Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յիսուսի առաքեալներէն արթնութիւն սորվինք
    Դիտարան 2012 | Յունուար 1
    • 4, 5. Պօղոս եւ իր ուղեկիցները սուրբ հոգիին ուղղութիւնը ինչպէ՞ս վայելեցին։

      4 Նախ նկատի առնենք, թէ առաքեալները ո՛ւր քարոզելու ուղղութեան նկատմամբ արթուն էին։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս Աստուծոյ հոգին գործածեց՝ Պօղոս առաքեալն ու իր ուղեկիցները արտասովոր ճամբորդութեան մը ընթացքին առաջնորդելու համար (Գործք 2։33)։ Աչքէ անցընենք անոնց ճամբորդութիւնը (կարդա՛ Գործք 16։6-10)։

  • Յիսուսի առաքեալներէն արթնութիւն սորվինք
    Դիտարան 2012 | Յունուար 1
    • 6, 7. ա) Բիւթանիայի կողմերը Պօղոսի եւ ուրիշ ուղեկիցներու ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Աշակերտները ի՞նչ որոշում առին եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

      6 Անձկալից ճամբորդները ո՞ւր գացին։ 7–րդ համարը կը բացատրէ. «Երբ Միւսիայի կողմերը երթալով կը ջանային դէպի Բիւթանիա երթալ, [Յիսուսի] Հոգին թող չտուաւ անոնց»։ Արգիլուելով Ասիոյ մէջ քարոզել, Պօղոս եւ իր ընկերակիցները դէպի հիւսիս դարձան, մտադրելով Բիւթանիայի քաղաքներուն մէջ քարոզել։ Սակայն, երբ Բիւթանիա մօտեցան, Յիսուս դարձեալ սուրբ հոգիին միջոցաւ զիրենք արգիլեց։ Այդ ժամանակ, տղամարդիկը շփոթած ըլլալու էին։ Անոնք գիտէին ի՛նչ քարոզել եւ ինչպէ՛ս քարոզել, սակայն չէին գիտեր ո՛ւր քարոզել։ Կրնանք սապէս բացատրել. անոնք Ասիա տանող դուռը զարկած էին,– բայց ի զուր։ Անոնք Բիւթանիա տանող դուռը զարկած էին,– դարձեա՛լ ի զուր։ Լաւ, այս նախանձախնդիր քարոզիչները դուռը զարնելէ դադրեցա՞ն։ Ո՛չ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել