Արթուն մնալը կը պարփակէ ոչ միայն մեզի համար աղօթել, այլ նաեւ՝ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար (Եփ. 6։18)։ Գիտե՞ս հաւատակիցներ որոնք փորձութիւններով շրջապատուած են։ Ոմանք թերեւս հալածանքի, պետական արգելումի կամ բնական աղէտի կը տոկան։ Ինչո՞ւ զանոնք սրտագին աղօթքներուդ նիւթը չդարձնես։ Թերեւս կը ճանչնաս ուրիշներ՝ որոնք նուազ–աչքառու դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Անոնք թերեւս կը մաքառին, որպէսզի ընտանեկան խնդիրներու, յուսահատութեան կամ վատառողջութեան հետ գլուխ ելլեն։ Լաւ կ’ըլլայ որ խորհիս մասնայատուկ անհատներու մասին եւ անոնց անունը նշես, մինչ «աղօթքի լսող»ին՝ Եհովային հետ կը խօսիս (Սաղ. 65։2)։
-