-
Եհովա մեր օգնականն էԴիտարան 2005 | Յունուար 1
-
-
20, 21. Հռովմի եղբայրները ի՞նչ պայմաններու ներքեւ Պօղոս առաքեալը զօրացուցին։
20 Յատկապէս սրտագրաւ են այն դէպքերը որ ցոյց կու տան թէ Եհովայի ծառաները ի՛նչպէս իրար զօրացուցին ու քաջալերեցին։ Նկատի առ ի՛նչ որ պատահեցաւ Պօղոս առաքեալի հետ։ Բանտարկեալ Պօղոս դէպի Հռովմ կ’ուղղուէր, Ապփիոսեան Խճուղի կոչուած հռովմէական մայրուղին բռնելով։ Ուղեւորութեան վերջին հանգրուանը յատկապէս անախորժ էր, քանի որ ճամբորդները ստիպուած էին ճահիճէ մը անցնիլ։a Հռովմի ժողովքին եղբայրները Պօղոսի գալէն տեղեակ էին։ Անոնք ի՞նչ պիտի ընէին։ Իրենց տո՞ւնը պիտի մնային մինչեւ Պօղոսի ժամանումը, ապա երթային զինք բարեւելու։
21 Աստուածաշունչի մէկ գրողը՝ Ղուկաս, որ Պօղոսի հետ էր այս ճամբորդութեան ընթացքին, մեզի կը պատմէ պատահածը. «[Հռովմի] եղբայրները, երբ մեր վրայով լսեցին, մեզ դիմաւորելու ելան մինչեւ Ապփիոսի վաճառանոցը ու Երեք պանդոկները»։ Կրնա՞ս տեսարանը մտապատկերել։ Պատուիրակներ Հռովմէ ճամբայ ելան Պօղոսը դիմաւորելու։ Պատուիրակութեան մէկ մասը կը սպասէր Ապփիոսի վաճառանոցը,– հանրածանօթ կայան՝ Հռովմէ շուրջ 74 քիլոմեթր հեռու։ Մնացեալ եղբայրները կը սպասէին Երեք Պանդոկները,– կայարան՝ Հռովմէ շուրջ 58 քիլոմեթր հեռու։ Պօղոս ի՞նչպէս հակազդեց։ Ղուկաս կը տեղեկագրէ. «Պօղոս ալ տեսնելով զանոնք՝ շնորհակալ եղաւ Աստուծմէ եւ քաջալերուեցաւ»։ (Գործք 28։15, ԱՎ) Երեւակայէ,– այդ երկար ճամբորդութիւնը կատարող եղբայրները միայն տեսնելը՝ Պօղոսի համար զօրութեան ու մխիթարութեան աղբիւր էր։ Իսկ Պօղոս այս օգնութեան համար որո՞ւն շնորհակալութիւն յայտնեց։ Ան Եհովա Աստուծմէ շնորհակալ եղաւ, որ այս մէկը կարելի դարձուց։
-
-
Եհովա մեր օգնականն էԴիտարան 2005 | Յունուար 1
-
-
a Նոյն ճամբորդութիւնը կատարող Հռովմէացի բանաստեղծ Ովրատիոս (Հ.Դ.Ա. 65-8), ուղեւորութեան այս վերջին հանգրուանին անհանգստաւէտութեան մասին խօսեցաւ։ Ովրատիոս Ապփիոսի Հրապարակը նկարագրեց որպէս «նաւավարներով ու կծծի պանդոկապաններով խճողուած վայր մը»։ Ան «անիծեալ մժղուկներէն եւ գորտերէն» ու «անհամ» ջուրէն դժգոհեցաւ։
-