Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրել
    Դիտարան 2013 | Յուլիս 15
    • 8. Պէնտէկոստէին, նորեկները ինչպէ՞ս ցոյց տուին թէ յստակ կերպով զատորոշեցին Քրիստոսի գործածած խողովակը։

      8 Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, յարուցեալ Քրիստոս իր առաքեալները գործածեց որպէս խողովակ, որուն միջոցաւ իր մնացեալ օծեալ աշակերտները կերակրեց (կարդա՛ Գործք 2։41, 42)։ Այդ օր, այն հրեաները եւ նորահաւատները՝ որոնք հոգիով–օծուած քրիստոնեաներ դարձան, բացայայտօրէն այդ խողովակը զատորոշեցին։ Առանց տատամսելու, անոնք ‘միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան ետեւէն էին’։ Ըստ ուսումնականի մը, ‘միշտ ետեւէ ըլլալ’ թարգմանուած յունարէն բայը կրնայ նշանակել՝ «որոշ գործընթացի մը հաստատամտօրէն եւ հաւատարմօրէն կառչիլ»։ Նորեկները խորապէս հոգեւոր սնունդի կը տենչային եւ գիտէին ճիշդ ուրկէ՛ զայն ձեռք ձգել։ Աներեր հաւատարմութեամբ, անոնք առաքեալներուն դիմեցին, որպէսզի իրենց բացատրեն Յիսուսի խօսքերն ու արարքները եւ Իրեն հետ կապ ունեցող համարներուն իմաստին վրայ լոյս սփռեն (Գործք 2։22-36)c։

  • Քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրել
    Դիտարան 2013 | Յուլիս 15
    • c Պարբերութիւն 8. Այն իրողութիւնը, թէ նոր հաւատացեալները ‘միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան ետեւէն էին’, կը հասկցնէ թէ առաքեալները կանոնաւորաբար կ’ուսուցանէին։ Անոնց ուսուցումներէն ոմանք արձանագրուեցան ներշնչուած գիրքերուն մէջ, որոնք այժմ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէկ մասն են։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել