Առանց մեղքի աշխարհ մը—Ինչպէ՞ս
ԹՈՔԻՈՅ խաղաղ թաղամասի մը մէջ, օգնութեան սուր ճիչ մը ջախջախեց ձմեռ առաւօտեան վաղ ժամերու հանդարտութիւնը։ Մօտաւորապէս հինգէն տասը վայրկեան, տասնեակ անհատներ լսեցին թերթ ցրուող կնոջ մը այս յուսահատ ճիչերը, մինչ կը հալածուէր եւ կրկնակիօրէն կը դաշունահարուէր։ Ո՛չ մէկը հոգ ըրաւ թէ իրապէս ի՛նչ տեղի կ’ունենար։ Ան մեռաւ չափազանց արիւն կորսնցնելով։ «Եթէ այդ մարդոցմէ ոեւէ մէկը ճիչը լսելուն պէս ոստիկանութեան լուր տար», ըսաւ հետախոյզ մը, «անոր կեանքը կրնար փրկուիլ»։
Թէեւ մեռնող կնկան ճիչերը լսողները պարզապէս անտեսեցին զինք, սակայն իրաւացիօրէն կրնա՞ն ըսել թէ յանցապարտ չէին։ «Ամբողջ Ուրբաթ օրը խիղճս տանջեց զիս, երբ տեղեկացայ սպաննութեան մասին», ըսաւ կնկան կանչերը լսած մարդ մը։ Ասիկա հարց մը կը յարուցանէ. Իրապէս ի՞նչ է մեղքը։
Ի՞նչ Է Մեղքը
Մեղքին գիտակցութեան մատնանշելով, Ճաբոնի Թոքիօ քաղաքին Հոսէի Համալսարանին գրական քննադատ եւ պատուակալ ուսուցչապետ Հիտէօ Օտակիրի ըսաւ, ինչպէս մէջբերուած է օրաթերթի մը (Asahi Shimbun) մէջ. «Ես չեմ կրնար մտքէս սրբել մեղքերու նկատմամբ իմ ունեցածս վառ վերյիշեցումները, ինչպէս մանուկի մը մէջ գոյութիւն ունեցող զզուելի ինքնահաւանութիւնը, ամօթալի նախանձը, անհատի մը կռնակէն զինք դաւաճանելը։ Այս գիտակցութիւնը դրոշմուած էր իմ մտքիս մէջ, երբ նախակրթարան էի եւ մինչեւ հիմա կը տանջէ զիս»։ Դուք ալ այսպիսի զգացումներ ունեցա՞ծ էք։ Երբ գիտակցաբար սխալ մը ընէք, ներքին ձայն մը ձեզ կը դատապարտէ՞։ Թերեւս ոճիր մը չէք գործած, բայց անհանգստացնող զգացում մը կը տանջէ ձեր միտքը եւ ծանրութիւն մը կը զգաք։ Ասիկա ձեր խիղճն է որ կը գործէ, որու կ’ակնարկէ Աստուածաշունչը հետեւեալ համարներուն մէջ. «Հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խըղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը»։ (Հռովմայեցիս 2։14, 15) Այո, շատեր բնականաբար կը տառապին երբ շնութիւն, գողութիւն եւ ստախօսութիւն ընեն։ Իրենց խիղճը կը վկայէ թէ մեղք գործած են։
Սակայն, երբ խղճին ձայնը միշտ լռեցնենք, անիկա այլեւս որպէս ապահով առաջնորդ չի ծառայեր։ Անիկա անզգայ կը դառնայ եւ կը խանձուի։ (Տիտոս 1։15) Գէշ բանին հանդէպ զգայնութիւնը կը կորսուի։ Իրականութեան մէջ, ներկայիս մեղքի հանդէպ շատերուն խիղճը մեռած է։
Արդեօք մեղքը չափող միակ գործիքը խի՞ղճն է, թէ ոչ ուրիշ բան մը կայ, որ կրնայ ծառայել որպէս բացարձակ չափանիշ մը, թէ ի՛նչը մեղք է եւ ի՛նչը՝ ոչ։ Աւելի քան 3,000 տարիներ առաջ, Աստուած իր ընտրեալ ժողովուրդին օրէնսդրութիւն մը տուաւ եւ այս Օրէնքին միջոցաւ, ‘մեղքին շիտակ մեղք ըլլալը հաստատուեցաւ’։ (Հռովմայեցիս 7։13) Կարգ մը վարքեր, որոնք նախապէս որոշ չափով ընդունելի էին, այլեւս յայտնի եղաւ որ անոնք մեղք էին։ Բացայայտ եղաւ որ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը, Իսրայելացիները, մեղաւորներ էին եւ հետեւաբար՝ դատապարտուած։
Ի՞նչ են այդ մեղքերը որոնցմէ մեր խիղճը մեզ կը զգուշացնէ եւ որոնց նշեց Մովսիսական Օրէնքը։ Ըստ Աստուածաշունչին, մեղքը Ստեղծիչին դրած չափանիշներէն վրիպիլ։ Որեւէ բան որ իր անձնաւորութեան, չափանիշներուն, ճամբաներուն եւ կամքին հետ ներդաշնակ չէ, մեղք է։ Ան չի կրնար թոյլ տալ որ իր արարածներէն ոեւէ մէկը որ իր հաստատած չափանիշներէն կը վրիպի շարունակէ գոյատեւել։ Ուստի, առաջին դարուն օրինագէտ մը զգուշացուց Եբրայեցի Քրիստոնեաները, ըսելով. «Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ»։ (Եբրայեցիս 3։12) Այո, Ստեղծիչին հանդէպ հաւատքի պակասը՝ մեծ մեղք մըն է։ Հետեւաբար, ըստ Աստուածաշունչին, մեղքին տարողութիւնը շատ աւելի ընդարձակ է քան ինչ որ կը կարծուի մեղք ըլլալ։ Աստուածաշունչը մինչեւ իսկ կ’ըսէ. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»։—Հռովմայեցիս 3։23
Մեղքին Ծագումը
Ասիկա կը նշանակէ՞ որ մարդը մեղաւոր ստեղծուած էր։ Ոչ. Եհովա Աստուած, մարդկային կեանքին ծագում Տուողը, առաջին մարդը կատարեալ արարած մը ըրաւ։ (Ծննդոց 1։26, 27. Բ. Օրինաց 32։4) Սակայն, մարդկային առաջին զոյգը նպատակակէտէն վրիպեցաւ, երբ բռնաբարեց Աստուծոյ հաստատած միակ արգելիչ հրահանգը, ուտելով «բարիի ու չարի գիտութեան» արգիլուած «ծառէն»։ (Ծննդոց 2։17) Թէեւ անոնք կատարեալ ստեղծուած էին, բայց այլեւս իրենց Հօրը հանդէպ բացարձակ հնազանդութիւն ցոյց տալու նպատակակէտէն վրիպեցան, մեղաւորներ եղան եւ հետեւաբար մահուան դատապարտուեցան։
Այս հին պատմութիւնը հիմա ի՞նչ կապ ունի մեղքին հետ։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ (Հռովմայեցիս 5։12) Առանց բացառութեան, բոլորս ալ ժառանգաբար մեղաւորներ ենք. ուրեմն՝ մահուան դատապարտուած։—Ժողովողի 7։20
Մեղքը Սրբելու Մարդկային Ջանքերը
Ադամ իր սերունդին փոխանցեց մեղքը, բայց ան նաեւ փոխանցեց խղճի աստուածատուր կարողութիւնը։ Մեղքը կրնայ անհանգիստ վիճակ մը պատճառել։ Ինչպէս նախապէս յիշեցինք, մարդիկ տարբեր հնարքներ դիմած են, այսպիսի զգացումներ մեղմացնելու համար։ Սակայն, անոնք իրապէս ազդո՞ւ են։
Ըլլայ Արեւելքի թէ Արեւմուտքի մէջ, մարդիկ փորձած են մեղքին ազդեցութեան հետ գլուխ ելլել իրենց չափանիշները փոխելով կամ ուղղակի մեղքին գոյութիւնը ուրանալով։ (Ա. Տիմոթէոս 4։1, 2) Մարդկութեան մեղաւոր վիճակը կարելի է նմանցնել տենդ ունեցող հիւանդի մը։ Մեղքը կարելի է բաղդատել ախտանիշներ պատճառող ժահրին, իսկ խղճի խայթը անհանգստացնող տենդին։ Ջերմաչափը կոտրելը չի փոխեր այն իրողութիւնը թէ հիւանդը բարձր տենդ ունի։ Բարոյական չափանիշները մէկ կողմ նետելը, ինչպէս ըրած են Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ շատեր, ու մեր խղճին վկայութիւնը անտեսելը ինքնին մեղքը սրբելու չի նպաստեր։
Անհատ մը կրնայ սառոյցի պարկ մը դնել իր տենդը իջեցնելու համար։ Ատիկա կը նմանի ջանալ խղճի խայթը հանգստացնել Շինթոյական մաքրութեան ծիսային ձեւակերպութիւններ կատարելով։ Սառոյցի պարկը կրնայ ժամանակաւորապէս զովացնել տենդէ տառապողը, բայց անիկա չի չեզոքացներ տենդի պատճառը։ Երեմիայի օրերուն, քահանաները եւ մարգարէները փորձեցին այսպիսի բուժում մը տալ այդ օրուան Իսրայելացիներուն։ Անոնք ժողովուրդին հոգեւոր եւ բարոյական վէրքերը «հարեւանցի» բուժեցին, «ամէն բան լաւ է, ամէն բան լաւ է» ըսելով։ (Երեմեայ 6։14. 8։11, An American Translation) Պարզապէս կրօնական ձեւակերպութիւններ կատարելը եւ «ամէն բան լաւ է» երգելը Աստուծոյ ժողովուրդին բարոյական անկումը չբուժեցին. այսօր ալ մաքրական արարողութիւնները չեն կրնար մարդոց բարոյագիտութիւնը փոխել։
Տենդ ունեցող անհատ մը ջերմութիւն իջեցնող դեղեր առնելով, կրնայ իր տենդը նուազեցնել, բայց ժահրը տակաւին իր մարմնին մէջ կը մնայ։ Նոյնը ճշմարիտ է նաեւ ուսումով չարին դէմ դնելու Կոնփիւկիոսական կերպի պարագային։ Անիկա մարդոց կրնայ մակերեսային օգնութիւն մը տալ զանոնք չարութենէն հեռու պահելով, բայց լին գործադրելը միմիայն մեղաւոր վարք մը կը շտկէ, բայց անհատ մը չի ձերբազատեր իր բնածին մեղաւոր հակումէն՝ չար վարքի բուն իսկ պատճառէն։—Ծննդոց 8։21
Ի՞նչ կրնանք ըսել մեղաւոր հակումներէն ձերբազատուելու համար Նիրվանա մտնելու Պուտտայական ուսուցումին մասին։ Նիրվանայի վիճակը, որ կ’ըսուի թէ կը նշանակէ «մարել», աննկարագրելի է. անիկա մարէ ամէն կիրք եւ ցանկութիւն։ Ոմանք կ’ըսեն որ անիկա վերջ կը դնէ անհատին գոյութեան։ Ասիկա ճիշդ կը նմանի տենդ ունեցող հիւանդին ըսել որ մեռնի, որպէսզի հանգստանայ։ Իսկ ասկէ զատ, Նիրվանայի վիճակին հասնիլը շա՜տ դժուար, նոյնիսկ անկարելի նկատուած։ Այս ուսուցումը որեւէ օգուտ կը բերէ՞ խղճի խայթ ունեցող անհատի մը։
Մեղքէ Ազատագրում
Որոշ է որ կեանքի եւ մեղաւոր հակումներու մասին մարդկային փիլիսոփայութիւնները կրնան միմիայն խաղաղեցնել անհատին խիղճը։ Անոնք մեղաւոր վիճակը մէջտեղէն չեն վերցներ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։20) Արդեօք ասիկա ընելու որեւէ կերպ մը կա՞յ։ Մերձակայ Արեւելքի մէջ գրուած մատեանի մը՝ Աստուածաշունչին մէջ, մեղքէն ազատագրուելու բանալին կը գտնենք։ «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան ...։ Եթէ դուք յօժարիք ու հնազանդիք, երկրին բարիքը պիտի ուտէք»։ (Եսայեայ 1։18, 19) Հոս, Եհովա Իսրայելացիներուն կը խօսէր, որոնք իր ընտրեալ ժողովուրդը ըլլալով հանդերձ, իրեն հանդէպ իրենց ուղղամտութեան մէջ թերացած էին։ Նոյն սկզբունքը կը կիրարկուի նաեւ ամբողջ մարդկութեան։ Ստեղծիչին խօսքերուն մտիկ ընելու յօժարութիւն ցոյց տալն է մեղքերէ մաքրուելուն, այսինքն, սրբուելուն բանալին։
Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ կ’ըսէ մարդկութեան մեղքերը սրբուելուն մասին։ Ինչպէս որ մէկ մարդու մեղքով, ամբողջ մարդկութիւնը մեղաւոր եղաւ, Աստուծոյ հանդէպ ուրիշ մարդու մը կատարեալ հնազանդութեան շնորհիւ, հանզանդ մարդկութիւնը պիտի ազատագրուի իր թշուառութենէն, կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Հռովմայեցիս 5։18, 19) Ինչպէ՞ս։ «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք»։ (Հռովմայեցիս 5։8) Յիսուս Քրիստոս որպէս կատարեալ եւ անմեղ մարդ մը ծնած ըլլալով, համազօր էր Ադամի անոր մեղանչելէն առաջ, ուրեմն, ի վիճակի էր մարդկութեան մեղքերը վերցնելու։ (Եսայեայ 53։12. Յովհաննու 1։14. Ա. Պետրոս 2։24) Որպէս ոճրագործ մը տանջանքի ցիցի մը վրայ մերցուելով, Յիսուս մարդկութիւնը ազատագրեց մեղքի ու մահուան կապանքներէն։ «Վասընզի», բացատրեց Պօղոս Հռովմի Քրիստոնեաներուն, «երբ մենք դեռ տկար էինք, յարմար ժամանակին Քրիստոս ամբարիշտներուն համար մեռաւ։ ... Ինչպէս մեղքը թագաւորեց մահով, այնպէս շնորհքը թագաւորէ արդարութիւնով՝ մինչեւ յաւիտենական կեանքը մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։—Հռովմայեցիս 5։6, 21
Ամբողջ մարդկութեան համար Քրիստոսի մեռնիլը եւ Ադամի պատճառաւ վեր բարձրացած կշիռքը հաւասարակշռելը կը կոչուի «փրկանք»ի կարգադրութիւն։ (Մատթէոս 20։28) Ատիկա կարելի է նմանցնել դեղի մը՝ որ տենդ պատճառող ժահրին դէմ կը գործէ։ Յիսուսի փրկանքին արժէքը մարդկութեան ի նպաստ կիրարկելով, մեղքին կողմէ պատճառուած մարդկութեան հիւանդոտ վիճակը, մահն ալ ներառեալ, կրնայ բուժուիլ։ Բուժումի այս գործողութիւնը այլաբանօրէն նկարագրուած է Աստուածաշունչի վերջին գրքին մէջ. «Գետին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն կենաց ծառ մը կար, որ տասներկու կերպ պտուղ կը բերէր։ Ամէն ամիս իր պտուղը կու տար։ Այն ծառին տերեւները հեթանոսներուն բժշկութիւն կ’ըլլային»։ (Յայտնութիւն 22։2) Երեւակայեցէ՜ք. այլաբանական կենաց ջուրի գետ մը՝ որ տերեւներ ունեցող կենաց ծառերուն մէջէն կը հոսի, այս բոլորը մարդկութիւնը բուժելու համար։ Աստուածային ներշնչմամբ տրուած այս խորհրդանիշերը կը ներկայացնեն Յիսուսի փրկանքի զոհին միջոցաւ մարդկութիւնը կատարելութեան հասցնելու Աստուծոյ կարգադրութիւնը։
Յայտնութիւն գրքին մարգարէական տեսիլքները շուտով իրականութիւն մը պիտի ըլլան։ (Յայտնութիւն 22։6, 7) Ապա, Յիսուսի փրկանքի զոհին արժանիքները լիովին կիրարկուելով մարդկութեան, բոլոր արդարամիտ անհատները կատարեալ պիտի ըլլան եւ «ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։ (Հռովմայեցիս 8։21) Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումը կը մատնանշէ որ այս փառաւոր ազատագրութիւնը մօտ է։ (Յայտնութիւն 6։1–8) Շուտով Աստուած մեր երկրագունդը պիտի ազատագրէ ամբարշտութենէն եւ մարդիկ յաւիտենական կեանք պիտի վայելեն երկրային դրախտի մը մէջ։ (Յովհաննու 3։16) Անիկա արդարեւ առանց մեղքի աշխարհ մը պիտի ըլլայ։
[Նկար՝ էջ 7]
Յիսուսի փրկանքի զոհը կարելի պիտի դարձնէ որ այսպիսի ընտանիքներ յաւիտենական ուրախութիւն վայելեն