Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մեր հաւատքը պաշտպանենք
    Դիտարան 1998 | Դեկտեմբեր 1
    • 12. Ո՞ր պարագաները մղեցին որ Պօղոս եւ Բառնաբաս համարձակօրէն խօսին Իկոնիոնի մէջ։

      12 Նկատի առէք նաեւ Պօղոսի եւ Բառնաբասի օրինակը։ Գործք Առաքելոց 14։1, 2–ը կը նշէ. «Պօղոս եւ Բառնաբաս մէկտեղ Իկոնիոնի մէջ Հրեաներուն ժողովարանը մտան եւ այնպէս խօսեցան, որ խիստ շատ Հրեաներ եւ Յոյներ հաւատացին։ Բայց չհաւատացող Հրեաները դրդեցին ու չարութեան գրգռեցին հեթանոսներուն սիրտը եղբայրներուն դէմ»։ Անթիլիաս թարգմանութիւնը կ’ըսէ. «Անոնց քարոզչութիւնը չընդունող Հրեաները հեթանոսներու միտքը պղտորեցին եւ հաւատացող եղբայրներուն դէմ գրգռեցին զանոնք»։ Անձնապէս պատգամը մերժելով չբաւականանալով, Հրեայ հակառակորդները Քրիստոնեաները մրոտելու արշաւի մը սկսան, ջանալով Հեթանոս բնակչութիւնը անոնց դէմ նախապաշարել։a Որքա՜ն խոր էր Քրիստոնէութեան հանդէպ անոնց ատելութիւնը։ (Բաղդատել՝ Գործք Առաքելոց 10։28։) Պօղոս եւ Բառնաբաս զգացին որ «խօսելու ժամանակ»ն էր, ապա թէ ոչ հանրութեան նախատական կեցուածքը նոր աշակերտները պիտի վհատեցնէր։ Հետեւաբար, «Անոնք [Պօղոս եւ Բառնաբաս] շատ ժամանակ հոն կենալով՝ համարձակ կը քարոզէին Տէրոջմով», որ իր կարգին, իր հաճութիւնը ցոյց տուաւ, զանոնք զօրացնելով որ հրաշքներ ընեն։ Առ ի հետեւանք, «ոմանք Հրեաներուն կողմէն եղան, ոմանք ալ՝ առաքեալներուն»։—Գործք 14։3, 4

  • Մեր հաւատքը պաշտպանենք
    Դիտարան 1998 | Դեկտեմբեր 1
    • a Ամբողջ Աստուածաշունչի Շուրջ Մէթիու Հէնրիին Մեկնաբանութիւնը (Անգլերէն) կը բացատրէ թէ Հրեայ հակառակորդներ «իրենց գործը դարձուցին դիտմամբ երթալ [Հեթանոս] ծանօթներու եւ անոնց ըսել ինչ որ իրենց միտքը կամ չարակամութիւնը կրնար հնարել, անոնց մէջ զետեղելու համար Քրիստոնէութեան հանդէպ ոչ միայն խեղճ, այլ, վատ կարծիք մը»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել