-
«Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»Դիտարան 2002 | Սեպտեմբեր 1
-
-
6. Օրինակ մը տուէք թէ ի՛նչպէս Յիսուս պարզ բայց շատ իմաստալից խօսքեր ըսաւ։
6 Յաճախ յստակ ու կարճ նախադասութիւններ գործածելով, Յիսուս պարզ բայց շատ իմաստալից խօսքեր ըսաւ։ Այսպիսով ան իր պատգամը անմոռանալի կերպով դրոշմեց իր ունկնդիրներուն մտքին ու սրտին մէջ։ Նկատի առէք կարգ մը օրինակներ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. . . . չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։ «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք»։ «Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։ «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն»։ «Բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։c (Մատթէոս 6։24. 7։1, 20. 9։12. 26։52. Մարկոս 12։17. Գործք 20։35) Մինչեւ օրս, Յիսուս զանոնք ըսելէն մօտաւորապէս 2,000 տարի ետք, այս զօրաւոր խօսքերը դիւրաւ կը մտաբերուին։
-
-
«Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»Դիտարան 2002 | Սեպտեմբեր 1
-
-
c Այս վերջին խօսքը, որ կը գտնուի Գործք Առաքելոց 20։35–ի մէջ, միայն Պօղոս առաքեալ մէջբերած է, թէեւ անոր գաղափարը կը գտնուի Աւետարաններուն մէջ։ Թերեւս Պօղոս այս խօսքը բերանացի ստացած էր (կա՛մ աշակերտէ մը, որ զայն Յիսուսէ լսած էր, եւ կամ յարուցեալ Յիսուսէ), կամ ալ՝ աստուածային յայտնութեամբ։—Գործք 22։6-15. Ա. Կորնթացիս 15։6, 8
-